25.4.15

Չափէն աւելի յիշողութի՞ւն. յիշել ու մոռնալ հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի քառուղիին վրայ

ՍԵՊՈՒՀ ԴԱՒԻԹ ԱՍԼԱՆԵԱՆ (*)
Թարգմանեց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Սոյն գրութիւնը առաջին անգամ ներկայացուած է որպէս ներածութիւն «Յիշելով հայոց ցեղասպանութիւնը. ոգեկոչման ու երաժշտութեան երեկոյ մը» ձեռնարկին, որ տեղի ունեցած է 10 Ապրիլ 2015ին Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ։ Նախորդ տարբերակ մըն ալ լոյս տեսած է Jadaliyya թերթին մէջ։



Հարկաւ, հասարակաց տառապանքը աւելի կը միացնէ, քան ուրախութիւնը։ Ուր որ հարցը ազգային յիշողութիւններուն կը վերաբերի, ցաւերը աւելի արժէք ունին քան յաղթանակները, որովհետեւ անոնք պարտաւորութիւններ կը դնեն եւ հասարակաց ճիգ կը պահանջեն (1)։

Վերոյիշեալ մէջբերումին ակնարկութիւնը՝ կսկիծի, յիշողութեան եւ ինքնութեան իրար սնուցող փոխկապակցութեան, թերեւս ոչ ոքի համար աւելի ճշմարտացի եղած է, քան հայոց համար։ Կը կարծեմ, որ այս երեկոյ, այս սրահը գտնուողներուս մեծամասնութիւնը պիտի համաձայնի, որ հայոց ցեղասպանութեան հետեւողական ժխտումը ստեղծած է փքացած պատմական յիշողութիւն մը, օղակաւորուած՝ կսկիծի շուրջ, որ բազմաթիւ հայերու հայ ըլլալու նշանակութիւնը ձեւաւորած եւ զանոնք շղթայած է անճառելի զգացումներով եւ հոգեխոցով լեցուն անցեալի մը։ Իբրեւ հայոց անցեալով հետաքրքրուած պատմաբան,  այստեղ կը մտաբերեմ գերման փիլիսոփայ Ֆրիտրիխ Նիցշէի դասական գրութիւնը՝ «Կեանքին համար պատմութեան գործածութիւններուն եւ վնասներուն շուրջ»։ Գրուած՝ ի հետեւութիւն 19րդ դարու կոթողական պատմութեան մտասեւեռումի, «յիշողութեան ողողում»ի եւ յիշողական վարժանքներու (յուշարձաններ, թանգարաններ, արխիւներ եւ մասնաւորաբար՝ ազգայնական պատմագրութեան գերակայող ժանրը) բազմացումին, Նիցշէի բնագիրը, ինչպէս Եոսէֆ Հայիմ Երուշալմի նշած է ոչ հեռու անցեալին, կ՚ընթերցուի որպէս վաղ 20րդ դարու խորհրդածութիւն մը «մոռացութեան գործածութիւններուն» մասին (2)։ Անոր գլխաւոր մղիչ ուժը յիշեցումն է իր ընթերցողներուն, թէ բոլորս «չարորակ պատմական ջերմութենէ կը տառապինք եւ գոնէ այդ փաստը պէտք է ճանչնանք»։
Կ՚ուզեմ այս փայլուն գրութենէն օգտուիլ (եւ, աւելի կարեւորութեամբ, Երուշալմիի ա՛լ աւելի հրաշալի խորհրդածութենէն)՝ հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին եւ հայկական հաւաքական յիշողութեան փքացած զգացողութեան փոխկապակցութիւնը համառօտակի հետաքննելու համար, եւ թէ ինչպէս յիշողութեան այս չափազանցութիւնը հայ կեանքը ազդած ու սահմանած է, երբեմն՝ անոր աճին խանգարելով։
