ԳՈՀԱՐ ԱՃԵՄԵԱՆ
-
Պարոն Պըլտեան, օրերս լոյս տեսաւ Դանիէլ Վարուժանին նուիրուած ձեր
աշխատութիւնը: Ունեցե՞լ էք արդեօք այլ աշխատութիւն Դանիէլ Վարուժանի մասին:
-
Տարիներ առաջ, 60ական թուականներուն, աշխատութիւն մը գրած էի, նախ՝ լոյս
տեսաւ «Ահեկան» հանդէսի մէջ, յետոյ «Տրամ» հատորիս մէջ (1980), գրեթէ
ամբողջութեամբ արեւմտահայ բանաստեղծութեան յատկացուած, ի շարս՝ Մեծարենցի,
Ինտրայի, Ահարոնի: Յետագային զանազան առիթներով Վարուժանը դարձաւ տեսակ մը
մշտական ուշադրութեան առարկայ: Հոսկէ ծնաւ «Կրակէ շրջանակը Դանիէլ
Վարուժանի շուրջ» ուսումնասիրութիւնը (Անթիլիաս, 1988): Լոյս տեսած
լիբանանեան պատերազմի ամենէն բուռն տարիներուն՝ աշխատանքը լեցուն էր
վրիպակներով: Դժգոհ էի արդիւնքէն: Երբ Խաչենց-Փրինթինֆօ առաջարկեցին որ
հատորը լոյս տեսնէ նաեւ Երեւան, ի հարկէ ընդառաջեցի: Նոր հրատարակութեան
մէջ կան յաւելումներ՝ նոր յառաջաբան մը, ընդլայնուած վերջաբան մը, եւ
յուսամ՝ վրիպակներու սրբագրութիւն: Նիւթին այժմէականութիւնն ալ (Աղէտը),
եթէ կարելի է այժմէական նկատել տեւակա՛նը, պատճառ մը եղաւ, որ հատորը
հրատարակուի վերստին:
- Անշուշտ, Հայաստանում,
նաեւ սովետական տարիներին, հրատարակուել են Դանիէլ Վարուժանին նուիրուած
գրքեր. ինչպէս օրինակ Աբեղեանի անուան գրականութեան ինստիտուտի պատրաստած
հրատարակութիւնը 1985ին 3 հատորով՝ ակադեմիկոսների, յայտնի գրականագէտների
մասնակցութեամբ ու նաեւ լրացուցիչ հատորներ առանձին գրականագէտների, նաեւ՝ Գոհար Ազնաւորեանի «Նամականի»ն եւ այլոց աշխատանքները: Ինչպէ՞ս էք
գնահատում այս ամենը:
- Մեծ մասը ծանօթ է ինծի:
Երկերի լիակատար ժողովածուն, որուն կ՚ակնարկէք, ի հարկէ կարեւոր ձեռնարկ
մըն էր, մանաւանդ որ վերջապէս ի մի կը հաւաքուէին ո՛չ միայն արեւմտահայ
մամուլին մէջ ցրուած արձակ կտորներ, այլեւ Վարուժանի ժառանգութենէն մնացած
անտիպ էջեր, սկսնակի քերթուածներ, արձակ գրութիւններ, նոյնիսկ աշակերտական
շարադրութիւններ: Շահեկան էր նաեւ տարբերակներու հրատարակութիւնը Վարուժանի
կենդանութեան օրով լոյս տեսած հիմնական հատորներու կողքին: Միայն թէ...
