ԱՆՈՅՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օրերս մամուլը հեղեղուեցաւ բրիտանացի յայտնի
բնագէտ-տեսաբան, տիեզերաբան Սթիւըն Հաուքինկի մէկ
յայտարարութեամբ, որ նշանաւոր գիտնականը կատարած է Global
Teacher Prize մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներուն հրապարակման
նուիրուած իր ուղերձին մէջ: BBC-ն, փոխանցելով անգլիացի
գիտնականին խօսքը, նշած է, որ դեռ մանուկ հասակէն Սթիւըն
Հաուքինկի վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է անոր հայ ուսուցիչը՝
Տիգրան Թահթա, որու շնորհիւ ալ այսօր արդէն նշանաւոր բնագէտ
գիտնականը սէր ունեցած է գիտութեան նկատմամբ: Ահաւասիկ ինչ
ըսած է Սթիւըն Հաուքինկ՝ իր հայ ուսուցչին մասին.
Սթիւըն Հաուքինկ նաեւ ըսած է, թէ առանձնայատուկ ոեւէ անձի
ետին կանգնած է առանձնայատուկ ուսուցիչ մը: Կարեւորելով
ուսուցչի դերը մարդու մը կեանքին մէջ, Հաուքինկ նաեւ ըսած է, որ
այսօր աւելի քան երբեւէ մեզի անհրաժեշտ են մեծ ուսուցիչներ:
«Մենք պէտք է յիշենք, թէ որքան կարեւոր են անոնք», ըսած է ան:
Աշխարհահռչակ գիտնականի վերջին յայտարարութիւնը մամուլի
համար անգամ մը եւս առիթ դարձաւ՝ հայեացք նետելու անոր անցած
ճանապարհին եւ մանաւանդ, պեղելու, թէ ո՛վ է այն հայ ուսուցիչը,
որու մասին դրուատիքով խօսած է Սթիւըն Հաուքինկ: Այս
յայտարարութեան անդրադարձան աշխարհի ամենէն նշանաւոր,
հռչակաւոր լրատուամիջոցները՝ յիշեցնելով, որ բոլոր
ժամանակներու բրիտանացի ամենէն մեծ բնագէտի ուսուցիչը
ազգութեամբ հայ եղած է, եւ որ ան նուիրուած գիտնական էր, որ կրցած է
իր աշակերտին մէջ սէր արթնցնել դէպի գիտութիւն:
Ո՞Վ Է ՏԻԳՐԱՆ ԹԱՀԹԱ
Տիգրան
Թահթա ծնած է 1928 թուականի 7 Օգոստոսին: Ան անցեալ դարասկիզբի
դեպքերէն ետք Մեծն Բրիտանիոյ Մանչեսթըր քաղաքը հաստատուած հայ
ընտանիքի զաւակ մըն է, որ մանկուց ստացած է հայեցի
դաստիարակութիւն: Տիգրան Թահթա մկրտուած է Դուրեան եպիսկոպոսի
կողմէ Մանչեսթըրի հայկական եկեղեցւոյ մէջ եւ իր Տիգրան անունն
ալ կրճատուած եւ դարձած է Տիք: Այդուհանդերձ, ան երբեւէ չէ մոռցած
կամ ուրացած իր հայկական ինքնութիւնը եւ մինչեւ իր կեանքի վերջը
հաւատարիմ եղած է իր արմատներուն: Այդ ամէնը արտայայտուած է
մանաւանդ իր կեանքի վերջին տարիներուն գրած գիրքերէն մէկուն՝
«Արարատ զուգորդութիւններ» (Ararat Associations) գիրքին մէջ: Այդ
գիրքին մէջ բրիտանահայ նշանաւոր ուսողագէտը կը գրէ, թէ ինչպէս իր
ծնողքը կը փափաքէին իրենց զաւակներուն տալ անգլիական կրթութիւն՝
