Փետրուար 12ին տեղի ունեցած Հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդի նիստին, կուսակցութեան նախագահ եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան խստօրէն քննադատած է համախոհութեան կառավարութեան իր երբեմնի գործընկերը, ըսելով թէ «Գագիկ Ծառուկեան քաղաքական դերակատարը երկրի համար դարձել է չարիք»։ Սարգսեան յայտարարած է, որ իր հրամանագրով նոյն օրն իսկ Ծառուկեան կը զրկուի Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամի կարգավիճակէն:
«Երկրի անվտանգութեան բարձրագոյն մարմինը կինոթատրոն չէ, որ ով երբ ցանկանայ գայ, երբ չցանկանայ՝ չգայ», ըսած է Սարգսեան, միաժամանակ նշելով, որ Ծառուկեան 2013-2014ին Ազգային Ժողովի գումարած 145 նիստերէն մասնակցած է միայն 4ին: «Եթէ նա այդ աստիճանի արհամարհում է իր ընտրողներին եւ Ազգային Ժողովի դերը, մենք դրա իրաւունքը չունենք. մենք պատասխանատու ենք Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացու իրաւունքների համար։ Մեր պատգամաւորները վաղուանից կը նախաձեռնեն նման անհեթեթ վիճակին վերջ տալու համար անհրաժեշտ քայլերը», աւելցուցած է ան:
Սարգսեան վարչապետին յանձնարարած է Ծառուկեանի մասին ստուգումներ կատարել։ «Տարիներ ի վեր շարունակում են օդում կախուած մնալ չստուգուած լուրերը չմուծուած միլիարդաւոր դրամ հարկերի, տարեցների կենսաթոշակներից ու երիտասարդների կրթուելու իրաւունքից գողացուած միլիարդները չնչին, այսպէս ասած, "բարեգործութեան" անուան տակ քօղարկելու մասին։ Ես յորդորում եմ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին՝ յանձնարարել համապատասխան մարմիններին մինչեւ վերջ ու մանրամասն ստուգել այս լուրերի իսկութիւնը եւ բաց ներկայացնել բոլորին», ըսած է ան:
Ըստ ՀՀԿ-ի նախագահին, «շարունակում են նաեւ օդում կախուած մնալ բազմաթիւ քրէական յանցագործութիւններ պրոֆեսիոնալ կերպով քօղարկելու մեխանիզմ հիմնելու մասին չստուգուած լուրեր։ Վաղը ես հրաւիրելու եմ Անվտանգութեան Խորհրդի նիստ, որտեղ մեր իրաւապահների հետ համապատասխան անդրադարձ կը լինի, թէ ինչպէս վարուել նման լուրերի հետ։ Ասեմ, որ խօսքս ամբողջութեամբ Գագիկ Ծառուկեան քաղաքական կամ կեղծ-քաղաքական երեւոյթի մասին էր։ Որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի եւ գործարար, ես նրա հետ կապուած որեւէ խնդիր չեմ տեսնում, եթէ, ի հարկէ, հիմնաւորապէս հերքուեն օրէնքի հետ խնդիրներ ունենալու մասին բոլոր լուրերը»։
Սերժ Սարգսեան ակնյայտ հեգնանքով խօսած է «Բարգաւաճ Հայաստան» Կուսակցութեան (ԲՀԿ) խորհրդաժողովի ընթացքին Ծառուկեանի ունեցած ելոյթին մասին, ուր ան յայտարարած էր հանրահաւաքներով՝ պայքարը վերսկսելու մտադրութեան մասին։
Բայց, ՀՀ նախագահը որքան ալ ձեւական հեգնանքով մօտենայ այդ մտադրութեան, անկարելի է մտածել, որ Ծառուկեանի նկատմամբ իր յանկարծակի յարձակումը ոչ մէկ կապ ունի ատոր հետ:
Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան աշխատակազմին հրահանգած է ուսումնասիրել Գագիկ Ծառուկեանը երեսփոխանական կարգավիճակէն զրկելու հիմքերը, անոր բացակայութիւններուն պատճառաբանութեամբ։