սպասուած լրջութիւնը ցոյց չտրուեցաւ: Երեք հատորները լեցուն են անհամար
սխալներով, որով դարձած են բոլորովին անվստահելի: Ատենին Աբրահամ Ալիքեանը
ապշեցուցիչ ցանկ մը պատրաստած էր, թէ՛ արեւմտահայերէնի, թէ՛ ալ վերծանումի:
Նկատի չեմ առներ տակաւին սովետական ուղղագրութեան կիրարկումը, որ կ՛աղճատէր
բնագիրները (օրինակ մը. «Վահագն»ի բնագրին «ամայ»ը դարձեր էր «ամա»...):
Ըստ իս՝ այդ հրատարակութեան խմբագրական կազմը փախցուց հիանալի առիթը
վճռական աշխատանք մը կատարելու:
Մինչ այդ՝ՙ Գոհար
Ազնաւորեանը յաջողած էր Վարուժանի արխիւի մնացորդներով հրատարակել
«Նամականի»ն, այն մէկը որ տեղ գտած է նաեւ նշուած Լիակատար ժողովածուի
երրորդ հատորին մէջ, աւելի ուշ եղած յայտնաբերումներով հարստացած: Ի հարկէ
Ազնաւորեանի հրատարակութեան սխալներն ու վրիպակները առանց սրբագրութեան
փոխադրուած են, ճիշդ է որ որոշ անտեղի յապաւումներ՝ գրաքննուած տողեր ու
պարբերութիւններ, վերադարձած են իրենց տեղերը... Այսքան բանասիրական
խախուտութիւն չափազանց չէ՞:
Ինչ կը վերաբերի
Վարուժանի մասին գրուած հատորներուն՝ սովետական տարիներուն եւ անկէ ետք,
ատոնք գուցէ բաւարարեն որոշ ընթերցողներ: Ատոնց հանդէպ թոյլ տուէք որ ըլլամ
շատ վերապահ, ինչպէս վերապահ եմ սովետական արտադրութիւններուն հանդէպ
ընդհանրապէս: Նման «սովետականութիւն» միայն վարչակարգի խնդիր չէ, այլ
մտայնութեան, գաղափարախօսութեան, գրական յղացքի, եւ այլն: Ուրիշ հարց, որ
(գրեթէ նոյնն է) շահեկան չեմ գտներ Վարուժանի կամ ոեւէ բանաստեղծի գործերը
շարել ետեւէ ետեւ, ամէն մէկուն մասին յաւուր պատշաճի խօսիլ, ամփոփել,
մէջբերել, ընդհանուր գնահատանք մը տալ եւ անցնիլ: Առանց որեւէ
հարցադրութեան՝ նման մօտեցում ոչինչ կ՚աւելցնէ երկերու ըմբռնումին:
- Ինչո՞ւ «Կրակէ շրջանակ»:
-
Այդ անունը ուղղակի ակնարկութիւն մըն է «Կիլիկեան մոխիրներուն»
քերթուածին, որուն քերթող-վկան ապաստան գտած է լերան մը գագաթին եւ կրակով
շրջապատուած այդ միջոցին՝ կը ջանայ կոփել իր սուգի «երգերը»:
-
Չեմ կարող խօսել մեծ բանաստեղծի ստեղծագործութիւնների մասին, սակայն երբ
կարդում ես նամակները, անտարբեր չես կարող անցնել, թւում է, որ վէպից
հատուածներ ես կարդում. հեղինակը աւարտել է Պոլսի Մխիթարեան հայրերի
Քաղկեդոնի վարժարանը, այնուհետեւ Վենետիկի Մուրատ-Ռաֆայէլեանը: Ինչպիսի՞
ներգործութիւն են ունեցել այդ միջավայրերը Դանիէլ Վարուժանի վրայ:
-
Ինչպէս ուրիշ պարագաներու, նամակները լոյս կը սփռեն մարդուն, երբեմն
գործին վրայ: Հոն կը յայտնուի բանաստեղծին մէկ ուրիշ երեսակը: Բայց շատ քիչ
բան կը գտնենք Վարուժանի մտերիմ աշխարհէն: Ուսումնական տարիները Պոլիս,
Քաղկեդոնի վարժարանին մէջ, յետոյ Մուրատ-Ռաֆայէլեանիՙ Վենետիկ, կը կազմեն
նախապատրաստական շրջան մը, որուն ընթացքին ապագայ բանաստեղծը կը սորվի, ի
միջի այլոց ու մանաւանդ գրաբար ու աշխարհաբար հայերէն: Տակաւին բանաստեղծը
չկայ, չէ յայտնուած: «Ծաղկեփունջ կամ Բրգնիկցիի մը նուագները», «Մրրկայոյզ
կայծոռիկներ»ը տեսակ մը նախավարժանքէ մը կու գան, չափազանց հետաքրքրական,
բայց սահմանափակ իրենց տարողութեամբ: Միշտ ալ դժուար է գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս
եւ ո՞ւր տեղի կ՛ունենայ որակական ոստումը, որ սկսնակ տաղաչափ մը կը դարձնէ
