28 Դեկտեմբեր 2015ին Սփիւռքի մշակոյթը կորսնցուց բազմավաստակ դերասան եւ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանը, որ
տասնամեակներ շարունակ իր անջնջելի դրոշմը դրած էր լիբանանահայ թատերական
կեանքին վրայ:
1965-ին վերադարձած է Լիբանան եւ մաս կազմած Համազգայինի «Լեւոն Շանթ»
թատերախումբին: Երկու տարի ետք հիմնած է «Թատրոն 67» թատերախումբը:
Տարիներու ընթացքին «Թատրոն 67» եւ Համազգային «Գասպար Իփէկեան»
թատերախումբին հետ ներկայացուցած է «Սալեմի վհուկները», «Գինը», «Կամուրջէն
դիտուած», «Բոլոր զաւակներս», «Երկրորդ պողոտայի բանտարկեալը», «Կայսրը»,
«Հին աստուածներ», «Հանրային պարտէզի մէջ ոտաբոպիկ», «Երկնքի ճամբով», «Մեծ
վարպետ Սոլենս», «Մինչեւ ո՞ւր», «Վենետիկի վաճառականը», «Շեփորդ
հնչեցուր», «Մարա Սատ», «Վերակացուն», «Վենետիկեան երկուակներ», «Շերի
նուար», «Բլրեցի Եփէն», «Ալաֆրանկա», «Հայաստանի լեռներուն սրնգահարը»,
«Արեւելեան ատամնաբոյժը» եւ շարք մը այլ ներկայացումներ:
Վ. Խտըշեան անգլերէնէ հայերէնի թարգմանած է 22 թատերական կտորներ:
Վ. Խտըշեան
1979-էն 1987-ին Հայաստանի մէջ կատարած է 5 բեմադրութիւններ եւ 1987-ին արժանացած «Պետրոս Ադամեան» շքանշանին (կը համարուի առաջին սփիւռքահայը, որ այս շքանշանը ստացած է խորհրդային ժամանակաշրջանին):
Վ. Խտըշեան աւելի քան 20 տարի Լիբանանեան համալսարանին մէջ դասաւանդած է
թատերական արուեստը: Երկար տարիներ ստանձնած է Համազգայինի «Գասպար
Իփէկեան» թատերախումբի ղեկավարութիւնը:
2000-ին Մեծի Տանն
Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ պարգեւատրուած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»
շքանշանով, իսկ Համազգայինի Կեդրոնական
վարչութեան կողմէ` Համազգայինի շքանշանով: 2004-ին պարգեւատրուած է Լիբանանեան Համալսարանի Գեղարուեստի բարձրագոյն հիմնարկին շքանշանով, իսկ
2008-ին ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան ոսկի մետալը եւ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանը՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ձեռամբ:
«Ազդակ», 29 Դեկտեմբեր 2015
No comments:
Post a Comment