29.6.15

Հայկական հետքը կը ջնջուի Մուշի մէջ



Մշոյ Քալէ թաղամասը գտնուող 1600-ամեայ հայկական գերեզմանատունը աւերակի վերածուած է` գանձերու գողերու եւ լքուած վիճակի հետեւանքով: Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը, վկայակոչելով «Տիճլէ» լրատուական գործակալութիւնը:
1915էն Մուշի մէջ 299 եկեղեցի, 94 վանք, 53 ուխտավայր եւ 135 դպրոց կային, ուր կ՚ուսանէին 5.669 սաներ: «Տարօնի/Մուշի հայերու համերաշխութեան, ընկերային եւ զբօսաշրջութեան միութեան» նախագահ Հայրեթթին Ասլանը, ուշադրութիւն հրաւիրելով այն փաստին վրայ, որ թրքական պետութեան գիտակցաբար վարած քաղաքականութեան միջոցով կ՚ուզեն այս շրջանին հայոց պատմութիւնը անհետացնել, ընդգծեց, որ նաեւ քաղաքին պատմական յիշողութիւնը կը ջնջուի:
Ասլանը, յայտնելով, թէ գերեզմանատունը 1600 տարուան պատմութիւն ունի, նշեց, թէ ամբողջ ժողովուրդի մը պատմութիւնը կանգնած է վերանալու վտանգին դէմ յանդիման:Ան աւելցուց, որ գանձագողերը եւս մեծ վնաս են հասցնում գերեզմաններուն. Ընդգծելով, որ հայերն ու քիւրտերը խաղաղօրէն ապրած էին Մուշի մէջ կոտորածներէն առաջ, ան ըսաւ. «Եթէ կ՚ուզենք խաղաղութեան, սիրոյ եւ յարգանքի մթնոլորտի մէջ
ապրիլ, ապա պէտք է տէր կանգնին հայոց պատմութեան»:
Ան նաեւ յայտնեց, այլ հայկական յուշարձաններ եւս կան Մուշի մէջ, որոնք նաեւ կ՚անհետանան, եւ նշեց. «1915 թուականէն առաջ 100 հազար բնակչութեամբ նահանգ եղած Մուշի լեռնոտ շրջաններուն մէջ անգամ հայերի կողմից ենթակառուցուածքային համակարգեր ստեղծուած էին: Հիմա հայերու եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցներն այնքան աւերուած են, որ գրեթէ անհետացման եզրին են: Հարկաւոր է, որ պետութիւնն ու քաղաքացիական-հասարակական կազմակերպութիւնները նրբազգաց ըլլան այս հարցին նկատմամբ: Հազարամեայ պատմութիւն կ՚անհետանայ: Եթէ սոյն կառոյցները աւերուելու փոխարէն վերանորոգուին, ապա աշխարհի չորս ծագերէն այցելուներ կը գան Մուշ, եւ տնտեսական զարգացման հետ միասին` քաղաքին ինքնութիւնը կը պահպանուի»:

ՊԻՆԿԷՕԼԻ ՄԷՋ ԱՒԵՐՈՒԱԾ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻ ՄԸ
Ըստ «Ժամանակ» օրաթերթի հաղորդումին, Պին­կէօ­լի Քար­լըօ­վա գա­ւա­ռէն 3 քմ. հեռաւորու­թեամբ գտնուող Թոփ­լու­լար գիւ­ղի պատ­մա­կան հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին աւերուեցաւ՝ գանձ ո­րո­նող­նե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։ 1440 բնակ­չու­թիւն ունե­ցող գիւ­ղը ան­ցեա­լին ե­ղած է հայ­կա­կան բնա­կա­վայր մը։ Ըստ գիւ­ղա­պե­տին, գիւ­ղին նախ­կին ա­նու­նը ե­ղած է Թո­քուլ­քը­րան։ «Մեր գիւ­ղին մէջ կա­րե­լի է հան­դի­պիլ պատ­մա­կան բազ­մա­թիւ գտա­ծո­նե­րու։ Ցա­ւօք գտնող­նե­րը ա­ռանց հասկ­նա­լու վնաս կը հասց­նեն ա­նոնց։ Մեր գիւ­ղը միշտ ա­ւերուած է գանձ ո­րո­նող­նե­րու կող­մէ», ը­սաւ գիւ­ղա­պե­տը՝ ցաւ յայտնելով, որ կ՚անտեսուին յուշարձանները։

ԱՏԱՆԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒԻ
Կիլիկիոյ տարածքին մէջ գտնուող Ատանայի Սեւ եկեղեցին (Kara Kilise) եւ ահկա (Ֆեքէ) ամրոցը կը վերակառոցուին: Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Milliyet» պարբերականի վկայութեամբ, վերակառուցման աշխատանքները գրեթէ աւարտած են:
Ատանայի Սիւլեմիշլի շրջանի թաղամասի թաղապետ Հասան Կեզերը տեղեկացուցած է, որ վերակառուցման աշխատանքները սկսած են 2 տարի առաջ եւ աւարտին պիտի հասնին մինչեւ տարեվերջ: Կեզերը նշած է, որ վերջերս տեղացի եւ օտարազգի զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք կը նկատուի դէպի եկեղեցի եւ ամրոց: Անոր կարծիքով զբօսաշրջիկներու թիւը պիտի աճի, եթէ հիւրընկալելու համար համապատասխան կառոյցներ ըլլան:
Ամրոցի վերականգնողական աշխատանքներով զբաղող հնագէտ Ատէմ Եըլտըզտ կ՚ընդգծէ, որ 1000 –ականներուն կառուցուած ամրոցը գտնուած է Փոքր Հայաստանի կամ Կիլիկեան Հայաստանի տարածքին:
«Ամրոցի հարեւանութեամբ կը վերականգնուի նաեւ Սեւ եկեղեցին, որ կապուած եղած է տարածքին մէջ գտնուող 14 այլ եկեղեցիներու հետ: Կը վերականգնուին նաեւ քանի մը այլ ամրոցներ, որոնք Ֆեքէ ամրոցի հետ ընդհանուր շղթայ կը կազմեն եւ այդ շղթային մէջ Ֆեքէ ամրոցի դերը շատ մեծ է: Այս ամրոցը շատ տպաւորիչ է իր պատմութեամբ եւ գեղեցկութեամբ: Անիկա կառուցուած է անհաւատալի եւ իւրայատուկ ճարտարապետական հնարքներով` շատ հետաքրքրական ձեւով վերամշակուած քարերէ»,- նշած է հնագէտը:

No comments:

Post a Comment