ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Խոր կսկիծով, իմացանք որ 19 Յունիս 2015ին, Փարիզի հանգստեան մը մէջ, ուր փոխադրուած էր երկու շաբաթ առաջ, իր մահկանացուն կնքած է Արփիկ Միսաքեան՝ երբեմնի «Յառաջ» օրաթերթի երկարամեայ տնօրէնուհին, 89 տարեկան հասակին։
Ծնած էր Փարիզ, 1 Փետրուար 1926ին։ Ֆրանսական վարժարանի մէջ ստանալէ ետք իր ուսումնառութիւնը, հօր՝ «Յառաջ»ի հիմնադիր ու խմբագիր Շաւարշ Միսաքեանի թելադրութեամբ, սկսած է աշխատակցիլ «Յառաջ»ին, ստորագրելով առաւելաբար թատրոնի ու այլ արուեստներու մասին էջեր։
Հօր անակնկալ մահէն ետք (26 Յունուար 1957), Արփիկ Միսաքեան ստանձնած էր օրաթերթին շարունակութեան առաքելութիւնը եւ 52 տարուան ընթացքին, մինչեւ վերջին թիւը (30-31 Մայիս 2009), որպէս տնօրէնուհի ու խմբագիր զայն վարած էր երկաթէ կամքով ու կորովի նուիրումով։ Առաջնային մտահոգութիւնը եղած է թերթին ամէն գնով անկախութիւնը։ Իր չորս էջերով, «Յառաջ»ի բարոյական ազդեցութիւնը տարածուած էր ո՛չ միայն Սփիւռքի, այլեւ Հայաստանի մէջ, յատկապէս 1980ական թուականներէն սկսեալ։
Սեպտեմբեր 1957, Արփիկ Միսաքեանի ջանքերով, «Յառաջ»ը ունեցած է իր տպարանը, ուրկէ օրաթերթին առընթեր լոյս տեսած են «Յառաջ» մատենաշարի հատորները մինչեւ 1995, ընդգրկելով Շաւարշ Միսաքեանի, Շահան Շահնուրի, Շաւարշ Նարդունիի, Զուլալ Գազանճեանի, Խաչիկ Թէօլէօլեանի, Գրիգոր Պըլտեանի պէս անուններ։ 1973ին, խումբ մը բարեկամներու աջակցութեան շնորհիւ, օրաթերթը օժտուած էր սեփական խմբագրատունով։
Բոլոր անոնք, որոնք գիտեն հայ մամուլի ունեցած կենսական դերը սփիւռքեան իրականութեան մէջ, կրնան գնահատել ո՛չ միայն տիկ. Միսաքեանի ճիգը «Յառաջ»ի աւանդը պահելու՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, այլեւ անոր անսակարկ վճռակամութիւնը՝ Շաւարշ Միսաքեանի բարոյական դիմագիծին ժառանգութիւնը հանդիսացող թերթը նոյն մակարդակին վրայ պահելու, առանց որեւէ զիջումի։

«Յառաջ»ը ո՛չ միայն լրատուական առաջնակարգ ու փնտռուած աղբիւրը եղած է ամբողջ հայ աշխարհին, ո՛չ միայն մտաւորական ամէնօրեայ պաշարի աղբիւր մը, այլեւ Դեկտեմբեր 1976էն իրականացնողը բացառիկ ամսական հրատարակութեան մը՝ «Միտք եւ Արուեստ» յաւելուածին, որուն 33ամեայ հաւաքածոն առանձին կը կազմէ սփիւռքեան յառաջապահ մտաւոր գանձարանի վաւերական էջերէն մէկը։
«Յառաջ»ի փակումէն ետք, Արփիկ Միսաքեան քաշուած էր հանրային կեանքէն։ Իր վերջին գործը եղաւ Շ. Միսաքեանի բանտի տարիներու (1916-1918) օրագրութեան՝ «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը» ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը։ Ֆրանսերէն թարգմանութիւնը՝ «Face à l'innombrable Avril 1915» լոյս տեսած էր 2015ի գարնան սկիզբը, իսկ հայերէն բնագիրը՝ որպէս վերջին տուրք հօր ու դստեր անսակարկ հաւատքին հանդէպ լեզուին, գեղեցիկ զուգադիպութեամբ տպարանէն դուրս ելած է Մայիս 28ին։
Ստորագրեալս պատիւը ունեցաւ աւելի քան քսան տարի (1988-2009) «Յառաջ»ի մնայուն աշխատակիցը ըլլալու ու փարիզեան քանի մը կեցութիւններու ընթացքին մօտէն հաղորդակցելու բացառիկ անհատականութեան տէր անոր տնօրէնուհիին հետ, որուն անհետացումը կը փակէ ֆրանսահայ եւ սփիւռքահայ պատմութեան կարեւոր էջ մը։
Յարգանք տիկ. Արփիկ Միսաքեանի վաստակին ու յիշատակին։

No comments:
Post a Comment