Կարելի՞ է սպաննել երախաներ հրէական դպրոցի մը առջեւ։ Կարելի՞ է զգետնել լրագրողներ, որոնք խմբագրական ժողովի մէջ են։ Կարելի չէ։ Կատարելով անհաւատալին, իսլամական ֆաշականութեան զինեալ ձեռքեր մեզ կը մատուցանեն հսկայ ծառայութիւն մը՝ ցոյց կու տան իրենց ճշմարիտ դիմագիծը։
Այս պահուս, «Շառլի Հէպտօ»ի լրագրողներու ջարդը մեզ կը դնէ երկու քաղաքակրթութիւններու միջեւ ընտրութեան մը դիմաց՝ վախերու ընկերութեան մը եւ ազատութեան ընկերութեան մը ընտրութեան։ Հայ մամուլի սիւնակներուն մէջ, մտաւորականներու եւ կամ լրագրողներու կանխամտածեալ սպանութիւնը, բնականաբար կը զգենու եզակի իմաստ։ Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին, ինչպէ՞ս ի խորոց սրտի չզգալ իր ամենէն հարազատ, ինքնատիպ ձայներուն յանկարծակի կորստեան ամբողջ ազգի մը արժած գինը, եւ այդ՝ առանց որեւէ տեսակի դատի, այլ պարզապէս՝ զէնքերու շառաչիւնով։ Շուրջ 100 տարի վերջ ինչպէ՞ս չմտաբերել 650 հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւնը Երիտթուրքերու կողմէ. ինչպէ՞ս չմտաբերել, թէ մշակոյթի մը կենսունակութիւնը կը չափուի իր պարսաւագիրներու, խմբագիրներու, բանաստեղծներու, վիպագիրներու, երգիծանկարիչներու ձիրքով։
Յունուար 7ի ջարդին յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, ամբողջ երկիրը հակազդեց։ Մինչ Ֆրանսայի մահմետականները յայտնեցին իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը երկրին մնացեալ համայնքին, միւս կողմէ բոլոր քաղաքներու երիտասարդները եւ նուազ երիտասարդները լաւ ըրին ինքնաբուխ կերպով համախմբուելով ոճրափորձին իրիկուընէ իսկ, առանց սպասելու քաղաքական դասուն շարժման՝ Կիրակի, Յունուար 11ին։
Իրականութեան մէջ, ինչպէս որ պատահեր էր 2007 Յունուարին, Թուրքիոյ մէջ Հրանդ Տինքի սպանութեան վաղորդայնին, «Շառլի»ի խմբագրակազմին սպանութիւնն ալ գործեց բոլորովին հակառակ ազդեցութիւն, քան այն ինչ որ կ՚ակնկալէին մարդասպանները։ Կ՚ագուցէ, կը սթափէ մեղկացած միլիոնաւոր գիտակցութիւններ, կը վերյիշեցնէ հիմնական արժէքներ։ Ջարդին գիշերը, “Չենք վախնար” կը պոռային երիտասարդ Ֆրանսացիները, կամ ալ՝ “Շառլի ենք”։ Լոզունգները, յուզումը, զօրաշարժը… բոլորը կը յիշեցնեն հարիւր հազարաւոր թուրք քաղաքացիներու Հրանդին կատարած մեծարանքը՝ անոր սպանութեան վաղորդայնին, երբ անոնք կը գոչէին՝ «Բոլորս հայ ենք»։ Երկու պարագաներուն ալ՝ լրագրողները սպաննուեցան որովհետեւ հարազատ էին իրենց անձին եւ որովհետեւ պաշտպանեցին իրե՛նց ճշմարտութիւնը։ Երկու պարագաներուն ալ՝ անոնք մերժեցին իրենց խօսքը սահմանափակել այն ամբողջատիրական շրջագիծով, զոր ծայրայեղականներ կ՚ուզէին պարտադրել սպառնալիքի տակ։ Երկու պարագաներուն ալ՝ անոնց կորուստը, զանոնք լռեցնելէ աւելի ծառայեց փլելու նոր պատնէշներ, հանրութիւնը համախմբելով անոնց համոզումներուն շուրջ, աւելի՛ քան՝ անոնց կենդանութեան օրով, մեր յիշողութիւններուն մէջ դարբնելով այդ լրագրողներուն յարումը՝ արտայայտութեան ազատութեան։
Չորեքշաբթի օր ապրուած անորակելի ցնցումէն ետք, հարկ է չբաւարարուիլ արցունք թափելով անոնց ետեւէն, բայց նաեւ՝ շնորհակալ ըլլալ անոնց։ Քանի, «շատ հեռու» երթալով, «ամէն ինչ»ի մասին խնդալով, կարճ խօսքով, բոլոր վտանգները աչքի առած՝ նուիրականը ապանուիրականցնելով «Շառլի Հէպտօ»ի խմբակը համայն աշխարհին կատարեց փրկարար պատուաստ մը։ Ինքնութենական եւ գաղափարախօսական կծկումներու այս ժամանակաշրջանին, արտայայտութեան ազատութիւնը կ՚երաշխաւորէ մնացեալը։ Քաղաքակրթութեան ա՛յդ ընտրութիւնն է, զոր մեր հտպիտ եղբայրները՝ Վոլինսկի եւ Գապիւ, իրենց անզիջողութեան ընդմէջէն մեզի կ՚առաջարկեն, ինչպէս տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր վայրերու մէջ առաջարկեր էին Տինք կամ Փոլիթքովսքայա։ Պիտի կարենա՞նք անոնց պահանջած ազատութեան բարձրութեան հասնիլ։ Իսկ անոնց արիութեա՞ն։ Իր անձին հարազա՛տ ըլլալու արիութեան։
«Նոր Յառաջ», Յունուար 10, 2015 (խմբագրական)
No comments:
Post a Comment