24.2.16

Խառնիճաղանճ... աղէտալի (Եղեռնը՝ ոճի՞ր, թէ՞...)



ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
   
La Malédiction de la «Catastrophe» [1]: Յուզական լիցքով հարուստ այսպիսի խորագիր, ընկերացած ակադեմական լրջութիւն թելադրող ստորագրութեան մը, ինչպիսին՝ Արմէն-Գլօտ Մութաֆեանինը,- ինքնին զարմանք ու հետաքրքրութիւն առթող երեւոյթ է: Իսկ խորագիրի բառերէն երկրորդը գրկող չակերտները կը յուշեն քիչ-շատ ուշադիր ընթերցողին, որ վաստակաւոր պատմաբան մը յուզելու ատակ երեւոյթը կը պատկանի լեզուական-եզրաբանական ոլորտին:
Գիտենք, իրականութիւնը՝ իր զանազան ոլորտներով՝ մնայուն մարտահրաւէր է զինք արտայայտելու ձգտող լեզուական գործիքին համար: Հասարակ-տեղիք՝ որ կ՚ապրինք ու կը փորձարկենք կեանքի մէջ, օրն ի բուն: Սկսած ներքին վիճակներու թէ առարկայական փաստերու վկայաբերումէն՝ միշտ առճակատուած ենթակայականութեան թակարդներուն: Ու հասնելով մինչեւ յղացքային մտածումի եւ գիտութիւններու ոլորտը, հոս եւս դիմագրաւելով խոչընդոտը նախապաշարումներու՝ անհատական թէ խմբային պայմանաւորումներու, գաղափարաբանական ծխածածկումներու...
 
