19.6.16

Մելգոնեանի վէրքը

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
Կիպ­րո­սի սրտին վրայ հանգ­չող Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը (ՄԿՀ) 2005 թուա­կա­նէն ի վեր չի գոր­ծեր: Տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով դպրո­ցի վե­րա­բաց­ման օ­րա­կար­գը կը յայտ­նուի թէժ քննար­կում­նե­րու ա­ռանց­քին, սա­կայն այդ քննար­կում­նե­րը չեն անց­նիր սոսկ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու ծի­րը: Շա­տեր մե­ղա­ւոր­ներ կը փնտռեն Մել­գո­նեան Կրթա­կան Հաստա­տու­թեան փակ­ման ո­րո­շու­մը գոր­ծադ­րող կող­մը հա­մա­րե­լով գլխա­ւոր մեղ­սա­կից: Ո­մանք՝ ա­ւե­լի հե­ռուն եր­թա­լով, «դա­ւադ­րա­կան» մօ­տե­ցում­ներ կը շա­րա­հիւ­սեն, ը­սե­լով, թէ Մել­գո­նեա­նը փա­կող մար­մի­նը՝ Հայ­կա­կան Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թիւնն (ՀԲԸՄ) է, ո­րուն տուած ո­րո­շու­մը դա­տա­պար­տե­լի է բո­լոր ա­ռում­նե­րով:
Իր կար­գին, ՀԲԸՄ-ը մաս­նա­ւո­րա­պէս վեր­ջին եր­կու տա­րուան ըն­թաց­քին խորհր­դա­ւոր լռու­թիւն կը պա­հէ սոյն հար­ցին վե­րա­բե­րեալ:
Ճիշդ է, որ Բա­րե­գոր­ծա­կա­նի պէս հսկայ կա­րե­լիու­թիւն­ներ ու­նե­ցող մար­մին մը պէտք է սեղա­նի վրայ գտնուող այս հար­ցին լու­ծում­ներ տա­լու մա­սին մտա­ծէր: Առ­նուազն՝ կազ­մէր յա­տուկ մար­մին մը, որ վե­րա­հա­սու պի­տի ըլ­լայ Մել­գո­նեա­նի հար­ցը դար­ձեալ եւ այս անգամ ա­ւե­լի հան­գա­մա­նօ­րէն քննար­կե­լու: Սա­կայն, մե­զի ան­հասկ­նա­լի պատ­ճառ­նե­րով, այս հար­ցին շուրջ նոյ­նիսկ քննար­կում­ներ տե­ղի չու­նե­ցան:
Խնդի­րը այն է, որ Սու­րիոյ մէջ ար­դէն հին­գե­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով շա­րու­նա­կուող արիւնալի պա­տե­րազ­մը նօս­րա­ցուց Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի կա­րե­ւոր կա­յան հա­մա­րուող հա­յ գաղու­թը եւ Հա­լէ­պի, Դա­մաս­կո­սի, Լա­թա­քիոյ, Քե­սա­պի եւ Գա­միշ­լիի մէջ ապ­րող մեր հայրենա­կից­նե­րուն ջախ­ջա­խիչ տո­կո­սը հե­ռա­ցաւ այդ շրջան­նե­րէն: Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի գո­յու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու կո­չուած այդ կա­րե­ւոր հայ հա­մայն­քը այ­սօր տար­բեր երկիրներու մէջ կը շա­րու­նա­կէ իր կեան­քը: Ճիշդ է, որ սու­րիա­հա­յե­րը տա­կա­ւին կը շարունա­կեն կառ­չած մնալ ի­րենց ա­ւան­դոյթ­նե­րուն եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան, բայց