23.2.16

Ձեռնարկ՝ որ կը խոստանայ պայծառ ապագայ

 ԳԱՐԻՆ ՊԱԼ

Ի՞նչ կը նշանակէ դարաւոր անցեալ ունեցող լրագ­րի մը ներ­կա­յացու­ցի­չը ըլ­լալ 2016 թուակա­նին։ Հե­տեւե­լով 13 Փետ­րուար Շա­բաթ երե­կոյ Ֆե­րիգիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ «Շի­րինօղ­լու» սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­­պուած գի­­նեձօ­­նին, կրնանք հա­­մոզուիլ թէ «Ժա­­մանակ»ի այժմու հրա­­տարա­­կիչ­­նե­­­րը լա­­ւագոյնս պար­­զած են այս հար­­ցումը։ 100 ամեակի ձօ­­նուած մատենա­­շարի մը առա­­ջին երեք գիր­­քե­­­րուն նուիրուած այս գրա­­կան մի­­ջոցա­­ռու­­մը, իր կար­­գին տե­­ղի կու տայ նոր մտո­­րումնե­­րու։

Մի­­սաք Գօ­­չու­­նեան, Երուանդ Սրմա­­քէշ­­խանլեան եւ Ռու­­բէն Զար­­դա­­­րեան «Ժա­­մանակ»ի էջե­­րուն վրայ հրա­­տարա­­կած են յօ­­դուած­­ներ, որոնք կը վե­­րաբե­­րէին իրենց ապ­­րած ժա­­մանակ­­նե­­­րու ըն­­կե­­­րաքա­­ղաքա­­կան, մշա­­կու­­թա­­­յին, տնտե­­սական ան­­ցուդար­­ձե­­­րուն։ Երեք գրող­­նե­­­րու վաս­­տա­­­կը 100 տա­­րի անց կը դրուի ըն­­թերցո­­ղի տրա­­մադ­­րութեան, որոնց թա­­փան­­ցե­­­լով կը գո­­յանայ խաչ­­մե­­­րուկ մը ան­­ցեալի եւ ապա­­գայի մի­­ջեւ։ Ար­­դա­­­րեւ այս հաս­­տա­­­տու­­մը խո­­րագիր դար­­ձած էր կա­­տարուած մի­­ջոցա­­ռու­­մը բնո­­րոշե­­լու հա­­մար։ Մի­­սաք Գօչու­­նեանի «Օրուան մտա­­ծումներ», Երուանդ Սրմա­­քէշ­­խանլեանի «Փոքր Ասիոյ մէ­­ջէն» եւ Ռու­­բէն Զար­­դա­­­րեանի «Յօ­­դուած­­ներ» անուն գիր­­քե­­­րը թեր­­թի դա­­րաւոր հա­­ւաքա­­ծոյէն քա­­ղելով հրա­­տարա­­կու­­թեան պատ­­րաստեց Սե­­ւան Տէ­­յիր­­մէնճեան։ Իր իսկ խօս­­քե­­­րով «Ժամանակ»ի ան­­տակ խոր­­քե­­­րէն դուրս բե­­րուած, մամ­­լոյ գե­­րեզ­­մա­­­նոցէն լոյ­­սի հա­­նուած, յա­­րու­­թեան շունչ տրուած մո­­ռացու­­թե­­­նէն ազա­­տուած են մեր դա­­սական հե­­ղինակ­­նե­­­րուն ցի­­րու­­ցան գոր­­ծե­­­րը»։
Երեք հա­­տոր­­ներն ալ ըն­­թերցող­­նե­­­րուն ներ­­կա­­­յացան այս հրա­­տարա­­կու­­թեան հա­­մար գրի առ­­նուած նա­­խաբան­­նե­­­րով։ Ար­­դա­­­րեւ Իշ­­խան Չիֆթճեան, Վար­­դան Մատ­­թէոսեան եւ Վահէ Թաշ­­ճեան իրենց զե­­կոյցնե­­րով ար­­տա­­­յայ­­տուեցան ան­­ցեալի եւ ապա­­գայի զուգահեռնե­­­րուն։ Այդ զու­­գա­­­հեռ­­նե­­­րը մեր իրա­­կանու­­թեան