12.4.15

Փռանկիսկոս Պապը Մեծ Եղեռնը կը յայտարարէ Ի. դարու առաջին ցեղասպանութիւնը

Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցին նուիրուած Պատարագի իր քարոզին ընթացքին, Փռանկիսկոս պապը Հայոց Մեծ Եղեռնը նկատեց 20-­րդ դարի առաջին ցեղասպանութիւնը, խօսելով նաեւ անկէ ետք տեղի ունեցած այլ ցեղասպանութիւններու մասին: 
Հռոմի պապը ողջունեց պատարագին ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ Հայ Կաթողիկէ պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ը:
Ան խօսեցաւ նաեւ հայերու հարուստ մշակութային ժառանգութեան մասին, նշելով երաժշտութեան, ճարտարապետութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ անոր ձգած անջնջելի հետքը:
Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի վարդապետացման կարգ: Հնչեց լատիներէն բանաձեւը եւ Նարեկացին յայտարարուեցաւ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ:
Պատարագի աւարտին հայկական ծէսով կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Մեծ Եղեռնի նահատակներուն համար, որմէ ետք Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսները իրենց խօսքը ուղղեցին Պապին եւ ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդին: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յայտնեց, ի միջի այլոց.
«Մեր քոյր Եկեղեցիների բարեկամութիւնը վկայող սրբազան այս արարողութեան ընթացքին, ի գոհունակութիւն Մեզ եւ մեր ժողովրդի, Հայ Եկեղեցու հայրերից սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Ձերդ Սրբութեան կողմից հռչակուեց Կաթոլիկ Եկեղեցու սահմանումով` "Վարդապետ Եկեղեցու": Աղօթուսոյց եւ տիեզերալոյս սուրբ Նարեկացին 10-րդ դարում մարդկային բոլոր սերունդների ապաշխարութեան եւ խոստովանութեան աղերսը` որպէս "Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ", երկինք բուրվառեց: Սուրբ վանականը, հայոց համար պաշտելի իր "շնչաւոր մատեանով" Քրիստոսաշնորհ փրկութեան ուղին ցոյց տուեց «մեղաւորներին  ու արդարներին, վեհերին ու փոքրերին, բարիներին ու եղեռնագործներին» (Բան Գ), դէպի Աստուած առաջնորդելով բոլոր ժամանակների հաւատացեալներին:
 Նարեկացի ծնած մեր ժողովուրդը քրիստոնէական հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան համար իր պատմութեան ընթացքում բազում արհաւիրքներ է տեսել, փորձութիւնների դիմակայել: Մէկ դար առաջ Օսմանեան Թուրքիայում մեր ժողովրդի հանդէպ իրագործուեց ցեղասպանութեան ահռելի ոճիրը: Կանխամտածուած ծրագրով, աննկարագրելի դաժանութեամբ սպանուեցին մէկ եւ կէս միլիոն հայեր: Հինաւուրց մեր ժողովուրդը արմատախիլ արուեց իր նուիրական բնօրրանից` պատմական հայրենիքից եւ տարագիր սփռուեց տարբեր երկրներում: Աւերուեց, ոչնչացուեց, բռնազաւթուեց քրիստոնէական մեր դարաւոր ժառանգութիւնը: Ոչինչ, սակայն, ոչ տառապանք, ոչ հալածանք, ոչ անգամ մահ` չսասանեց մեր ժողովրդին եւ չհեռացրեց իր սուրբ հաւատքից: Ազգովի նահատակութեան հոգեւոր սխրանքի ողջ մեծութիւնն է այսօր պատկերւում մեր առջեւ, որը դրսեւորեց մեր ժողովուրդը` կրկին հռչակելով դեռեւս 5-րդ դարում սահմանած իր ինքնութեան բանաձեւը, որ քրիստոնէութիւնն ունենք ոչ իբրեւ հանդերձ, այլ իբրեւ մաշկի գոյն (Եղիշէ պատմիչ):
. . . Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով մատուցուած այս Սրբազան Պատարագին, մեր նահատակների նուիրական յիշատակի առջեւ Մենք երախտագէտ զգացումով ենք անդրադառնում, որ Ձերդ Սրբութեան երանաշնորհ նախորդներից Բենեդիկտոս ԺԵ. Պապը բողոքի ձայն բարձրացրեց` ընդդէմ հայերի ցեղասպանութեան, իսկ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը Մեզ հետ համատեղ յայտարարութեամբ 2001 թուականին ճանաչել եւ դատապարտել է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս առումով կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ Վատիկանի արխիւներում պահուող փաստաթղթերի հրապարակումը: Մեր ժողովուրդը շնորհակալութեամբ է յիշում բոլոր նրանց, ովքեր ոչ միայն բարձրաձայնեցին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ դատապարտեցին, այլ նաեւ մարդասիրական առաքելութիւններ իրականացրեցին` խնամելով որբերին, ապաստան տալով վերապրածներին, օգնելով յաղթահարել բազմատեսակ դժուարութիւնները»։
Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կատարուած պատարագը պատմական բնոյթ ունի. առաջին անգամն է, որ Հռոմի պապը պատարագ կը մատուցանէ` յիշատակելով ցեղասպանութիւնը: Մինչ այժմ եղած են միայն աղօթքներ տարբեր ցեղասպանութիւններու զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար, բայց պատարագ դեռ չէր մատուցուած: Յատկանշական է, որ պատարագը Պապի անձնական նախաձեռնութեան արդիւնքն էր: Ս. Պետրոս տաճարին մէջ հաւաքուած էին տարբեր երկիրներէ հայկական համայնքներու պատուիրակութիւններ:
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը հրաւիրած է Վատիկանի դեսպանը Պապի յայտարարութենէն ետք: Թրքական մամուլը անմիջապէս արձագանգած է յայտարարութեան։
Այսպէս, «Հիւրրիյէթ»ը գրած է, որ Պապը արտասանեց Թուրքիոյ համար ոչ-ցանկալի բառը՝ 1915-ի իրադարձութիւնները կոչելով ցեղասպանութիւն, մինչ «Հապերթուրք» կայքէջը լուրը վերնագրած է. «Խաչակրաց քէն Թուրքիոյ դէմ»:
«Պէյազկազեթէ»ն գրած է, թէ Պապը խիստ կատղեցուցած է Անգարան եւ համապատասխան արձագանգ պիտի ստանայ: «Սապահ»ը իր գլխաւոր էջի մէջ տեղադրած է լուրը, պնդելով, որ ելոյթը մեծ հակազդեցութիւն պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ:
«Աւրուբա Պիւլթենի» կայքէջը լուրը վերնագրած է. «Հռոմի Պապին ելոյթը վիճաբանութիւններու առիթ պիտի տայ», իսկ «Հապերլէր»ը Պապին ելոյթը Թուրքիոյ համար ցնցում համարած է:
«Փոսթա» ցնցող լուրերու շարքին տեղադրած է Հռոմի Պապի յայտարարութիւնը՝ զայն վերնագրելով. «Հռոմի Պապը յայտարարած է, որ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը հայերու դէմ կատարուած է»:
«Հապէր Ազիմ» եւս անդրադարձած է՝ շեշտելով, որ Պապը եւս տէր կանգնեցաւ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին:



No comments:

Post a Comment