յստակ է նաեւ, որ բա­ցի Պէյ­րու­թէն, ա­նոնք Շուէ­տի, Փա­րի­զի, Գեր­մա­նիոյ եւ նոյ­նիսկ Երեւա­նի մէջ ա­մէն օր կը հե­ռա­նան ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն լե­զուէն: Մեր լե­զուի պահպանութեան պա­րա­գան լիւքս հարց մը չէ: Կա­րե­ւոր խնդիր է լե­զուի հար­ցը եւ ընդունե­լի չեն այն վե­րագ­րում­նե­րը, ըստ ո­րոնց մենք շատ ա­ւե­լի ա­ռաջ­նա­յին հար­ցեր ունինք, քան լե­զուի հար­ցը: Ե­թէ հա­մա­կար­գուած օ­րա­կար­գե­րու մա­սին խօ­սինք, պէտք է յստա­կօ­րէն ընդգ­ծենք, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հա­յու­թեան ա­պա­գան կրնայ ա­նո­րո­շու­թեան մէջ յայտ­նուիլ:
Տա­րած­աշր­ջա­նին մէջ ըն­թա­ցող հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը, նաւ­թի եւ շա­հե­րու բա­խում­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած ընդ­հա­նուր տագ­նապ­նե­րը կրնան եր­կա­րիլ: Ու այդ ի­րադ­րու­թեան առ­ջեւ շատ հա­ւա­նա­կան է, որ Պէյ­րու­թը (որ այ­սօ­րուան տուեալ­նե­րով Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հա­յու­թեան հիմ­նա­կան «ամ­րոց»ն է) կրնայ հա­յա­թա­փու­մի նոր ա­լի­քի մը հե­տե­ւան­քով կորսնց­նել իր ա­ռաջ­նա­յին պա­րիսպ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը: Ու հոս է, որ մտա­հո­գու­թիւն մը կը ծա­գի: Ո՞վ պի­տի մա­տա­կա­րա­րէ ա­մե­րի­կեան հե­ռա­ւոր գա­ղութ­նե­րու հիմ­նա­րար մար­դու­ժը: Այ­սինքն ո՞ւր պի­տի ա­ճի ու հաս­նի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ու տար­բեր հե­ռա­ւոր գա­ղութ­նե­րու մարդ­կա­յին այն նե­րու­ժը (այն նե­րու­ժը, ո­րուն զէն­քը՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէնն է), որ պի­տի կա­րո­ղա­նայ տա­րի­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան տակ ստեղ­ծուած բա­ցը լրաց­նել: Գաղտնիք ալ չէ, որ ա­մե­րի­կեան ցա­մա­քին վրայ հա­յա­գի­տա­կան պա­շա­րով զի­նուած բա­ժի­նը բա­ւա­րար կամք պի­տի չու­նե­նայ ա­պա­գա­յի նոր սե­րունդ­նե­րը ջամ­բե­լու ի­մաս­տով: Ու փաստ է նաեւ, որ անց­նող գրե­թէ յի­սուն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին նոյն Ա­մե­րի­կան մէկ հատիկ հա­յա­տառ գրող չկրցաւ ծնիլ: Այս ճշմար­տու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ վստա­հա­բար պէտք է վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել մեր գոր­ծող ամ­բողջ հա­մա­կար­գը:
Բա­րե­փո­խում­նե­րը պէտք է կա­տա­րուին շատ լուրջ եւ ծրագ­րուած աշ­խա­տան­քի շնոր­հիւ: Ու այս բո­լո­րը պի­տի ըլ­լայ ընդ­հա­նուր հա­մա­խո­հու­թեան մթնո­լոր­տի մը մէջ, ուր գերխնդիրը ե­ղած սխալ­նե­րուն հա­մար մե­ղաւորնե­ր ո­րո­նե­լը պի­տի չըլ­լայ:
Այ­սօր բա­ւա­կա­նին այժ­մէա­կան է Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նի վե­րա­բաց­ման օ­րա­կար­գը: Ու այս խնդրին հա­մար հար­կա­ւոր է, որ ազ­գա­յին ա­մե­նա­բարձր մար­մին­նե­րէն մին­չեւ ա­մե­նէն ան­զօր հա­մա­րուած ու­ժե­րը միա­ւո­րուին եւ նոր ճա­նա­պարհ­ներ գծեն:
Կա­րե­ւոր ը­նե­լիք ու­նին Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, ո­րոնք ցարդ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով կը հա­ւա­քուին ու հա­ւա­քոյթ­ներ կը կա­տա­րեն յի­շա­տա­կե­լով վար­ժա­րա­նի հիմ­նա­դիր Գրի­գոր եւ Կա­րա­պետ ա­ղա Մել­գո­նեան­նե­րը, ո­րոնց նուի­րա­բե­րած գումարներով եւ տուած ու շա­րադ­րած կտա­կով Մել­գո­նեա­նը 1924 թուա­կա­նին ա­ռա­ջին անգամ իր դռ­­նե­րը կը բա­նար ըն­դու­նե­լով ա­րեւ­տա­հա­յոց ուս­ման ծա­րա­ւի որ­բուկ­նե­րը: Մել­գո­նեան­ցի­նե­րը խո­նար­հու­մով կը յի­շա­տա­կեն ի­րենց դպրո­ցը հիմ­նադ­րող մե­ծա­նուն ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րը: Ա­նոնք նոյն­պէս կը յի­շա­տա­կեն Մել­գո­նեա­նի բա­կե­րէն ու դասարան­նե­րէն ան­ցած հա­րիւ­րա­ւոր վար­ժա­պետ­ներն ու սա­նե­րը, խո­նարհ ու հեզ մայրիկ­նե­րը եւ նուի­րուած ու Մել­գո­նեա­նի աղ­բիւ­րէն ջուր խմած բո­լոր գոր­ծիչ­նե­րը:
Այս յի­շա­տա­կում­նե­րը սա­կայն բա­ւա­րար չեն: Ա­նոնք ո­չինչ պի­տի տան Մել­գո­նեա­նի դատին եւ ոչ մէկ բան պի­տի փո­խեն այ­սօ­րուան ի­րա­վի­ճա­կէն: Դպրո­ցը այ­սօր կը մնայ փակ ու ան դար­ձած է ան­ցեա­լի յի­շա­տակ­նե­րու տխուր հան­դի­սա­վայր մը: Շրջանաւարտնե­րը, նախ­կին «Մել­գո­նեա­նի սա­ներ»ը, լաւ գի­տեն այս բո­լո­րը, ու գի­տեն նաեւ, որ այս ի­րա­վի­ճա­կէն դուրս գա­լու հա­մար «մե­զի հար­կա­ւոր են գոր­ծեր եւ ոչ խօսքեր»:
Օ­րեր ա­ռաջ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն ստա­ցած էի ե-նա­մակ մը, ո­րուն մի­ջո­ցաւ բա­րե­կամ մը բա­ւա­կան «ճոխ» քննա­դա­տա­կան բա­ռե­րով կարճ յօ­դուած մը ստո­րագ­րե­լով պախարակու­թեան ար­ժա­նի դար­ձու­ցած էր մեր ե­կե­ղեց­ւոյ կարգ մը սպա­սար­կու­նե­րը: Յօդուա­ծը ոչ իսկ կար­դա­ցի: Վեր­ջին շրջա­նին հա­մա­ցան­ցին մէջ շրջան ը­նող մեղադրական թոյ­նով գրուած բան­սար­կում­նե­րը ա­ւե­լիով կը յոգ­նեց­նեն մարդս:
Յօ­դուա­ծը աղ­բարկ­ղին մէջ թա­փե­լէ ետք, այս ան­գամ ես մե­ղադ­րա­կան շեշ­տով մը պատաս­խա­նե­ցի յօ­դուա­ծա­գիր բա­րե­կա­միս, հարց տա­լով, թէ ի՞նչ օ­գուտ պի­տի տան մե­զի նման սին եւ մերկ մե­ղադ­րանք­նե­րը: Ան ա­րա­գօ­րէն կը պա­տաս­խա­նէր, որ իր գի­րը ե­ղած է յա­նուն մեր ըն­կե­րա­յին կեան­քի բա­րե­լաւ­ման, շեշ­տե­լով նաեւ, որ ա­մէն բան սկիզբ պի­տի առ­նէ ե­րա­զով մը:
Ա­մե­րի­կա­յի ա­փե­րը վա­յե­լող բա­րե­կամս, բա­ցի ան­կէ, որ կը գրէր պար­զա­պէս իր հոգեմտաւոր պա­պա­կը գո­հաց­նե­լու հա­մար, կը մոռ­նար նաեւ, որ նիւ­թը գրո­ղը պէտք է նոյն­պէս այդ ե­րա­զին հա­ւա­տա­ցող ու ե­րա­զին հա­մար պայ­քա­րող ըլ­լայ:
Բա­ցի այդ բո­լո­րէն այդ նոյն բա­րե­կամս պէտք է քաջ գիտ­նար, որ ա­նի­ծե­լու եւ մե­ղադ­րե­լու փո­խա­րէն, մե­զի այ­սօր ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ հար­կա­ւոր են լու­ծում­ներ:
Լու­ծում­ներ ո­րո­նե­լու հա­մար հար­կա­ւոր է կամք:
Մեր ապ­րում­նե­րու, ան­ցեա­լի գաղ­թա­կա­նու­թե­նէն դէ­պի կեանք տա­նող մեծ ճա­նա­պար­հին վրայ Մել­գո­նեա­նը ու­ղե­ցոյց ու փա­րոս է:
Ժա­մա­նակ­ը հա­սուն­ցած է, որ ճիշդ ախ­տո­րո­շում­ներ կա­տա­րուին եւ այդ մօ­տե­ցում­նե­րը հե­ռու ըլ­լան հրա­պա­րա­կա­յին շոու­ներ սար­քե­լու ախ­տէն:
Այդ լու­ծում­նե­րը մե­զի խթան պի­տի դառ­նան, որ­պէս­զի մեր սիրտն ու հո­գին տան­ջող ու մեզ մտա­տան­ջող վէր­քե­րը դար­մա­նուին:
Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նի վէր­քը այդ տե­սա­կի վէր­քե­րէն է ու մենք հա­ւա­քա­բար պար­տա­ւոր ենք դար­մա­նել մեզ տան­ջող բո­լոր վէր­քե­րը:

* * *
Առա­ջին ան­գամ Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նի շէն­քը տե­սայ 1999 թուա­կա­նի Նո­յեմ­բե­րին: Սեւ ու բարձր դար­պաս­նե­րը կը բաժ­նէին աղմ­կոտ Նի­կո­սիան 1924 թուա­կա­նին ա­ռա­ջին անգամ ըլ­լա­լով զանգ հնչե­ցու­ցած Մել­գո­նեա­ն կր­թա­կան հաս­տա­տու­թեան (ՄԿՀ) տարածքէն: Տա­րած­քը նաեւ կը յու­շէր, որ Մել­գո­նեա­նը միայն քա­րե­ղէն ամ­րոց մը չէր, այլ ո­գի էր:
Վար­ժա­րա­նի հիմ­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ կանգ­նե­ցուած էին Գրի­գոր եւ Կա­րա­պետ աղա­նե­րուն կի­սանդ­րի­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց կեան­քի ամ­բողջ ժա­ռան­գու­թիւ­նը ի սպաս դրած էին այդ որ­բա­նոց-դպրո­ցի հաս­տատ­ման հա­մար: Եր­կու գլխա­ւոր մաս­նա­շէն­քե­րը ականատես ե­ղած էին հա­յոց գաղ­թա­կա­նու­թիւ­նը ապ­րած հայ որ­բե­րուն