միաժամանակ համոզուած ըլլալով, որ անոնք տան մէջ պիտի խօսին
հայերէն։ «Արարատ զուգորդութիւններ» գիրքին մէջ կան նաեւ
հայկական հնագոյն բնակավայրեր կատարած իր ճամբորդական նոթերը,
եւ առհասարակ, Տիգրան Թահթայի այս գիրքը գրուած է Ատոմ
Էկոյեանի «Արարատ» շարժանկարէն ներշնչուած:
1946 թուականին Տիգրան Թահթա Ֆլիթվուտի Ռոսալի դպրոցին մէջ
ստացած է կրթաթոշակ՝ Օքսֆորտի երդիքին տակ ուսանելու համար։
Ուսումնասիրութեան գլխաւոր առարկան ուսողութիւնն էր,
միաժամանակ ուսանած է իմաստասիրութիւն, պատմութիւն,
ծանօթացած է անգլիական գրականութեան։
Տիգրան Թահթա նաեւ դասաւանդած է համալսարաններու մէջ եւ
պատրաստած է ուսողութեան դասաւանդման գիրքեր եւ
աշխատութիւններ: Ան, բացի «Արարատ զուգորդութիւններ» գիրքէն,
հեղինակ է հինգ այլ հատորներու եւ գիտական ամսագրերու մէջ
հրատարակուած բազմաթիւ օգտաշատ յօդուածներու:
Մինչեւ իր ուսման աւարտը Տիգրան Թահթա կազմած է Ինճեան եպիսկոպոսի գրադարանի պատկերագիրքը։
Ան նաեւ կարճ լրագրական փորձառութիւն մը ունեցած է
Թագաւորական Ռազմաօդային Ուժերու (RAF) շարքերէն ներս՝
1950-1952 թուականներուն, աշխատակցելով իբրեւ թղթակից: Տիգրան
Թահթա 1954 թուականին վերադարձած է Ռոսալի դպրոց, ուր
դասաւանդած է անգլերէն եւ պատմութիւն, սակայն վերջնականապէս
նուիրուած է ուսողութեան: 1955 թուականին ուսողութիւն
դասաւանդելու նպատակով ան տեղափոխուած է Սենթ Ալպենսի դպրոց,
ուր ալ իր աշակերտներուն մէջ եղած է նաեւ Սթիւըն Հաուքինկ։ Ատկէ
վեց տարի վերջ միայն Տիգրան Թահթա դասախօսի կարգավիճակ ստացած է
Սենթ Ղուկասի գոլէճին մէջ: 1974 թուականին աշխատած է նաեւ
Էքսետէրի համալսարանը։
The Guardian թերթը, անդրադառնալով հայազգի դասախօս-գիտնական
Տիգրան Թահթային՝ նկարագրած է զինք որպէս «իր սերունդի
ականաւոր ուսողութեան ուսուցիչ», որ հանդիսացած է նաեւ
Սթիւըն Հաուքինկի ներշնչման աղբիւրը:
Տիգրան Թահթա մահացած է 2006 թուականի Դեկտեմբերի 2-ին։
Ո՞Վ Է ՍԹԻՒԸՆ ՀԱՈՒՔԻՆԿ
Անուասայլակին
գամուած այս փոքրամարմին մարդը յաճախ կ՚անուանեն մարդառասպել:
Այս տարի լրացաւ մեր ժամանակներու ամենէն նշանաւոր նկատուող
ապրող գիտնական-բնագէտի ծննդեան 74-ամեակը:
Այսօր անուասայլակին վրայ անշարժ նստած անդամալոյծ
գիտնականը ժամանակին աշխոյժ աշակերտ մը եղած է: Ան ծնած է
Օքսֆորտ, ուր անոր ծնողքը տեղափոխուած էին Լոնտոնէն՝ գերմանական
օդուժի ռմբակոծումներէն խուսափելու համար:
Հայրը՝ Ֆրենք Հաուքինկ եւ մայրը՝ Իզապէլ Հաուքինկ կ՚աշխատէին
