22.8.16

2007-2015ին Մատենադարանը աւելի քան 5.000 ձեռագիր ձեռք բերած է


2007ին Երեւանի Մատենադարանի հաւաքածոն 17.250 ձեռագիր ունէր, իսկ այդ թիւը 2015ին 22.550ի հասած է։ Մատենադարանին մէջ ներկայիս ռազմավարական նշանակութիւն մը ունեցող ծրագիր մը կը գործադրուի՝ մեծադիր ձեռագիրներու, հազուագիւտ արխիւային փաստաթուղթերու եւ հնատիպ գիրքերու գիտական մշակումի ու վերականգնումի ծրագիրը։ Այս եւ ուրիշ հարցերու մասին, «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը զրուցած է Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի հետ։  Հարցազրոյցը արեւմտահայերէնի վերածուած է «Ազդակ»ի կողմէ։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Թամրազեան, ինչո՞վ յատկանշական էր 2015-ը Մատենադարանին համար:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- 2015-ին Մատենադարան հիմնարկին բոլոր ստորաբաժանումները գործած են մեծ ծանրաբեռնուածութեամբ: Այս առումով տարին բացառիկ էր: Ամէն ինչէ առաջ կ՛ուզեմ շեշտել էական հանգամանք մը. սերնդափոխութեան հարցը, որ ամէնէն կարեւորն է հայագիտութեան մէջ, բնականոն հունի մէջ մտցուցած ենք, եւ ատիկա լուրջ ձեռքբերում է: Այո՛, մեր ետեւէն կու գայ երիտասարդ եւ օժտուած գիտնականներու նոր սերունդ: Մենք կը խօսինք արդէն կայացած սերնդափոխութեան մասին, եւ այս ասպարէզին մէջ մեզի աննախադէպ յառաջընթաց կը սպասէ. նկատի ունիմ քսանէն աւելի թեկնածուական ատենախօսութիւններու պաշտպանութիւնը, որ կը նախատեսուի այս տարուան ընթացքին:
Հետզհետէ կը մեծնայ մատենադարանցիներու ներկայացութիւնը հայագիտութեան եւ ընդհանրապէս միջնադարագիտութեան բոլոր ասպարէզներուն մէջ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ արտերկրի մէջ. կը խորանան կապերը հայագիտական բոլոր մեծ կեդրոններուն հետ, մեր երիտասարդները յաջողութիւններու կը հասնին միջազգային ասպարէզի մէջ: Մատենադարանը իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն: Իբրեւ պատմամշակութային իրադարձութիւն` կ՛ուզեմ յատկապէս շեշտել Մաշտոցի անուան մատենադարանի մասնաճիւղի բացումը Արցախի Գանձասար վանական համալիրին կից տարածքին մէջ:

Հ.- Իսկ տարին որքա՞ն արդիւնաւէտ եղած է նոր գիրքերու լոյս ընծայման տեսանկիւնէն:
Պ.- Տարին անկասկած արդիւնաւէտ եղած է այդ առումով, լոյս տեսած է 23 գիրք, հրապարակուած են եւ տպագրական փուլի մէջ կը գտնուին 120-է աւելի յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ: «Ոսկան Երեւանցի. ճամբորդութիւն հայ տպագրութեան քառուղիներով» գիտաժողովի շրջանակներուն մէջ լոյս տեսաւ Վարդան Դեւրիկեանի «Ոսկան վարպետ Երեւանցի. կեանքը եւ տպագրական գործունէութիւնը» գիրքը: Լոյս տեսած են նաեւ «Մատենագիրք հայոց» կոթողային մատենաշարի 17-րդ, 19-րդ եւ 20-րդ, «Մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց»-ի 8-րդ հատորները, հրատարակչական ընթացքի մէջ են «Մայր ցուցակ»-ի 9-րդ եւ Զմմառու վանքի ձեռագրացուցակին 3-րդ հատորները: Առանձին հրատարակութիւններէն կ՛ուզէի նշել Կարէն Մաթեւոսեանի եւ Աւէտ Աւետիսեանի միասնաբար հրատարակած` Թիֆլիսի վերակառուցուած Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ որմնանկարներուն նուիրուած քառալեզու ալպոմը, Էմմա Կորխմազեանի «Բարձր Հայքի մանրանկարչութիւնը 11-14-րդ դարերում» երկլեզու ուսումնասիրութիւն-ալպոմը, որ հայ մշակոյթի երախտաւորի երկարամեայ ուսումնասիրութիւններուն արգասիքն է, Ջ. Էյնաթեանի «Տիեզերագիտութեան եւ տոմարի մեկնութիւններ» ստուարածաւալ մենագրութիւնը, Հալէպի պատերազմական ծանր իրադրութեան մէջ տպագրուած «Յուշամատեան»-ի կոթողային հատորը, զոր հեղինակած է Վարդի Քէշիշեան եւ արժանի է ամենայն դրուատանքի: Մեր գիրքերէն շատեր արժանացած են բարձր մրցանակներու, օրինակ` Դոնարա Կարապետեանի «Ամիրդովլաթ Ամասիացի», «Ուսումն բժշկութեանն է այս» գիրքերը արժանացած են Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան առաջին մրցանակներուն, իսկ Հ. Յակոբեանի «Արցախի մանրանկարչութիւնը»` երրորդ մրցանակին:

Հ.- Պարո՛ն Թամրազեան, արդեօք Մատենադարանի ձեռագիրներու հաւաքածոն համալրուա՞ծ է նորերով:
Պ.- Ձեռք բերուած նոր ձեռագիրները Մատենադարանին մէջ 2015-ին կազմած են 116 միաւոր` հիմնականօրէն Թորոս Ազատեանի հաւաքածոյին մնացած մասը Գիտութեան եւ արուեստի թանգարանէն Մատենադարան տեղափոխելու շնորհիւ, որով ամբողջացաւ այս մեծարժէք հաւաքածոն: 2007-ին Մատենադարանի ձեռագիրներու հաւաքածոյին մէջ կար 17 հազար 250 ձեռագիր, այդ թիւը այժմ կը կազմէ 22 հազար 550 ձեռագիր: Մեր ձեռագրագէտներուն կողմէ վերահաշուարկները եւ ճշգրտումները կը շարունակուին, որովհետեւ այս ցուցակին մէջ անհրաժեշտաբար իբրեւ առանձին միաւոր կը ներառուին կազմի մը մէջ զետեղուած տարբեր ձեռագիրները, որոնք յաճախ տարբեր դարերու եւ բովանդակութեան կը պատկանին ու կը ներկայացնեն մեր հնագոյն շրջանի ձեռագրական հարստութիւնը:
Արխիւային հաւաքածոներու գիտական մշակման եւ ուսումնասիրման ընթացքին ի յայտ եկած են 16-17-րդ դարերու պարսկերէնով 755 մեծարժէք վաւերագիրներ: Անոնք շահական հրամանագիրներ, կալուածագիրներ, պարտամուրհակներ եւ նամակագրութեան նմուշներ են: Հիմնադրամի մեծ ձեռքբերումներէն էր նաեւ պարսկահայ աշխարհահռչակ արուեստագէտներ` հայր ու որդի Սեւրուգեաններու ստեղծագործութիւններուն նուիրատուութիւնը Մատենադարանին` անոնց թոռան եւ որդիին` Էմանուէլ Սեւրուգեանի կողմէ: Այդ ստեղծագործութիւնները մեծարժէք լուսանկարներ եւ կտաւներ են:

Հ.- Խօսեցաք ձեռագիրներու մեծ հաւաքածոյին մասին, իսկ ո՞ր փուլին մէջ կը գտնուին այժմ այդ ձեռագիրներու թուայնացման աշխատանքները:
Պ.- Այժմ կ՛իրականացուի Մատենադարանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող նպատակային ծրագիր մը` մեծադիր ձեռագիրներու, հազուագիւտ արխիւային փաստաթուղթերու եւ հնատիպ գիրքերու հետազօտման ու գիտական-թեքնիք մշակման ծրագիրը: Այս ծրագիրը աննախադէպ է քանի մը առումներով: Նախ` առաջին անգամ ըլլալով կ՛իրականացուին գրաւոր յուշարձաններու գիտական հետազօտման եւ մշտադիտարկման ու ատոր հիման վրայ տուեալներու շտեմարանի ստեղծման համալիր միջոցառումներ, որոնց կը մասնակցին` ձեռագրատունը, գրադարանը, արխիւային, թուայնացման եւ վերականգման բաժինները: Իսկ մեծադիր ձեռագիրներու թիւը կը հասնի 1000-ի: Անոնց մէջ կը մտնեն մեր ձեռագրական գանձերէն շատերը` «Ճառընտիր»-ներ, «Յայսմաւուրք»-ներ եւ զանազան ժողովածուներ: Ասիկա ինքնին գործունէութեան հսկայական բնագաւառ մըն է:
2015-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութեան եւ Կրթութեան նախարարութեան Գիտութեան կոմիտէին յայտարարած դրամաշնորհային ծրագիրի շրջանակներուն մէջ Մատենադարանի թուայնացման բաժինը ձեռք բերաւ բարձրակարգ սքենաւորումի համակարգ: Նոյն մակնիշի եւս այլ սքենաւորումի համակարգ մը Մատենադարանին նուիրեց բարերար Ռուբէն Վարդանեանը: Այս երկու սարքերը կարելիութիւն կը ստեղծեն աւելի բարձր որակով եւ մեծ արդիւնաւէտութեամբ թուայնացնելու Մատենադարանի ձեռագիր հաւաքածոներն ու արխիւային վաւերագիրները: Այսօրուան դրութեամբ, Մատենադարանի թուայնացման բաժինը, շնորհիւ այս նոր համալրումներուն, աշխատանքները կը շարունակէ 6 թուայնացման սարքերով:

Հ.- Պարո՛ն Թամրազեան, 2015-ը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման տարին էր, ի՞նչ դեր ունեցած է Մատենադարանը հայոց պատմութեան այս էջին կրկին եւ նորովի անդրադարձ կատարելու գործին մէջ:
Պ.- Անցեալ տարի ամբողջ հայ ժողովուրդը եւ յառաջադէմ մարդկութիւնը կը նշէր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, եւ Մաշտոցեան մատենադարանը, իբրեւ Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ մշակոյթի կեդրոն եւ շտեմարան, պէտք էր իր ամբողջ ներուժով անդրադառնար այդ խնդիրին, վեր հանէր հակամարդկային արժէքներու այն շերտերը եւ գանձերը, որոնք փրկուած են բնաջնջումէն եւ մշակութային ցեղասպանութենէն: Մեր խնդիրը եղած է ի յայտ բերել, նկարագրել, ցուցադրել այդ արժէքները, ներկայացնել մեր հոգեւորականներուն, մտաւորականներուն եւ ամբողջ ժողովուրդին հերոսական մաքառումները մեր ձեռագիր ժառանգութիւնը փրկելու գործին մէջ, ձեռագիրներուն միջոցով ներկայացնել համաժողովրդական սխրանքի, մարտիրոսացման եւ հոգեւոր յառնումի այդ պատմութիւնը, որուն շնորհիւ մոխիրներէ վերածնած է հայրենիքը եւ բարձրացուցած` Մատենադարանը:
2015-ին Մատենադարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած երկու միջազգային գիտաժողով հրաւիրուած է` «Վերածնած մշակոյթ» եւ «Յիշողութեան կերպարանքները», «Շողակաթ» ընկերութեան հետ նկարահանուած է ժապաւէն մը, որուն շնորհահանդէսը գիտաժողովի օրերուն տեղի ունեցաւ մեծ յաջողութեամբ, կազմակերպուած են նաեւ 4 յատուկ թեմաներով ցուցադրութիւններ:

Հ.- Այսքան կատարուած աշխատանքներուն կողքին, կրնա՞նք ըսել, որ հետաքրքրութիւնը նաեւ կ՛աւելնայ ընթերցողներուն եւ զբօսաշրջիկներուն մօտ:
Պ.- Այո՛, օր ըստ օրէ կ՛աւելնան ընթերցողներու եւ զբօսաշրջիկներու հոսքերը, իսկ ճարտարապետական ենթակառուցուածքները տարուէ տարի աւելի մեծ ուշադրութիւն կը պահանջեն: Անցեալ տարի զբօսաշրջիկներուն հոսքը աննախադէպօրէն աճած էր` 90 հազարէ աւելի մարդ` մօտ 10 հազար աւելի 2014-էն:յ

Հ.- Իսկ ի՞նչ դեր ունի այժմ Մատենադարանը միջազգային հարթակի վրայ:
Պ.- 2014-ի դեկտեմբերին ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարներուն որոշումով Մատենադարանին շնորհուած է գրաւոր ժառանգութեան պահպանման ու վերականգման մարզին մէջ հիմնական կազմակերպութեան կարգավիճակ: Հիմնական կազմակերպութեան գործառոյթներն են` մեթոտական ցուցումներու մշակումը, ուսումնական ձեռնարկներու պատրաստութիւնը եւ գիտական ժողովածուներու հրապարակումը, կրթական եւ գիտական ծրագիրներու միասնական իրականացումը: Մատենադարանը կ՛ընդլայնէ իր ազդեցութեան եւ համագործակցութեան տիրոյթները. միայն հաւաքածոներու պահպանման եւ վերանորոգման ասպարէզին մէջ Մատենադարանը կը համագործակցի արտերկրի 10-է աւելի կեդրոններու հետ եւ, իբրեւ հիմնական կառոյց, ԱՊՀ-ի երկիրներուն համար ղեկավար եւ ուղղորդող գործառոյթներ կ՛իրականացնէ` յաճախ իր վրայ վերցնելով նաեւ նիւթական բեռը: Կը շարունակուին աշխատանքները արտերկրի հայկական ձեռագրական հաւաքածոներու վերականգման եւ ուսումնասիրութեան ուղղութեամբ, եւ շուտով անոր արդիւնքները ներկայացնելու առիթը կ՛ունենանք: Խօսքը Զմմառու հայերէն ձեռագրական հաւաքածոյի քառահատոր հրատարակութեան մասին է: Այդպիսով, Մատենադարանը անցեալ տարի ենթարկուած է էական կառուցուածքային փոփոխութիւններու եւ կը շարունակէ ընդլայնել իր միջազգային ու միջպետական գործունէութեան շրջանակը:

«Ազդակ», 20 Օգոստոս 2016

No comments:

Post a Comment