21.12.15

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի ԼԵ. (35րդ) հատորի շնորհանդէսը

Երեւանի, Թիֆլիսի եւ Ջաւախքի մէջ Նոյեմբերի սկիզբը տեղի ունեցած շնորհանդէսներէն ետք, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 35րդ հատորի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ, Չորեքշաբթի 9 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00ին Հայկազեան Համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ հայագիտութեամբ եւ մշակոյթով հետաքրքրուող մտաւորականներու, Հանդէսի աշխատակիցներու, բարեկամներու եւ Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի:
Ձեռնարկին բացման իր խօսքին մէջ, Հանդէսի խմբագրակազմի անդամ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, մատնանշեց որ ձեռնարկը կը դրսեւորէ քառակի տօն.- Հայկազեան Համալսարանի 60ամեակ, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 35րդ հատոր, Հանդէսին հրատարակութեան 45ամեակ եւ Հայաստանէն ներս շնորհանդէսներով անոր ներկայութեան 15ամեակ։
Դոկտ. Իւրնէշլեան ընդգծեց, որ «հայագիտութիւնը ծանր նիւթ է, պարտաւորեցնող ասպարէզ ու նաեւ կիրք է», ու աւելցուց որ այդ կիրքով «յաջողեցանք մօտաւորապէս 15,000 էջ, առաւելաբար հայագիր՝ հայագիտական բազմապիսի ուսումնասիրութիւններ մատուցել առ որ անկ է»։ Ան ընդգծեց որ Հանդէսի 35 հատորանի շարքին ամէնէն ծաւալունն է այս մէկը, որ նուիրուած է հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան հարիւրամեակին. «հազարի հասնող էջերը ապացոյց են, թէ նոյնիսկ, կամ մանաւանդ հարիւր տարի ետք, որքա՜ն բան կայ պեղելիք, ուսումնասիրելիք, գրելիք, եւ թէ՝ Եղեռնի ահաւորութիւնը, դար մը ետք դեռ կը պահէ սոսկալիի գերագոյն չափերը, իր ուղղակի եւ անուղղակի հետեւանքներով», շեշտելով որ 100ամեակի զանազան հրատարակութիւններուն մէջ յատուկ տեղ պիտի գրաւէ ան:
Հատորը ներկայացնելու համար ամբիոն բարձրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սարդարապատի Ազգագրական Թանգարանի գիտաշխատող ազգագրագէտ Խորէն Գրիգորեան:
Գրիգորեան թեմատիկ խմբաւորման ենթարկեց հատորին մէջ տեղ գտած բոլոր նիւթերը, անդրադարձաւ անոնց յատկանիշերուն եւ զանոնք տեղաւորեց Հայոց Ցեղասպանագիտութեան ու միջազգային ցեղասպանագիտութեան համապատկերին վրայ:
Իր մանրամասն վերլուծութիւնը ան եզրափակեց շարք մը հետազօտական վերնագրերու առանձնացումով, ինչպէս՝ ա) Աղէտի հաւաքական ուժը, բ) Առանց պատճառի մորթուածներ, գ) Յեղաշրջական շարժումը եւ Ատանայի կոտորածը, դ) Արեւելահայութեան ցեղասպանութեան թրքական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները, ե) Որբահաւաքն ու թուրքացման մեքանիզմները, զ) Մշակութային Եղեռնը եւ անոր դրսեւորումները, է) Տերսիմեան զեկոյցները, ը) Ջարդաբանութիւն:
Իսկ անդրադառնալով հատորի հեղինակներուն աշխարհագրական տարածականութեան, Գրիգորեան ընդգծեց. «Այստեղ կարելի է տեսնել Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարբեր հատուածների հայերի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: Թէ ինչպիսի հարցադրումներ են առաջարկում եւ ինչպիսի լուծումներ են փորձում գտնել՝ բոնորոշում է տուեալ տարածքի հեղինակի ընդհանուր պատկերացումները սոյն խնդրի վերաբերեալ»:
Հուսկ, ան հաւաստեց որ հատորը «մեծ նշանակութիւն պէտք է թողնի ապագայում մի կողմից հայագիտական հետազօտութիւնների ասպարէզում նոր ուսումնասիրողների համար եւ միւս կողմից փորձ է միջազգային ցեղասպանագիտական համատեքստում Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հետազօտական նիւթերի պատրաստման համար: Կարեւորութիւն կարելի է համարել այն փաստը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ե՛ւ ցեղասպանագիտական ե՛ւ հայագիտական տեսանկիւնները ներառուած են այս հատորի մէջ: Որոշակի թերացումները կապուած են զգացական այս ոլորտի հետազօտման հետ, իսկ առաւելութիւնը սոյն հատորի արդէն եղելութիւն լինելն է»:
Խօսք առնելով, դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան համառօտակի պատմականը ըրաւ հանդէսին՝ Երեւանի մէջ պաշտօնական ներկայացումին ու շնորհանդէսներուն եւ նկարներով ներկայացուց Երեւանի, Թիֆլիսի ու Ջաւախքի մէջ կայացած նորագոյն շնորհանդէսները:
Հանդիսութեան աւարտի իր խօսքին մէջ, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վերապատուելի դոկտոր Փօլ Հայտօսթեան շնորհաւորեց հայագիտութեան այս նոր բերքը եւ նշեց, որ «հատորը համեստ թիւով սակայն հսկայ նուիրումով եւ տեսիլքով պատրաստուած հատոր է», հաւաստելով որ «հատորին բոլոր էջերը մեզ կը մղեն գնահատելու մեր Հանդէսի այս թիւը ցեղասպանութեան 100ամեակի նշումի տարուան մէջ: Յատուկ գնահատելի կէտերէն մէկը այն է, որ սփիւռքը չունի հայատառ կարեւոր հանդէսներ»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց խմբագրակազմին, ինչպէս նաեւ ներկաներուն եւ ընդգծեց որ «Յիշելու եւ Պահանջելու ակնյայտ մտքերէն անդին, այս հատորը կ'աւելցնէ շարունակաբար պրպտելու, քննելու, վերլուծելու, բաղդատելու եւ համադրելու մեր պատասխանատուութիւնը որպէս համալսարանական գիտաշխատողներ եւ աշխարհատարած գործակիցներ»։ Ան վկայակոչեց հատորին խմբագրական խօսքէն, թէ «մեծ կարեւորութիւն ունի քննելը թէ անցեալէն ինչպիսի դասեր քաղելու կարելիութիւնը կայ այսօր, եւ ժամանակներու փոփոխութեամբ ինչն է պատմութեան, քաղաքականութեան, մշակոյթին մէջ որ կը կրկնուի շարունակ, եւ ինչն է որ վերջնականապէս կը վերանայ»: Նոյն առումով, Վեր. Հայտօսթեան ակնարկեց վերջերս Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատունէն լոյս տեսած երկու այլ հրատարակութիւններու՝ Փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեանի, The Musa Dagh Armenians: A Socioeconomic and Cultural History 1919-1939, որով «ընթերցողը անպայման պիտի ուզէ բաղդատել Մուսա Լերան անցեալը՝ ներկայի կամ ապագայի Քեսապի կամ Հալէպի կացութեան հետ: Իսկ երկրորդը Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի մէկ աշխատութիւնն է լիբանանահայութեան պատմութեան վերաբերեալ»:
Հուսկ, ան կոչ ըրաւ որ «աւելի մեծ թափով ու սլացքով ուղղուինք ապագայ»: Շնորհանդէսի աւարտին, ներկաները ելան Համալսարանին բակը, ուր հատորի յօդուածագիրները եւ խմբագրակազմը միասնաբար հատեցին աւանդական կարկանդակը։


No comments:

Post a Comment