Նիցշէի համար, «դարաշրջանի մը» կամ մշակոյթի մը պատմութեամբ «գերյագեցումը» թշնամական եւ վտանգաւոր է կենսափորձի համար, որովհետեւ, ի շարս այլոց, «կը խախտէ ժողովուրդի մը բնազդը եւ կ՚արգիլէ անհատին, ոչ պակաս քան հաւաքականութեան, հասունութեան նուաճումը»։ Փքացած պատմական յիշողութիւն մը, այս իմաստով, «ներկայի գերեզմանափոր»ը դառնալու կարողականութիւնը ունի։Այստեղ, Նիցշէի մեկնութիւնները կը կանխեն Խորխէ Լուիս Պորխէսի հրապուրիչ վիպական պատմումը ոմն Funes el Memorioso-ի մասին, որ օր մը իր ձիէն կ՚իյնայ եւ, փոխանակ անյիշողութենէ տառապելու, ամբողջ աշխարհի յիշողութեան շտեմարան կը դառնայ։ Անկարող՝ իր յիշողութենէն որեւէ բան զտելու, Ֆունէս կը դառնայ կենդանի հանրագիտարան բոլոր դէպքերուն, զգացողութիւններուն, պահերուն եւ այլք որոնք պատահած են «աշխարհը աշխարհ ըլլալէ ի վեր»(3)։ Իր յիշողութիւնը անդամալուծող է։ Թէ՛ Նիցշէի եւ թէ՛ Պորխէսի համար, յիշողութեան չափազանցութիւնը արմատահան կ՚ընէ ապագայի հողը եւ կը ջլատէ կամ, աւելի՛ն, կ՚անդամալուծէ ստեղծագործական կենսական բնազդը։ Անոնք որոնք թոյլ կու տան, որ յիշողութիւնը խեղդէ իրենց ներկան ու ապագան, Նիցշէ կ՚ազդարարէ, կ՚ապրին այնպէս, կարծէք թէ իրենց բնաբանը ըլլար՝ «Թող մեռելները թաղեն ողջերը»։ Ահա թէ ինչո՛ւ, Նիցշէի համար, «կեանքը որեւէ իմաստով բացարձակապէս անկարելի է առանց մոռացկոտութեան»։
Որպէս վերապրողներու շառաւիղներ կամ պարզ աշխարհի քաղաքացիներ որոնք մտահոգ են համընդհանուր արդարութեան եւ արժանապատուութեան մասին,  այստեղ խմբուած ենք մեր պապենական ծննդավայրին այդ ճակատագրական ու ողբերգական դէպքերէն հարիւր տարի ետք մոռացկոտութիւն չկիրարկելու համար։ Ընդհակառակն, այստեղ ենք մեռնողներուն յիշատակը արժանաւորութեամբ պատուելու եւ փայփայելու համար, գիտնալով, որ օր մը արդարութիւն եւ ճանաչում մեզ պիտի փրկեն ճնշիչ եւ կսկծալի, Ֆունէսի ոճով յիշողութենէ մը՝ ո՛չ ճանաչում, ո՛չ քաւութիւն եւ ո՛չ ալ զղջում ունեցած անցեալի մը մասին։ Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ արդարութեան օգուտներէն մէկը հայոց համար իրենց անցեալը նոր կերպերով վերաձեւելու առիթը (ներառեալ անցեալի այն բաժինը որ մասամբ կը զուգադիպի եւ կապուած է թուրք ժողովուրդի անցեալին հետ) պիտի ըլլայ, եւ միջոցին, աւելի առողջ ու ստեղծագործ տրամադրութիւն մը դարբնել ապագայի նկատմամբ։ Մինչեւ որ ճանաչում, զղջում եւ արդարութիւն հասնին, սակայն, լաւ խորհուրդ մըն է հետեւիլ Երուշալմիի ազդարարութեան՝ աչալուրջ ըլլալ որպէս յիշողութեան պահակներ, բայց այնպիսի ձեւերով, որոնք ինքնաքննադատական են եւ յղի՝ հանդուրժողութեան ապագայով։«Զախոր. հրէական պատմութիւն եւ յիշողութիւն» գիրքին մէջ, Երուշալմի կը նշէ, թէ մեր դարաշրջանը կը յատկանշեն՝
մնացած յիշողութեան յարձակունակ բռնաբարումը, պատմութեան արձանագրութեան դիտաւորեալ խեղաթիւրումը, առասպելական անցեալներու հնարումը՝ ի սպաս խաւարի ուժերուն։ Ընդդէմ մոռացութեան գործակալներուն, փաստաթուղթեր բզկտողներուն, յիշողութիւն սպաննողներուն, հանրագիտարան սրբագրողներուն, լռութեան դաւադիրներուն, ընդդէմ անոնց որոնք, Քիւնտերայի հրաշալի պատկերով, մարդ մը կրնան անհետացնել լուսանկարէ մը, որպէսզի իրմէ, բացի գլխարկէն, ոչինչ մնայ, միայն պատմաբանը՝ իրողութեան, փաստի եւ ապացոյցի իր ժուժկալ կիրքով, որոնք էական են իր կոչումին, կրնայ ազդու պահակութիւն ընել (4)։
