18.1.16

Ո՞ւր է Շնորհք Պատրիարքին յուշատետրը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
 
Պատմաբան Թալին Սուճեան Պատմութեան հիմնարկին մէջ սարքած իր վերջին բանախօսութեան ընթացքին Զաւէն Տէր-Եղիայեան եւ Մեսրոպ Նարոյեան պատրիարքներուն յուշագրութեանց անդրադառնալէ ետք ըսած է, թէ «հանրապետական շրջանի պատրիարքները այլեւս չեն գրեր իրենց յուշերը»։
Օրագրութիւն մը արդեօք կրնա՞յ փոխարինել յուշագրութիւնը՝ չեմ գիտեր, սակայն յստակ է որ շատ անգամ կրնայ աւելին ըսել։
Սուճեանի խօսքերը ինծի անմիջապէս յիշեցուցին Շնորհք պատրիարքը։ 1913-ին Եոզղաթի Իյտելի գիւղը ծնած, Երուսաղէմի վանքին մէջ աճած ու սնած, տարբեր պաշտօններ վարելէ ետք ալ Պոլսոյ պատրիարք ընտրուած այս հոգեւորականը անկասկած կարկառուն դէմքերէն մէկն է վերջին ժամանակաշրջանի մեր պատմութեան։ Յիշատակելի բազմաթիւ անցքերու վկան ու ենթական ըլլալու առընթեր, Շնորհք պատրիարք օժտուած էր գրական շնորհներով՝ որպէս արձակագիր ու թարգմանիչ հրատարակելով բազմաթիւ երկասիրութիւններ։
Հանրութիւնը երանաշնորհ պատրիարքին օրագրութեան առաջին անգամ ծանօթացաւ 1989-ին, երբ Մաքրուհի Պ․ Յակոբեանի խմբագրութեամբ Պոլսոյ մէջ հրատարակուեցաւ Շնորհք պատրիարքին օրագրութենէն հատուած մը, որ կ՚ընդգրկէր 1935-էն մինչեւ 1944 թուականը երկարող շուրջ 10-ամեայ ժամանակաշրջանը։ «Էջեր Շնորհք պատրիարքի օրագրութենէն»ը տիտղոսաթերթին վրայ ունէր «Հատոր Ա․» նշումը, ինչ որ հաստատ խոստում մըն էր շուտով հրատարակելու նաեւ յաջորդները, սակայն մեր սպասումը մնաց անարդիւնք։
Այս հատորին յառաջաբանէն կը տեղեկանայինք, թէ իր գահակալութեան 25-ամեակին առթիւ պատրաստուելիք յուշամատեանին համար Շնորհք պատրիարք օրագրութեան 17 տետրակներ դրած է Մաքրուհի Պ․ Յակոբեանի տրամադրութեան տակ։
Նշենք, որ օրագրութեան առանձին գիրքով մը հրատարակուած այս հատուածը նախապէս տպագրուած էր նաեւ «Նոր Մարմարա» օրաթերթին մէջ, որու փոխ-խմբագիրն է Պ․ Յակոբեան։
Թերեւս 1990-ին պատահած պատրիարքին մահն ալ պատճառ կը դառնայ որ այս ծրագիրը մնայ կիսաւարտ եւ առաջին հատորը չունենայ իր շարունակութիւնը։
Միջոց մը վերջ, նոր պատրիարքի մը ընտրութեան շրջանին, «Նոր Մարմարա» օրաթերթը չարաչար չարաշահելով հանգուցեալ պատրիարքին յիշատակն ու թերթին հանդէպ ցուցաբերած վստահութիւնը,  1990 թուականի ամրան վերջին օրերուն կը հրատարակէր յիշեալ օրագրութեան 22 Օգոստոս 1988 թուակիր այն էջերը, ուր հանգուցեալը գրի առած էր մտերմիկ, անկեղծ մտորումները Մեսրոպ Մութաֆեան արքեպիսկոպոսին մասին։ Այս քայլով թերթին խմբագրութիւնը կը փորձէր շուքի տակ թողուլ Մեսրոպ արք․ Մութաֆեանը, որ պատրիարքական թեկնածու մըն էր այդ շրջանին։
Սակայն վերադառնանք մեր նիւթին։ Այս հրատարակութիւնը ցոյց կու տար, թէ Շնորհք պատրիարք կանոնաւորաբար կը գրէր իր օրագրութիւնը, եւ թէ 1935-ին սկսած գործը կը շարունակուէր, առնուազն, մինչեւ 22 Օգոստոս 1988-ը։
«Նոր Մարմարա»ի խմբագիրները անգամ մը եւս կը յիշեցնէին այս առթիւ, թէ Շնորհք պատրիարքի կենդանութեան օրօք հնարաւորութիւն ունեցած էին կարդալու իր օրագրութեան տետրակները, «բացի մէկ քանի տետրակներէն որոնք անհետացած էին խորհրդաւոր պայմաններու տակ»։
Շնորհք պատրիարքի օրագրութենէն գոնէ իմ գիտցած վերջին հրատարակութիւնը կատարուած է 1994 թուականին։ Պատրիարքի վախճանման չորրորդ տարելիցին առթիւ Ս․ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան կողմէ գրքոյկով մը ներկայացուեցաւ Շնորհք պատրիարքի 1987-ի Մարտ ամսուան առաջին 13 օրերը ընդգրկող օրագրութիւնը։ Յառաջաբանը գրի առած է Մեսրոպ սրբազանը։ (Այս գրքոյկը հրատարակչական կենսագրութեանս երախայրիքն է, քանի որ զայն պատրաստողներէն մէկն ալ ես եղած էի)։
Ի մտի ունենալով այս տուեալները կրնանք ըսել, թէ Շնորհք պատրիարք 1935 թուականէն սկսեալ անընդհատ օրագրած է՝ մինչեւ Օգոստոս 1988 թուականը (առնուազն)։ Այսինքն, 1990-ին մահկանացուն կնքած բարձրաստիճան հոգեւորականը իր ողջ կեանքը գրի առած է։ Աչքի առջեւ ունենալով օրագրութեան տպագրեալ հատուածները, պատրիարքին հրատարակած գիրքերը ու յօդուածները՝ կրնանք ըսել, թէ այդ օրագրութիւնները ունին գրական ու բովանդակային անփոխարինելի, անգնահատելի ու մեծ արժէք մը ո՛չ միայն թրքահայութեան, այլ ամբողջ հայութեան տեսակէտէ։
Արդ, հիմա պիտի ուզէի հարցնել․
Ո՞ւր են Շնորհք պատրիարքին օրագրութիւնները։ Կը մնան պատրիարքարանի՞ տրամադրութեան տակ, թէ՝ յանձնուած են «Նոր Մարմարա» օրաթերթի խմբագրութեան։
«Խորհրդաւոր պայմաններու տակ» կորսուած տետրակներուն ճակատագիրը արդեօք կը սպառնա՞յ նաեւ մնացեալ 17 տետրակներուն։
Ինչպէս կը նշէ Մաքրուհի Պ․ Յակոբեան, իրապէս գոյութիւն ունի՞ն 17 տետրակներ, թէ կայ աւելին։
Հաճեցէք լուսաբանել հանրութիւնը՝ ազգային հարստութիւն նկատուող այս տետրակներուն շուրջ։

«Առօրեայ անկիւններ» (narekian.wordpress.com), 18 Յունուար 2016

No comments:

Post a Comment