ապ­րած ոդիսակա­նը: Դե­ղին քա­րե­րով պա­տուած այդ շէն­քե­րուն մէջ ա­րեւմ­տա­հայ գրականութեան մե­ծա­գոյն դէմ­քե­րը հա­յե­րէ­նի դա­սա­պա­հեր էին վա­րած: Այդ դասարաններուն մէջ ե­ղած լոյ­սը տար­բեր տե­սա­կի լոյս էր: Ա­մէն ա­ռա­ւօտ դա­սա­պա­հի սկիզ­բին Մել­գո­նեա­նի ոս­կի է­ջե­րը կեր­տած գոր­ծիչ­նե­րը կը մտնէին դա­սա­րան ու կը կիսէին ի­րենց փոր­ձը: Ա­ռա­ջին մաս­նա­շէն­քի ա­մե­նէն ծայ­րը ե­ղող սե­նեա­կի պա­տու­հա­նը կը հսկէր խա­ղա­դաշ­տին: Յու­նաս­տա­նէն, Ե­գիպ­տո­սէն, Լի­բա­նա­նէն, Սու­րիա­յէն, Պուլկարիա­յէն, Ռու­սաս­տա­նէն եւ նոյ­նիսկ հե­ռա­ւոր Պրա­զի­լիա­յէն Նի­կո­սիա հա­սած մելգո­նեան­ցի սա­ներ միա­սին կը կի­սէին ի­րենց օ­րը: Կեան­քի մեծ դարբ­նոց էր Մել­գո­նեա­նի բա­կը, ուր հա­զա­րա­ւոր մղոն­ներ կտրած ա­շա­կերտ­նե­րը միա­սին կը բաժ­նեկ­ցէին ի­րենց զգա­ցում­նե­րը, սէ­րը, թա­խի­ծը, կա­րօ­տը մէկ խօս­քով՝ կեան­քը:
Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի հա­յեաց­քը կը ծնէր այդ սե­նեակ­նե­րուն ին­կող լոյ­սի եւ շու­քի խա­ղե­րուն մէջ: Օ­շա­կան կը բա­ցա­կա­յէր, ա­նոր բարձր գրա­կա­նու­թիւն ստեղ­ծե­լու նախանձախնդրութիւ­նը եւ ի­րաւ գիր մը կեր­տե­լու պա­հանջ­նե­րը կը զի­ջէին, բայց ա­նոր ոգին կը մնար ան­զու­գա­կան եւ պար­տա­ւո­րեց­նող ներ­կա­յու­թիւն:
Մել­գո­նեա­նի հա­րուստ մա­տե­նա­դա­րա­նը ե­ղած էր ա­րեւմ­տա­հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ամենէն վա­ւե­րա­կան դէմ­քե­րէն մէ­կուն՝ Վա­հան Թէ­քէեա­նի ա­մե­նա­սի­րած «օ­ճախ»ը: Հոն, ա­նոր քայ­լե­րուն հետ­քե­րը, գիր­քե­րու ա­րան­քը կու­տա­կուած փո­շին ու այդ օ­րե­րէն մնա­ցած հին բոյ­րը տե­սակ մը նշխա­րի տպա­ւո­րու­թիւն կը թո­ղուր:
Այս­պէս կը մեծ­նար մեր սէ­րը այս դա­րա­ւոր ամ­րո­ցին հան­դէպ:
Ու­սում­նա­կան 2004-2005 տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տին Մել­գո­նեան կրթական հաստատութիւնը հրա­ժեշտ կու տար իր սա­նե­րուն ու ա­նոր զան­գե­րը կը լռէին:
Այդ դպրո­ցին շուրջ մէկ­տե­ղուած լայն շրջա­նակ­նե­րուն հա­մար ան­հա­ւա­տա­լի էր դպրո­ցին փակ­ման մա­սին ո­րո­շու­մը: Դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­հին՝ Տի­կին Ա­նի Լա­չի­նեան-Մա­կա­րեա­նը, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կա­րե­ւոր ճիգ ի­րա­գոր­ծած էր տար­բեր գա­ղութ­նե­րէ նոր աշակերտու­թիւն հասց­նե­լու գոր­ծին հա­մար, նոյն­պէս զար­ման­քով կ՚ըն­դու­նէր դպրո­ցին փակ­ման ո­րո­շու­մը:
Հայ­կա­կան Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան հա­մար դպրո­ցի փակ­ման ո­րո­շու­մը կը տրուէր մաս­նա­ւո­րա­պէս նիւ­թա­կան ծանր եւ ա­նե­լա­նե­լի ի­րա­վի­ճա­կին հա­մար:
Այս գոր­ծօն­նե­րէն բա­ցի կա­րե­ւոր էր հասկ­նալ, որ Մել­գո­նեա­նի փա­կու­մը պէտք է ընդունուէր որ­պէս կա­րե­ւոր ախ­տան­շան այն վի­ճա­կին մա­սին, ո­րուն հա­սած է հայ­կա­կան սփիւռ­քը իր տար­բեր հա­տուած­նե­րով եւ քա­ղա­քա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան շեր­տե­րով: Ու հա­կա­ռակ ի­րադ­րու­թեան, Սփիւռ­քը իր լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը չմէկ­տե­ղեց Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նին նման հզօր լոյ­սի կեդ­րո­նի մը փակ­ման ի­րա­կան պատ­ճառ­նե­րը քննե­լու կամ խնդրին լուծ­ման հա­մար ել­քե­րու մա­սին խոր­հե­լու:
Մել­գո­նեա­ն կրթական հաստատութիւնը դար­ձաւ վէրք: Վի­րա­ւոր թե­մա մը, որ տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րու ըն­թաց­քին կը ներ­կա­յա­ցուէր, որ­պէս թա­պու նիւթ կամ ան­լու­ծե­լի թնճուկ: Եւ ի­րօք ի՞նչ փո­խուած է այ­սօր հա­րիւր եւ ա­ւե­լի տա­րի­ներ ա­ռաջ ե­ղած դրութենէն:
Այն օ­րե­րուն, երբ հա­յու­թիւ­նը զինք հա­մա­տե­ղող, հա­ւա­քող, իր ա­ռանց­քին վրայ պա­հող կեդ­րոն մը չու­նէր, յա­ջո­ղե­ցաւ տաս­նեակ վար­ժա­րան­ներ բա­նալ: Մին­չեւ հե­ռա­ւոր Մոսկուա, Վե­նե­տիկ, Հռոմ, Նի­կո­սիա եւ այ­լուր մենք դպրոց կա­ռու­ցե­ցինք: Այդ վարժարան­նե­րը լա­ւա­գոյնս կա­տա­րե­ցին ի­րենց վի­ճա­կած պար­տա­կա­նու­թիւ­նը: Հասցուցին լու­սա­ւոր սե­րունդ, ա­նուն ե­ղող մտա­ւո­րա­կան­ներ ու կրօ­նա­կան ու աշխարհական գոր­ծիչ­ներ:
Ի՞նչն է այ­սօր, որ մե­զ ար­դէն տասն ու ա­ւե­լի տա­րի­ներ կը տա­ռա­պեց­նէ, կը մտա­տան­ջէ ու կը ստեղ­ծէ լոկ բարձ­րա­ձայն հար­ցադ­րում­ներ ը­նե­լու պատ­ճառ եւ ա­ռիթ: Այդ հարցադրում­նե­րը ոչ մէկ կեր­պով կրնան լու­ծում­ներ բե­րել մեր հար­ցե­րուն:
Կայ նաեւ այլ տխուր ե­րե­ւոյթ մը, որ ճոխ ժո­ղով­ներ ի կա­տար ա­ծե­լու ե­րե­ւոյթն է: Ժողովներու, հա­մա­գու­մար­նե­րու, նիս­տե­րու մրցում կայ կար­ծէք: Բո­լոր միու­թիւն­նե­րը անխ­տիր կ­­՚ու­զեն ժո­ղով­ներ ը­նել: Բո­լոր միու­թիւն­նե­րը կը խօ­սին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի նահան­ջին ու մօ­տա­լուտ մա­հուան մա­սին: Բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը մատ­նա­ցոյց կ՚ընեն, որ Հա­լէ­պէն