30-ամեայ Վահան Քերովբեան երաժիշտ
է «Մեծ պազար» նուագախումբին մէջ: Հիմնուած 2012-ին, այս նուագախումբը կը
բաղկանայ տարբեր ազգերու պատկանող (ֆրանսացի, հայ, թուրք, ամերիկացի) ութ
երաժիշտներէ, որոնք կը մեկնաբանեն աւանդական երաժշտութիւն եւ կը նուագեն
իրենց իւրայատուկ անձնական ստեղծագործութիւնները: Այս հարցազրոյցին մէջ,
Վահան Քերովբեան կ՚անդրադառնայ Թուրքիա եւ Հայաստան կատարած իր տարբեր
ճամբորդութիւններուն եւ կ՚արտայայտէ իր զզացումները այդ երկու երկիրներուն
մէջ ապրող հայերուն, ինչպէս նաեւ թրքական քաղաքացիական ընկերութեան
նկատմամբ: Ան նաեւ կը մեկնաբանէ «Մեծ պազար» նուագախումբին երգերուն բառերը
եւ կարծիք կը յայտնէ Սփիւռքի մէջ եւ այլուր ապրող հայերու ապագային
վերաբերեալ: Բաւական դրական խօսքեր, որոնք կը հակադրուին համայնքի մէկ
մասին յոռետեսութեան, որ կը կարծէ թէ հայկական ինքնութիւնն ու մշակոյթը ընդմիշտ անհետանալու ճամբուն վրայ կը գտնուին:
REPAIR - Որո՞նք են ձեր պապենական ակունքները։
REPAIR - Որո՞նք են ձեր պապենական ակունքները։
Վահան Քերովբեան – Հայրս Պոլիսէն է եւ իր
ծնողքը նաեւ պոլսեցի է, բայց իմ պապենական նախնիներս եկած են Փոքր Ասիոյ
չորս կողմերէն: Մայրս կէս հայ է, կէս ամերիկացի: Ան ծնած է Միացեալ
Նահանգներ եւ իր մեծ հայրն ու մեծ մայրը Սուրիոյ Քեսապ գիւղէն են: Անոր հօր
կողմէ ծագումը անգլիացի է, քիչ մը՝ սկովտիացի եւ քիչ մըն ալ՝ ալզասցի: Ես լաւ խառնուրդ մըն եմ:
Դուք հայկական համայքնի կեանքին մասնակցած էք շատ կանուխ տարիքին:
Դուք հայկական համայքնի կեանքին մասնակցած էք շատ կանուխ տարիքին:
Շատ ներգրաւուած էի Փարիզի միութենական
կեանքին մէջ, մասնաւորաբար «Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան եւ
ՄԿՆԻԿ ֆրանսական-հայկական կրթական աշխատանոցին մէջ, որուն մաս կազմեցի 5
տարեկանիս, այսինքն 1990-ին՝ իր հիմնադրութեան տարին: Ես այս աշխատանոցը
յաճախող երեխաներէն մէկն էի եւ իմ մանկութենէս մինչեւ չափահաս տարիքիս Շաբաթ օրերը հոն կ՚՚անցընէի: Իսկական ընկերային շրջանակ մըն էր, ուր կը
խաղայինք, կը մտածէինք եւ կը ստեղծագործէինք հայերէն լեզուով: Հոն կը
մեծնայինք կիսելով բազմաթիւ բաներ, հայերէնը ունենալով իբրեւ
հասարակաց հիմք: Ատիկա ինծի բնականաբար հաստատ հիմք մը տուաւ լեզուական
առումով, բայց նաեւ ՄԿՆԻԿ-ի մէջ ունեցայ ամէնէն մօտիկ ընկերներս: Աւելի
ուշ, չափահասներու բաժինը անցայ որպէսզի լեզուի եւ ընթերցանութեան նիստեր
վարեմ, ինչպէս նաեւ թատրոնի, սքեչներու եւ երաժշտութեան աշխատանոցներ:
Ի՞նչ կապեր ունիք Թուրքիոյ հետ:
Ի՞նչ կապեր ունիք Թուրքիոյ հետ:
Կար ժամանակաշրջան մը, 2006-էն 2010, երբ շատ կ՛այցելէի Թուրքիա, կարելիին չափ յաճախ։ Յայտնութիւն մըն էր:
Ինչո՞ւ:
Ինչո՞ւ:
Նախ՝ հայրս ծնած է Պոլիս: Ես հոն
ընտանիք ունիմ: Երկրորդ՝ հոն ծանօթացայ բազմաթիւ հայերու, որոնք մօտիկ
ընկերներ դարձան եւ անոնց միջոցով ծանօթացայ թուրքերու, քիւրտերու: Այս
ամբողջ ժամանակահատուածին, քոյրերս ու ես բաւական ընկերներ ունեցանք եւ կը
յաճախէինք Պոլսոյ կարգ մը առաջադէմ շրջանակներ: Ապա, 2008 թուականին,
քանի մը ընկերներով մեր առաջին ճամբորդութիւնը կատարեցինք արեւելք, դէպի
նախնիներուն հողերը:
Ի՞նչ տպաւորութիւն ունիք այս ճամբորդութեան վերաբերեալ:
Ի՞նչ տպաւորութիւն ունիք այս ճամբորդութեան վերաբերեալ:
Ան զիս բաւական ցնցեց, կը կարծեմ՝ շատ
մը ուրիշներ ալ: Ան նաեւ բաւական խանգարեց իմ չափանիշներս, եթէ նոյնիսկ զանոնք նուրբ կը գտնէի սկիզբէն, եւ կը կարծեմ որ պարագան նոյնն է Պոլսոյ
հայերու ժառանգորդներուն համար: Անոնց մօտ միայն «Թուրքիան իբրեւ թշնամի»
հասկացողութիւնը չկայ, այլ նաեւ՝ Թուրքիան իբրեւ վայր մը, ուր ծնած է հայրը
կամ մայրը, գեղեցիկ յիշատակներով,
իսկական մարդիկ, այլ ոչ միայն իբրեւ հրէշ նկատուած երկիր: Իմ չափանիշներս
որոշ չափով բաց էին, հակառակ Սփիւռքի մէջ մեր սորվածներէն սնուած ըլլալուն: Հասկացողութիւն մը ունէի եւ յանկարծ շատ բաներ կը հաստատուին:
Ի՞նչ կ՚՚՚ ուզէք ըսել:
Ի՞նչ կ՚՚՚ ուզէք ըսել:
Յստակօրէն ներկայ ատելութիւն կայ։ Պետութեան
մակարդակով, յստակ է թէ միշտ նոյն դիքորոշումը կը պահէ։ Ապա կայ ցաւը
հանդիպելու բանի մը, որուն անծանօթ էինք: Օրինակ՝ հնութիւններ տեսնել,
աղբիւրի մը հանդիպիլ, որուն վրայ հայերէն արձանագրութիւններ կան, կամ նաեւ մամիկ մը տեսնել, որ հայերէն կը խօսի: Այսպիսի վիճակներ ամէն ինչ կը
փոխեն, որովհետեւ վերացականը յանկարծ շօշափելիի կը վերածուի: Եւ
անսպասելիօրէն յայտնուած այս իրականութեան դիմաց չենք գիտեր, թէ ինչ պէտք է
ընենք սկիզբը: Այդ պատճառով ես սկսայ աւելի յաճախ այցելել:
Տարուէ տարի տարբեր զգացումներ
կ՚՚ունենայի, իւրաքանչիւր անգամ ճամբորդելով տարբեր մարդոց հետ: Ի վերջոյ յաջողեցանք շօշափելի գործերու անցնիլ: Սկիզբը որոշ
յայտնաբերման հանգրուանն էր, ապա քոյրերուս եւ բարեկամներուս հետ մենք
մասնակցեցանք Հաւաւի աղբիւրի վերակառուցման, «Հրանդ Տինք»ի հիմնադրամի
անդամներուն հետ: Ասիկա մեզի առիթ տուաւ որոշ շօշափելի բան մը իրականացնել,
ինչ որ կը նշանակէ փորձել զգալ իբրեւ մաս մը իրականութենէն եւ ոչ միայն