***
 
Մութաֆեանի արծարծած խնդիրը, Մեծ Եղեռնի՝ հայութեան դէմ ցեղասպանական ոճիրին՝ թիւրաբար «catastrophe», հայերէնով՝ «աղէտ» անուանումը,- կը պատկանի պատմա-քաղաքական ոլորտին, որ վերի մարզերէն՝ առաւել ականապատն է: Պատմական իրադարձութիւններու եւ այժմէական կենսական գրաւներու հանդիպման վայր, որ պէտք էր պարտադրէր եզրոյթներու զգօն եւ բծախնդիր ընտրութիւն: Բայց ուր նաեւ՝ միւս կողմէ՝ ողջմտութիւնն ու սահմանումներու տարրական ծանօթութիւն մը պէտք էր բաւէին խուսափելու՝ բառերու ողբալի թակարդումէն:
Մութաֆեանի յօդուածին հարցադրումն ու դիրքորոշումը պարզ են ու յստակ: Կարելի է միայն ձեռամբարձ երկրորդել իր հիմնական դրոյթը, որ անցեալին առիթը ունեցեր եմ ես ալ հպանցելու, բայց որ արժանի է աւելի լուրջ անդրադարձի.- Մեծ Եղեռն չի նշանակեր, երբե՛ք չէ նշանակած la Grande Catastrophe. իր միակ վաւերական թարգմանութիւնն է le Grand Crime: Կոթողական այս սխալը եբրա-քրիստոնէական մշակոյթ-գաղափարաբանութեան աւանդն է, այնքան սովորական դարձած՝ Արեւմուտքի տարածքին:
Բայց անիկա իր քառակուսի արժէքին կը բարձրանայ մեր մէջ, երբ յետադարձ ընթացքով՝ Եղեռն-Catastrophe-ը «կը հայացնենք» կրկին՝ այս անգամ իբր... Աղէտ։ Եւ Եղեռն-Ոճիրը կը դառնայ համարժէք Աղէտի, այսինքն՝ հիմնական իր առումով՝ բնական չարիք, ամէն տեսակի: Զոհ՝ անհեթեթ մեղմասութեան մը [2]...:
Ըսի արդէն, որ սայթաքումը հակա-մարդկային գլխագիր Ոճիրէն դէպի Աղէտ, դէպի Catastrophe՝ նոր չէ: Անիկա տեղի ունեցեր է ու կը շարունակէ տեղի ունենալ՝ բաւական անզգալի շարժումներով, եւ բարդ պատճառականութեամբ մը:
- Նախ՝ եղեռն արմատը ինք կը բերէ որոշ կարողական շփոթ, բխող՝ իրեն լծակից եղեր- ձեւէն, եւ անով կառուցուող եղերականէն (ու նոյնընտանիք այլ բառերէ), որ համարժէք է դժբախտ-ի, ողբերգական-ի: Բայց եղեռնը ինքնին, ինչպէս իրմով կառուցուող այլ բառեր (եղեռնագործ, եղեռնադատ...), միայն ու միայն ոճիրի կը յղուին, երբե՛ք սոսկական դժբախտութեան, պատահարի կամ բնական պատուհասի... :
- Ծագումով լծակից, բայց լրիւ այլիմաստ զոյգ արմատներու հաւանական շփոթումին՝ կու գայ բարդուիլ երկրորդ շփոթ մը, այս մէկը՝ յատուկ Աղէտին: Աղէտ յղացքը, լեզուամտածողական մերօրեայ տիրոյթին մէջ ու բոլոր լեզուներուն համար՝ կ՚առնչուի բնական, կամ մարդկային դրդումներէ, բարոյական գնահատումէ զերծանող դժբախտ պատահարներու: Բայց հոս ալ՝ կու գայ միջամտելու հեռու Միջնադարէն աւանդ հասած կրօնաշունչ նախնական մտածողութիւնը, որ մարդկութիւնը հարուածող բոլոր չարիքները երկնային պատիժ կը դաւանէր, երաշտէն ու մարախէն մինչեւ համաճարակներ: Ներառելով անշուշտ Եգիպտոսի եօթը թէ տասը պատուհասները, բարբարոսական ներխուժումները, արաբ Ոստիկանը, եւ Լենկ-Թիմուրը՝ իր գանկերու բուրգերով - բոլորը՝ համախառն ու միանուագ...:
Երկուութիւնը, ի հարկէ ծպտեալ վիճակով, բանասիրական շպար հագած, չէր կրնար արձանագրուած չըլլալ «Նոր Հայկազեան» բառարանին մէջ եւս, որ միայն հաւատարմօրէն պիտի վերարտադրէր անցեալ մեր մատենագրութեան ողջ խառնիճաղանճը: Անոր ճամբով յաճախակի հետքեր ձգելով ե՛ւ մերօրեայ բառարաններու էջերուն...
Բառարաններ եւ մատենագրութիւն՝ իրենց տեղը ունին մեր մշակոյթին մէջ, ժառանգութեան եւ աւանդներու կրող են: Բայց եթէ կը շարունակենք տէրը ըլլալ մեր լեզուին ու լեզուա-մտածողութեան՝ նաեւ իրենց ներկայ հոլովոյթին մէջ, 1915ի Մեծ Եղեռնը կամ Ցեղասպանութիւնը այսօր Աղէտ բնորոշելը, մեղմասութենէ անդին, կը կազմէ իմաստաբանական ծանրակշիռ սայթաքում: Որովհետեւ՝ մարդկային արարքը զեղչելով-վերածելով բնազանցական-աստուածաբանական յղացքի՝ զայն կը դարձնէ նաեւ երկիմաստութեան կասկածելի խաղի մը զոհը:
Թղթածրարը ունի նաեւ այս լուրջ երեսը՝ Ոճիր-Աղէտ եզրոյթներու շփոթին առթած քաղաքական շահարկումի երեսը - շատ բնական հետեւանք՝ մեր մէջ իսկ պահպանուած-արծարծուած լեզուա-մտածողական անորոշութեան: Եւ որ անշուշտ շատ կարեւոր է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողական բանակի ջաղացքին բերած առատ իր ջուրով, ինչպէս արդարօրէն կը նշէ Մութաֆեան: Բայց կը կարծեմ՝ անհրաժեշտ իսկ չէ հոս արծարծել այս հարցը: Եղեռն = Ոճիր հաւասարեցումը, նաեւ Աղէտի՝ իբր համարժէք մերժումը, իմաստաբանական իրենց փաստարկումին մէջ՝ կարիքը չունին այդպիսի արտաքին, a posteriori օժանդակի: Թո՛ղ այսպէս նաեւ խնայուի մեզի տաղտուկը՝ հերքելու ձրի ամբաստանութիւնը «խնդիրը քաղաքականացնելու», որ պատրաստ պահած ունին մաքուր ձեռքերով «աննախապաշար» հոգիներ...: Ի դէպ. այս բառ-յղացքներու ե՛ւ իմաստաբանական, ե՛ւ քաղաքական-կիրառական ուսումնասիրութեամբ հետաքրքրուողները կրնան դիմել Վարդան Մատթէոսեանի՝ ներկայ հարցին առնչութեամբ կազմած անշրջանցելի, սպառիչ թղթածրարին [3], եթէ արդէն ծանօթ չէին անոր:
 