մեծ բանաստեղծ: Յստակ է որ Վարուժան բանաստեղծ եղաւ օտար միջավայրերու մէջ,
Վենետիկ, ապա Կենտ, Պոլիսէն ու հայրենիքէն հեռու: Եթէ նամակներուն
հետեւինք՝ ոչինչ կը պարտի Մխիթարեաններուն, եւ շատ բան՝ՙ Տոճերու քաղաքին,
ասոր բնական եւ ճարտարապետական գեղեցկութիւններուն: Բայց ասիկա զուտ
ենթակայական է: Ոչ միայն Ղեւոնդ Ալիշանի, այլեւ Արսէն Բագրատունիի,
Հիւրմիւզի քերթողական նկրտումները, լեզուական ճոխութիւնը, նախադասութեան
«տրամաբանական» կառուցուածքը, մանաւանդ ազգային դիւցազներգութիւն մը
յօրինելու ցանկութիւնը կը կերպարանաւորուի Վարուժանի մէջ: Ի վերջոյ
ժառանգորդ մըն է, այսինքն՝ աւանդութենէն կ՚ընտրէ ու կը ստանձնէ ինչ որ
էական կը նկատէ: Իսկ ասկէ անդին՝ Կոստան Զարեանի պէս «Մխիթարեան բանաստեղծ
մը» տեսնել միայն կը նշանակէ սարքազմի ուժով մասնակին շփոթել ամբողջին հետ,
նկատի ունիմ «Անցորդը եւ իր Ճամբան»ի մէկ դիտողութիւնը, գրուած Ոճիրէն ետք
եւ սակայն կրող տակաւին իր մէջ... «Մեհեան»ի մախանքը:
-
Ինչպիսի՞ ազդեցութիւն է բանաստեղծի վրայ թողել Եւրոպան եւ յատկապէս
Բելգիան, չէ՞ որ իր ուսումնառութեան չորս տարիները անց է կացրել Կենտի
համալսարանում:
- Աշխատութեանս սկիզբը ամբողջ գլուխ
մը յատկացուած է հեթանոսութեան խնդրին, ի հարկէ երեւոյթի եւրոպական
տեսակին: Խորքին մէջ ջանացած եմ բացայայտել շրջարկը, մէկդի ձգած
«ազդեցութեան» ապայժմէ եւ անշահեկան խնդիրը: Եւրոպա ըսելով հասկնալու է
նախ՝ մշակոյթը, բանաստեղծութիւնն ու ինքզինք մտածելու եւ ապրելու կերպերը:
Եւրոպան էր փորձառութիւնը, ոչ միայն աշխարհագրական իմաստով, Վենետիկը իր
Տիցիաններով եւ Կենտը իր Վան-Տէքներով: Թէոդիկին եւ Վ. Ահարոնեանին
ուղղուած նամակներուն մէջ՝ Վարուժան իր այս փորձառութիւնը կ՚առնչէ
նկարչական արուեստին: Ասիկա կարեւոր կէտ մըն է, կարծէք կեցութեան, գաղթական
մարդու դժուար առօրեան ջնջուած ըլլային աշխարհի իմացութեան մը առջեւ, որ
արուեստով կը բնորոշուի: Որոշ չափով դուրսի աշխարհին հետ մակերեսային
շփումէ մը աւելի եղող այս փորձառութիւնը գեղարուեստական հանգամանք ունի,
արուեստի խնդիր մըն է: Վարուժան շատ քիչ բան կը գրէ իրեն ծանօթ այդ
շրջապատէն: Եթէ Վենետիկին կը յատկացնէ քերթուած մը, Ֆլանտրին՝ արձակ,
ֆրանսերէն գրուած էջ մը, «Վան Արդըվելտէի արձանին»ը, դժուար որ յաջողուածք
մը նկատուի, մանաւանդ եզակի փորձառութիւն մը նշէ: Միայն թէ Կենտի մէջ է, որ
Վարուժան պիտի գրէ գրեթէ ամբողջ «Ցեղին սիրտը» եւ «Հեթանոս երգեր»ուն մէկ
մասը: Քերթուածներ՝ ինչպէս «Օ Տալիդա», «Ականջներուն», «Գրգանք»,
«Գինարբուքէն ետք», «Խաբուած կոյսեր» կամ «Մեքենաները» կրնային գրուիլ
միայն Եւրոպայի ապրումէն ետք կամ իբրեւ այդ: Հոս ծփացող զգայարանական,
սեռային յորդութիւնը, «բացութիւնը» անձնական փորձառութիւն կ՛ենթադրէ, ճիշդ
այն մէկը, որ պիտի գայթակղեցնէր Շիրվանզադէն եւ ասոր թիֆլիսեան քլիքը: Այլ
խօսքով՝ Վարուժան բանաստեղծ դարձաւ Եւրոպայի մէջ, օտար երկու մշակոյթներու
իսկական եւ ոչ գրքունակ, լսովի փորձընկալումով: Գրիչը թաթխեց «որդան
կարմիրին մէջ» նոյն ատեն, այսինքն՝ կատարեց համադրութիւն մը եւրոպականին ու
«ազգայինին», կամ կատարեց իւրացումի, սեփականացումի աշխատանք մը: Այլ
խօսքով՝ օտարութեամբ գտաւ ինքզինք:
- Իր
նամակներից մէկում, ուղղուած Վարդգէս Ահարոնեանին, Վարուժանը գրում է. «...
