18.1.16

Թալին Սուճեան բանախօսեց Իսթանպուլի Պատմութեան Հիմնարկին մէջ

Իսթանպուլի Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին (Tarih Vakfı) մէջ Յու­նուա­րի 5-ի ե­րե­կո­յեան բանախօսու­թեամբ մը հան­դէս ե­կաւ «Թուր­քիոյ մէջ հա­յեր. յետ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­սա­րա­կու­թիւն, քաղաքականու­թիւն ու պատ­մու­թիւն» անգլերէն գիր­քին հե­ղի­նա­կը՝ Թա­լին Սու­ճեան։ Հիւրընկալ հիմ­նար­կին ա­նու­նով Կիւ­վէն Կիւր­քան Էօզ­թա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ այս հաւաքոյ­թը։ Հարկ է նշել, որ Թա­լին Սու­ճեան Մի­ւնի­խի «Լութ­ֆիկ Մաք­սի­մի­լիըն» համալսարա­նի Մեր­ձա­ւոր ու Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Հե­տա­զօ­տու­թեանց կա­ճա­ռին մօտ պաշտպանած էր վե­րո­յի­շեալ նիւ­թին մա­սին աւարտաճառ մը եւ այդ մէ­կուն անգ­լե­րէն բնագի­րը վեր­ջերս հրա­տա­րա­կուե­ցաւ նաեւ գիր­քի ձե­ւա­չա­փով (*)։ Նոյն աւարտաճառին հիմամբ կա­ռու­ցուած էր Թա­լին Սուճեա­նի բա­նա­խօ­սու­թիւ­նը, ո­րուն սկիզ­բին ան ո­գե­կո­չեց եւ յարգանքով վեր­յի­շեց «Ժամանակ»-ի հան­գու­ցեալ ե­րախ­տա­շատ աշ­խա­տա­կից­նե­րէն Վարուժան Քէօ­սէեա­նը, որ ու­սա­նո­ղու­թեան շրջա­նին կա­տա­րած հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար լուրջ օգ­նու­թիւն ցուցա­բե­րած էր ի­րեն նկատ­մամբ։
Թա­լին Սու­ճեան տուեալ­նե­րը ներ­կա­յա­ցուց՝ տա­րե­գիր­քե­րու, օ­րա­թեր­թե­րու, պար­բե­րա­կան մա­մու­լի, քա­ղա­քի պատ­մու­թիւն­նե­րու եւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի ար­խիւ­նե­րու բո­վան­դա­կած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հի­մամբ։
Բա­նա­խօ­սու­թեան ընթացքին ան մատ­նան­շեց, որ հա­յոց պա­րա­գա­յին Թուր­քիոյ մէջ եր­կար ժա­մա­նակ խնդրոյ ա­ռար­կայ էր նաեւ «ար­խի­ւի ու­րա­ցում» մը, ո­րով­հե­տեւ հայ­կա­կան աղբիւրնե­րը կը ստո­րագ­նա­հա­տուէին ու պե­տա­կան աղ­բիւր­նե­րը կը հա­մա­րուէին գե­րա­կայ, ա­ւե­լի հա­ւաս­տի։ Այդ մտայ­նու­թեան լոյ­սին տակ հա­ւաս­տի միակ աղ­բիւր­նե­րը կը համարուէին Օս­մա­նեան ար­խիւ­նե­րը։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, ըստ Թա­լին Սու­ճեա­նի, այս առու­մով տեղի ունեցան փո­փո­խու­թիւն­ներ։ Հա­յոց աղ­բիւր­ներն ու ան­հա­տա­կան վկայութիւննե­րը կամ յու­շե­րը սկսան ա­ւե­լի լուրջ վե­րա­բեր­մուն­քի ա­ռար­կայ դառ­նալ։ Ան բացատ­րեց, որ այդ բո­լո­րը մօ­տա­ւո­րա­պէս հա­րիւր տա­րիէ ի վեր կար­ծես գո­յու­թիւն չունենային։ Հե­ղի­նակ­նե­րը ար­դէն մա­հա­ցած էին եւ սիս­թե­մա­թիք ձե­ւով ա­նոնց նկատ­մամբ պա­հուած էր հե­ռա­ւո­րու­թիւն, իսկ այժմ ա­նոնց նկատ­մամբ որ­դեգ­րուած այդ հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը, վե­րա­պա­հու­թիւ­նը կը լքուի։ Այս կէ­տին վրայ Թա­լին Սու­ճեան շեշ­տեց հա­յե­րէ­նով ու մասնաւո­րա­պէս ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով աղ­բիւր­նե­րէն օգ­տուե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ կատարեալ պատ­կե­րա­ցում­ներ կազ­մե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Սու­ճեան ա­ռանձ­նա­պէս կա­րե­ւո­րեց նաեւ բա­նա­ւոր պատ­մու­թիւ­նը։ Նիւ­թը մեկ­նա­բա­նե­լու ժա­մա­նակ ան ընդգ­ծեց նաեւ, որ ցեղաս­պա­նու­թիւն մը ապրած աշ­խար­հագ­րա­կան տա­րածք մը չի կրնար եր­բեք վե­րա­դառ­նալ այդ ան­ցեա­լին։