***
 
Մտաւորական սովորամոլութեամբ եւ թիւր «պատուախնդրութեամբ»՝ Եղեռնի իբր հոմանիշ Աղէտ (եւ՝ catastrophe) գործածելու յամառութեան դէմ, բոլոր այս պատճառներով,- անհրաժեշտ է՝ Մութաֆեանի հետ՝ ըսել եւ կրկնել. «Ո՛չ, եւ ո՛չ»։
Եւ շեշտել ու վերասահմանել.- Մեծ Եղեռն՝ մասնաւոր, յատուկ անունն է Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս Շօահ՝ մասնաւոր անունն է հրէական ցեղասպանութեան: Բառացի թարգմանութեան պարագային, եւ ի հեճուկս բանասիրական-մատենագրական բոլոր քաշկռտուած առարկութիւններուն, անոր իբր համարժէք պէտք է տրուի ո՛չ Catastrophe, կամ Աղէտ,- այլ միայն ու միայն «le Grand Crime», «Մեծ Ոճիրը» (ինչպէս հրէականը ի հարկին կը թարգմանուի Holocauste, «Ողջակիզում»)։
Անհրաժեշտ է մեր արտայայտութեան բոլոր մակարդակներէն արմատախիլ ընել Եղեռն = Catastrophe = Աղէտ կաղ հաւասարումը, փոխարինուած միւսով՝ Եղեռն = Ոճիր-Ցեղասպանութիւնով: Ատոր համար կը բաւէ հետեւիլ իմաստաբանական դաշտի յստակ թելադրանքին, եզրոյթներու մերօրեայ առումին, հրաժարիլ կապկելէ այս կամ այն դրացի մշակոյթի ոճն ու լեզուա-մտածողական դարձուածքը, միանգամայն դադրելով տուրք տալէ միջնադարեան խառնիճաղանճ աշխարհատեսութեան մը եւ անոր քշած-բերած իմաստային ժամանակավրէպ նշանակցումներուն [4]: Վ. Մատթէոսեանի հետ կրնայինք շեշտել.- Ընտրուած եզրոյթները «կը նշանակեն ինչ որ լեզուի տէրերը կ՚որոշեն, որ անոնք նշանակեն» [5]: Եթէ չբաւէր, ինքնին, որ տէր ըլլայինք արդէ՛ն որոշուած, ճի՛շդ իմաստներուն։ Վերջապէս, յիշենք եւ չմոռնանք, որ Մեծ Եղեռնի վկայ, անոր մատենագիտութեան ռահվիրաներէն եւ եզրոյթի դարբիններէն՝ պատմաբան-լրագրող Արամ Անտոնեան, 1921ին, փաստաթուղթերու իր հատորը տիտղոսած էր «Մեծ Ոճիրը», բառացիօրէն` «Le Grand Crime», եւ ոչ՝ ինչ-որ «Catastrophe», ինչ-որ «Աղէտ»...։
_____
[1] La Malédiction de la «Catastrophe», «Նոր Յառաջ», ֆրանսերէն շաբաթաթերթ-յաւելուած, թիւ 246, յունուար 28։
 
[2] Թուրքիոյ տարածքին, 1895-96ի կոտորածներուն համար յատկապէս, յետագայ տարիներուն կը գործածուէին «Դէպք», «մեծ Դէպք» մեղմասութիւնները, քաղաքական թէ ներքին-հոգեբանական (ինքնա)գրաքննութիւններու ճնշումին տակ։ Բայց հարց կը դրուի. եթէ այն ատեն բազմապիսի գրաքննութիւններ կային, հի՛մա ո՞ւր է սխալին աղբիւրը
 
[3] Վարդան Մատթէոսեան, «What I Choose It to Mean : Yeghern as the Armenian Translation of Genocide”», «Armenian Weekly»,16 դեկտ. 2013։ Հարցը անմիջական ու այժմէական դարձնող իրադարձութիւններ՝ Մ.Ն. նախագահի կողմէ՝ «Մեծ Եղեռն» եզրոյթի գործածումը Ապրիլ 24ի իր յայտարարութեան մէջ, փոխան ցեղասպանութեան. եւ այդ փոխարինումին շուրջ ստեղծուած բողոքն ու բանավէճը։
 
[4] Մէկ վերապահում միայն կրնամ պատկերացնել, միակ մարզ մը՝ ուր կրնար արտօնելի ըլլալ շրջանցել եզրոյթներու գիտական-տրամաբանական այսպիսի անհրաժեշտութիւն մը։ Եւ այդ ալ՝ գրականութեան դաշտն է, ուր կարելի է «Ոճիր»ի փոխարէն օգտագործել «Աղէտ» կամ այլ եզրոյթ մը, թէեւ առարկայականօրէն անյարիր, բայց ըստ հեղինակի ենթակայական ոլորտի թելադրանքին։ Բացառութիւն մը՝ ինչպէս քերթողական արտօնութիւնը։
 
[5] Մէջբերումը՝ անգլիական գրականութեան շատ ժողովրդական, միանգամայն դասական «Through the looking-glass and what Alice found there» գործէն, Lewis Carroll, 1871: Տե՛ս. նաեւ «The Annotated Alice: The Definitive Edition», introduction and notes by Martin Gardner, New York: W. W. Norton, 2000, p. 213.

«Նոր Յառաջ», 23 Փետրուար 2016 

No comments:

Post a Comment