եւ ամենէն խոր տառապանքներս կրեցի Կանտի մէջ»: Ինչո՞ւ յատկապէս ուսման
տարիներին, երբ այդ օրերին հնչեց «Ցեղին սիրտը»:
-
Պէտք է ըսել, որ այդ տառապանքներուն մասին շատ քիչ խօսք կայ նամակներուն
մէջ: Նիւթական անձուկ վիճակը մեծ դեր ունի: Երբեմն նամակները միայն այդ
մասին կը խօսին: Պէտք է երեւակայել, որ Մուրատ-Ռաֆայէլեանի առաւել կամ
նուազ փակ մթնոլորտէն ետք Կենտի ուսանողական մթնոլորտը աւելի ազատ
անհատական կեանք մը կարելի կը դարձնէր: Զգայարանական նոր աշխարհ մը՝
չափահասութեան սեմին գտնուող ուսանողի մը առջեւ: Անկէ անդին՝ թերեւս եղած
են աւելի «սիրային» կամ «սեռային» տագնապներ: Ասոնց արձագանգները կրնանք
գտնել «Լքում» քերթուածին մէջ, նոյնիսկ Եղիա Տէմիրճիպաշեանին նուիրուած
«Տրտունջ»ին: Շատ քիչ բան՝ աքսորական մարդու, նժդեհի ու պանդուխտի մասին:
Նկատի առնելու է, որ Վարուժան արտակեդրոն աչք մըն է, աւելի քան ինքզինք, իր
ներաշխարհը զննող ներկեդրոն միտք մը: Ինքն է գրողը, որ «հայրենիքը զմեզ
հեռացուցեր է մեզմէ»: Այս մասին կը խօսի ներկայ հատորը: Անհատականի կողքին՝
կար օսմանեան կայսրութեան քաղաքական վիճակին ուղղակի անդրադարձը: Վենետիկի
ուսումնառութենէն ետք Վարուժան 1906ին չէր կրնար վերադառնալ Պոլիս, արդէն
արեւմտահայ մտաւորականութեան մեծ մասը կը գտնուէր արտասահման: Ուրեմն
գաղթականի, վտարանդիի փորձառութիւնը տեղի կ՚՚ունենար համիտեան բռնատիրութեան
ամենէն բիրտ տարիներուն եւ կարծէք այդ բռնութեան իբրեւ հակազդեցութիւն էր
որ կը գրուէին «Ցեղին սիրտը» կազմող քերթուածները. ասոնց կորիզը
քայքայուող, ամայացող, վտանգուած երկիրն էր, բանաստեղծի անձէն բոլորովին
դուրս, նոյն ատեն անոր մէջ, անշուշտ: Աւելի խոր տառապա՞նք...