Ե­լոյ­թին ընթացքին, Թա­լին Սու­ճեան յետ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան, Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նի կտրուած­քով հայ­կա­կան ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րու, աղ­բիւր­նե­րու փրկու­թեան տե­սան­կիւ­նէն երախ­տա­գի­տու­թեամբ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ հան­գու­ցեալ Վա­րու­ժան Քէօ­սէեա­նի ջան­քե­րուն շուրջ։ Ան հե­տաքրք­րա­կան բաղ­դա­տու­թիւն­ներ ը­րաւ զա­նա­զան տուեալ­նե­րու եւ ար­խիւ­նե­րու մի­ջեւ, մաս­նա­ւո­րա­պէս մեկ­նա­բա­նե­լով յետ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան շրջա­նի վե­րա­բե­րեալ պետական ար­խիւ­նե­րու տուեալ­նե­րուն բնոյ­թը։ Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նի ե­րե­ւոյթ­նե­րուն շուրջ խօ­սե­լով՝ ան ը­սաւ, թէ աշ­խար­հա­վար դրու­թեամբ նա­խա­տե­սուած էր հա­ւա­սար քաղաքա­ցիու­թիւն եւ նոյն շրջագ­ծով փոք­րա­մաս­նու­թիւ­ննե­րու հա­մայն­քա­յին սահմանադրութիւն­նե­րը ջնջուե­ցան, նե­րա­ռեալ հա­յոց Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը։ Սկզբնա­կան շրջա­նին նոյ­նիսկ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու մա­մու­լը շփո­թու­թեան մէջ էր՝ մասնա­ւո­րա­պէս հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րու վար­չա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան ա­պա­գա­յին վերաբերեալ նիւ­թե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։ Թա­լին Սու­ճեան այս կէ­տին վրայ կանգ ա­ռաւ մանաւանդ հոգե­լոյս Զա­ւէն Պատ­րիարք Տէր-Ե­ղիա­յեա­նի յու­շե­րուն եւ Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նի թրքահա­յոց ա­ռա­ջին պատ­րիարք հո­գե­լոյս Մես­րոպ արք. Նա­րո­յեա­նի յու­շե­րուն վրայ։ Այդ բոլո­րէն ետք ա­տե­նա­խօ­սը ընդգ­ծեց, թէ Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նի պատ­րիարք­նե­րը այլեւս չեն գրեր ի­րենց յու­շե­րը, մինչ Նա­րո­յեան Պատ­րիարք վեր­ջին ան­գամ գրած էր, թէ առան­ձին է եւ չու­նի Աս­տուծ­մէ զատ ա­պա­ւէն մը։
Ըստ Թա­լին Սու­ճեա­նի, 1926-էն ետք Ա­նա­տո­լուի՝ այ­սինքն հա­յաբ­նակ գա­ւառ­նե­րուն մէջ չմնաց ո­րե­ւէ բաց հայ­կա­կան վար­ժա­րան։ Հե­տե­ւա­բար, Լօզա­նի դաշ­նա­գի­րը գործ­նա­կա­նին մէջ միայն Իս­թան­պու­լի մէջ ի զօ­րու դար­ձած էր։ Զու­գա­հե­ռա­բար գա­ւա­ռի հա­յու­թիւ­նը տեղափո­խուե­ցաւ դէ­պի Պո­լիս, ուր կար­ծես ստեղ­ծուե­ցաւ «ներ­քին սփիւռք մը»։ Ի լրումն այս բոլորին, Սու­ճեան մատ­նան­շեց այդ շրջա­նի հայ մա­մու­լին մա­սին պատ­րաս­տուած եր­կար տե­ղե­կա­գիր­նե­րուն շուրջ, որ կը գտնուի պե­տա­կան աղ­բիւր­նե­րուն մէջ։ Նոյն­պէս ար­տա­սահ­մա­նի հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ որ­դեգ­րուած վե­րա­բեր­մունքն ալ մեկնաբա­նեց Թա­լին Սու­ճեան ու շեշ­տեց, թէ հայ մա­մու­լին կող­մէ այդ հանգ­րուա­նին ծաւալուած գործունէու­թեան նշա­նա­կու­թիւ­նը շատ էա­կան էր, պատ­մա­կան նիւ­թե­րու շուրջ հրա­տա­րա­կուած թեր­թօն վէ­պե­րով հան­դերձ։ Ան ընդգծեց, որ այդ շրջա­նի թերթե­րը լի էին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն տրուե­լիք ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րով, սա­կայն եր­բեք չի­րա­կա­նա­ցան այդ բո­լո­րը։ Ան դի­տել տուաւ, որ սահմանադրութիւն­նե­րու լիար­ժէք գոր­ծադ­րու­թեան ընդ­հա­տու­մով պատ­րիարք­նե­րու եւ համայն­քի յա­րա­բե­րու­թիւնն ալ սահ­մա­նա­փա­կուե­ցաւ լրջօ­րէն։
Բա­նա­խօ­սու­թեան ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ հար­ցում-պա­տաս­խան։

«Ժամանակ», 7 Յունուար 2016

(*) Talin Suciyan, The Armenians in Modern Turkey: Post-Genocide Society, Politics and History, London: I. B. Tauris, 2015. 

No comments:

Post a Comment