20.2.15

Երրորդ կողմը` Չանաքքալէի եւ Սարըղամիշի միջեւ

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ

«Եթէ մեզմէ կը սպասուի մայր հայրենիքի փրկութիւնը,
հապա մենք որմէ՞ պիտի պահանջենք մեր ծնողքին` կեանքին,
ինչքին եւ պատուին անառարկելի ապահովութիւնը,
եթէ ոչ` այն տէրութենէն, որուն համար կը կռուինք»:
ՄԵՍՐՈՊ ՔԱՋԲԵՐՈՒՆԻ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այս տարի, Ապրիլ 23-25, «իր» պետութիւնը պետական բարձր մակարդակով Կալիփոլիի (Չանաքքալէ) ճակատամարտի զոհերուն հարիւրամեայ յիշատակը պիտի նշէ: Նոյն ռազմին զոհ գացած են նաեւ անգլիացի, աւստրալիացի ու նորզելանտացի զինուորներ, որոնց յետնորդները եւս, պետական բարձր մակարդակի ներկայացուցչութեամբ, իբրեւ պատուոյ հրաւիրեալներ, պիտի մասնակցին թրքական այս իւրայատուկ նշումին: (Անշուշտ հիմա հասկցանք, թէ Անգլիոյ գահաժառանգը, որ Չանաքքալէի հարիւրամեակին իր մասնակցութեան լուրը փոխանցած է արդէն, 4 Նոյեմբեր 2014-ին Լոնտոնի հայկական եկեղեցի իր այցելութեամբ ի՛նչ «գործ» ունէր…): Արդարեւ` ուսանելի երեւոյթ, երբ հակառակորդ կողմերու յետնորդներ կողք կողքի, յիշատակումի միասնութեան մը մէջ մերձեցած` կը յարգեն իրենց զոհերը: Դրակա՛ն երեւոյթ: Թէեւ յիշատակի օրը, այս տարի, (ան)հասկնալի պատճառներով տեղափոխուած է ամէնամեայ մարտէն դէպի ապրիլ եւ ի գիտութիւն համայն հայ ժողովրդեան` Ապրիլ 24, 23-ն ու 25-ն ալ ներառեալ:

Միայն ու միշտ զոհ ըլլալու կիրքը հարկաւ զուտ թրքական յատկանիշ մը չէ: Ամէն ազգ եւ պետութիւն զոհեր ու նահատակներ ունենալու իրաւունքն ունի: Թրքական պետական պատգամը, որ շատ յստակ է, միջազգայի՛ն մակարդակի բարձրացուած, ընդգծուած այս յիշատակումն է մէկ կողմէ, որ կը մրցի հայոց հարիւրամեայ ցեղասպանութեան հետ, եւ միւս կողմէ` թուականին մարտէն ապրիլ յարմարեցումը: Հակագրականութիւն, հակապատմութիւն, անշուշտ նաեւ, եւ ինչո՞ւ չէ ու մանաւա՛նդ` հակայիշողութիւն: Նորութիւն մը չկայ: Իսկական մրցանքը միշտ նո՛յն ու հաւասար մակարդակի վրայ տեղի ունենալիքն է` ուժերու հաւասարութեան պայմանով:
Այսինքն դուք «ձեր» հարիւրամեակը ունիք, գիտենք, պատրաստ ենք ձեր աղմուկին, մենք ալ ունինք` «մեր»-ը: Տեսնենք որո՞ւ աղմուկը աւելի լսելի պիտի ըլլայ աշխարհին: Այսքանը յստակ է: Ուրեմն, հարկ է գիտնալ, ըստ երեւոյթին, այս է հզօրագոյն աղմկաքայլը, որով Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ու համայն հայութեան յիշատակի բոլոր ձեռնարկներուն դէմ կը դնէ:
Չեմ գիտեր, եթէ յիշող կա՞յ, որ դեռ շուրջ երկու տարի առաջ, Ցեղասպանութիւն ուսումնասիրած մարդիկ, որոնք կը սիրեն նաեւ երբեմն իբրեւ «մարգարէական» յայտարարութիւններ կատարել, կարծիք ու հաստատում բարձրաձայնած էին, ըստ որոնց, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հարիւրամեակին առթիւ զայն պաշտօնապէս պիտի ճանչնար: Յայտարարողը (վերը` յոգնակի ու հոս` եզակի) ինքն ալ արդէն մոռցած ըլլալու է իր յայտարարութիւնը եւ այժմ արդէն` ուրիշ գործերու վրայ: Այսպէս չէ՞, որ ճիւղէ ճիւղ ցատկելով` մասնագէտ եւ փորձագէտ կ՛ինքնապատրաստուի:
Քիչ մը աւելի ուշադրութիւն դարձնելով վերը նշուած թրքական հակայուշատօնին, կարելի է փորձել զատորոշել ճակատող երկու ուժերուն կողմերը` թուրքերը մէկ կողմէ, անգլիացիք, աւստրալիացիք ու նորզելանտացիք` միւս, որոնց յետնորդները, ինչպէս ըսինք, հարիւրամեակին առթիւ միացած են` անցեալը միասնաբար յիշելով:  Այս երկու հակադիր ու այժմ համադիր կողմերէն անդին կամ ասդին ո՞ւր պիտի տեղաւորուինք մենք` հայերս: Ըստ թրքական վարկածին, հայութիւնն ալ անմասն պէտք չէ մնայ, ու Հայաստանի նախագահը եւս իր կարգին հրաւէր մը ստացաւ մասնակցելու, որովհետեւ ասիկա ի վերջոյ նաեւ հայկական մասնակցութեամբ տարուած ճակատամարտ մըն է: Այդպէս ալ կը նշուէր արդէն Հայաստանի նախագահի պատասխան-նամակին մէջ (16 Յունուար 2015 թուակիր), ուր յանուանէ կը յիշատակուէր Սարգին Թորոսեանը (1891-1954)` իբրեւ օսմանեան բանակի սպայ: Ուրեմն, Չանաքքալէի ճակատամարտը եկած էր գրաւելու «խոշոր հարցին» տեղը, իր գոյութեամբ լեցնելու եւ մոռցնելու համար Ցեղասպանութեան ոչ միայն մեծութիւնն ու տարողութիւնը, այլ` ընդհանրապէս գոյութիւնը: «Ուրիշ ի՞նչ ունիք ընելիք դուք. հրամեցէ՛ք Թուրքիա, որպէսզի դուք ալ մասնակցիք մեր հաւաքական յուշատօնին:  Դուք, ուրեմն, երրորդ կամ այլ կողմ մը չէք կազմեր. կազմէք իսկ` աս հրաւէրով ձեզ մեր հաւաքական կողմին մաս դարձնելու կոչ մըն է, որ կ՛ուղղենք, որովհետեւ ձեր կողմը առանձինն չկայ: Տարբեր չէ: Ու հետեւաբար կրնաք մեզի միանալ: Երրորդ կողմի մը գոյութեան դէմ պայքար մըն է այս, որ նոր չէ, անշուշտ, թէեւ իր այս ձեւին մէջ սպասելի չէր:
Կ՛ակնկալուէր, որ անհեղինակ «ցաւալի դէպքերու» մասին յայտարարութիւն մը, դարձեալ լպրծուն, դուրս գար պաշտօնական բերնէ մը` առանց այս տեսակ հակահանդիսութեան մը: (Այստեղ փակագիծի մէջ հարկ կը զգանք շեշտելու, որ հայկական կողմը Չանաքքալէի օսմանեան յաջողութեամբ իր խանդավառութիւնը չէր ծածկած… հարիւր տարի առաջ: Կարելի է կարդալ օրուան տեղական մամուլը այս մասին: Զմիւռնիոյ մէջ հրատարակուող «Դաշինք» ազգային ու քաղաքական օրաթերթի սիւնակագիրը Մարտ 1915-ին հպարտօրէն ու գրեթէ խելակորոյս կը հաստատէ. «Այսպիսի յաղթանակի մը համար ամէն պետութիւն հոգի կու տայ, աշխարհի վրայ տեսնուած բան