Տիկիններ եւ պարոններ, գիտաժողովը, համերգը եւ գլխաւոր բանախօսութիւնները, որոնք այս մռայլ առիթով կազմակերպուած են այստեղ՝ UCLA-ի մէջ, բոլորիս հրաւէր մըն են քննականօրէն խորհրդածելու հարիւր տարուան լռութեան եւ հարիւր տարուան պատմութեան իմաստին մասին հայերու եւ թուրքերու համար, պատմութիւն, որ խախտած է եւ բուժման կարիք ունի։ Յոյս ունինք, որ այսօրուան եւ վաղուան մեր հաւաքոյթը պիտի հայթայթէ քննական եւ բաց ատեան մը բոլորին համար՝ քննարկելու, յիշելու եւ բուժուելու համար։ Կը յուսանք ուղեկից ըլլալ ժամանակի մը, երբ օր մը հայերու նախնական սահմանումը այլեւս պիտի չըլլայ կսկիծի, յիշողութեան եւ ինքնութեան փոխկապակցութիւնը, ինչպէս Ռընան, որուն քաղուածքով սկսայ իմ խոհերս, աւելի քան դար մը առաջ ընդգծած էր ազգերու եւ իրենց ինքնութիւններուն իր անդրադարձին մէջ։ Կը յուսանք հասնիլ ժամանակի մը, երբ հայերը այլեւս մտաւոր եւ մշակութային առումներով անդամալուծուած պիտի չզգան իրենք զիրենք՝ իրենց Ֆունէսանման մտասեւեռումով կսկծալի անցեալին մասին, իսկ թուրքերը ազատ պիտի ըլլան մանրամասնօրէն քննելու, եւ կտրուկ կերպով դատապարտելու, իրենց անցեալին՝ հայկական ցեղասպանութեան հետ կապուած մասը։ Այդպէս ընելով, թէ՛ հայերը եւ թէ՛ թուրքերը վերջապէս ազատ պիտի ըլլան նոր ապագայ մը կերտելու՝ այսպէս ազատագրուած անցեալի հիմամբ։ Արդարութիւնն ու ճանաչումը միակ ծառաներն են այս նոր ապագային ծնունդին։
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
(1) Ernest Renan, “What is a Nation?”,տե՛ս Nation and Narration, խմբ. Homi K. Bhabha (New York: Routledge, 1990), էջ 8-21 (էջ 19)։
(2) Yosef Hayim Yerushalmi, “Postscript: Reflections on Forgetting,” տե՛ս Zakhor: Jewish History and Jewish Memory (Seattle and London: University of Washington Press, 1989)։ Պորխէսի եւ Նիցշէի մասին մտածումներս ազդուած են Երուշալմիի խոհերէն։ Այս նիւթին շուրջ աւելի մանրամասն տե՛ս Sebouh D. Aslanian, “The Marble of Armenian History: Or Armenian History as World History,” Études arméniennes contemporaines 4 (December 2014), էջ 129-142։
(3) Jorge Luis Borges, “Funes the Memorious,” տե՛ս Ficciones, խմբ. եւ ներածութիւն Anthony Kerrigan (New York: Grove Press, 1962), էջ 112։
(4) Yerushalmi, Zakhor, էջ 116։
* Սեպուհ Դաւիթ Ասլանեան պատմութեան Associate դասախօս է եւ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի անուան արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչը (Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարան)։ Հեղինակ է From the Indian Ocean to the Mediterranean: The Global Trade Networks of Armenian Merchants from New Julfa (California, 2011) եւ Dispersion History and the Polycentric Nation: The Role of Simeon Yerevantsi’s Girk or Kochi Partavjar in the Eighteenth Century National Revival (Bibliothèque d’armenologie “Bazmavep”, 2004) գիրքերուն, ինչպէս եւ բազմաթիւ յօդուածներու եւ գիրքերու գլուխներու։

«Գրանիշ» (granish.org), Ապրիլ 25, 2015

No comments:

Post a Comment