28.8.16

«Ազատն Կոմիտաս»ը կը շարունակէ մնալ շղթայակապ...

ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ 
 
Կոմիտասի տառապակոծ կեանքը վերջ պիտի գտնէր 1935 թուականի Հոկտեմբերի 20-ին: Շաբաթ մը ետք, Հոկտեմբեր 27-ին, այդ առիթով Փարիզի «Ապագայ» լրագրին մէջ լոյս կը տեսնէ Շահան Շահնուրի «Ազատն Կոմիտաս» հիասքանչ գրութիւնը: Ատենին, այդ գրութիւնը իր ազգային-գրական արժանիքներուն համար կ"արտատպուէր, ամբողջութեամբ կամ մասնակի, բազմաթիւ թերթերու մէջ, «...առանց որ յարուցանէ դոյզն իսկ դժգոհութիւն», պիտի գրէ Շահան Շահնուր յետագային, եւ պիտի աւելցնէ. «Ընդհակառակն: Դժուա՜ր էր երեւակայել թէ ան մէջտեղ պիտի ելլէ օրին մէկը, երեսունհինգ տարուան թմբիրէ ետք եւ գլխի փորձանք պիտի ըլլայ դուռ-դրացիի, այլ մանաւանդ ինծի» (տե՛ս Շահան Շահնուր, Անիմանալի գրոհը, «Պայքար», 4 մարտ 1970, «Զարթօնք», 20 մարտ 1970, նոյնը տե՛ս «Սփիւռք», 29 մարտ 1970) :

1869-ին ծնած Կոմիտասի ծննդեան 100-ամեակը նշուեցաւ 1969-ին, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի զանազան կողմերը, միշտ պատշաճ ու երբեմն նոյնիսկ շռնդալից:
Սիմոն Սիմոնեան, այս առիթով, իր «Սփիւռք» շաբաթաթերթի 1969-ի Նոյեմբերի 23-ի համարը, որպէս բացառիկ, կը նուիրէ Կոմիտասին: Դարձեալ դիմենք Շահնուրին, որ կը գրէ. «"Սփիւռք" հրապարակ կը հանէր Ազատն Կոմիտասը, հարիւրամեակի նուիրուած իր բացառիկին մէջ, անշուշտ առանց իմ գիտութեան, յօդուածին տալով պատուոյ տեղը: Չէր յիշեր ո՛չ իր աղբիւրը եւ ոչ ալ թուականը: Երբ թերթը ձեռքս հասաւ կողմնակի ճամբով, հաստատեցի որ գրութիւնս պատուական էջ մըն էր, թէեւ կարօտ վերանայումի ինչպէս իր նախորդները» (տե՛ս Անիմանալի գրոհը) :
«Ազգ»ի խմբագրութիւնը արդարեւ հարց պիտի տայ, թէ ինչո՞ւ կը գրուին այս տողերը եւ... ո՞ւր հասնելու համար:
«Ազգ» իր 1 Յուլիսի 2016 թուակիրի «Մշակոյթ» բաժինին մէջ հիւրընկալած էր Ալեքսանդր Թոփչեանի «Նամակ... հին հասցէով» գրութիւնը, որուն մուտքին՝ նոյնինքն հեղինակին բացատրողագիրը, ուր կ՚ըսուի, թէ տուեալ յօդուածը գրուած է 1970-ի Փետրուարին, Վահագն Դաւթեանի «Հայրենիքի ձայն» շաբաթաթերթի 21 Յունուարի համարին մէջ լոյս ընծայուած «Բաց նամակ Շահան Շահնուրին» գրութեան յառաջացուցած «փոթորիկ»ին առիթով: «Սակայն "Հայրենիքի ձայն"ը մերժեց տպագրել մեր յօդուածը, ասելով, որ այդ խնդրին այլեւս չեն ուզում անդրադառնալ», կը գրէ Ալ. Թոփչեան: Այնուամենայնիւ, «Հայրենիքի ձայն»ը 15 Ապրիլ 1970-ին կը հրատարակէ «Վ. Դաւթեանի հերթական նամակը, այս անգամ խմբագրութեանը, "Շահան Շահնուրին ուղղված իմ բաց նամակի առիթով"» վերնագրով, «որն իր յարձակողականութեամբ եւ իր գաղափարախօսութեամբ փաստօրէն նախորդի շարունակութիւնն էր», կ"եզրակացնէ Ալ. Թոփչեան:
Այդ թուականէն ի վեր անցած է 46 տարի, երբ Ալ. Թոփչեան առ ի հրատարակութիւն «Ազգ»ին կը տրամադրէ յատենի գրուած իր յօդուածը, որ «այսօր տպագրւում է ոճական եւ աննշան խմբագրութիւններով»: Մինչդեռ իրաւունք ունէր կատարելու փոփոխութիւն, վերանայում, վերատեսութիւն, ինչպէս ըրած է Շահան Շահնուր ի՛նք եւ անուղղակիօրէն կը թելադրէ ուրիշներուն ընելու նո՛յնը, առանց դպչելու ոգիին:
Ալ. Թոփչեան արդարացիօրէն կը մատնանշէ. «Գրական... գործը եթէ արհեստականօրէն հանուի իր ժամանակի շրջանակներից, ապա թիւրիմացութիւնների տեղիք կը տայ»: Քիչ վարը կը շարունակէ. «Մինչդեռ սփիւռքահայ գրականութիւնը (մանաւանդ ֆրանսահայ արձակը) հայ գրականութեան արհեստականօրէն ընդհատուած շղթայի այն շարունակութիւնն է, որ այսօրուայ ընթերցողին հասնելու համար անպայման կարօտ է անհրաժեշտ մեկնաբանումների»:
Արդար ըլլալու համար պէտք է արձանագրել, որ Ալ. Թոփչեան 1970-ի Փետրուարին գրած իր յօդուածով յաջողած է գրականագէտի հատու եւ մասնագիտական արժեւորումը տալ յետեղեռնեան ֆրանսահայ արձակի 20-ական եւ 30-ական թուականներու միջավայրին եւ այդ միջավայրին մէջ ծլարձակող հայ արձակ գրականութեան: Քանի մը էջերու ընձեռած խիտ պայմաններուն մէջ:
Շահնուրի «Ազատն Կոմիտաս»ի վերերեւումը 1969-ի Նոյեմբերին «Սփիւռք» շաբաթաթերթի Կոմիտասին նուիրուած բացառիկին մէջ՝ երկու ամիս ամբողջ հանդիպեցաւ ոչ մէկ վերապահութեան, ցեխարձակումի եւ դատապարտութեան, քանի որ Շահնուրի գրիչին պատկանող այդ գոհարը ընդհանրապէս ծանօթ էր եւ երբեմն ալ արտատպուածՙ տարբեր առիթներով: Առաջին անգամը չէր, որ հեղինակի մը գրութիւններէն մէկուն արտատպումը կ՚ըլլար մամուլի մէջ առանց տեղի ու թուականի յիշատակութեան: Նմանօրինակ բազմաթիւ պարագաներու կը հանդիպինք մինչեւ օրս ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Սփիւռքի մամուլին մէջ:
Խօսուն եւ տեղին օրինակ մը կը հանդիսանայ նոյն 1930-ական թուականներուն լոյս ընծայուած Շահնուրի «Արդար գնդակահարութիւն մը Երեւանի մէջ» գրութիւնը, որմէ ընդարձակ հատուած մը կ՚արտատպուի «Սփիւռք» շաբաթաթերթի 1959-ի Ապրիլ 25-ի թիւին մէջ:
Գերմանացի սպայ մը Քեմալ Աթաթիւրքին կ՚ընէ պատմութիւնը Եղեռնի տարիներուն հայոց եկեղեցիներու զանգակներու հաւաքումին, որովհետեւ «գերման զինարանները պահանջքը ունէին մետաղի... դիմեցին ձեզիՙ իրենց զինակիցին: Այդ պատճառաւ է որ հաւաքեցիք Հայոց բոլոր զանգակները եւ ղրկեցիք Քրուփին»: Սակայն, «աւերակ եկեղեցիի մը նկուղին մէջ» կը մնայ զանգակ մը, «որ կը հնչէ անվերջ... իր ճիշդ մօտը գտնուող թուրքը բա՜ն չի լսեր, մինչ երկրագունդիս ամէնէն հեռաւոր անկիւնն իսկ ինկած հայոցմէ ոմանքՙ իրենց զանգակը կը լսեն արտակարգ յստակութեամբ»:
Քեմալ կ՛ուզէ իմանալ այդ զանգակին տեղը, զայն ալ լռեցնելու մտադրութեամբ: Գերմանացին այս պատմութիւնը լսած էր Անգարայի ռուսական դեսպանատան առաջին քարտուղար հայածին Կարախանէն: Թուրքերը կը դիմեն Կարախանին: Ան կ՛ըսէ, թէ գաղտնիքը գիտցողը իր թաթար քարտուղարն է, որ պաշտօնի բարձրացում ստացած ըլլալունՙ մեկնած է Ռուսաստան, եւ գաղտնիքը տարած իր հետը: Իսկ Կարսէն հազիւ հասած Երեւանՙ տեղի հայերը կը գնդակահարեն թաթար քարտուղարը, ըսելով.
