13.3.15

«Հայկական աշխարհը` ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք» նիւթով կլոր սեղան` Պէյրութի մէջ

"Carnegie Endowment for International Peace"ի Պէյրութ գտնուող Միջին Արեւելքի կեդրոնին մէջ, 10 Մարտին տեղի ունեցաւ «Հայկական աշխարհը` ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք» խորագիրով կլոր սեղան մը, որուն զեկուցաբերներն էին «Քառնըկի»ի աւագ գործակից, Հարաւային Կովկասի եւ Սեւ Ծովու շրջաններու մասնագէտ Թոմաս Տը Վաալ եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան։ Զրուցավարն էր «Քառնըկի»ի Միջին Արեւելքի կեդրոնի աւագ գործակից Մահա Եահիա: Կլոր սեղանը կազմակերպուած էր Հայկազեան համալսարանի եւ «Քառնըկի»ի համագործակցութեամբ:
Կլոր սեղանը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Տը Վաալի նոր հրատարակուած «Մեծ Եղեռն` հայերն ու թուրքերը ցեղասպանութեան շուքին տակ» (*) խորագիրով գիրքին, որուն հպանցիկ կերպով անդրադարձաւ զրուցավարը եւ նշեց, որ 1915-1916-ին տեղի ունեցածը տակաւին իր արձագանգը կը գտնէ ներկայ իրականութեան եւ այն իրադարձութեանց վրայ, որոնք ներկայիս կ՚արձանագրուին: Այնուհետեւ ան խօսքը փոխանցեց գիրքի հեղինակին, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց իր գիրքին մէջ ներառուած նիւթերը: Տը Վաալ ըսաւ, թէ Թուրքիա ներկայիս կը փոխուի, մանաւանդ անոր քրտական հատուածը, եւ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը նկատեց Թուրքիոյ մէջ յոյսի նշան մը:
Տը Վաալ նշեց, որ 1920-ական թուականներուն հաստատուեցան «մոռացութեան» երկու հանրապետութիւններ` Թուրքիոյ հանրապետութիւնը եւ Խորհրդային Միութիւնը, աւելցնելով, որ 1965-ին Խորհրդային Միութիւնը յանկարծ դադրեցաւ «մոռացութեան» հանրապետութիւն ըլլալէ, երբ 24 Ապրիլին Երեւանի փողոցներուն մէջ տեղի ունեցան ինքնաբուխ ցոյցեր:
Ան նշեց, որ հայերը «Արեւելեան Թուրքիոյ» մէջ չեն մոռցուած, եւ զիրենք յիշող այդպիսի մարդոց միջոցով է, որ Թուրքիոյ եւ հայերուն միջեւ յարաբերութիւնները կրնան ապագայ մը ունենալ` աւելցնելով, որ 1915-ի իրադարձութիւններէն 100 տարի ետք անհեթեթ է շարունակ հարցնել. «Ի՞նչ տեղի ունեցաւ»:
Ապա խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Փոլ Հայտոսթեան, որ նշեց, թէ մարդիկ կը չափազանցեն, երբ կը փորձեն Հայաստան-Սփիւռք երկուութեան մէջ արմատական տարբերութիւններ տեսնել: «Անոնք անակնկալի պիտի մատնուին, այդ մէկը պիտի չյաջողի», ընդգծեց Վեր. Հայտոսթեան, աւելցնելով, որ Հայկական Հարցը Թուրքիոյ համար աւելի յստակ հարց մը պէտք է ըլլայ, իսկ Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց հարցին լուծումը այդ մէկը շատ պիտի դիւրացնէ:
«Եթէ ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանը կը նկատուի "կարմիր ցեղասպանութիւն", իսկ 1965-ի ժամանակաշրջանը կոչուեցաւ "սպիտակ ցեղասպանութիւն", ես 100-ամեակի ժամանակաշրջանը կը կոչեմ "անգոյն ցեղասպանութիւն", որ աւելի կը պատշաճի համաշխարհայնացման ներկայ պայմաններուն», ըսաւ ան: «Կարգ մը հայեր կը մոռնան (ցեղասպանութեան) մանրամասնութիւնները, իսկ ուրիշներ այլեւս մանրամասնութիւններով հետաքրքրուած չեն», նշեց Վեր. Հայտոսթեան:
Հայկազեան համալսարանի նախագահը ընդգծեց. «Վերջին տասնամեակին հայերու մօտեցումը փոխուած է. բոլոր թուրքերը սատանաներ չեն, ոչ ալ բոլոր հայերը` հրեշտակներ (…) Մինչ Թուրքիան կը փոխուի, հայերն ու Հայաստանն ալ կը փոխուին եւ կը դառնան աւելի ողջամիտ»: Ան «թուրքերուն ծանօթանալու պարագային հարցը կը լուծուի»-ի դրոյթը մերժելով նշեց. «Նոյնիսկ եթէ բոլոր թուրքերուն ծանօթանամ, եթէ օրէնքը եւ քաղաքականութիւնը չփոխուին, ոչինչ կը շահիմ»:
Իրադարձութիւններուն անդրադառնալու ընթացքին «ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործումին կարեւորութիւնը շեշտելով, ան հարցը նմանցուց հիւանդութեան մը նկատմամբ վերաբերմունքին ու ըսաւ, որ երբ հիւանդութեան մը անունը կու տանք, կրնանք զայն ճանչնալ եւ դարմանել:
Զեկուցումներուն աւարտին հարցումներու առիթ ընծայուեցաւ: Հարցնողներուն շարքին էին Լիբանանի երկրագործութեան նախկին նախարար Ատել Քորթաս եւ Պէյրութի մէջ Թրքական Մշակութային Կեդրոնի տնօրէն Չենկիզ Էրօղլու, որ բողոքեց, նշելով, որ զեկուցողները, զրուցավարը եւ հարցում ուղղողները կանխատրամադրուած են, ձեռնարկը միակողմանի զրոյց մըն է եւ հակառակ կողմի կարծիքը չէ ներկայացուած. հետեւաբար, ինչպէ՞ս կարելի է պատմութիւնը հիմնաւորել առանց փաստաթուղթերու վրայ հիմնուելու: Ան նշեց թրքական պաշտօնական կեցուածքը, թէ Թուրքիոյ արխիւները բաց են, եւ կոչ ուղղեց Հայաստանին նոյնը կատարելու: Աւելի՛ն, ան նշեց, որ հազարաւոր փաստաթուղթեր ցոյց կու տան, որ հայերը դաւաճանած են եւ ռուսերուն հետ գործակցած, եւ որ իրողութեան մէջ հայերը ջարդած են թուրքերը, եւ ոչ թէ հակառակը: Երբ այս պնդումին վրայ ամբողջ սրահը ծիծաղով արձագանգեց, ան աւելցուց, թէ այդ ծիծաղները յաւելեալ փաստ են, որ այդ մէկը ճշմարիտ է:
Թոմաս տը Վաալ պատասխանեց, որ իր գիրքին մէջ թրքական կողմին տեսակէտը ներառուած է, ապա նշեց, որ ռուսերը ընդամէնը պատրուակ են. երբ հայերը տեղահանուեցան, այդ վայրերուն մէջ մէկ հատ ռուս զինուոր չկար, անոնք տակաւին սահմանին միւս կողմն էին: Ան ըսաւ, թէ բազմաթիւ փաստաթուղթեր եւ հսկայական գրականութիւն կը վկայէ, որ տեղի ունեցածը իրաւամբ ցեղասպանութիւն էր, աւելցնելով, որ օսմանեան արխիւները բազմաթիւ անգամներ «մաքրուեցան», ուստի կարելի չէ անոնց վրայ հիմնուիլ: Չենկիզ Էրօղլու իր զայրոյթը արտայայտելով հեռացաւ սրահէն:
«Քառնըկի»-ի աւագ գործակիցը վերյիշեցուց, որ Էրտողան 23 Ապրիլ 2014-ին հայերուն ցաւակցութիւն յայտնեց, մատնանշելով, որ դաւաճաններուն ցաւակցութիւն չեն յայտներ, ուստի Էրտողան իր ուղերձով հերքեց, այն պնդումը, թէ հայերը դաւաճաններ էին (**):
Պատասխանելով այլ հարցումի մը, ան նշեց. «Հաշտութիւնը հոլովոյթին աւարտն է, իսկ ներկայիս երկխօսութիւն գոյութիւն ունի, եւ հաշտութեան չենք հասած: Եթէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորուած ըլլային, հարցերը մեծապէս դիւրացած պիտի ըլլային»:
Վեր. Փոլ Հայտոսթեան իր կարգին հարցումի մը պատասխանելով նշեց, որ Հայաստան-Սփիւռք` հայկական բազմակարծութիւնը հարստացնող ազդակ է, եւ երկու թեւերուն միջեւ երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը պիտի շարունակուին:
Ձեռնարկի աւարտին Թոմաս Տը Վաալ «Ազդակ»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին թուրք ղեկավարութեան յայտարարութեանց եւ կեցուածքներուն մէջ գոյութիւն ունեցող «հասարակաց ցաւ»ի լայթմոթիֆին զուգահեռ, արդեօք Յունիսի թրքական խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք կարելի՞ է աւելի իմաստալից կեցուածք մը ակնկալել, ըսաւ, թէ ամէն բան կախեալ է ընտրութիւններուն մէջ քիւրտերուն արձանագրելիք արդիւնքէն, ուստի այդ հարցը կապուած է քրտական ազդակէն, պէտք է սպասենք եւ տեսնենք:

«Ազդակ», 11 Մարտ 2015

(*) Ի դէպ, թէեւ Թոմաս տը Վաալի գիրքին վերնագիրը "Great Catastrophe"ն կ՚ընկալէ որպէս «Մեծ Եղեռն», ասիկա անհիմն թարգմանութիւն մըն է, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է ու լայնօրէն կիրարկուած՝ հայերէն չիմացող հայերու եւ ոչ-հայերու կողմէ, եւ տակաւին կը կրկնուի հայկական աղբիւրներու կողմէ։ («Հայկականք»)։
(**) Էրտողան ըսած է, թէ «կը ցանկանք որ այն հայերը, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցած են վաղ Ի. դարու շրջագիծին մէջ, խաղաղութեամբ հանգչին, եւ մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոնց թոռներուն»։ «Դաւաճան»ներուն թոռները չեն կրնար դաւաճան ըլլալ, հետեւաբար ցաւակցութիւն յայտնելը չի վերացներ «դաւաճանութեան» առասպելը («Հայկականք»)։

No comments:

Post a Comment