տարօրինակ ականատեսներ, որոնք ոչինչ կ՚ընեն:
Նման զգացում մը ապրեցայ «Մեծ Պազար»
նուագախումբին հետ անցեալ տարի, երբ կազմակերպեցինք շրջագայութիւն մը, որ
սկսաւ Պոլիսէն եւ հասաւ Երեւան ու իր շրջակայքը՝ անցնելով Էլազիկէն,
Տիարպեքիրէն, Մարտին, Տերսիմէն, քաղաքներ որոնք նախապէս այցելած էի:
Անգամ մը եւս զգացի, որ շօշափելի գործ մը կ՚ընեմ այնտեղ, շփումի մէջ էինք
մարդոց հետ եւ կը կիսէինք ինչ որ կ՚՚ընէինք: Այս փոքր քայլերը օգնեցին այս
փորձառութիւնը աւելի գործնականի վերածել:
Ի՞նչ ըմբռնում ունէիք Թուրքիոյ հանդէպ նախքան ձեր այցելութիւնը:
Ի՞նչ ըմբռնում ունէիք Թուրքիոյ հանդէպ նախքան ձեր այցելութիւնը:
Այն վախը կար, թէ կրնայ վտանգաւոր ըլլալ:
Իրականութեան մէջ, եթէ իբրեւ հայ ուշադրութիւն չընենք, կրնանք գտնուիլ ոչ
նուազ տհաճ կացութիւններու մէջ, նոյնիսկ եթէ հիմա կացութիւնը աւելի վատ է
քիւրտերուն համար: Բայց կան մարդիկ, որոնք կը վախցնեն (խնդուք), կամ՝
կացութիւններ , որոնք վախ կը յառաջացնեն եւ որ կրնանք ունենալ իբրեւ
սփիւռքահայ: Այս վախը, տեղւոյն վրայ, կը վերածուի որոշ գիտակցութեան,
զարթնումի, որ լաւ է նկատի առնել առանց ամբողջովին անոր յանձնուելու:
Թուրքիան, հակառակ ամէն ինչին, որ զիս կը
գրաւէ -- բազմաթիւ բաներ -- ընդհանուր առմամբ կը զգամ, որ կը
մնայ բաւական թշնամական երկիր: Ընդհանրապէս քիչ թիւով լաւ լուրեր կան Թուրքիոյ մասին լուրերուն մէջ: Երկիր մըն է, որ միեւնոյն ատեն զիս կը քաշէ եւ
կը զայրացնէ եւ շատ աւելի՝ զայն ներսէն ճանչցնալէս ի վեր: Այսօր՝
ընտրութիւններու արդիւնքները կամ այս տեսակի լուրեր՝ բարեկամներու վերաբերող իրադարձութիւններ են: Տիարպեքիրի կամ այլ տեղերու ռմբահարումները մեզ աւելի կը ցնցեն, որովհետեւ անոնք ծանօթ վայրեր դարձած
են:
Կը հետեւի՞ք թրքական նորութիւններուն: Եթէ այո, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Թուրքիոյ զարգացումը եւ յատկապէս քաղաքացիական շրջանակը:
Կը հետեւի՞ք թրքական նորութիւններուն: Եթէ այո, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Թուրքիոյ զարգացումը եւ յատկապէս քաղաքացիական շրջանակը:
Կացութիւնը բաւական յուսահատական է,
հակառակ բոլոր տեսանելի ճիգերուն: Թուրքիոյ մէջ մեծ թիւով ճիգեր միշտ ալ
տեղի ունեցած են: Հակառակ բոլորին, շատ դժուար է ունենալ ժողովրդավարութեան
յոյս, եթէ իսկական փոփոխութիւն չկատարուի համակարգի մակարդակին:
Հակառա՞կ քաղաքացիական ընկերութեան մէջ նկատուող բոլոր շարժումներուն:
Հակառա՞կ քաղաքացիական ընկերութեան մէջ նկատուող բոլոր շարժումներուն:
Այս շարժումները, որոնցմէ ոմանք մեծ
քաջութիւն ցոյց կու տան, շուքի մէջ կը ձգուին, նոյնիսկ կը ճզմուին: Պէտք է
գոյատեւեն, ուրիշ ճար չկայ, իրենց վտանգներով վստահաբար: Ասիկա կը ստեղծէ
փոփոխութիւն մը: Մարդիկ աւելի անձնակա՛ն եւ
նուազ ազգային գիտակցութիւն մը կը շահին: Կը հաւատամ եւ կը յուսամ, որ աւելի ազատ մտածելակերպի
հետեւողներուն թիւը կ՛աճի հետզհետէ, մարդիկ, որոնք առանձին կը մտածեն առանց
գերի ըլլալու ազգայնական կամ իսլամանական հաւատանքի, կամ ուրիշի: Բայց այս
հիմնական սկզբունքները մեծ մասամբ կը տիրեն Թուրքիոյ մէջ, որովհետեւ
ընկերութիւն մըն է, որ ամբողջովին հիմնուած է այս սկզբունքներուն վրայ:
Ուրեմն դժուար է լաւատես ըլլալ: Սակայն, յոռետես ըլլալով բնաւ չենք կրնար
յառաջանալ:
Ինչպէ՞ս կը նկարագրէք Պոլսոյ հայերը:
Ինչպէ՞ս կը նկարագրէք Պոլսոյ հայերը:
Այն տպաւորութիւնը ունիմ, թէ տարբեր
շարժումներ կան: Եթէ ոմանք, Հրանդ Տինքի նման, ընկերութեան եւ իշխանութեան
առջեւ կը յայտնուին իրենց քաղաքական, զինուորական կամ մշակութային
գործունէութեամբ, ապա ուրիշներ բոլորովին խորհրդապահ եւ լուռ են: Չեմ
կարծեր, որ կրնանք զանոնք դատել իբրեւ վախկոտներ, որովհետեւ իրականութեան մէջ
երկիր մըն է, համակարգ մըն է եւ ընկերութիւն մըն է, որ զանոնք ճնշումի
կ՛ենթարկէ: Հետեւաբար, մենք հոն լաւ նկատուած չենք, եթէ աշխոյժ
դիմադրութիւն կ՛ընենք, կամ ալ՝ կրաւորական դիմադրութիւն, ինչ որ կը նշանակէ
գաղտնօրէն գործ ընել: Կը հաւատամ որ բազմաթիւ հայեր, որոնք
քաղաքական դիմադրութիւն չեն ցուցաբերեր, իւրաքանչիւրը իր ձեւով մշակութային
դիմադրութիւն կը ցուցաբերէ: Անոնք կը պահպանեն հայ ըլլալու գաղափարը,
աշխոյժ կը պահեն կազմակերպութիւնները, իրենց ընտանիքները... բան մը կայ, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի: Ասիկա նաեւ դիմադրութիւն է: Վախնան թէ
ոչ, ի վերջոյ գոյութիւն ունին: Այս շարժումները թերեւս կը հակասեն
զիրար գետնի վրայ, սակայն նաեւ զիրար կ՛ամբողջացնեն:
Հայաստանին ծանօ՞թ էք։
Հայաստանին ծանօ՞թ էք։
Հայաստանը ճանչցայ «Երկիր եւ Մշակոյթ»
կազմակերպութեան գործունէութեան ընդմէջէն, որ ինծի առիթ տուաւ գիւղական
Հայաստանը բացայայտելու: Կը կարծեմ որ երկիրը աւելի լաւ ճանչցայ քան եթէ
Երեւան մնացած ըլլայի: Մայրաքաղաքը ճանչնալ, յատկապէս անոր կեդրոնը, չի
նշանակեր Հայաստանը ճանչնալ: Մնացեալը յամենայնդէպս շատ տարբեր է:
Հայաստան այցելելէ առաջ, ինչպէ՞ս կը դիտէիք երկիրը:
Հայաստան այցելելէ առաջ, ինչպէ՞ս կը դիտէիք երկիրը:
Ինծի համար շատ վերացական երկիր մըն էր:
90-ական թուականներուն, հայրս Հայաստան այցելած էր, որուն միջոցով ես
կազմած էի այն գաղափարը, թէ Հայաստան փոքր երկիր մըն էր, բաւական տարբեր,
հարուստ՝ մշակութային աղբիւրներով եւ եզակի տեղեկութիւններով, որոնք
Հայաստան այցելութիւնը իւրայատուկ կը դարձնէին: Եւ հայաստանցիները, որոնք
Ֆրանսա կու գային, կու տային առաջին ըմբռնումը, թէ այնտեղ ինչպէս է:
Աւելին, ինչպէս Թուրքիոյ հանդէպ, շարք մը նախապաշարումներ
ալ կան Հայաստանի նկատմամբ: Միեւնոյն ժամանակ դրական եւ ժխտական նախապաշարումներ.
ինչ որ հոն գտնենք վաւերական մշակոյթ է/ շատ տարբեր են, ամէն ինչ բացառիկ
է/անոնք խաբեբաներ են, եղբայրներ ենք/նոյն լեզուն չենք խօսիր... Կայ նաեւ
այն խօսքը թէ հիմա մեր հայրենիքը այն կողմն է, ուրիշ ոչինչ կայ, պէտք է
բոլոր գրաւները անոր վրայ դնել... Ամէն ինչ կ՛ըսուի Հայաստանի
վերաբերեալ:
Հայաստանի հայերուն մօտիկ կը զգա՞ք:
Հայաստանի հայերուն մօտիկ կը զգա՞ք:
Կախում ունի: Կ՚ըսեմ այո, կը զգամ որ քոյրեր եւ եղբայրներ ենք այն առումով, որ կը բաժնենք մշակոյթը, անցեալը եւ կը յուսամ՝ ապագան:
Կը բաժնենք ներկան կարելի եղածին չափով: Պատկանելիութիւն կը զգամ, աւելի քան
ոչ-հայերու հետ: Ի վերջոյ, ասիկա կրնայ ամէն ինչ եւ ոչինչ ըսել: Եթէ
ընդհանրութիւններու վրայ մնանք, կրնամ հաստատել, թէ աւելի քիչ կիսելիք բան ունիմ հայաստանցիի մը հետ, քան հալէպցիի մը կամ պէյրութցիի մը հետ, կամ
նոյնիսկ աւելի քիչ, քան որեւէ ծագում ունեցող արիզցիի մը հետ:
Բայց անհատապէս, ուրեմն իրականութեան մէջ, ասիկա կրնայ շրջուիլ:
Շատ դիւրին պատասխան ունեցող հարցում մը չէ:
Ինչ կը վերաբերի ձեր «Մեր Հայրենիքը» երգին, որ կ՛անդրադառնայ այն սփիւռքահայերուն որոնք Հայաստան կ՚՚այցելեն միայն «քէֆ»ի համար... Ինչո՞ւ այսպիսի երգ մը:
Ինչ կը վերաբերի ձեր «Մեր Հայրենիքը» երգին, որ կ՛անդրադառնայ այն սփիւռքահայերուն որոնք Հայաստան կ՚՚այցելեն միայն «քէֆ»ի համար... Ինչո՞ւ այսպիսի երգ մը:
Այս երգը գրած է Սեւանան, որ ձեռնադաշնակ
նուագող եւ երգչուհի է «Մեծ պազար» նուագախումբին մէջ: Բաւական ուղիղ
բնագիր մըն է, որ չ՚՚անցնիր չորս ճամբաներէ բաւական անկեղծ խօսք
մը ըսելու համար: Այս երգին մէջ մեր խօսքը կ՚ուղղուի այն զանգուածին, որ ամառը Հայաստան
կ՚այցելէ եւ ետ կը դառնայ,
կարծես թէ «քէֆ»է բացի ուրիշ բան չկար: Ասիկա երեոյթ մըն է, որ կը
տեսնենք մեր կամ մեր ընկերներուն մօտ: Այս իմաստով, հոգիները արթնցնելու նպատակ մը կայ։ Անշուշտ, բազմաթիւ սփիւռքահայեր կան, որոնք այդպէս
չեն ...