Համփշթէտի բժշկական կեդրոնին մէջ։ Ընտանիքին մէջ, Սթիւընէն զատ
կային երկու երախաներ եւս, որոնցմէ մէկը որդեգրուած էր:
1950 թուականին ընտանիքի հայրը պաշտօն ստացաւ եւ
Հաուքինկներու ընտանիքը տեղափոխուեցաւ Սենթ Ալպենս,
Հերտֆորտշայր։ Անոնք կ՚ապրէին համեստ միջոցներով եւ աղքատ կը
նկատուէին:
Սթիւըն Հաուքինկ հիւանդութիւն մը ունէր՝ մկաններու ապաճման
կարծրախտ, ոը պզտիկ տարիքին նկատելի չէր եւ միայն երիտասարդ
տարիքին սկսած է տառապանք պատճառել անոր: Տակաւին Օքսֆորտ
ապրելու տարիներուն արդէն հիւանդութիւնը սկսած էր նկատել տալ,
Սթիւըն դժուարութեամբ կը բարձրանար աստիճաններէն, յաճախ
կ՚իյնար, իսկ խօսելու ժամանակ ալ բառերուն կէսը չէր արտաբերեր:
Ան քսանմէկ տարեկան էր, երբ բժշկական հետազօտութիւններու կը
սկսին եւ բժիշկները կը հաղորդեն, որ ան ապրելու համար ունի միայն
երկու տարի։
Մեծ կամքի ուժի տէր մարդը ապրած է ոչ միայն եօթանասունչորս
տարի, այլ ստեղծած է իր ժամանակի բնագիտական տեսութիւններէն
շատեր, հիմնած է Քէյմպրիճի համալսարանի Տեսական Տիեզերաբանութեան կեդրոնը եւ ղեկավարած զայն:
Գիտնականը նաեւ կը նկատուի եօթ ամենէն շատ վաճառուող գիրքերու հեղինակ եւ տասնչորս մրցանակներու տէր:
1965 թուականին Հաուքինկ ամուսնացած է եւ հետագային ունեցած է
երկու մանչ եւ մէկ աղջիկ: 1985 թուականին անոր կոկորդին մէջ
կատարուած վիրահատութենէն ետք ան կորսնցուցած է խօսելու
ունակութիւնը: Ընկերներուն նուիրած ձայնային սարքը
ամրացուցած են Համոքինկի անուասայլակին եւ ան ատոր միջոցաւ
ստացած է արտայայտուելու հնարաւորութիւն: Շարժելու որոշ
ունակութիւն ալ պահպանած է անոր աջ ձեռքի ցուցամատը, որու
օգնութեամբ գիտնականը հնարաւորութիւն ունեցած է գործածելու
համակարգիչը եւ շփուիլ շուրջինններուն հետ:
Բաժնուելով կնոջմէն՝ Հաուքինկ 1995 թուականին երկրորդ անգամ
ամուսնացած է զինք խնամող բուժքրոջ հետ: Ապրելով միասին տասնմէկ
տարի, անոնք 2006 թուականին ամուսնալուծուած են:
Չնայած իր ծանր հիւանդութեան, Սթիւըն Հաուքինկ կը վարէ աշխոյժ
գիտական ու ստեղծագործական կեանք: Ան սարքի միջոցաւ
կ՚արտայայտէ իր միտքերը, որոնք կայծակնային արագութեամբ կը
հրապարակուին մամուլի, գիտական ամսագրերու մէջ: 2007 թուականի 7
Ապրիլին ան մասնաւոր օդանաւով փորձնական թռիչք կատարեց
անկշռութեան պայմաններու մէջ:
Աշխարհահռչակ Սթիւըն Հաուքինկ ըսած է, որ որպէսզի
մարդկութիւնը փրկուի, մենք պէտք է «գրաւենք տիեզերքը», եւ ան վստահ
