ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Ծ.Խ.- Պոլսահայ մտաւորական Սեւան Տէյիրմենճեան՝ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Երեւանի պետական համալսարանէն, որ հակառակ իր երիտասարդ տարիքին հայ գրականութեան ուսումնասիրութեան եւ հաւաքման բնագաւառին մէջ նկատառելի վաստակ մը ունի, երկու տարի հայոց լեզուի եւ գրականութեան պաշտօնը վարած է Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Վերջին օրերուն, ըստ մեր աղբիւրներու տեղեկութիւններուն, կամայական որոշումով ան դուրս դրուած է վարժարանէն՝ առանց որեւէ բացատրութեան։ Նախքան վտարումը, փորձ մը եղած է, որպէսզի ան հրաժարական ներկայացնէ։ Տէյիրմենճեան մերժած է ընդառաջել նման առաջարկի մը, որուն համար որեւէ հիմք չկար։ Ցարդ պաշտօնական բացատրութիւն մը տրուած չէ այս որոշումին մասին, որ կը թուի ճնշումի մը հետեւանքը, ինչպէս կը կարդանք ստորեւ տրուող յօդուածին մէջ։ Մաղթելի է, որ պատկան մարմիններու միջամտութիւնը այս դէպքը հարթէ, ու նման ժամանակավրէպ, «ամիրայական» կեցուածքներ այլեւս տեղ չգտնեն Սփիւռքի հանրային կեանքին մէջ։
Անհամբեր
կը սպասեմ թղթատարին, որ պիտի բերէ Մխիթարեան վարժարանէն ինծի ուղղեալ
վեցգիրը։ Հասկնալիքնիդ, շուտով կը միանամ թրքահայ վտարեալ ուսուցչաց
միութեան խիտ շարքերուն։
Մինչդեռ որքան սիրով սկսած էր մեր
գործակցութիւնը։ Կը յիշեմ առաջին օրուան պէս։ Առաջարկած էին հայոց լեզուի
ու գրականութեան ուսուցչութեան պաշտօն մը Մխիթարեան վարժարանի դարաւոր
յարկէն ներս։ Ընդուներ էի առանց մտածելու, առանց տատամսելու։
Տարիներէ
ի վեր թէեւ կ՚ուսուցչագործէի, սակայն առաջին անգամ դասարան պիտի մտնէի՝
շփուելու պատանիներուն հետ, փորձելու զիրենք հաղորդ դարձնել մեր մայրենիին,
մշակոյթին ու գրականութեան։ Խանդավառ էի։
Ճիշդ այդ օրերուն կը
ստանայի այլ առաջարկ մը եւս. Իսթանպուլի կրթութեան տնօրէնի միջնորդութեամբ,
Էտիրնէի Թրակիոյ համալսարանը դասախօսութեան պաշտօն կ՚առաջարկէր։ Նախընտրած
էի անշուշտ Մխիթարեանը. պատճառներս բազմաթիւ էին՝ թէ՛ հաստատութեան
անցեալին հմայքը, հայ տղոց հետ շփումի առիթը, հայրենի երդիկի մը տակ
գտնուելու եւ այնտեղ յարատեւելու հեռանկարը։ Ինչպէս նաեւ խոստո՛ւմս։
Երկու
տարուան պաշտօնավարութեան մը համարատուութիւնը չէ որ պիտի ընեմ։
Համառօտ քանի մը խօսք միայն, նշումներ թերեւս։ Երկու տարին շատ քիչ է
առողջ կարծիք մը ձեւաւորելու եւ դատումներ կատարելու համար։
Դժուար,
սակայն ոչ անկարելի վայր մըն է ան, հայ դպրոցը։ Հոն կարելի է տեսնել
մեր հաւաքականութեան մանրանկարը։ Պատանիները, մանուկները իրենց
տան արձագանգն է որ կը բերեն շատ անգամ մեզի, փոխադարձ մեզմէ տուն
տանելով նաեւ մեր ձայնը։ Պիտի չմոռնամ երբեք առաջին
աշակերտուհիներէս մէկուն հետեւեալ խօսքը. «Կ՚ուզեմ սորվիլ բաներ,
որ կարենամ պատմել ընտանիքիս ու բարեկամներուս»։ Իր այս խօսքը
դարձած էր իմ առաջնորդս, կարգախօսս ու կը ջանայի զանոնք կրթել,
դաստիարակել, իրենց բաներ մը սորվեցնել այդ սկզբունքով նաեւ։
Յաջողեցայ թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն նոյն այս աշակերտս երբ Լեւոն
արք. Զեքիեանի բանախօսութեան ընթացքին պատասխանած էր իր մէկ
հարցումին՝ ես հպարտ էի իրմով ու նաեւ անչափ երջանիկ։
Անցեալ
երկու տարիներուն թատերախաղեր դիտեցինք միասին, այցելեցինք