չէ, որ բերդ մը հինգ ժամուան մէջ աշխարհի ամէնէն զօրաւոր տորմիղը կիսովին փճացնէ ու անոր պատերազմական արժէքը գրեթէ բնաջինջ դարձնէ: Պատերազմի պատմութեան մէջ մեր զօրքերը առաջին անգամ ըլլալով է, որ կ՛արձանագրեն այսպիսի դէպք մը: Այս յաջողութիւնը այնքան մեծ է, որ որքան խորհինք անոր մասին, արժէքը այնքան կը շատնայ: Արդէն, երբ այս լուրը ստացանք, դրօշակներով զարդարեցինք մեր խմբագրատունը: Մեր այս յաղթութեան լուրը երբ աւստրիացիք ու գերմանացիք ստացան արդեօք խնճոյքներ ըրի՞ն: Թշնամիներու պաշտօնական զեկոյցներուն մէջ մեր յաջողութեան խոստովանութիւնը աստիճան, մը եւս կը փառաւորէ մեզ»(1)):
Քանի որ Հայաստանի նախագահը դէպքէն հարիւր տարի ետք մերժեց մասնակցիլ, ուրեմն ան ալ բացայայտ պատգամ մը տուաւ, թէ գոյութիւն ունի երրորդ յստակ կողմ մը, որ յստակ պատճառներ ունի չմասնակցելու թրքական արարողութեանց: Եռանկիւնի խաղ մը, ուրեմն, կարելի չէ: Հարկ է, որ բացատրութիւն մը գտնենք ու երրորդ կողմը յստակացնենք, որովհետեւ թրքական պաշտօնական քաղաքականութիւնը տրամադիր չէ Ցեղասպանութեան զոհ գացած կողմը տեսնելու: Թրքական այս պաշտօնական կողմէն զատ,սակայն, կայ շատ լուրջ անպաշտօն կողմ մը, որուն ներկայացուցիչը` ընկերաբան Այհան Աքթար, որ Սարգիս Թորոսեանին նուիրուած մենագրութեան(2) հեղինակն է, «երրորդ կողմին» վերաբերող հարկ եղած բացատրութիւնը տուաւ` թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին մէջ ստորագրելով ուշագրաւ յօդուած մը («Բայց մենք ալ Չանաքքալէի մէջ մեռանք», 25 Յունուար 2015), ուր բաւական սուր քննադատութեամբ մը անամօթութիւն նկատեց թրքական պետութեան հրաւէրի պարագան:
Մենք ալ, մեր կարգին, փորձենք այստեղ երրորդ կողմին ծալքերուն վրայ աշխատիլ: Մեզի օգնութեան կու գայ Մեսրոպ Քաջբերունի, բնիկ` բաղէշցի, Պօղոս պէյ Քաջբերունիի անդրանիկ որդին, փոքր տարիքէն Պոլիս գաղթած ու կրթութիւնը այդտեղ ստացած: Պետական  զինուորական վարժարանէն շրջանաւարտ էր, ուր պահեստի զինուորներու մարզիչի պաշտօն կը վարէր: Իբրեւ հետեւակ-տեղակալ` կը մասնակցի Չանաքքալէի պատերազմին ու իր ցուցաբերած գովելի յանդգնութեանց համար գնահատանքի կ՛արժանանայ: Չանաքքալէի մէջ թոքէն ծանրօրէն կը վիրաւորուի ու կիսամեռ հիւանդանոց կը փոխադրուի: Ապա երեք ամիս ապաքինման շրջան մը կը բոլորէ Կ. Պոլսոյ մէջ: Հոս է, որ լուրը կ՛առնէ գաւառի հայութեան տեղահանութեան եւ սպանդին: Ծնողքը, ընտանիքը, ազգականներն ու իր հայրենակիցները կը տեղահանուին: Ինք իբրեւ զինուորական` այս լուրերը հաւանաբար շատ աւելի դիւրութեամբ կը ստանայ, ինչ որ բնականաբար կը կրկնապատկէ մարմնական վէրքը: Զինուորականի հնազանդ ու կարգապահ կեցուածքի վարժ` կ՛ըմբոստանայ այս կացութեան դէմ ու ռազմական նախարար ու զինուորական ատեանի նախագահ Էնվերի կ՛ուղղէ նամակ մը, որմէ մէջբերեցինք վերեւը. «Եթէ մեզմէ կը սպասուի մայր հայրենիքի փրկութիւնը, հապա մենք որմէ՞ պիտի պահանջենք մեր ծնողքին` կեանքին, ինչքին եւ պատուին անառարկելի ապահովութիւնը, եթէ ոչ` այն տէրութենէն, որուն համար կը կռուինք»(3):
Բողոքին արդիւնքը կ՛ըլլայ Պոլսէն իր հեռացումը: Եւ դէպի ո՞ւր: Դէպի Սեբաստիա ու անոր կառավարիչը` Մուամմեր: Կ՛արժէ թղթատել Կարապետ Գաբիկեանին վկայագրութիւնը («Եղեռնապատում», տես վարը), տեղեկանալու համար Մուամմերի «գործունէութեան մասին»:
Հայտար փաշայէն կը մեկնի դէպի Երկիր: Զինք կը ճանապարհորդեն իր զինուոր ընկերներուն հետ նաեւ իր խօսեցեալն ու անոր ընտանիքը: Բաժանում մըն է ի վերջոյ, որուն վախճանը գուշակելի չէ, մանաւանդ երբ ստացած լուրերը, պատերազմի ընդհանուր վիճակը միայն անապահով հեռանկարներ կրնան գծել: Սեբաստիա հասնելով` կ՛անցնի իր պաշտօնին: Ի տես, սակայն, սպանդէն մնացած աւերին ու հետքերուն, այս անգամ ոչ միայն բանիւ կ՛ըմբոստանայ ու տասներկու ընկերակիցներով լեռները կը քաշուի` իր նահատակ ցեղին արեան վրէժով լեցուն: Այլեւս ինքնիշխան էր` սարերու բնակիչ: Այլեւս ի՞նչ հնազանդութիւն: Զէնք բարձրացուցած էր այժմ իր ժողովուրդին բացայայտ թշնամիին դէմ:
Քանի մը շաբաթ Սեբաստիոյ նահանգին մէջ մնալէ ու սարսափ տարածելէ ետք, կ՛որոշէ դէպի Կովկաս յառաջանալ` պատռելով ռուս-թրքական ռազմաճակատը: Արդէն ռուսական բանակը հասած էր ու գրաւած Երզնկան: Թրքական բանակի հրամանատար Վեհիպ փաշա հաստատուած էր Սու Շէհիրի մէջ: Քաջբերունի պէտք էր Սու Շեհիրէն անցնէր դէպի ռազմագիծ, սակայն շրջանին ռազմական դիրքերուն լաւ ծանօթ չէր: Իր խումբը գիշերը կը յառաջանար ու ցերեկը ապաստան կը փնտռէր: Չկարենալով մինչեւ գիշեր ապաստանիլ` Քաջբերունի եւ իր ընկերակիցները Սու Շեհիրի բաց դաշտին վրայ օր ցերեկով կը նշմարուին թուրք զինուորներէ: Ճակատումը անխուսափելի կ՛ըլլայ: Դիրք կը բռնեն ու մահու կենաց վերջին պայքարն է, որ կը մղեն ընդդէմ թրքական հրացանաձգութեան ու թնդանօթներուն: Կը սպաննեն ու կը սպաննուին` հերոսաբար մեռնելով(4):
Ահաւասիկ այս դրուագին մէջ կարելի է նշմարել, թէ ինչպէ՛ս օսմանեան բանակի սպան, ի տես իր պետութեան կատարած սպանդին, սկզբնական հաւատարմութենէն ետք միայն, դիրք կը փոխէ իր ցեղակիցներուն արիւնն ու դատը պաշտպանելու համար: Հարկ չէ անշուշտ ըլլալ միամիտ` ըսելու համար, որ բոլոր հայ սպաներն ու զինուորները օսմանեան բանակին հաւատարիմ մնացին, չդաւաճանեցին ու միայն նահատակուեցան: Անշուշտ զինուորագրեալներուն