մէջ յա­­ճախա­­կի են, բա­­զում առիթ­­ներ մտա­­ծել կու տայ թէ որ­­քան շատ քիչ բան փո­խուած է 100 տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին։ Ան­­շուշտ են­­թադրա­­կան հա­­յեացք մըն է այս քա­­նի որ նոյնպէս կրնանք խորհրդակ­­ցիլ թէ ինչ մեծ փո­­փոխու­­թիւն ար­­ձա­­­նագ­­րուած է տուեալ նոյն 100 տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին։
Այս պա­­հուն դար­­ձեալ կը լսենք Սե­­ւան Տէ­­յիր­­մէնճեանը. «Ու­­րախ եմ գիր­­քե­­­րուն տպագրութեան առ­­թիւ, սա­­կայն միաժա­­մանակ տխուր՝ քան­­զի աւե­­լի քան 100 տա­­րուան հնու­­թիւն ու­­նե­­­ցող այս գրու­­թիւննե­­րը չենք կար­­դար պատ­­մա­­­կան երկ մը ըն­­թերցե­­լու կամ ան­­ցեալը քրքրե­­լու նպա­­տակով, այլ կար­­դա­­­լու իսկ ժա­­մանակ կ՚անդրա­­դառ­­նանք, թէ ինչպէս ժա­­մանա­­կակից կեան­­քի էջերն են որ կը փռուին մեր առ­­ջեւ։ Կար­­դա­­­ցէք Տիյարպէքիրի մէջ օր ցե­­րեկով սպան­­նուած Քա­­զազեանի պատ­­մութիւ­­նը (1912) եւ զայն համեմա­­տեցէք դեռ քա­­նի մը ամիս առաջ նոյն Տի­­յար­­պէ­­­քիրի մէջ օր ցե­­րեկով սպան­­նուած Թա­­հիր Էլ­­չիի ոճ­­րա­­­գոր­­ծութեան հետ։ Կամ ան­­մի­­­ջապէս յի­­շեցէք Հրանդ Տին­­քը»։ Ահաւասիկ վկա­­յու­­թիւններ, որոնք կը յի­­շեց­­նեն ստո­­ր աւան­­դութիւննե­­րու յարատեւութիւնը երկրին մէջ։
Չոր­­րորդ ատե­­նախօսն էր Այ­­լին Գօ­­չունեան, որ այս հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րը դի­­տեց իր պատ­­մա­­­բանի մաս­­նա­­­գիտու­­թեամբ, մա­­նաւանդ որ ժա­­մանա­­կահա­­տուածն ալ կը զուգադիպի իր ակա­­դեմա­­կան ու­­սումնա­­սիրու­­թեան՝ սահ­­մա­­­նադ­­րութեան շրջա­­նին։
Ինչպէս որ ընդգծուեցաւ ատե­­նախօս­­նե­­­րու կող­­մէ ալ եւ յատ­կա­պէս շեշ­տեց «Ժա­մանակ»ի ներ­կայ խմբագ­րա­պետ Արա Գօ­չու­նեան, մի­ջոցա­ռու­մը պոլ­սա­հայ մշա­կու­թա­յին աւան­դի վառ մէկ ցո­լացումն էր։ Ներ­կա­ները ար­դա­րօրէն պի­տի ակնկա­լեն, որ այս առա­ջին երեք հա­տոր­նե­րուն յա­ջոր­դեն նո­րերը որ­պէսզի ժա­մանա­կակից ըն­թերցո­ղի հա­մար ան­գամ մը եւս վե­րակեն­դա­նանայ թեր­թի դա­րաւոր ան­ցեալը։ Կաս­կած չկայ որ այս դեղ­նո­տած էջերուն մէջ մե­զի հա­մար նոր գիւտ համարելու արժանի բազում գրականութիւն կայ։

«Ակօս», 19 Փետրուար 2016

No comments:

Post a Comment