թանգարաններ, լսեցինք բանախօսութիւններ, երգեր ալ սորվեցուցի՝
միշտ յիշելով առաջին սորված հայերէն երգս։ Իրենցմով ես իմ մէջ կը
ճամբորդէի շատ անգամ, կ՚երթայի խորունկները իմ կեանքիս, կը յիշէի
զիս իբր մանուկ, կը փնտռէի իմ առաջին ուսուցիչներս ու կը ջանայի նաեւ
ըլլալ անոնց պէս։ Դառնալ սիրելի, ըլլալ անմոռանալի, ձգել հետք մը
անոնց կեանքին մէջ, դրոշմ մը իրենց անմեղ սրտիկներուն վրայ։
Վերջին
երկու տարիներուն ես էի ձեր Կաղանդ պապան, սիրելի տղաք։ Կը
խոստովանիմ այլեւս։ Թէեւ ձեզմէ ոմանք իրենց ուշիմ հայեացքներով
նշմարեր էին եւ ամէն անգամ միջանցքներուն մէջ ճամբաս կտրելով
«Կաղանդ պապան դուն ես, չէ՞» կ՚ըսէին։ Ես միշտ կ՚ուրանայի, կը ներէք
տղաք եւ աղջիկներ։ Չէի ուզեր, որ Կաղանդ պապային սուտ մը ըլլալը
գիտնաք։
Նաեւ մեր անմոռանալի պտոյտները։ Հասանք մինչեւ
Պորտօ, ափը ովկիանոսի։ Հայկական խաները պտտած էինք, տեսած էինք
Զօհրապին տունը, գրասենեակը։ Ձեզ Սիլիվրի ալ տարի, հոնկէ
Պարտիզակ գացինք, բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի հետքերով։ Սեւակի
ձեռնարկի յաջորդող օրերուն սակայն մութ ուժեր ցոյց տուին իրենց
մագիլները։ Կաղանդ պապան սուտ մըն էր ահաւասիկ։ Անհանգիստ եղած էին
չեմ գիտեր ինչէն։ Կանչեր էին վարդապետները, որոնք հեզութեամբ
գացեր էին անոնց ոտքը։ Ստացած էին պատուէրը։ Քանի մը օր ետքը
դարձեա՛լ կանչուեր էին չեմ գիտեր ուր։ «Ձեր դպրոցին Կաղանդ պապան՝
Սեւան Տէյիրմենճեանը անցանկալի մէկն է», ըսած էին անոնք իրենց։
Վարդապետները լեղապատառ կտրած՝ եկած ու հրաժարականս կը պահանջէին
Մխիթար Աբբահօր խիստ հայեացքին ներքոյ։ Պատճառ մը չկար, բանաւոր,
տրամաբանական որեւէ պատրուակ չէին կրնար անոնք տալ ինծի,
հարցումներս կը մնային անպատասխանի. «Ովքե՞ր են այդ անձերը, որոնք
կանչած են ձեզ, ի՞նչ ըսին իմ մասիս, ինչո՞վ կը մեղադրէին զիս»։
Սորվեցայ միայն, թէ հայ են անոնք, այդ երկու մարդերը։ Անոնցմէ մէկն ալ
հոգաբարձութեան ատենապետ մը։
Չհրաժարեցայ անշուշտ,
որովհետեւ չէի ուզեր տղաքը առանց Կաղանդ պապայի ձգել։ Դեռ
ընելիքներ կային։ Նոր սկսեր էի։ Յաջորդ տարուան 10-րդ դասարանի
սաներուս ԺԹ. դարու գրականութիւն պիտի սորվեցնէի. Դուրեանին քով
թերեւս քիչ մը Աբովեան, Րաֆֆիին վրայ ալ Ծերենց մը։ 11-րդ դասարանի
նոր աշակերտներս գիտէի որ ինծի կը սպասեն։ Համալսարանի քննութեան
տաղտուկը զիրենք հետզհետէ պիտի գրաւէր, սակայն ես պիտի փորձէի
գոնէ բաներ մը կարդացնել իրենց Զ. Պիպեռեանէն, Մ. Մարկոսեանէն կամ Ռ.
Հատտեճեանէն։
Փորձեցի մնալ ամէն կերպով եւ խիղճս մաքուր է այս
իմաստով։ Ի պահանջել հարկին իրաւական ամէն ջանք ալ պիտի գործադրեմ
վերստին միանալու համար աշակերտներուն, որոնցմէ առնելիքներս աւելի
շատ են, քան տալիքներս։ Ու ժամանակի մը, երբ հայոց լեզուի ու
գրականութեան ուսուցիչներ գոյութիւն չունին եւ մոմով կը փնտռուին,
պիտի չարտօնեմ որ անանուն ու դիմազուրկ մարդիկ, մութ ուժեր,
ուզածնուն պէս խաղան հայ դպրոցի ճակատագիրով։ Եւ ապիկար վարիչներ
իրենց տկարութեամբ ընթացք տան նման անհիմն, պարապ ու սին
սպառնալիքներու։
Ու հիմա նստած կը սպասեմ վեցգիրը։ Լաւ չեմ։
Ծրագիրներս այրեցին։ Իրենց աղտոտ ձեռքերով ու ցեխոտ ոտքերով
տունս տակնուվրայ ըրին։
Բարկացած եմ եւ պիտի չներեմ։
Լաւ չեմ, լաւ պիտի չըլլամ, լաւ մի՛ եղէք։
«Ակօս», 17 Յունիս 2016
No comments:
Post a Comment