12.3.15

Պատմական Մալաթիայէն ի՞նչ մնաց

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
 
Քանի մը օր առաջ այս հար­ցումը ուղղե­ցի ես ին­ծի՝ երբ պա­տահա­բար ձեռք ան­ցուցի հայկա­կան հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւննե­րու վե­րաբե­րեալ հնա­մաշ գրքոյկնե­րու եւ պրակնե­րու շարք մը, մե­ծաւ մա­սամբ Ֆրան­սա տպուած։
Այդ գրքոյկնե­րէն մին կը վե­րաբե­րէր Մա­լաթիոյ Կրթա­սիրաց Ըն­կե­րու­թեան։ Եւ ինչպէս կը կար­դա­ցուի գրքոյ­կին վրայ՝ ասի­կա ար­ձա­նագ­րութիւնն է վե­րոն­շեալ ըն­կե­րու­թեան Ֆրանսա­յի շրջա­նային 10րդ հա­մագու­մա­րին, որ գու­մա­րուեր է աւե­լի քան 65 տա­րի առաջ, 1947ին, Մար­սիլիոյ մէջ, երեք օրեր շա­րու­նակ։
Իս­կա­պէս շշմե­ցայ։
Այդ որ­քա՜ն մե­ծաթիւ մա­լաթիացի­ներ կան եղեր Ֆրան­սա­յի տա­րած­քին՝ որ 10 համագումարներ կրցեր են սար­քել մին­չեւ 1947 (հա­ւանա­բար 20ական թուական­նե­րէն սկսեալ), լե­ցուն օրա­կար­գով, զա­նազան քա­ղաք­նե­րէ ժա­մանած պատ­գա­մաւոր­նե­րով եւ եռօ­րեայ նիս­տե­րով։
Հրա­տարա­կուած գրքոյ­կը լա­ւագոյն ու ան­հերքե­լի ապա­ցոյցն էր ատոր։ Շօ­շափե­լի փաստը։
Իսկ հի­մա՞։
Այդ թուակա­նէն 65 տա­րի ետք՝ հա­րազատ ու գի­տակից մա­լաթիացի­ներ մնա­ցի՞ն Ֆրանսա­յի տա­րած­քին. կամ նոյ­նիսկ Սփիւռքի տա­րած­քին։ Ար­դեօք Պէյ­րութի մէջ կամ այլուր դեռ կը գոր­ծե՞ն Մա­լաթիոյ Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թիւններ։
Ամէն ոք գի­տէ, թէ հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւննե­րը շատ զօ­րաւոր օղակ­ներ էին՝ ընդմէջ կոր­սուած հայ­րե­նիքին ու պան­դուխտ դար­ձած խլեակ­նե­րուն։ Անոնց դե­րը շատ բա­րերար եղաւ մա­նաւանդ յետ-եղեռ­նեան առա­ջին 50-60 տա­րինե­րուն, երբ լեռ­նե­րու ետին մնա­ցած հայ­րե­նի օճա­խին նկատ­մամբ ան­մա­շելի սէր մը կար մար­դոց հո­գիին մէջ։ Դեռ թարմ էին մար­դոց հայ­րե­նական յու­շե­րը, կեն­դա­նի էին բնաշ­խարհէն եկող ժո­ղովրդա­կան բար­քերն ու աւան­դութիւ­նե­րը։ Մինչդեռ հի­մա, պատ­կե­րը լրի՜ւ տար­բեր է։ Նոր սե­րունդնե­րը, ջախ­ջա­խիչ տո­կոսով, իրենց նա­խահայ­րե­րուն ծննդա­վայ­րին մա­սին գրե­թէ ոչի՛նչ գիտեն։
Վե­րադառ­նանք Մա­լաթիոյ։ Ո՞ւր կը գտնուի Մա­լաթիան։
Մա­լաթիան հին դա­րերու ՄԵ­ԼԻՏԻ­ՆԷն է, պատ­մա­կան Կի­լիկիոյ հիւ­սի­սային սահմաններուն մօ­տիկ, Խար­բերդի արեւ­մուտքը։ Օս­մա­նեան պե­տու­թիւնը զայն եր­բեմն վար­չա­կանօ­րէն կա­պեր է Մա­րաշի, եր­բեմն Խար­բերդի։ Ու­նե­ցած է 5 գա­ւառակ­ներ.- Մալաթիա, Քէախ­թէ, Հիւսնի Ման­սուր, Պէ­հէս­նի եւ Աղ­ճա­տաղ, բո­լորը միասին՝ 35.000 հայ բնակ­չութեամբ։
1915
ի Մեծ Եղեռ­նէն ետք, սփիւռքեան բազ­մա­թիւ գա­ղութնե­րու մէջ հիմ­նուեցան Մա­լաթիոյ Կրթա­սիրաց Ըն­կե­րու­թեան մաս­նա­ճիւ­ղեր։ Ամե­րիկա­յի մէջ, 30ական թուական­նե­րէն սկսեալ, աւե­լի քան չորս տաս­նա­մեակ շա­րու­նակ, մա­լաթիացի­ները կա­նոնա­ւոր պարբերակա­նու­թեամբ հրա­տարա­կեցին եր­կու թեր­թեր՝ «Նոր Մա­լաթիա» (Նիւ Եորք, Ֆիլատել­ֆիա, Ուստր) եւ «Պապ Ուխտի» (Գլիվ­լէնտ)։
«
Պապ Ուխտի»ն անունն էր գե­տակի մը, հան­քա­յին աղ­բիւրնե­րով հա­րուստ, Մա­լաթիոյ շրջա­նին մէջ։ Այս պար­բե­րաթեր­թը տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ առան­ձինն խմբագ­րեց ու հրա­տարա­կեց Գէորգ Թօ­փալեանը (1898-1986), որ ծա­նօթ էր Գէորգ Մե­լիտի­նեցի գրչանունով եւ որուն նա­խաձեռ­նութեամբ ու բա­րերա­րու­թեամբ՝ գրա­կան կա­րեւոր հիմնադրամ մը հաս­տա­տուե­ցաւ Ան­թի­լիասի մէջ։
Մա­լաթիոյ շրջա­նի պատ­մութիւ­նը կո­րուստէ փրկուեցաւ շնոր­հիւ եգիպ­տաբնակ բա­նասէր եւ պատ­մա­գիր Ար­շակ Ալ­պօ­յաճեանի։ Ան է, որ գրեց ու խմբագ­րեց «Պատ­մութիւն Մալաթիոյ Հա­յոց» ծա­ւալուն պատ­մա­գիր­քը (աւե­լի քան 1500 էջ), որ լոյս ըն­ծա­յուե­ցաւ Պէյրութ, 1961ին։
Եւ վեր­ջա­պէս, ո՞վ մա­լաթիացի էր գի­տէ՞ք։ Բա­նաս­տեղծ ՌՈՒ­ԲԷՆ ՈՐ­ԲԵ­ՐԵԱՆը (1874-1931)։ Այն՝ որ Ճի­պու­թի կ՚ապ­րէր ու գրած էր հե­տեւեալ նշա­նաւոր տո­ղերը.-
 
Կեան­քի նա­ւակն հետք չթո­ղուց իր ետին.
 
Մո­ռացու­մը առաւ ինձմէ ամէն բան,
Հին երազ­ներս ամ­պե­րու պէս կ՚ան­հե­տին,
 
Յի­շատակն ալ կ՚անցնի եր­գի մը նման։

«Նոր Յառաջ», 12 Մարտ 2015

No comments:

Post a Comment