ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Վերահրատարակելով Լեւոն Շառոյեանի Դիմագիրքի սոյն կարճ բայց խօսուն էջը, մենք ալ յուզումով կը յիշենք «Յառաջ», որուն 21ամեայ աշխատակիցը (1988-2009) ըլլալու պատիւը ունեցանք, եւ որ մեր գաղափարներուն ներշնչումի ու ազատ արտայայտութեան բեմը հանդիսացաւ։ Շաւարշ Միսաքեանի կողքին, կ՚ուզենք յիշատակել նաեւ իր աղջկան՝ Արփիկ Միսաքեանի վաստակը, որ իր հօր մահէն ետք (1957), աւելի քան կէս դար իր ուսերուն վրայ տարաւ «Յառաջ»ի նաւը, զայն պահելով որպէս Սփիւռքի ամենէն հեղինակաւոր ձայներէն մէկը մինչեւ վերջը։
Վ.Մ.
2009 թուականի Մայիսի վերջին
օրերուն, երբ 84 տարուան երկարաշունչ մարաթոնէ մը ետք՝ իր հրատարակութիւնը
դադրեցուց Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթը, ցնցում մը ապրեցայ։
Յենարան մը,
ամպիոն մը, ազատ բեմ մը կորսնցուցի ե՛ս ալ։ Հո՛ն է որ լոյս ընծայեր էի իմ
գրական-հրապարակագրական կամ լրագրական յօդուածներուն ջախջախիչ տոկոսը, հո՛ն
է որ «եփուեր» էի, թրծուեր՝ իբրեւ մամլոյ աշխատակից կամ գրչի սպասարկու։
Հոն, այդ չորս էջանի պատկերազուրկ թերթին մէջ է որ ծանօթ-անծանօթ
հարիւրաւոր ընթերցողներ ճանչցեր էին զիս, հոգեկան կամուրջ հաստատեր էին իմ
հետ…։
Այդ տխուր եւ անմոռանալի թուականին, երբ թերթը փակեց իր դռները,
հրատարակեց անշուշտ իր «վերջին թիւ»ը։ Հիմնադրին՝ մեծանուն խմբագիր Շաւարշ
Միսաքեանի լուսանկարը կար այդ թիւին ճակտին։ Ու նաեւ՝ հրաժեշտի տխուր
խմբագրական մը, զոր կարդացի սեղմուած կոկորդով ու հազար ափսոսանքով…։
Այդ օր, անխուսափելիօրէն վերյիշեցի Շաւարշին ստորագրած այն նշանաւոր
խմբագրականը, որ հրատարակուած էր թերթին Ա. թիւին մէջ, 2 Օգոստոս 1925-ին։
Այնտեղ կ՛ըսուէր, թէ պիտի աշխատին վառ պահել հայապահպանումի ջահը՝ Ֆրանսայի
լպրծուն պողոտաներուն վրայ…։
90-ական թուականներուն, երբ առաջին անգամ
ըլլալով այցելեր էի «Յառաջ»ի խմբագրատունը, զմայլանքով դիտած էի թերթին
եօթանասուն տարուան հաւաքածոներուն կազմեալ մեծահասակ հատորները՝
դարաններու վրայ հերթականօրէն ու կանոնաւոր շարուած։ Ծով վաստակի ու
վիթխարի պատմութեան մը շտեմարաններն էին ատոնք։ Որո՜նք եւ որո՜նք իրենց
ստորագրութիւնը դրեր էին այնտեղ՝ տասնամեակներու երկայնքին, քանի՜ սերունդ
սնունդ եւ գաղափարական դաստիարակութիւն ստացեր էր հոնկէ…։
Թերթի մը ԱՌԱՋԻՆ թիւը ու ՎԵՐՋԻՆ թիւը…։ Բոլորովին տարբեր ու հակոտնեայ երեւոյթներ են ասոնք։
Ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս են նորածին երախայի մը առաջին ճիչն ու մահամերձ ծերունիի մը փչած վերջին շունչը…։
Օրհնեալ ըլլայ յիշատակը Շ. Միսաքեանին, որուն ծննդեան 130-ամեակն էր այս տարի։
www.facebook.com, Aleppo Armenians, Դեկտեմբեր 20, 2014
No comments:
Post a Comment