ԹԱՆԷՐ ԱՔՉԱՄ
Մինչ
Թուրք
Լեզուի
Հիմնարկի
բառարանին
մէջ
բաներ
մը
կը
փնտռէի
արքունիքի
հտպիտի
իմասին
մասին,
հանդիպեցայ
Թ. Օֆլազօղլուի
պատկանող՝
«Տգեղ
խաղ
է ասիկա:
Հտպիտներուն
խաղերէն
վտանգաւոր
եզրակացութիւններու
կը
յանգիք»
խօսքին:
Նոյնիսկ եթէ փնտռէի, Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին (ՄԻԵԴ) առջեւ Տողու Փէրինչէքի պաշտպանողականին մասին ըսուածները ասկէ լաւ ամփոփող նախադասութիւն պիտի չկարենայի գտնել:

Ուրկէ՞ սկսիմ
արդեօք:
Եթէ կ՚ուզէք, սկսինք Փէրինչէքի հետեւեալ խօսքերէն: Սկսեցէք ունկնդրել մօտաւոր կերպով 1:54:45էն՝
http://www.echr.coe.int/Pages/home.aspx?p=hearings&w=2751008_28012015&language=lang&c=&py=2015
Փէրինչէք, իր ելոյթին մէջ, իբրեւ թէ նախապէս տեղի ունեցած զրոյցներուն մէջ կատարուած մեծ սխալ մը դատարանին արձանագրութիւններուն փոխանցելու նպատակով, հպարտօրէն կու տայ հետեւեալ տեղեկութիւնները.
«Յարգելի Նախագահ, յարգելի անդամներ, նախ տեղեկատուական սխալ մը. Թալէաթ փաշա որեւէ ձեւով Թուրքիոյ դատարաններուն կողմէ չէ դատապարտուած Հայոց ջարդին պատճառով։ Այդպիսի դատապարտումի չէ ենթարկուած։ Յաղթական Անգլիոյ պետութեան հարցաքննութեան որպէս արդիւնք՝ Հայկական Հարցին կապակցութեամբ իր յանցանքը ապացուցող որեւէ փաստ գտնուած չըլլալով, թղթածրարը փակուած է։ Թալէաթ փաշա ազատութեան հերոս մըն է. այսինքն այս դատին նիւթին հետ ուղղակի առնչուած է… 1908ի Ազատութեան յեղափոխութեան առաջատարն է»։
Սխալ չկարդացիք, Փէրինչէք կ՚ըսէ, որ Թալէաթ փաշա հայոց ջարդին պատճառով՝ թրքական դատարանին կողմէ որեւէ ձեւով չէ դատապարտուած եւ այդպէս ալ՝ ատիկա արձանագրել կու տայ: Դարձեալ ըստ Փէրինչէքի՝ իբրեւ թէ անգլիացիները հարցաքննութիւն բացեր են եւ իր դէմ ապացոյց չգտնելով թղթածրարը փակեր են:
Եւ Փէրինչէքի համաձայն, այս հարցը կապ ունի եղեր դատավարութեան խորքին հետ:
Իրականութեան մէջ, ՄԻԵԴ-ի մէջ ընթացող Փէրինչէքի դատավարութեան խորքը եւ ամփոփումը այս է:
Անպատասխանատուի մը՝ իր ամբոխավարութիւնը եւ իր սուտերը՝ հայոց ուղղուած թշնամական եւ ատելավառ արտայայտութիւններու ձեւով եւրոպական օրակարգի բերելը… Ամբողջ հարցը այս է:
Իսկ Թուրքիոյ մէջ, այս դատավարութեան մասին եւ անոր պատճառաբանութեամբ ըսուածները կը ներկայացուին որպէս յաղթանակ եւ անոնցմէ մեկնելով ալ կը հասնին վտանգաւոր եզրակացութիւններու:
Խնդրոյ առարկայ յաղթանակը կրնայ իրական ըլլալ այնքան, որքան կրնան ըլլալ Փէրինչէքի վերոյիշեալ նախադասութիւնները. ա՛յդքան միայն:
Նախ եւ առաջ, սրբագրենք Փէրինչէքի ամբոխավարական այն տգիտութիւնը, որ կը վերաբերի, ինչպէս ինք իսկ կ՚ըսէ, դատավարութեան խորքին:
Թալէաթ փաշա, Պոլսոյ մէջ, 1919 Մարտ 8 թուակիր որոշումով մը [վերստին] հիմնուած Զինուորական Թիւ 1 Դատարանին կողմէ դատուած եւ ի բացակայութեան՝ մահուան դատապարտուած է:
1919 Ապրիլ 27ին տեղի ունեցած առաջին նիստին ընթերցուած ամբաստանագրին ամբողջական բնագիրը կրնաք կարդալ այն ժամանակուան պաշտօնական թերթին՝ «Թաքվիմ-ի Վէքայի»ի 1919 Մայիս 5 թուակիր 3540 թիւին մէջ:
Այդ ամբաստանգրին մէջ կ՚ըսուի, որ Թալէաթ եւ Իթթիհատ վէ Թէրաքքիի չձերբակալուած միւս ղեկավարները պիտի դատուին ի բացակայութեան: Անոնց վերագրուած յանցանքն է հայոց ջարդին նման «ստորին ոճիրներ»ու պատասխանատու ըլլալ: Անոնց դէմ մահապատիժ կը պահանջուի՝ ըստ պատժական օրէնսգիրքի 45րդ յօդուածի Ա. մասին:
1919 Մայիս 4ին, Թալէաթի եւ չձերբակալուած միւսներուն թղթածրարը դատավարութենէն կ՚անջատուի եւ կը ձեռնարկուի զատ դատավարութեան մը:
Թալէաթի մասին վճիռը կ՚արձակուի 1919 Յուլիս 5ին եւ լոյս կը տեսնէ 1919 Յուլիս 22 թուակիր պաշտօնական թերթին 3604 թիւին մէջ:
Իթթիհատական ղեկավարները, գլխաւորութեամբ՝ Թալէաթ, Էնվէր եւ Ճէմալ փաշաներու, կը ճանչցուին պատասխանատու՝ հայոց ջարդին եւ կը դատապարտուին մահապատիժի: (Մանրամասնութեանց համար տե՛ս. V. N. Dadrian, Taner Akçam, Tehcir ve Taktil: Divan-ı Harb-i Örfi Zabıtları: İttihad ve Terakki’nin yargılanması 1919-1922- Վ. Ն. Տատրեան, Թանէր Աքչամ, Տարագրութիւնը եւ համատարած ջարդը. Զինուորական դատարանի վաւերագրական արձանագրութիւնները. Իթթիհատ վէ Թէրաքքիի դատավարութիւնը, 1919-1922, «Պիլկի» Համալսարան, 2008):
Թալէաթի մասին անգլիացիներու հարցաքննութեան ձեռնարկած ըլլալու եւ ապա՝ փաստերու չգոյութեան պատճառով ալ անկէ հրաժարած ըլլալու մասին Փէրինչէքի պնդումներն ալ ուրիշ մեծ սուտ մըն են:
Այդպիսի հարցաքննութիւն գոյութիւն չէ ունեցած: Փէրինչէք վստահաբար կ՚ակնարկէ Մալթայի մէջ պահուած 141 ուրիշներու մասին կատարուած հարցաքննութեան: Բայց այդ ալ բոլորովին տարբեր նիւթ է…
Կարճ խօսքով, Փէրինչէք, ոչ միայն գոհացած է գովաբանելով թրքական արդարադատութեան կողմէ մահուան դատապարտուած մարդասպան մը, այլեւ՝ այդ մարդասպանին անունը կրող կազմակերպութեամբ («Թալէաթ Փաշա յանձնախումբ») մը, հայոց դէմ ուղղուած թշնամանք եւ ատելութիւն սերմանելով, Թուրքիոյ մէջ նոր ոճիրներու գործադրութեան, ներառեալ՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան դաշտ պատրաստած է:
Ա՛յդ է, որ կը դատապարտէ Զուիցերիան:
Իսկ ինչ կը վերաբերի այն պնդումներուն, ըստ որոնց ՄԻԵԴ-ի որոշումը պիտի վճռէ, թէ 1915ին տեղի ունեցածը ցեղասպանութի՞ւն էր, թէ՞ ոչ, ուրիշ մեծ սուտ մըն է, զոր կը տարածեն պետական շրջանակները, սկսելով՝ Փէրինչէքէն:
Իսկ ասոր վրայ պէտք է առանձնապէս ծանրանալ:

«Թարաֆ», Փետրուար 6,
2015
(Թարգմ. «Նոր Յառաջ», Փետրուար
10, 2015)
No comments:
Post a Comment