հե­ռա­ցած նոր սե­րուն­դը աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն կանգ­նած է իր լեզուն կորսնց­նե­լու վտան­գին առ­ջեւ : Այդ լե­զուն կրնայ կոր­սուիլ, նոյ­նիսկ Ե­րե­ւա­նի մայթե­րուն վրայ, ուր գրե­թէ տա­սը հա­զար հա­շուող սու­րիա­հա­յե­րը չու­նե­ցան ո­րե­ւէ աջակցու­թիւն ա­րեւմտա­հա­յե­րէն ջամ­բող ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րան մը ստեղ­ծե­լու: Ա­ւե­լի փայ­լուն չէ ի­րա­վի­ճա­կը ա­մե­րի­կեան ա­փե­րուն ապ­րող մեր հա­մայնք­նե­րուն, ո­րոնց վարժա­րան­նե­րը եւս կը նա­հան­ջեն ու նոյն­պէս յայտ­նուած են փա­կուե­լու վտան­գին առաջ:
Այս ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին դի­մաց ի­րա­կան ել­քեր ո­րո­նե­լու հա­մար կա­րիք կայ համազգա­յին լուրջ եւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ ծրա­գիր­նե­րու: Ու այն­քան ա­տեն, որ այդ լրջութիւնը ե­րե­ւե­լի չէ մեր տե­սա­դաշ­տին վրայ, պի­տի շա­րու­նա­կուի դպրոց­նե­րու յուղարկա­ւո­րու­թիւ­նը ամ­բողջ սփիւռ­քի մէջ:
Մենք տա­կա­ւին չենք հասկ­ցած, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի ո­գին պահ­պա­նող հիմ­նա­կան կռուա­նը հայ դպրոցն է ու կը շա­րու­նա­կենք ան­լուրջ մօ­տե­ցում­նե­րով ու ժա­մա­վա­ճա­ռու­թեամբ ազգա­յին գիջու­թիւն ը­նե­լու մեր սո­վո­րու­թիւ­նը:
Մել­գո­նեա­նի հար­ցը մեր ժո­ղո­վուր­դի մարմ­նին վրայ գո­յա­ցած վէրք է, որ պէտք է անպայման բու­ժուի:
Այդ վէր­քը չի բու­ժուիր սի­րո­ղա­­կան մօ­տե­ցում­նե­րով: Այդ վէր­քը չի բու­ժուիր փիք­նիք­նե­րով եւ դաշ­տա­հան­դէս­նե­րով: Այդ վէր­քը չի բու­ժուիր հա­զա­րա­ւոր մել­գո­նեան­ցի­նե­րու աղիողորմ ար­ցունք­նե­րով ու լա­ցե­րով:
Ա­մե­նատ­խու­րը այն է, որ յա­ռա­ջի­կայ Յու­լի­սին խումբ մը մել­գո­նեան­ցի­ներ նա­խա­ձեռ­նած են «դաշ­տա­հան­դէս» կա­տա­րել ու այ­ցե­լել ի­րենց սի­րե­լի վար­ժա­րա­նը: Տար­բեր ա­փե­րէ Նիկո­սիա հաս­նող մել­գո­նեանց­նե­րը պի­տի գան լսե­լու ի­րենց դպրո­ցին խլա­ցու­ցիչ «լռու­թիւն»ը:
Այդ լռու­թեան աղ­մու­կը կ­­՚ա­ղա­ղա­կէ մեր հո­գի­նե­րուն մէջ: Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի եւ Վա­հան Թէքէեա­նի աչ­քե­րով տես­նուած բա­ռե­րուն եւ տո­ղե­րուն մէջ:
Մել­գո­նեա­նի վէր­քը կը կոտ­տայ ու ժա­մա­նակն է, որ բու­ժու­մի հանգ­րուա­նը ըլ­լայ ա­րագ՝ նախ­քան վէր­քին վերջ­նա­կան սպիա­ցու­մը եւ մո­ռա­ցու­մը:

«Ժամանակ», 27 եւ 28 Մայիս 2016

No comments:

Post a Comment