«- Սա մի արիւնկզակ-թրոցկիստ-նացիոնալիստ-դաշնակ է. սա մի սպեցիֆիկ էՙ թշնամի համաշխարհային բանուորագիւղացիութեան...»:
Ինչպէս Ազատն Կոմիտասի պարագային, «Սփիւռք»ի մէջ լոյս տեսած Շահնուրի երեսունականներուն գրած այս գրութիւնն ալ ունէր ո՛չ թուականի եւ ոչ ալ տեղի նշում: Սակայն ասոր պարագային բարձրացաւ ո՛չ մէկ աղմուկ:
Այս առնչութեամբ աւելի քան համոզիչ պարագայ կը հանդիսանայ Շահնուրի կարգ մը յօդուածներու ժողովածոնՙ «Թերթիս կիրակնօրեայ թիւը», հրատարակութիւնՙ Գրիգոր Քէօսէեան (Պէյրութ, տպ. Սեւան, 1958, 150 էջ) , որուն կ՛անդրադառնայ Ալ. Թոփչեան եւ իր կարգ մը հաստատումները կը կատարէ հիմնուելով անոր եւ յատկապէս հատորի աւարտին Շահնուրի կողմէ զետեղուած «Ծանօթութիւն»ին վրայ, որ Թոփչեան արդարօրէն «վերջաբան» կ՛որակէ: Հատորին մէջ ընդգրկուած են 1931-1939 թուականներու հրատարակուած եօթը գրութիւններ, ոմանք վերանայուած կամ վերախմբագրուած: Ամբողջ հատորին մէջ, եօթի պարագային ալ, ոչ մէկ արձանագրութիւն կամ վկայութիւն անոնց տեղի ու թուականի յիշատակութեան մասին, եթէ բացառենք «Ծանօթութիւն»ի մէջի հակիրճ տեղեկութիւնը անոնց նախապէս լոյս ընծայուած ըլլալուն մասին: Ո՛չ վայրի եւ ո՛չ ալ թուականի յիշատակութիւն:
Ալ. Թոփչեան անտեղի ակնարկութիւն մը ունի: Ան իր «անտիպ» մնացած գրութեան աւարտին կ՛ըսէ. «թե՛ «Սփիւռք»ը, թե՛ Վ. Դավթյանը չի բացառվում, որ կարող էին նաեւ չիմանալ Շահնուրի հեղինակային վերջաբանում («Ծանօթութիւն»ին կ՛ակնարկէ, Ժ.Դ.) ասված կարեւոր նշումը»: Վ. Դաւթեանը վստահաբար կրնար «չիմանալ կարեւոր նշումը»: Իսկ «Սփիւռք»ի, այսինքնՙ Սիմոն Սիմոնեանի պարագային, բացայայտ մեղանջում է կատարուած ակնարկութիւնը: «Թերթիս կիրակնօրեայ թիւը» լոյս տեսած է Սիմոնեանի սեփականութիւնը եղող տպ. Սեւանէն: Իսկ անոնք որ ճանչցած են Սիմոնեանը, կրնան վկայել, որ տպ. Սեւանէն լոյս տեսած իւրաքանչիւր հատոր կ՛արժանանար տպարանատիրոջ բծախնդիր ուշադրութեան:
Ուրիշ վկայութիւն մըն ալ այս առնչութեամբ: «Ազատն Կոմիտաս»ի յառաջացուցած փոթորիկը տակաւին չհանդարտած, Փարիզի «Յառաջ»ը լոյս կ՛ընծայէր Շահնուրի «Բաց տոմարը» հատորը (Փարիզ, Մատենաշար «Յառաջ», 1971, 170 + XII էջ) : Տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը այս հատորին մէջ ալ ընդգրկուած էին եօթը գրութիւններ, որոնց շարքինՙ «Ազատն Կոմիտաս»ը եւ «Վաղը»ն: Հատորի գրութիւններէն վերջինը միայնՙ «Սեւ արեւ» խորագրուած, նոր է, եւ ունի թուականՙ ապրիլ 1971: Մնացեալ վեցըՙ անթուակիր: Եթէ որեւէ արտատպում պիտի կատարուի այս հատորէն եւս, յիշատակումը պիտի ըլլայ միայն հատորի տպագրութեան եւ վայրին, մինչ գրութիւններուն պարագային հնարաւոր պիտի չըլլայ այդ մէկը:
Ի դէպ, «Բաց տոմարը» հատորի (1971) «Յաւելուած» բաժինին մէջ Շահնուր ունի վկայութիւն մը, որ կ՛արժէ մէջբերել հոս. «Պէտք եղաւ Ազատն Կոմիտասը հրատարակել առանձին տետրակի ձեւով, փարատելու համար այն շփոթութիւնը զոր ստեղծած էր անպատասխանատու գրիչ մը, Երեւանէն, այնքան թոթովՙ որքան վճռակամ»:
«Առանձին տետրակ»ը, որուն կ՛ակնարկէ Շահնուր, լոյս կը տեսնէ 3 ապրիլ 1970-ին, իբրեւ Մատենաշար «Յառաջ»ի: Տետրակին մէջ տեղ կը գրաւէ նաեւ Շահնուրի «Վաղը» գրութիւնը իբրեւ «յաւելագիր» «Ազատն Կոմիտաս»ի եւ որ սերտօրէն առնչուած է անոր: Գրքոյկին ամբողջական խորագիրն էՙ «Ազատն Կոմիտաս» եւ իբր յաւելագիր «Վաղը», բաղկացած 38 էջէ: Քսան օր յետոյ, 23 ապրիլ 1970-ին, ան կ՛ունենայ Բ. տպագրութիւն մը, որովհետեւ առաջին տպագրութիւնը «սպառեցաւ հինգ օրուան մէջ» (տե՛ս Շահնուր, Նամականի, Ա., կազմեց եւ ծանօթագրեց Գրիգոր Քէօսէեան, Պէյրութ, 2001, էջ 97 եւ 98) : Նոյն Նամականիին այլ էջի մը մէջ ( էջ 101 ), տողատակի, Շահնուր կը գրէ. «Կարծեմ պէտք պիտի ըլլայ ձեռնարկել Կոմիտասի [Ազատն Կոմիտաս] Գ. տպագրութեան», որ չիրականացաւ: Ալ. Թոփչեան «Վաղը»ն կը նկատէ Շահնուրի պատասխանը (ապրիլ 1970), մինչդեռ Շահնուրի առաջին հակադարձ պատասխանը կը հանդիսանայ «Անիմանալի գրոհը» գրութիւնը, որուն անդրադարձը կայ այս յօդուածին սկիզբը, եւ որուն մասին կարելի է տալ յաւելեալ մանրամասնութիւն մը: Անդրադառնալով ստեղծուած թոհուբոհին, նամակի մը մէջ Շահնուր այս առնչութեամբ կու տայ մանրամասնութիւններ. «Դժբախտութիւնն հոն է որ ստիպուած եմ mele՛e-ին (վէճ, իրարանցում) մէջ նետուիլ, կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով, զայն հանդարտեցնելու մտօք: Կարճ գրութիւն մը տուի Փարիզի «Աշխարհ»ին...: Աւելի ընդարձակ յօդուած մը ղրկեցի «Պայքար»ի, այս առաւօտ (par avion - օդային թղթատարով») (տե՛ս Շահան Շահնուր, Նամականի, Ա., էջ 92-93) : Նամակին թուականըՙ 24 փետրուար 1970: «Ընդարձակ յօդուածը», որուն կ՛ակնարկէ Շահնուր, «Անիմանալի գրոհը»ն է, որ լոյս կը տեսնէ «Պայքար»ի 4 մարտ 1970-ի համարով, նոյնը, հաւանաբար արտատպում, «Զարթօնք»ի 20 մարտ 1970-ի համարով, առանց թուականի, եւ որմէ կ՛արտատպէ «Սփիւռք», 29 մարտ 1970-ի համարին մէջ: Դժբախտաբար Փարիզի «Աշխարհ»ին տրուած «կարճ գրութիւն»ը հնարաւոր չեղաւ ստուգել: Այս բոլորըՙ Ալ. Թոփչեանի յիշատակած «Վաղը»էն (ապրիլ 1970) առաջ:
Վահագն Դաւթեանի Շահնուրին ուղղուած բաց նամակը, ինչպէս յայտնի է, լոյս տեսաւ ՀՍՍՀ Մինստրների սովետին կից Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի (ոչ թէ «Սփյուռքի կոմիտե», ինչպէս կը գրէ Ալ. Թոփչեան) պաշտօնաթերթ «Հայրենիքի ձայն» շաբաթաթերթի 21 յունուար 1970-ի համարին մէջ: Ու փրթաւ հաւարը...: «Բայց հայաստանյան մամուլը լուռ էր եւ լուռ էլ մնաց», կը հաստատէ Ալ. Թոփչեան: Վ. Դաւթեանին ձայնակցեցան «հայաստանասէր» սփիւռքահայ քանի մը գրիչներ: Աւելի մեծ թիւով հանգամանաւոր մտաւորականներ ընդվզեցան կատարուած անտեղի եւ անարդար յարձակման դէմ («արհեստականորեն առաջացած բանավեճ» կ"որակէ Ալ. Թոփչեան): Ընդվզեցաւ նաեւ Շահան Շահնուր, որ 1939-էն ի վեր գամուած կը մնար առողջարանի իր անկողնին մէջ, եւ երկար տարիներ հեռու կը մնար հայերէն գրելէ եւ ստեղծագործելէ:
Ուրեմն «արհեստականորեն» պայթած էր փոթորիկը Վահագն Դաւթեանի «Բաց նամակով» («Հայրենիքի ձայն», 21 յունուար 1970):
Կրկին եւ կրկին պիտի դիմեմ Շահան Շահնուրին. «Կոմիտաս վարդապետի մահուան վաղորդայնին, այսինքն 1935ին, գրեցի յօդուած մը, «Ազատն Կոմիտաս», որ լոյս տեսաւ Փարիզի ռամկավար «Ապագայ»ի մէջ: Ան լոյս տեսաւ թէ չէՙ անհետացաւ իմ տեսողութենէս: ...Իրազեկ սուզակ մըն է, Սիմոն Սիմոնեան, որ լոյսին կը բերէ գրութիւնս «Սփիւռք»ի յոբելենական բացառիկին մէջ, զայն խլելով իր երկարամեայ թմբիրէն: Ան դժբախտաբար կը մոռնայ (ինչո՞ւ անպայման իրեն վերագրել յետին միտք) յիշել իր աղբիւրը եւ գրութեան տարիքըՙ 35: Երբ ես զիս կարդացի, հակազդեցութիւնս եղաւ անմիջական: Գրութիւնս կատարելապէս արժանի գտայ վար դրուելու, իր ամբողջութեանը մէջ: Գալով իմ անցեալի լեզուիս, ան կարօտ էր վերանցնումի [վերանայումի]: ...Վերամշակուած յօդուածս լոյս տեսաւ «Յառաջ»ի մէջ (25 յունուար 1970)» (տե՛ս Շահան Շահնուր, «Ազատն Կոմիտաս» եւ իբր յաւելագիր «Վաղը», էջ 26-27):
Վերոյիշեալ մէջբերումը, թէեւ քիչ մը երկար, առիթ կ՛ընծայէ քանի մը հաստատումներու:
Առաջին. Ալ. Թոփչեան, հիմնուելով 1958-ին Պէյրութ լոյս տեսած «Թերթիս կիրակնօրեայ թիւը» յօդուածներու ժողովածոյի աւարտին զետեղուած «Ծանօթութիւն»ի մէջ Շահան Շահնուրի արտայայտած միտքերէն մէկուն,- («... հեղինակը երկրորդ հրատարակութեան մը անարժան նկատած է ուրիշ նմանօրինակ յօդուածներ»),- եւ անտեսելով նոյն «Ծանօթութիւն»ին մէջ արտայայտուած այլ միտքեր, «անարժան»ներուն շարքին կը դասէ նաեւ «Ազատն Կոմիտաս»ը: Մինչդեռ, Շահնուր, «Ծանօթութիւն»ը կը սկսի այսպէս. «Այն եօթը գրութիւնները որոնք այս բացառիկ թիւը [հատորը] կը կազմեն, եւ որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պատկանի գրական յատուկ սեռի մը...»:
Եզրակացութիւն. Շահնուր բացարձակապէս հրատարակութեան «անարժան» չէ նկատած «Ազատն Կոմիտաս»ը: Ընդհակառակն: Սիմոնեանի «Սփիւռք»ին մէջ վերընթերցելով զայն, պիտի գրէր. «...հաստատեցի որ գրութիւնս պատուական էջ մըն էր»:
Շահնուր «պատուական» ուրիշ էջեր ալ ունի, որ տեղ չեն գտած ո՛չ «Թերթիս կիրակնօրեայ թիւը»ին եւ ո՛չ ալ 1971-ին հրատարակուած «Բաց տոմարը» հատորներուն մէջ: Յիշե՞նք անոնցմէ երկուքը. «Աւագ ուրբաթ» («Զուարթնոց», Փարիզ, թիւ 8, մայիս 1930) եւ «Վաւերաթուղթը» «Ապագայ», Փարիզ, սեպտ. 3, 10, 17 եւ հոկտ. 1, 1938):
Երկրորդ. անոնք որ «Ազատն Կոմիտաս»ի վերահրատարակութիւնը «Սփիւռք»ի մէջ այպանեցին եւ Սիմոն Սիմոնեանի դէմ շղթայազերծեցին խաչակրութիւն, որովհետեւ ան չէր յիշատակած անոր հրատարակութեան թուականն ու աղբիւրը (1935, «Ապագայ», Փարիզ), անոնցՙ Վահագն Դաւթեանին եւ իրեն ձայնակցողներուն, Շահան Շահնուր տուաւ արժանի պատասխան. նախ Սիմոնեանը կ՛որակէ «իրազեկ սուզակ մը», որ խնդրոյ առարկայ գրութիւնը «լոյսին կը բերէ... զայն խլելով իր երկարամեայ թմբիրէն»: Ապա Սիմոնեանը զերծ կը կացուցանէ որեւէ այպանելի եւ հետեւաբար դատապարտելի մտադրութենէ. («ինչո՞ւ անպայման իրեն վերագրել յետին միտք»):
Ալ. Թոփչեան իր 1970-ի փետրուարին գրած եւ «Հայրենիքի ձայն»ի կողմէ մերժուած յօդուածը կը սկսի այսպէս. «Շահան Շահնուրը եւ իր գրականությունը նորություն չեն մեր ընթերցողների համար: Պատերազմից անմիջապես հետո Արտասահմանի հայ գրողների անթոլոգիայում տպագրվեց նրա մէկ պատմվածքը, այնուհետեւ հատընտիրը»:
Կատարուած մէջբերումէն ընթերցողը կ՛ունենայ այն տպաւորութիւնը, որ նշուած զոյգ հատորներն ալ լոյսին են եկած պատերազմէն [Բ. Աշխարհամարտ, Ժ.Դ.] «անմիջապես հետո»: Ճիշդ է որ ակնարկուած հատորներէն առաջինըՙ «Արտասահմանեան ժամանակակից հայ գրողներ» (ժողովածու) լոյս տեսած է 1946-ին: 309 էջերէ բաղկացած այս հատորը «կազմեցին եւ խմբագրեցին Հր. Գրիգորյան, Էդ. Թոփչյան»: Շահան Շահնուրին «Դերձակ մը, իր երկու հիւրերը եւ զանազան դէպքեր» պատմուածքը տեղ գտած է հատորին 104-131րդ էջերուն մէջ: Մինչդեռ երկրորդըՙ Շահան Շահնուրի «Երկերը», լոյս տեսած է 1962-ին, Ստեփան Ալաջաջեանի խմբագրութեամբ: Դժուար թէ ընթերցողը 1946-ին հրատարակուած Շահնուրի պատմուածքներէն մէկուն