Ի՞նչ կ՚ուզէք ըսել այս նշանաւոր զանգուածին:
Կը կարծեմ, որ այս երգը կը մղէ քիչ մը
գաղափարները տապալելու: Ուզեցինք արտայայտուիլ անհանգստացնող երեւոյթի մը
մասին: Մենք կը խօսինք նաեւ մեր անձնական փորձառութենէն, առնուազն՝
նուագախումբի հայերուն համար: Մենք չենք ըսեր հետեւեալը. «Մենք գիտենք եւ
դուք չէք գիտեր, մենք ամէն ինչ ճիշդ կ՚ընենք եւ դուք ոչ»: Մենք
եզրակացութիւն մը կը հանենք եւ կոչ կ՚ուղղենք մտածելու եւ գործելու:
Երգին վերջաւորութեան, կ՚՚երգէք հետեւեալ բառերը. «ապստամբութիւն, խաղաղութիւն, վստահութեան վերականգնում....»: Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա:
Երգին վերջաւորութեան, կ՚՚երգէք հետեւեալ բառերը. «ապստամբութիւն, խաղաղութիւն, վստահութեան վերականգնում....»: Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա:
Ասիկա ընդհանուր փաստ մըն է ուր կը խօսինք
ե՛ւ սփիւռքի, ե՛ւ Հայաստանի մասին: Առանց զիրենք ուղղակի կապելու
ներկայ քաղաքական շարժումներուն, մենք կ՚արտայայտուինք ի նպաստ
ապստամբութեան, գործի գաղափարին, արմատաւորուած լճացման դէմ: Մտածելակերպ
մըն է, զոր կը փորձենք պաշտպանել: Ասոնք շօշափելի առաջադրանքներ չեն
միանալու որոշ շարժումի մը, կամ պաշտպանել այսինչը կամ այնինչը:
«Հարիւր առ հարիւր» երգը, որուն մէջ կ՚արծարծէք հայկական ինքնութեան բնաբանը, արդեօք գրգռութի՞ւն է կամ փափաք մը քիչ մը բացայայտելու այն ինչ որ ոչ ոք կ՛ըսէ հրապարակաւ:
«Հարիւր առ հարիւր» երգը, որուն մէջ կ՚արծարծէք հայկական ինքնութեան բնաբանը, արդեօք գրգռութի՞ւն է կամ փափաք մը քիչ մը բացայայտելու այն ինչ որ ոչ ոք կ՛ըսէ հրապարակաւ:
Գրգռութիւն՝ այո, բայց ոչ ձրի: Գրգռութիւն մը զիս թեթեւցնելու, մեզ թեթեւցնելու: Ամէն անգամ որ այս երգը կը
մեկնաբանենք բեմին վրայ, զայրոյթ կ՚՚արթննայ մէջս, որ կը սնուցէ իմ
մեկնաբանութիւնս: Դրական զայրոյթ մը՝ երգիծանքով լի: Երբ մարդիկ կը լսեն
ասիկա, կը խնդան, անոնք կը ճանչնան այս խօսքերը: Սփիւռքի մէջ ամէն մարդ կը
ճանչնայ այս կերպարը, զոր ես կը սիրեմ մեկնաբանել եւ զիս կը խնդացնէ: Անոր
բառերը ստեղծուած են իմ լսածներէս։
Ասիկա բաւական շնական (cynical) երգ մըն է: Ինծի
համար այդ կերպարը, որ կը մարմնաւորեմ, բան մը չէ որ կ՚ուզեմ քննադատել, բան