մեծամասնութիւնը զինակոչի ժամանակ պարտադիր բանուորութեան լուծին տակ կքեցաւ ու բնաջնջուեցաւ: Անշուշտ շատեր մասնակցեցան Չանաքքալէի ճակատամարտին: Անշուշտ ոմանք անցան ռուսական ճակատ` իրենց «հայրենիքին դաւաճանելով»: (Նկատի ունենալ, որ հետեւեալ յստակացումը կարգ մը ուղեղներու համար անհրաժեշտ է. սա վերջին պարագան երբեք «բացատրութիւն» մը չէ, որպէսզի արդարացուի որեւէ ոճիր, որ յատուկ ժողովուրդի մը ուղղուած ըլլալով, համայն մարդկութեան ուղղուած կ՛ըլլայ, որուն բնորոշումը տալէ ձանձրացողը մենք պիտի չըլլանք` Ցեղասպանութիւն):
Քաջբերունիի օրինակը երրորդ կողմի մը մասին բացատրութիւն տալու կը միտէր: Կը տեսնենք ահաւասիկ, որ կային թրքական բանակին ծառայող ու Չանաքքալէի մէջ պատերազմած հայ զինուորականներ, որոնք ի լուր կատարուած ոճիրին` բանիւ եւ գործով բողոքեցին: Դիրք փոխեցին:
Հապճեպով յիշենք նաեւ անունը զէյթունցի զինուորագրեալի մը, որ եւս Չանաքքալէի մէջ ճակատեցաւ ու ապա Սուէզի ճակատ ղրկուեցաւ` Միքայէլ Գույումճեան (1880-1954): Պրուսայի շերամաբուծութեան վարժարանէն շրջանաւարտ, սկիզբը զինուորագրութեան կ՛ընդդիմանայ, ապա պարտադրեալ կը զինուորագրուի, սակայն կինն ու զաւակները անապատ կը քշուին: Պատերազմէն ետք, տունդարձի ճամբուն վրայ Հռոմկլայի (Ռումքալէ) մէջ կը հանդիպի 200-ի չափ թրքացած հայ կիներու, որոնք ազատելու ձեւ կը գտնէ: Կը հասնի հայրենի քաղաքը` Զէյթուն, որ քեմալական ուժերու կողմէ կը պաշարուի: Աւելի ուշ կը յաջողի Հալէպ հասնիլ ու գաղթականութեան վերաշինութեան աշխատանքին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ` Մէյտանի շրջանին մէջ հողամասի գնումին ու զէյթունցի ընտանիքներու տեղաւորման օժանդակելով(5):
Քաջբերունի եւ Գույումճեան միայն օրինակներ են: Հետազօտողներուն կը թողունք այլ անուններու յայտնաբերումն ու ուսումնասիրութիւնը: Անոնց յիշատակը ո՞ւր պիտի տեղադրենք հիմա: Երրորդ կողմի սուր անկիւնները ինչպէ՞ս պիտի հարթենք, կլորցնենք ու գլտորենք դէպի հարիւրամեայ փառաբանութիւնը Չանաքքալէի: Հայկական այս երրորդ կողմը արդեօ՞ք «պարզ» թշնամիէն (անգլիացի, ֆրանսացի, աւստրալիացի, նորզելանտացի) ալ անդին կը կենայ: Մենք տեղակայելի թշնամիէն աւելի՞ն ենք: Այնքա՛ն ոչնչացուած, որ գերթշնամիի՞ բարձրացուած է մեր կարգավիճակը: Յանուն ի՞նչ տեսակ յիշողութենական մարսողութեան կը կատարուի այս բարդացումը:
Հարցումը այստեղ պահ մը ձգելով` կ՛ուզեմ վերադառնալ Սեբաստիա, ուր Քաջբերունի ուղարկուեցաւ` Պոլսէն հեռացուեցա՛ւ: Սեբաստիոյ կառավարիչ Մուամմերի հրամանով կարաւան առ կարաւան հայերը տարագրուած էին արդէն հոնկէ: Վերոնշեալ Կ. Գաբիկեան կը վկայագրէ, թէ Սեբաստիայէն տեղահանեալ վերջին կարաւանը, որ կազմուած էր Արամեան ազգային վարժարանի շրջանը գտնուող պատմական Սեւ Հողերու թաղի բնակիչներէն, կը հասնի Հասան-Չելեպի` Սեբաստիայէն հարաւ-արեւելք ու Մալաթիայէն հիւսիս, որ նաեւ նախորդ կարաւաններուն հանգրուանը եղած էր: Հասան Չելեպի հասնելով, նշեալ կարաւանին 300 այրերը բանտ ու ախոռ կը նետուին: Քանի մը ժամ ետք տեղւոյն միւտիւրը կը կանչէ զիրենք ու պաշտօնապէս կը յայտարարէ, թէ այդտեղէն անցնող բոլոր կարաւաններուն այրերը արմատախիլ ըրած էին, որովհետեւ (բացատրութիւնն ալ կայ`) ըստ այնմ իրատէ ստացած էին պետութենէն եւ շէյխ-ուլ-իսլամն ալ ֆաթուա տուած էր այս առնչութեամբ: «Դուք ալ նոյն ճակատագրին պիտի ենթարկուէիք,, կը շարունակէ ան, սակայն կայսերական ներում եկած է, եւ այդ պատճառով ձեզ պիտի չջարդենք: Գացէ՛ք, աղօթեցէք փատիշահին համար: Միայն թէ ձեր կարաւանին առաջնորդներէն երկուքը թող ներկայանան ինծի: Անոնց հետ առանձին խօսելիք ունիմ»: Երկու հոգի իրենք զիրենք իբրեւ առաջնորդ կը ներկայացնեն` Աւետիս աղա Ակինեան եւ փաստաբան Տիմոթէոս Թաշճեան: Այս երկուքը կը բանտարկուին, նոյն գիշերը կը սպաննուին, իսկ մնացեալները ազատ կ՛արձակուին: Սա պահուն դժուարահասկնալի է այս գործողութեան տրամաբանութիւնը, թէ ինչո՞ւ երկու հոգի ի՞նչ տեսակ «մեղք» կը քաւեն իրենց այս մահով: Յուսանք հետագային կատարուելիք ստուգումներ լուսաբանութիւն կը բերեն: Մեր գործը այստեղ Աւետիս աղա Ակինեանին հետ է, որ մեզ աշխարհագրականօրէն «պիտի փոխադրէ» Սարըղամիշ, թրքական այլ «հերոսավայր» մը(6): Խօսքը կու տամ Գաբիկեանին.
«Աւետիս Ակինեան` ծանօթ ներկարարապետ, կարեւոր վարպետ մըն էր. բարեկեցիկ, բազմանդամ ընտանիքի հայր, նուազ ուսեալ, բայց` ուղղամիտ մարդ. անդամ էր Սեբաստիոյ Գաւառական ազգային երեսփոխանական ժողովին եւ այլ ազգային ժողովներու: Ասոր որդին` Յովհաննէս Ակինեան, Արամեան ազգային վարժարանէն շրջանաւարտ, թուրք կեղծ «սահմանադրութիւնը» հռչակուելուն Պոլիս եկաւ, Պետական զինուորական վարժարանը մտաւ. առաջին հայ սպաներէն մին եղաւ: Պալքանեան պատերազմին վիրաւորուեցաւ: Այս Տիեզերական պատերազմին Էրզրում կովկասեան ճակատը կը գտնուէր: Արարած-աշխարհք լսած է, գիտէ, թէ հռչակաւորն սրիկայ Էնվեր այս ճակատին վրայ` Սարըղամիշ, ծանր պարտութիւն մը կրեց… ի փառս իր ձախաւերութեան. 