է, որ օր մը մենք այդ մէկը անպայման պիտի ընենք:
Daily Mail կը գրէ, որ գիտնականը իր 70-ամեակին կապակցութեամբ
պատասխանած է Radio 4-ի ունկնդիրներու հարցումերուն:
Ունկնդիրներէն մէկը հարցուցած է. «Արդեօք մենք երբեւէ գաղութներ
պիտի ստեղծե՞նք աստղերու վրայ»: Հաուքինկ պատասխանած է, որ ինք կը
հաւատայ, որ մենք ժամանակի ընթացքին կայուն գաղութներ պիտի
ստեղծենք Հրատի եւ արեգակնային համակարգի այլ մարմիններու
վրայ, բայց ոչ մօտակայ հարիւր տարիներու ընթացքին:
Ան բացատրած է, որ ասոր կարիքը անպայման պիտի ըլլայ, քանի որ
կլոպալ ջերմացման կամ միջուկային պատերազմի պատճառով մեր
մոլորակը կ՚ոչնչանայ մօտակայ հազար տարիներու ընթացքին:
Ըլլալով աշխարհի ապրող գրեթէ ամենամեծ գիտնականներէն
մէկը, որ տիեզերքի գաղտնիքները վերծանած է իր A Brief History of
Time գրքին մէջ, աշխարհահռչակ գիտնականը յայտնած է, որ կայ բան մը,
որու դէմ անընդհատ կը պայքարի: Անոր հարց տուած են, թէ ինչ բանի
մասին ամենաշատը կը մտածէ երբ արթուն է, ան պատասխանած է.
«Կանանց: Անոնք մեծ առեղծուած են»: New Scientist ամսագրի հետ
հարցազրոյցին ընթացքին գիտնականը բացայայտած է զինք յուզող
նուրբ խնդիրը: Գիտնականը ափսոսանք յայտնած է իր անձնական կեանքին
մէջ գործած սխալներուն համար:
ՀԱՈՒՔԻՆԿԻ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆԻ ՀԵՏ ԿԱՊԸ
Ինչպէս
Սթիւըն Հաուքինկի անունը կապուեցաւ իր հայ ուսուցիչի՝ Տիգրան
Թահթայի հետ, այնպէս ալ կայ հայ մը եւս, որ իր գործունէութեամբ,
գիտնական աշխատանքով միշտ Հաուքինկի կողքին է, մեծ ակնածանքով
կը վերաբերի բրիտանացի նշանաւոր գիտնականին եւ անընդհատ առիթ
կը փնտռէ՝ զայն մասնակից դարձնելու իր ծրագրերուն: Հաուքինկ սիրով
կը համաձայնի: Այդ մէկը հայ նշանաւոր աստղագէտ Գարիկ
Իսրայէլեանն է: Գարիկ Իսրայէլեան կ՚ուսումնասիրէ աստղի
արձակած ճառագայթը, որպէսզի պարզէ, թէ ինչ բանէ բաղկացած է ան
եւ ինչպէս կը դրսեւորուի։ Սա գիտութեան այս ճիւղի հազուագիւտ եւ
հասանելի հայեացքը կը հանդիսանայ, ինչ որ կը մօտեցնէ մեզ կեանքի
համար նպաստաւոր մոլորակ գտնելու։ Ան Instituto de Astrofisica de
Canarias (IAC)՝ Քանարեան կղզիներու Աստղաբնագիտութեան հիմնարկի
աշխատակից է, բնագիտութեան տոքթոր: Երեւան ծնած եւ Քանարեան
կղզիներ բնակող գիտնականը հիմնած է STARMUS անունով միջազգային
գիտական փառատօնը, որ տեղի կ՚ունենայ Սպանիոյ պատկանող
Քանարեան կղզիներէն մէկուն՝ Թեներիֆէ կղզիին մէջ: 2011 թուականին
