29.6.16

Պապը՝ Հայաստանի բարոյանորոգիչ

Ժ.Չ.

Միջազգային լրասփիւռներու ուշադրութեան առարկան է Պապին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումի վերահաստատումը։ Սակայն անդին, անկախ քաղաքական այն հանգամանքէն, որ արդէն հարիւրերորդ տարելիցին առթիւ Վատիկանի մէջ իր արտասանած խօսքերը քաղաքական երկրաշարժ մը յառաջացուցած էին, անոնք նաեւ խթանող ազդակ հանդիսացած են կարգ մը երկիրներու կողմէ եւս ճանաչումին, ինչպէս՝ Գերմանիոյ եւ Պելճիքայի, իսկ ուրիշներու մօտ ալ, ինչպէս՝ Անգլիոյ, օրակարգի վրայ դրուելուն…
Սակայն ցնցումը միայն արտաքին չէ։ Բոլորին բերնին է՝ պիտի կարենա՞յ յեղաշրջել տեղայնացած քաղքենի ցուցամոլ կենցաղավարութիւնը։ Առանց բարոյախօսական յոգնեցուցիչ քարոզներու, գերիշխանական իր պարզագոյն համեստ կենցաղով Պապը գրաւեց շատերուն սրտերը։ Ոչ ոք անտարբեր էր անոր Renault մակնիշով փոքր, ճերմակ պաշտօնական ինքնաշարժով տեղափոխուելուն, երբ կ՚ընդունուէր նախագահական պալատ։ Կամ երբ կը տեղափոխուէր քաղաքին մէջ, սեւ-սեւ գերհզօր Mercedes-Audi-Lexus-ներու շարասիւնին մէջ։ Ոչ ոք անտարբեր էր Alitalia օդանաւային գիծերու ճամբորդատար օդանաւի գործածութեան, փոխանակ՝ Վատիկանի պետական օդանաւին։ Ոչ ոք անտարբեր էր անոր Էջմիածինի վանական միջավայրին մէջ գիշերելուն, շքեղ 5 աստղանի պանդոկներէն հեռու, ինչ որ ընդունուած կարգն է հայկական պետական ու եկեղեցական վերնախաւին։
Իսկապէս գովելի ու անգնահատելի քայլ էր իր հանրային քահանայապետական պատարագին մատուցումը ճարտարապետական գոհարներ, աւանդութիւն, պատմական անցեալ ունեցող, սակայն երկրաշարժին պատճառով լքուած, քայքայուած Գիւմրիի, Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքին մէջ։ Գիւմրին՝ Պապին այցին հետեւող միջազգային լրասփիւռներու ուշադրութեան կեդրոնին էր, ուր 10.000-նոց բազմութիւն մը հետեւեցաւ իր մատուցած պատարագին։
Ոչ ոքի ուշադրութենէն վրիպեցաւ անոր գնահատումը քրիստոնեայ Հայաստանի ժառանգութեան, իբր անդրանիկը քրիստոնէացած պետութիւններուն։ Ոչ ոք այս աստիճանի չէր գնահատած հայութեան պատմական այս աւանդը։ Ինք բնորոշած էր իր այցը իբր՝ «դէպի առաջին քրիստոնեայ երկիր», ուր եկաւ իբր ուխտաւոր, դէպի սրբազան երկիր, որ քարերու վրայ քանդակած է իր հաւատքը։ Ան վերիմաստաւորեց, բարոյական լիցք տուաւ 1700-ամեայ աւանդին, զայն քարոզչականէն փոխադրեց դէպի մարդկայինը, հոգեկանը։ Յիշեց այն բոլոր զոհերը, զորս Հայութիւնը տուած է, այն պատերազմները՝ յարձակում, թալան, սպանդ ու տեղահանութիւն, որոնց ենթարկուած է։
Իսկ Կիրակի օրուան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի պատարագի աւարտին անոր վերաբերումը անսպասելի էր, երբ պարզապէս խնդրեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն, որ օրհնէ զինք եւ Կաթողիկէ եկեղեցին, իբր երաշխիք միութեան եւ հաւասարութեան՝ երկու եկեղեցիներուն միջեւ։ Իր խօսքերով՝ քոյր եկեղեցիները իրարու միջեւ գերակայութեան ու առաջնեկութեան հարցեր պէտք չէ ունենան։
Միասնութիւնը կարեւոր թեմա մըն է, խոց մը յատկապէս Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ Պապը Հայ Առաքելական երկու աթոռակալները միասին կանչած էր Վատիկան անցեալ տարի։ Սակայն, անոր Հայաստան այցելութեան ընթացքին զգալի էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին բացակայութիւնը։ Միասնութեան կոչը ձեւական չէր, ոչ ալ հաւասարութեան կոչը, որ իր արմատը կը գտնէր եղբայրութեան մէջ։
Փաստօրէն, իր յանդուգն արարքներով Պապը ոչ միայն յեղաշրջեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընդունած կարգերը, այլ նաեւ՝ անոր գործերը կը պարտաւորեն այլ եկեղեցիներն ու համայնքները, ի միջի այլոց Հայ Առաքելական եկեղեցին։
 

«Նոր Յառաջ», 28 Յունիս 2016 (խմբագրական)

No comments:

Post a Comment