4000 թուրք զինուորներ ձիւներու մէջ մինչեւ կէսմէջքերնին սառեցան. մազ մնացեր էր Էնվեր գերի իյնար ռուսերուն ձեռքը: Սպայ Յովհաննէսն էր, որ թուրք բանակը այդ ձախողանքէն մասամբ դուրս կը բերէ եւ Էնվերը գերի իյնալէ կը փրկէ ի գին… իր կեանքին: Ապերախտն Էնվեր Էրզրումէն վերադարձին` ի Սվազ, Գոնիա, Պոլիս դրուատիքը ըրաւ սպայ Յովհաննէսի եւ հայ զինուորներու անձնուէր ծառայութեանցը: Եւ այս անձնուէր սպային ծառայութեան վարձատրութիւնը, գնահատումը կ՛ըլլայ ընտանիքին տեղահանութիւնը. հօրը` Աւետիս աղայի խողխողուիլը ի Հասան-Չելեպի: Երբ Սուրուճ հասեր էինք, այս բազմանդամ ընտանիքէն հազիւ մի քանի խլեակներ մնացեր էին. բոլորը ճամբու ընթացքին` կորսուեր: Սուրուճ եղած ատեննիս է, գայմագամը Սեբաստիոյ կարաւաններուն մէջ փնտռել տուաւ Աւետիս աղան կամ անոր ընտանքիէն ոեւէ վերապրող մը. վերջէն հասկցանք, թէ ապերասան Էնվերէն շնորհաւորութեան եւ շնորհակալութեան ինքնագիր, ոսկետառ, կայսերական թուղրայով գիր մըն է եկեր սպայ Յովհաննէսի ծնողացը ի Սեբաստիա, բայց որովհետեւ տեղահան եղեր էին, այդ գիրը Սեբաստիայէն Սուրուճ ղրկեր են, որ փնտռեն, գտնեն, յանձնեն: Ընթերցողին կը թողում ԱՆԱՄՕԹ թուրքին լրբութիւնը կշռադատել: Ես մեր մամերու բերնովը պիտի ըսեմ. «ԳԼՈՒԽԸ ԿՏՐԵԼ, ՄՕՐՈՒՔԸ ՍԱՆՏՐԵԼ-ՍԱԶԵԼ», եւ թէ` «ՄԱՐԴԸ ՋՈՒՐ Ի ՎԱՐ ԹՈՂ ՏԱԼ, ՋՈՒՐ Ի ՎԵՐ ՓՆՏՌԵԼ», չէ՞: Պատկերը ամբողջացնելու համար ըսենք, որ թուրքերը ղըռնչելէն Ռուսիոյ դէմ վազած օրերնուն էր, սպայ Յովհաննէսին մայրը Պոլսէն Սեբաստիա վերադառնալու ատենը Սեւ ծովուն վրայ ռուսերուն ձեռքը գերի ինկաւ եւ ան ալ այդպէս անհետացաւ»(7):
Գաբիկեանի խօսքին վրայ որեւէ մեկնութիւն աւելցնելը սրբապղծութեան պէս բանի մը պիտի նմանէր: Այնքա՛ն խօսուն է իր նկարագրութիւնը, որ կարելի է այստեղ վերջակէտ մը դնել ու անցնիլ: Սակայն որպէսզի բաց աւարտ մը չըլլայ, ըսենք պարզապէս, որ Չանաքքալէէն մինչեւ Սեբաստիա ու Սարըղամիշ, ճակատամարտի մը հարիւրամեայ յիշատակումէն մինչեւ հարիւրամեայ ցեղասպանութեան մը սրբապղծման ձեւերը` պատասխան չունինք մենք: Պատասխանները կը կոչուին` Քաջբերունի, Գույումճեան ու Ակինեան: Եւ ասոնք` միայն անօրինա՞կ անուններ:

—————————–
1) Տես` Քէօյլիւ, «Թշնամիներու խոստովանութիւնը», «Դաշինք» ազգային եւ քաղաքական օրաթերթ, Իզմիր, շաբաթ, 11/24 մարտ 1915, էջ 1:
2) Ayhan Aktar: Yuzbasi Sarkis Torosyan – canakkale՛den Filistin Cephesi՛ne. Istanbul: Iletisim Yayinlari, 2012.
3) Մ. Աւետեան, «Հայ ազատագրական ազգային յիսնամեայ (1870-1920) յուշամատեան եւ Զօր. Անդրանիկ», Փարիզ, 1954, էջ 387:
4) Մեսրոպ Քաջբերունիի մասին տես` Մ. Աւետեան, անդ, էջ 386-389:
5) Տես Խորէն Դաւիթեան, Կեանքիս Գիրքը, Պէյրութ, 1967, էջ 19-21:
6) Հմմտ. «Գուժկան Սեբասիոյ» (Կ. Գաբիկեան), «Եղեռնապատում Փոքուն Հայոց եւ նորին մեծի մայրաքաղաքի Սեբաստիոյ», բ. տպ., Անթիլիաս, 2006, էջ 194-195:
7) Տես նոյն, անդ, էջ 195:

«Ազդակ», 19 Փետրուար 2015

No comments:

Post a Comment