19.8.16

«Անիծեմ՝ վարժապետ դառնաս»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
Նոյեմբեր 2000-ի աշնան պայծառ առաւօտ մը աշակերտներու բազմութիւն մը հաւաքուած էր Մելգոնեան վարժարանի մեծ  բակին  մէջ: Հանդէս չէր այդ օրուան հաւաքը: Աշակերտներէն ոմանք՝ բողոքելու նպատակովուրիշներ՝ իրենց ուսուցիչներուն հրաժեշտ տալու համար, եկած էին վերջին անգամ տեսնելու դպրոցէն վտարուած իրենց երկու ուսուցիչները: Կորիւն եւ Մարալ Քէհէեան ամոլը, ովքեր Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հայերէն լեզուի եւ գրականութեան  ուսուցիչներ էին, վտարուած էին դպրոցէն: Բողոքի ալիք մը բարձրացած էր Մելգոնեան վարժարանի պատմութիւն բուրող դեղին շէնքերու դասարաններուն  մէջ: Բանադրանքի, մեղադրանքի, այպանումի ամբողջ բեռը նետուած էր մանաւանդ վերին կարգերու սիրուած ուսուցիչ Կորիւն Քէհէեանի  ուսերուն:
Քէհէեան, ինչպէս շատ մը հայ ուսուցիչներ, վերջին անգամ կը նայէր իր սաներու տխուր աչքերուն, կը նայէր Վահան Թէքէեանի սառն ու զարմացած կիսանդրիին եւ պայուսակները ձեռքին՝ կը հեռանար  Նիկոսիայէն:
Տխուր ուսանողներ եւ ուրախ հոգաբարձուներ այդ օր դէմ-դիմաց կ՚իմանային վտարումի  լուրը, եւ վարագոյրը դարձեալ կը փակուէր դպրոցի ներքին դաւերուն, չարակամութիւններուն եւ  խորհրդաւոր  պատմութիւններուն վրայ:
Անիծեմ՝  վարժապետ դառնաս...
Այդպէս խօսուած է դարիւ-դարիւ: Հայ ժողովուրդի անգիր բանահիւսութեան մաս կազմող այս ասոյթը ինչքան իմաստալից էր ու դառն ճշամրտութեան մը արգասիքը:
Մենք միշտ սիրած ենք անիծել մեր վարժապետները:
Նոյն պատմութեան մէկ տխուր օղակին մաս կը կազմէ երկար տարիներ  Մոսկուա «ապաստանած» Աբրահամ Ալիքեան բանաստեղծը, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն  ետք փրկուած  թռչունի պէս իր անցեալի հետքերը գտնելու համար կը  ժամանէր Պէյրութ:
Մինչեւ իր Պէյրութ հասնիլը յարգուած  եւ Սովետի երկաթէ վարագոյրին ետին  խորհրդային բոլոր  «քաղցրութիւնները» ճաշակած ու  ողջ մնալու հպարտութեամբ  ապրած Ալիքեան չէր «անիծուած»:
Անոր անէծքի բաժինը պատրաստուած էր իր սիրելի Պէյրութ  քաղաքին  մէջ: Անոր հրաշագեղ ծովէն հարիւարաւոր մեթր բարձր հեռու գտնուող Ֆարայա գիւղաւանը կը դառնար Աբրահամ Ալիքեան բանաստեղծ-վարժապետին նոր աքսորավայրը: Ալիքեան, որ Մոսկուայի սառնաշունչ բոլոր կարմիր ձմեռները ճաշակելով հանդերձ չէր ապրած անիծուած ըլլալու դժբախտութիւնը, կը ճաշակէր  գաւառական սփիւռքի ամէնէն ծանր ճակատագիրը: Օրին, մտաւորականներ Վահէ Օշական, Գրիգոր Պըլտեան ու Մարկ Նշանեան բաց նամակ մը կը ստորագրէին  Սփիւռքի պատկան մարմիններէն խնդրելով վերատեսութեան ենթարկել Աբրահամ Ալիքեանի դէմ արձակուած  վճիռը:
Ալիքեան այս անգամ կը փոխադրուէր Պիքֆայայի դպրեվանք, ուր քանի մը տարի որպէս մատենագրութեան ուսուցիչ կը դասաւանդէր դպրեվանքի սաներուն: Ապագայ  սարկաւագներն ու վարդապետները կը համբուրէին Ալիքեանի  ձեռքերը  եւ լոյսի շտեմարան եղած մեծ մտաւորականին հետ կը բաժնէին արեւոտ ու անձրեւոտ օրերը: Մինչեւ որ անէծքի նոր լախտ մը կ'իջնէր բանաստեղծի գլխուն, ու ան  դարձեալ կը հեռացուէր իր աշխատանքնէն:
Սուրբ անէծքով  կ՚անիծէին  Աբրահամ Ալիքեանը: Կ՚անիծէին, որ վարժապետ դառնայ: Սովետի ամէնէն դժուար տարիներուն  դիմացած պոետը տեղի կու տար այդ նոր աքսորին:
Անէծքը կը դառնար յաւիտենական  ու Ալիքեան իր աչքերը կը փակէր ազգային ծերանոցի սենեակներէն մէկուն մէջ: Ինքնամոռաց, լքուած իր իսկ հարազատներէն՝  մինակ, բայց անտրտունջ: Անոր մարմինը կը դրուէր Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատան թիթեղեայ  մէկ դարակին մէջ:
Որպէս ազգային անէծք՝ ազգային պոետին:
Վերջերս, համացանցի վրայ Պոլսոյ աշակերտները բողոքի կարճ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին: Պոլսահայ աշակերտները կը բողոքէին երիտասարդ մտաւորական Սեւան Տէյիրմէնճեանի Մխիթարեան վարժարանէն  վտարուելու մասին եղած որոշումին դէմ: Երեւանի պետական համալսարանը աւարտած Տէյիրմէնճեան այդ վճիռին մասին կ՚արտայայտուէր «Ակօս»-ի մէջ: Ան իր «Վտարումի մը պատմութիւնը» յօդուածին մէջ կը գրէր.
«Անհամբեր կը սպասեմ թղթատարին, որ պիտի բերէ Մխիթարեան վարժարանէն  ինծի ուղղեալ վեցգիրը։ Հասկնալիքնիդ՝ շուտով կը միանամ թրքահայ վտարեալ ուսուցչաց միութեան խիտ շարքերուն։
Մինչդեռ որքան սիրով սկսած էր մեր գործակցութիւնը։ Կը յիշեմ առաջին օրուան պէս։ Առաջարկած էին հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցչութեան պաշտօն մը Մխիթարեան վարժարանի դարաւոր յարկէն ներս։ Ընդուներ էի առանց մտածելու, առանց տատամսելու։
Տարիներէ ի վեր թէեւ կ՚ուսուցչագործէի, սակայն առաջին անգամ դասարան պիտի մտնէի՝ շփուելու պատանիներուն հետ, փորձելու զիրենք հաղորդ դարձնել մեր մայրենիին, մշակոյթին ու գրականութեան։ Խանդավառ էի»:
Սեւանի համար ուսուցչութիւնը կեանքի հացը վաստակելու համար եղած արարք մը չէր միայն, այլ աւելին. արեւմտահայերէնի հանդէպ մեծ սէրը, իր քաղաքացի բանաստեղծներ ՝ Դուրեանի եւ Մեծարենցի, տակաւին աքսորական  մեծերուն՝ Վարուժանի եւ  Զոհրապի ամէնօրեայ  պաշտամունքը չէին կրնար փրկել զինք:   
Մտաւորականը  կը  դառնար գործազուրկ:
Ան այլեւս մաս չի կազմեր Մխիթարեան  դարաւոր    վարժարանի ուսուցչական կազմին: Անոր սաները պիտի շարունակեն սպասել իրենց սիրելի ուսուցիչին, որ  որպէս Կաղանդ Պապա կը ներկայանար իրենց: Երազի, իրականութեան, գիրի,  դպրութեան եւ լեզուի, բոլոր կիրճերէն վեր սլացող պոլսահայ մեր բարեկամին համար  ալ  կը պատրաստուէր անէծքի լեղի բաժակ մը:
Անիծած էին զինք՝ ապրելու հայ ուսուցիչ դառնալու նուիրական երազներով: Դառն ու քաղցր վերյուշին մէջ մկրտուած ու գրականութիւնը ամէն գնով  արդէն  տագնապահար Պոլսոյ մատղաշ սերունդին բառով մը սիրելի դարձնելու հրայրքով տարուած Տէյիրմէնճեան կամայական որոշումով մը կը վտարուէր դպրոցէն: Անկէ նախ քաղաքավարական ժպիտով կը խնդրէին լքել իր պաշտօնը եւ հեռանալ դպրոցէն: Ապա աւելի կոպիտ կը յայտնէին իր վտարման  որոշումին մասին:
Երեք անուն եւ երեք ճակատագիր:
Երեք նզովեալ մարդիկ, ովքեր փորձած են  իրենց աւազանին մէջ պահել ու գրկել  արեւմտահայոց լեզուի ճակատագիրը: Լեզու, որ Եունեսքոյի խօսքով յայտնուած է աշխարհէն վերանալու վտանգին առջեւ:
Անոնց երգը «նահանջի աւետարան»ին մէկ երգն է:
Անոնք անէծքէն փրկուելու կը սպասեն:
Մեր  վարժապետները  անիծուած, բայց՝ օրհնած:
 

No comments:

Post a Comment