19.4.16

«Բագին»ի նոր հանգրուանը

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, ըստ որուն աւելի քան 50ամեայ «Բագին» հանդէսը, որ լոյս կը տեսնէ Պէյրութի մէջ, 1962էն ի վեր, այս տարի նոր փուլ մը կը թեւակոխէ։
Հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ.
«54 տարիներէ ի վեր, Սփիւռքի մտաւորական ընտրանին "Բագին"ի մէջ գտած է ստեղծագործական եւ բանասիրական երկակի հարթակ մը, որուն վրայ վաւերական անուններու կողքին երեւցած ու կազմաւորուած են անոնց յաջորդող սերունդները: Կարօ Սասունիով, Եդուարդ Պոյաճեանով ու Պօղոս Սնապեանով ձեւաւորուած "Բագին" այսօր կը հանդիսանայ գրականութեան եւ արուեստի նուիրուած` Սփիւռքի ամէնէն երկարակեաց եւ յարգելի հանդէսը:
2003-ին վերոյիշեալ անուններուն յաջորդող խմբագիրը` Յակոբ Պալեան, տասներկու տարիներ իր մտասեւեռման առարկայ դարձուց "Բագին"ը, ապահովելով անոր անխափան հրատարակութիւնը, եւ այդ ճամբով գուրգուրալով արեւմտահայ գրական մթնոլորտի պահպանման վրայ: Միաժամանակ, ան "Բագին"ին բերաւ դեռահաս աշխատակիցներ, որոնք կը շարունակեն բոլորուիլ "Բագին"ին շուրջ այսօր: 2015-ի աւարտին, իր տարիքի բերմամբ, Յակոբ Պալեան "Բագին"ի խմբագիրի պաշտօնէն կամովին դադրելու խնդրանք ներկայացուց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, որ ընթացք տուաւ ընկերոջ փափաքին: Այսու մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Յակոբ Պալեանին` իր պաշտօնավարութեան ընթացքին իր դերակատարութեան եւ "Բագին"ին մատուցած ներդրման համար:
"Բագին"ը այժմ կը մտնէ փոխանցման թարմ շրջան մը։ Արդարեւ, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը ուրախութեամբ կը ծանուցէ, թէ 1 Յունուար 2016էն սկսեալ, "Բագին"ի խմբագիր նշանակած է Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեանը, իսկ փոխ-խմբագիր՝ Նորա Բարսեղեանը։ Անոնց կողքին պիտի գործէ խմբագրական խորհուրդ մը՝ հետեւեալ կազմով. Քրիստիան Բատիկեան, Մարուշ Երամեան, Վիգէն Թիւֆէնքճեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Աւետիս Հաճեան, Շաղիկ Մկրտիչեան, Վարդան Մատթէոսեան, Արքմենիկ Նիկողոսեան, Արամ Պաչեան, Սեւան Տէյիրմէնճեան, Միրնա Տուզճեան եւ Յարութիւն Քիւրքճեան։
Նոր շրջանի «Բագին»-ի անդրանիկ թիւը, որ պիտի ըլլայ միացեալ, լոյս պիտի տեսնէ Յուլիս 2016-ին: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը վստահ է, որ «Բագին»-ի նոր նշանակուած խմբագիրը, փոխ-խմբագիրն ու խմբագրական խորհուրդը պիտի շարունակեն ամրագրել զիրենք նախորդողներուն աւանդը` միաժամանակ սատարելով արեւմտահայերէնի պահպանման, Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ ծաւալող ստեղծագործական ու իմաստասիրական ճիգին դէպի «Բագին» ուղղորդման եւ իմացական խօսքի հնչեղութեան»:

No comments:

Post a Comment