առաջին անգամ իրականացուած է անջրպետին ու աստղագիտութեան
նուիրուած այդ փառատօնը, որուն մասնակցած են նշանաւոր
գիտնականներ, տիեզերագնացներ, Նոպէլեան մրցանակի
դափնեկիրներ:
Սթիւըն Հաուքինկ նոյնպէս 2014 թուականին մասնակցած է Գարիկ
Իսրայէլեանի հիմնած STARMUS փառատօնին: Այս տարի նշանաւոր
փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 27 Յունիս-2 Յուլիս թուականներուն
միջեւ՝ Թեներիֆէ կղզիին մէջ: Այս անգամ Սթիւըն Հաուքինկ ոչ միայն
պիտի մասնակցի փառատօնին, այլ անձամբ պիտի յանձնէ իր անունը
կրող մետայլը՝ մրցանակակիր անձին: STARMUS միջազգային գիտական
փառատօնը ստեղծած է նշանաւոր բնագէտի անունը կրող մետայլ, եւ
ամբողջ փառատօնն ալ նուիրած է Հոաուքինկին: STARMUS-ի այս տարուան
խորագիրն է «Հորիզոնէն անդին՝ յարգանքի տուրք Սթիւըն
Հաուքինկին»: Փառատօնին կը մասնակցին Նոպէլեան մրցանակի մէկ
տասնեակէ աւելի դափնեկիրներ՝ բնագիտութեան, քիմիագիտութեան
եւ բժշկութեան բնագաւառներէն ներս:
Սթիւնը
Հաուքինկի անուան մետայլի շնորհանդէսը տեղի ունեցած է անցեալ
Դեկտեմբերին՝ Լոնտոնի Թագաւորական ակադեմիոյ մէջ, եւ այդ
շնորհանդէսին մասնակցած է ինք՝ Հաուքինկ: Մրցանակը կը շնորհուի
բոլոր անոնց, որոնք կ՚օգնեն խթանել գիտութեան հանրայնացումը՝
զանազան ասպարէզներու մէջ, ինչպէս՝ երաժշտութիւն, արուեստ եւ
շարժապատկեր: Այն կարեւորագոյն նկատուող մրցանակ մըն է բոլոր
անոնց համար, որոնք գիտութիւնը կը տարածեն արուեստի միջոցաւ։
STARMUS փառատօնի հիմնադիր Գարիկ Իսրայէլեան Սթիւըն
Հաուքինկի անուան մետայլի մասին ըսած է հետեւեալը.
«Այս մրցանակը գիտութեան պատմութեան կարեւորագոյն
իրադարձութիւններէն մին է, քանի որ ան նաեւ կը գլխաւորէ մեր
դարաշրջանի ամենէն յայտնի եւ ոգեշնչող գիտնականներէն մէկը՝
Փրոֆ. Սթիւըն Հաուքինկը։ Յարգանքի զգացումէ եւ գիտութեան
հանրայնացման մեր մեծ ցանկութենէն մեկնելով STARMUS ստեղծեց այս
նորարարական նախաձեռնութիւնը՝ տալով անոր պատմութեան
խոշորագոյն գիտնականներէն մէկուն անուանումը»։ Մետայլի
ձեւաւորման մէջ կայ Սթիւըն Հաուքինկի դիմանկարը, որ ստեղծած է
տիեզերագնաց Ալեքսէյ Լէոնով:
Այս ամառ Թեներիֆէ կղզին կրկին կը դառնայ հանդիպման վայր՝
բազմաթիւ գիտնականներու, տիեզերագնացներու,
արուեստագէտներու համար, եւ այդ հանդիպումը կը կայանայ շնորհիւ
փառատօնի հիմնադիր, հայազգի Գարիկ Իսրայէլեանի, որու
անունը այսօր աշխարհի ամենէն նշանաւոր աստղագէտներու ցանկին
մէջ է:
«Ժամանակ», 15 Մարտ 2016
No comments:
Post a Comment