մըն է, որուն վրայ կ՚՚ուզեմ խնդալ: Կը կարծեմ որ կրնանք անոր մասին երգ ստեղծել եւ
ծիծաղիլ, որովհետեւ այն ինչ որ կ՚ըսեմ երգին մէջ երեւոյթներ են որոնց համար
յաճախ կու լանք. «Այլեւս հայերէն չենք խօսիր, ոչ-հայերու հետ կը պսակուինք,
կ՚ընենք ասիկա, կ՚ընենք ասիկա....»: Բայց եթէ ծիծաղինք այս խօսքերուն
վրայ, խորհրդաւորութիւնը կը պակսեցնենք:
«Հայկական ինքնութիւնը միայն երշիկ եւ լաւաշ հաց չէ»: Իսկապէս այդպէ՞ս կը կարծէք:
Ասիկա ընդհանուր փաստ մըն է, որ շատ
տարածուած է, ոչ թէ այս ճշգրիտ բառերով, եւ ընդհանրացած չէ: Բազմաթիւ հայեր
կան որոնք միայն երշիկ եւ լաւաշ չեն, եւ կարելի է գտնել այլ
չափանիշներ: Մեր պատմութեան պատճառով, ատիկա յաճախ ճիգ մըն է հանգիստ զգալու
իբրեւ հայ, բան մը չէ որ այդպէս կու գայ: Երբ միջոցները չունինք այդ ճիգը
ընելու կամ չենք գիտակցիր, որ այս հարցը գոյութիւն ունի, ասիկա պատահական
չ՚ըլլար: Բազմաթիւ տարրեր կորսուած են եւ կը կորսուին, բայց միշտ ալ նոյն
պարագան եղած է: Անձնապէս, շատ չափանիշներ կը գտնեմ իմ շուրջս:
Բախտաւորութիւնը ունիմ հայերէն լեզուին տիրապետելու, ինչ որ կը մաղթեմ
գալիք սերունդներուն: Որեւէ լեզուի տիրապետումը գործիք մըն է հասնելու
մշակոյթին:
«Այլեւս ոչ ոք մեր ազգը կը մարմնաւորէ»: Ի՞նչ կ՚՚՚՚ուզէք ըսել այս խօսքերով:
«Այլեւս ոչ ոք մեր ազգը կը մարմնաւորէ»: Ի՞նչ կ՚՚՚՚ուզէք ըսել այս խօսքերով:
Լայն առումով, ասիկա կը
նշանակէ որ այլեւս զինուորներ չկան այս ազգին համար: Իրականութեան մէջ, ընդհանրացած դիրքորոշում մը կայ, յատկապէս համայնքներու ազդեցիկ դէմքերուն
կողմէ, որ նշուած խնդիրները՝ լեզուն խօսիլ, ցոյցերու մասնակցիլ, եկեղեցի
յաճախել, հայու հետ պսակուիլ, եւ այլն, կը վերածէ ազգային պարտականութեան
առարկայի մը, քան թէ հարցերու, որոնք պէտք է լուծուին աւելի բնական, աւելի
դրական ձեւով: Ինչ որ իմ կերպարս կը զայրացնէ այն է, ինչ որ կը լսենք այն
մարդոցմէ, որոնք կ՛ուզեն հայերը փրկել, բայց որոնց եզրակացութիւնը այն է, որ
շատ ուշ է եւ պիտի չհասնինք մենք մեզ փրկել.... Ես ասոր հակառակը կը մտածեմ,
բայց իմ կերպարս ատոր կը հաւատայ:
Ի՞նչ եղանք այսօր: Ինչպէ՞ս էինք նախապէս: Կրնա՞ք այս խօսքերը մեկնաբանել:
Ի՞նչ եղանք այսօր: Ինչպէ՞ս էինք նախապէս: Կրնա՞ք այս խօսքերը մեկնաբանել:
Ունինք մեծ ժառանգութիւն մը, որուն չենք յաջողիր հոգ տանիլ այսօր: Բայց երբ այս խօսքը ըսենք, անտեսած կ՛ըլլանք բազմաթիւ
մարդիկ, որոնք ամբողջովին կ՚ապրին մշակոյթը, մատչելիութիւն ունին եւ որոնք
կը ստեղծագործեն: Աւելի եւ աւելի, իմ սերունդէս հայերու կը հանդիպիմ ամբողջ
աշխարհէն, որոնք շատ լաւ հայերէն կը խօսին, անկախաբար՝ Միջին
Արեւելք ծնած ըլլալէ կամ ոչ, եւ որոնք իմ կարծիքովս պիտի կազմեն ապագան գալիք
մտաւորական վերնախաւին, որուն համար շատեր կը մտահոգուին: Մենք այժմ աւելի
նուազ կը մտահոգուինք կամ աշխոյժ կը պահենք հայկական մշակոյթը, բայց
արդեօք վստա՞հ ենք: Յոռետես խօսակցութիւն մը կայ, որ կը կարծեմ, թէ ո՛չ մէկ բանի կը
ծառայէ, ինչ որ նաեւ կը ծաղրեմ իմ երգիս մէջ:
Ձեր խօսքերը իսկապէս դրական են համայնքի ապագային վերաբերեալ:
Ձեր խօսքերը իսկապէս դրական են համայնքի ապագային վերաբերեալ:
Առաջին հերթին, հակազդեցութիւն մըն է այն
ամէն ինչին որ կը լսեմ իմ շուրջս, որովհետեւ եթէ նոյնիսկ ճիշդ է որ ամէն
ինչ պիտի փլի, ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ ատիկա ըսելը: Ինչո՞ւ գուշակել աւարտը: Ասիկա միայն կը յառաջացնէ վհատութիւն, մարդիկ կ՚անջատէ եւ
երիտասարդները, որոնք ասիկա կը լսեն եւ արդէն բաւական համոզում չունին
հակառակը մտածելու, կը ձգեն ու կ՚երթան առանց նոյնիսկ փորձելու: Հետեւաբար, կը հաւատամ
որ պատասխանատուութեան բացակայութիւն կայ այս խօսքերուն մէջ: Շատ մարդիկ կը
կառչին այս խօսքերուն:
Ի վերջոյ, կը կարծեմ որ դժուարութիւն
ունինք փոփոխութեան հետ, ետ ձգելու որոշ բան մը, վստահելու եւ ըսելու թէ
իրականութեան մէջ շատ տարրեր կը կորսուին... Միեւնոյն ժամանակ, ի՞նչ
կ՛ուզէք որ ընենք: Ինչ որ կորսուած է ցեղասպանութեան ընթացքին կարելի չէ
վերականգնել: Շատ բաներ անհետացան եւ այսպէս ալ կը շարունակուի: Սակայն,
պէտք չէ թքնել մեր այսօրուան ունեցածին վրայ: Եթէ իսկապէս նայինք, եթէ
նայինք ո՞ր աստիճան հայերը աշխոյժ են բազմաթիւ մարզերու մէջ, պիտի տեսնենք թէ շատ բան կայ յարատեւելու համար։
Repair (repairfuture.net), 15 Յունուար 2016
(Թարգմանութիւնը խմբագրուած է «Հայկականք»ի կողմէ)
No comments:
Post a Comment