ընթերցումով ծանօթացած ըլլար յետեղեռնեան Սփիւռքի մեծագոյն արձակագիրներէն մէկուն: Պատերազմի աւարտէն 17 տարի յետոյ հրատարակուած «Երկեր»ուն ծանօթանալէ ետքՙ հաւանաբար: Թէեւ հոն տեղ գտած պատմուածքները եւ մասնաւորաբար «Նահանջը առանց երգի» վէպը ենթարկուած էին անխնայ մկրատումներու, որ նոյն ինքն Շահնուր կ՛անուանէ «mutilation» (հաշմում, խեղում):
«Ազգ»ի մէջ (1 յուլիս 2016) 46 տարի յապաղումով լոյս տեսած Ալ. Թոփչեանի գրութեան բացատրողագիրին մէջ կը կարդանք. «Սփյուռքն», կը գրէ ան, «անմիջապէս անդրադարձաւ «բաց նամակին» [Վ. Դաւթեանի]: Հակազդումը երբեմն ավելի ուժգին եղավ, քան «ազդումը», օրինակՙ Սիմոն Սիմոնյանի պատասխանը նույն «Սփիւռք»ի էջերին: Պատասխանեց Շահան Շահնուրըՙ Փարիզի «Յառաջ»ում (ապրիլ, 1970) տպագրելով «Վաղը» յօդուածը»:
Թոփչեանի այս մէջբերումի վերջին նախադասութեան մէջ կը հանդիպինք նոր անճշդութեան մը: Շահնուր առաջին անգամ կը հակազդէ ու կը պատասխանէ «Անիմանալի գրոհը» յօդուածով, լոյս տեսած «Պայքար» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերու մէջ (տե՛ս «Պայքար», 4 մարտ 1970 եւ «Զարթօնք», 20 մարտ 1970): Սիմոնեանը զայն կ՛արտատպէ «Սփիւռք»ի 29 մարտ 1970 թուակիրով: Ուրեմն «Յառաջ»ի (ապրիլ) մէջ եղածըՙ «Վաղը» յօդուածը Շահնուրի երկրորդ պատասխանը կ՛ըլլայ:
Սակայն, աւելի հետաքրքրական է պարագան «Ազատն Կոմիտաս»ին, որուն արտատպումը, ինչպէս տեսանք, կատարած էր Սիմոն Սիմոնեան 23 Նոյեմբեր 1969-ի Կոմիտասին նուիրուած «Սփիւռք»ի բացառիկին մէջ: «Ազատն Կոմիտաս»ի վերայայտնումը, առաջին հերթին, մեծ անակնկալ մը կ՚ըլլայ Շահնուրին: Հաւատարիմ իր վերանայումի սկզբունքին՝ Շահնուր զայն վերահրատարակութեան կու տայ Փարիզի «Յառաջ»ի 25 Յունուար 1970-ի համարին մէջ, ուր գրութեան երկրորդ պարբերութեան առաջին տողերը կը բացայայտեն. «Ի՞նչ ենք ի վերջոյ այսօր, մեր գաղթականութեան սա հազար-ինը-հարիւր-երեսուն եւ հինգ թուականին, եթէ ոչ թշուառ եւ խոցոտ բարիաներու թափառականութիւն մը, նշաւակՙ քաղաքավարական կարեկցութեան եթէ ոչ արհամարհանքի» (ընդգծումըՙ Ժ.Դ.):
Ուշադրութիւն դարձուցէք հրատարակութեան թուականին - 25 Յունուար 1970: Այսինքն Վ. Դաւթեանի «Բաց նամակ»ին լոյս տեսնելէն 4 ՕՐ ետք միայն: Եթէ պատահէր, որ այդ նամակին հրատարակութիւնը շաբաթ մը ուշանար, ինչե՜ր պիտի խնայուէին Շահնուրին, Սիմոնեանին եւ նոյն ինքն Դաւթեանին...:
«Բաց նամակ»ին վերջաւորութեան տեղ մը Վ. Դաւթեան հայրենադաւութեամբ կ՚ամբաստանէ Շահնուրը, որուն հայրենասիրութեան դաս կու տայ մատնանշելով պարագան Ուիլիըմ Սարոյեանի. «Իմ դէմ է,- կը գրէ ան,- Վիլեամ Սարոյեանի պայծառ կերպարը: Նրա հայրենասիրութեան մասին ես երկար չեմ խօսի, կ՚ասեմ միայն, որ նա իր վերջին տարիների պատմուածքներից մէկը վերնագրել է այսպէս. «Ուր որ երթաս, Հայաստան պոռա»:
Վ. Դաւթեան մինչ այդ մոռցած էր, որ անցնող մէկ-երկու տասնամեակներուն, 1950-ականներէն սկսեալ, Դերենիկ Դեմիրճեանի եւ հայրենի այլ պատկառազդու գրողներու գրիչով Ուիլիըմ Սարոյեանը «ամբաստանուած էր» իբրեւ ամերիկեան իմբերիալիզմի «լակէյ» (ծառայ), իսկ միեւնոյն ժամանակ «հայաստանասէր»ի եւ հայրենասէրի օրինակ կը ծառայէր Շահան Շահնուրը:
Երբ բացայայտ դարձաւ, որ Վ. Դաւթեան ԲԱՑԱՅԱՅՏ թիւրիմացութեան մէջ է եւ անտեղիօրէն յառաջացուցած է փոթորիկ մը, փոխանակ ընդունելու իր սխալը, 15 ապրիլ 1970-ի «Հայրենիքի ձայն»ին մէջ կը ստորագրէ նոր յօդուած մըՙ «Շահան Շահնուրին ուղղուած իմ բաց նամակի առիթով» խորագիրը կրող: Ալ. Թոփչեանի բնութագրումով՝ «իր յարձակողականութեամբ եւ իր գաղափարախօսութեամբ փաստօրէն նախորդի շարունակութիւնն էր»:
Շատ դժուար է, որ մարդիկ ընդունին իրենց սխալը: Սխալը ընդունիլը առաքինութիւն է: Բայց որոշ մարդիկ կը փորձեն սխալը ուրիշ սխալով սրբագրել: Վ. Դաւթեան իր երկրորդ նամակին գլխաւոր թիրախ կը դարձնէ Սիմոն Սիմոնեանը. «...իմ «բաց նամակ»ից յետոյ,- կը գրէ ան,- «Սփիւռք»ի խմբագիրը պիտի տարրական տրամաբանութիւնն իսկ մի կողմ դնի, աչքերն ու ականջները փակի եւ հրապարակ հանի իր միակ զէնքը՝ հայհոյանքը»:
Սիմոն Սիմոնեան - մարդը, գրողն ու խմբագիրը - կրնայ երբեմն սխալած ըլլալ: Եթէ Սիմոն Սիմոնեանի ազգային, գրական ու հրապարակագրական հարուստ ժառանգութեան մէջ սկզբունքային կեցուածքները երբեմն բուռն, յախուռն կերպով արտայայտուած են, սակայն, իր մօտ «հայհոյանք»ը երբեք բոյն չէ դրած, որովհետեւ ինք ամրօրէն կառչած էր Յակոբ Պարոնեանի իմաստուն խօսքին՝ «հայհոյութիւնը փաստերու սով» է:
Այսօր, 46 տարի անց, երբ քրքրելու ըլլանք 1970 թուականի այդ «փոթորիկ»ին առնչուող մամուլի էջերը, հաւանաբար ցաւ պիտի զգանք անտեղի եւ անարդարանալի թիւրիմացութենէ մը յառաջացած յարձակողական, վիրաւորական կեցուածքներու եւ վարկաբեկիչ դիրքորոշումներու, որոնց հիմնական հեղինակն ու միաժամանակ զոհն է տաղանդաւոր բանաստեղծ Վահագն Դաւթեան: Իսկ անոնք որ գլխաւոր թիրախներն էինՙ Շահան Շահնուր եւ Սիմոն Սիմոնեան, կը մնան իրենց բարձունքին վրայ:

«Ազգ-Մշակոյթ», 26 Օգոստոս 2016

No comments:

Post a Comment