11.1.15

Թաներ Աքչամի ցնցիչ յօդուածը «Թարաֆ»ի մէջ

«Թարաֆ» թերթի Յունուար 4ի թիւին մէջ, ծանօթ պատմաբան Թաներ Աքչամ դարձեալ հրատարակած է շատ հետաքրքրական յօդուած մը, ուր ան կը յիշեցնէ, թէ Սարըղամիշի նշանաւոր ճակատամարտին ընթացքին հայ զինուորներ ալ կռուած էին օսմանցի զինուորներու կողքին եւ անոնք եւս տառապած էին Սարըղամիշի աղէտէն:
«Այս օրերուն, երբ հանդիսաւոր կերպով կը նշուի Սարըղամիշի մէջ սառած եւ նահատակուած 90 հազար օսմանեան զինուորներու յիշատակը, անոնց կողքին պէտք է խոնարհիլ նաեւ այն հայ կամ քրիստոնեայ զինուորներու յիշատակին առջեւ, որոնք նոյնպէս կը կռուէին որպէս օսմանեան բանակի զինուոր», կ՚ըսէ Աքչամ:
Ան այս բոլորը կը հիմնէ 1922ին Փարիզ հրատարակուած հայերէն գիրքի մը վրայ, որուն անունն է «Ձայն Տառապելոց»: Հեղինակն է Պետրոս Տօնապետեան: Իրականութեան մէջ, գիրքը 1915էն վերապրած հայերու կողմէ գրուած տառապալից նամակներու հաւաքածոյ մըն է: Հարիւրաւոր անձեր իրենց նամակներուն մէջ կը պատմեն, թէ ի՞նչ տառապանքներ ապրած են: Նամակները գրուած են 1916-1919 թուականներուն միջեւ:
Թաներ Աքչամ այսպէս կը շարունակէ.
«Այս նամակներուն մէջ ինչեր չկան որ… Հոն կը կարդացուի, թէ ինչպէ՞ս նոյն գիւղին բնակիչները իրենց դրացիներուն կողմէ սպանդի ենթարկուած են: Բայց կը պատմուի նաեւ այն բարի մահմետականներուն մասին, որոնք օգնեցին հայերուն: Ամէն ինչ կայ այս նամակներուն մէջ: Բայց այս նամակներուն մէջ կան նաեւ Սիպերիայէն ղրկուած նամակներ, որոնք նոր էջ մը կը բանան Սարըղամիշի աղէտին մասին: Այս նամակներէն մէկը գրուած է Յովսէփ Սէյիսեան անուն մէկու մը կողմէ, որ Սարըղամիշի մէջ գերի ինկած է ռուսերու ձեռքը եւ որ կը նշէ, թէ միայն Սիպերիոյ մէջ, իր ապրած շրջանակէն ներս, 129 հայ զինուորներ գերեվարուած են իրեն պէս»:
Աքչամ կ՚ըսէ՝ եթէ պիտի յիշատակենք Սարըղամիշի մէջ կռուած զինուորները, ասիկա պէտք է ընենք այդ շրջանին նահատակուած քրիստոնեայ, մահմետական կամ բոլոր զինուորներու եւ ամբողջ օսմանեան քաղաքացիներու անունով: Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ նաեւ ռուս զինուորները, որոնք նմանապէս իրենց կեանքը կորսնցուցին: Այս ճակատամարտները պէտք չէ դիտուին որպէս մէկու յաղթանակը կամ միւսին պարտութիւնը, այլ՝ պէտք է ընդունիլ որպէս մարդկութեան հասարակաց խենթութիւնը եւ պէտք է անիծել այդ ճակատամարտները:
Այնուհետեւ, Աքչամ թարգմանաբար կը հրատարակէ երկու նամակներ, գրուած՝ Նազարէթ Տէմիրճեան եւ Յովսէփ Սէյիսեան անուն գերեվարուած զինուորներուն կողմէ: Այդ նամակներուն մէջ կը պատմուի, թէ այս հայ զինուորները ինչեր քաշած են եւ դեռ ալ կը քաշեն որպէս ռուսերու ձեռքը ինկած գերիներ: Այդ նամակները հրատարակելէ առաջ, Թաներ Աքչամ կ՚ընէ շատ հետաքրքրական մէկնաբանութիւն մը եւ կ՛այպանէ այն թուրքերը, որոնք 1915ի Մեծ Եղեռնին դէմ կը դնեն Սարըղամիշի ողբերգութիւնը: Անոնք կը պնդեն. «Եթէ հայերը 1915ը ունին, մենք ալ Սարըղամիշ մը ունինք»: «Այս այպանելի բաղդատութիւնը ընողներուն հիմա պէտք է հարցնել, թէ այս երկուքէն ո՞ր մէկուն մէջ պիտի տեղաւորենք ռուսերու կողմէ գերեվարուած հայ օսմանեան զինուորներու նամակները», հարց կու տայ Աքչամ:

«Նոր Յառաջ», Յունուար 8, 2015

No comments:

Post a Comment