Սահակեան հաւաստած է, որ ուսումնասիրութիւնները կը վերաբերին ոչ միայն Ծառուկեանին, այլեւ բոլոր երեսփոխաններուն: Արդարեւ, անցեալ նստաշրջանին, Ազգային Ժողովի նիստերէն ամենէն յաճախ բացակայողները ԲՀԿ-ի երեսփոխանները եղած են։
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ գումարուած խմբակցութեան նիստէ մը ետք յայտարարուած է, որ Գագիկ Ծառուկեանը երեսփոխանական կարգավիճակէ զրկուելու պարագային, հաւանական է, որ կուսակցութեան երեսփոխանները հացադուլի եւ նստացոյցի դիմեն:
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան, Փետրուար 16ին, իր ոչ պաշտօնական կայքէջին` 2rd.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով նախագահ Սարգսեանի Փետրուար 12ի ելոյթէն ետք երկրին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակին, ըսած է. «Չեմ կարող բացատրել, թէ ինչի համար էր դա պէտք նախագահին։ Եթէ հաշուարկն այն էր, թէ Գագիկ Ծառուկեանի վրայ ճնշում գործադրելով ԲՀԿ-ն կը կազմալուծուի, ապա համապատասխան էֆեկտը չստացուեց։ Ընդհակառակը. ընդդիմադիր դաշտում ակնառու են համախմբման յստակ նշաններ՝ բառապաշարի եւ նպատակների կտրուկ ռադիկալացմամբ։ ԲՀԿ-ի վարկաբեկում նոյնպէս տեղի չունեցաւ՝ չափազանց անհամոզիչ փաստարկների պատճառով»։
Քոչարեան շարունակելով յայտնած է. «Ցանկացած գործողութիւն ԲՀԿ ղեկավարի դէմ բոլորի կողմից հիմա կը գնահատուի որպէս քաղաքական հետապնդում, որը զուրկ է որեւէ լեգիտիմութիւնից։ Իսկ հաշուի առնելով երկրում սոցիալական լարուածութեան եւ դժգոհութեան աստիճանը, ինչպէս նաեւ ԲՀԿ-ի եւ նրա ղեկավարի լայն ժողովրդականութիւնը՝ որքան աւելի եռանդուն իշխանութիւնը փորձի "մաքրել" քաղաքական դաշտը, այնքան աւելի ուժեղ է լինելու համախմբումն իշխանութեան դէմ եւ այնքան աւելի իրական կը լինի քաղաքական ցնցումների հեռանկարը»։

Փետրուար 17ին Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ կայացած է Սերժ Սարգսեանի եւ Գագիկ
Ծառուկեանի հանդիպումը: Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար եւ կուսակցութեան Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան
Վարդանեանը նշած է, որ հանդիպումը կայացած է Դաշնակցութեան
նախաձեռնութեամբ:
Ըստ Վարդանեանի, վերջին օրերուն կուսակցութիւնը ամէն ճիգ թափած է երկիրը ցնցումներէ եւ բախումներէ փրկելու համար: «Մենք արել ենք անհրաժեշտը: Նաեւ լրացուցիչ եղաւ, որ Հայաստան է ժամանել գործարար Սամուէլ Կարապետեանը, որը բոլոր ջանքերը գործադրել է իրավիճակը հարթելու համար», յայտնած է ան:
«Երկիր Մեդիա»ն այս հանդիպման մասին տեղեկագրելով, աւելցուցած է, որ Սարգսեան եւ Ծառուկեան կրցած են «ընդհանուր յայտարարի» գալ: «Բարգաւաճ Հայաստան»ի առաջնորդը, այնուհետեւ, ջնջած է Փետրուար 20ին տեղի ունենալիք հանրահաւաքը։

«Նոր Յառաջ», Փետրուար 14 եւ 19, 2015 / «Ասպարէզ», Փետրուար 18, 2015
No comments:
Post a Comment