- Ի՞նչ լեզուների է տիրապետել Վարուժանը:
-
Իտալերէնի, ֆրանսերէնի, օսմաներէն-թրքերէնի (դատելով աքսորավայրէն ղրկուած
նամակներէն): Կարծեմ հին յունա-հռոմէական գրականութիւնն ու հնդկականը կը
կարդար թարգմանութամբ, թերեւս մէկ մասը Բագրատունիի իսկ գրաբար
փոխադրութեամբ: Եթէ լատիներէն եւ յունարէն գիտցած ըլլար՝ Կենտի մէջ կրնար
գրականութեան հետեւիլ, ինչ որ չեղաւ: Որքան ինծի ծանօթ է, Վարուժան
ընկերային-հասարակական գիտութիւններ ուսանած է, որոնց համար հին լեզուներու
իմացութիւնը անհրաժեշտ չէր:
- Որքա՞ն ժամանակ էք աշխատել, տրամադրել Ձեր Դանիէլ Վարուժանի նուիրուած աշխատութեանը:
-
Պրպտումի եւ ատաղձի ժամանակը միշտ աւելի երկար կ՚ըլլայ, քան գրելու
ժամանակը: Երբեմն թեմաները կը մտմտաս տարիներով, մինչեւ որ վերջապէս
յաջողիս ձեւ տալ ատոնց (առանց նման ձեւաւորումի աշխատանք մը դպրոցական գործ
կ՛երեւի ինծի): Ըսեմ միայն՝ նիւթին մշակումը անցած է քանի մը փուլէ: Նախ՝
ենթարկուած է դասախօսութիւններու փորձին (1976-1984), յետոյ վերածուած է
գրքի (1986-87): Գիրքը յօդուածներու շարք մը չէ: Այլ ունի ներքին, խիստ
զարգացում, որ կը սկսի բանաստեղծական հեթանոսութենէն եւ կը հասնի Աղէտին
(1895ը, 1909ն իբրեւ սկիզբ ու նախամուտ այն մէկուն, որուն զոհը պիտի դառնար
բանաստեղծը):
- Այսքան մեծ եւ հարուստ
ժառանգութիւն է թողել բանաստեղծը, սակայն բարձրաձայնւում է որ շատ
նամակներ, յօդուածներ եւ այլ նիւթեր պակասում են ժառանգութիւնից: Ճի՞շդ է
արդեօք: Լրացումներ ունէ՞ք:
- Գուցէ որոշ նիւթեր
կորսուած են: Բայց իսկապէս ի՞նչ, յայտնի չէ: Վարուժանի ժառանգութեան
պահպանման գործին մէջ անգնահատելի դեր ունի տիկին Արաքսին, Վարուժանի
այրին: «Հացին երգը»ի առաջին հրատարակութեան (Պոլիս, 1921) սկիզբը «Երկու
խօսք»ին մէջ որոշ թելադրանքներ կան ձեռագրի ճակատագրին մասին, բայց Արաքսի
Վարուժանի անունը կը պակսի հոն: Ապրիլ 11ի գիշերէն (նոր տոմարով՝ ապրիլի
24: Ծ.Խ.) Վարուժանի ձերբակալութենէն ետք՝ օսմանեան ոստիկանութիւնը խլած ու
տարած էր բանաստեղծին արխիւը: Ըստ երեւոյթին ատիկա կը պահուէր Ներքին
նախարարութեան պահեստներուն մէջ: Հոն ալ թերեւս մնար, եթէ տիկին Արաքսին
խելամտութիւնը ունեցած չըլլար տէրը կանգնելու բանաստեղծի գրաւեալ այս
արխիւին: Շնորհիւ «Գրաքննութեան մօտ ծառայող տխրահռչակ հայու մը», ինչպէս
կ՛ըսէ «Երկու խօսքը», կաշառքով կը մտնէ պահեստը, կը գտնէ արխիւը, զայն
դուրս կը բերէ եւ այս ձեւով «Նաւասարդ» միութիւնը կը հրատարակէ արխիւին մէջ
մնացած «Հացին երգը»: Նոյն առիթով է, որ կը փրկուին անտիպ էջերը,
նամականիին սեւագրութիւնները, թերեւս ուրիշ ալ փաստաթուղթեր: Ասոնք են, որ
հասած են Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը: Թերեւս
յետագային լրացումներ եղած են: Մեր միւս գրողներու ժառանգորդները նոյն
կեցուածքը չցուցաբերեցին, անշուշտ մէկ մասը բնաջնջուած էր իր կարգին, միւս
մասը Պոլիս չէր այլեւս: Թերեւս ալ կային նիւթական պատճառներ: (Ահա
պահանջատիրութեան առջեւ բացուող ասպարէ՛զ մը. գտնել, յայտնաբերել, պահանջել
ետդարձը ձերբակալուած մտաւորականութենէն թալանուածին... Ուրիշ անհուն գործ
մը եւս, չէ՞): Յամենայն դէպս՝ չեմ կարծեր որ Վարուժանէն կորսուած երկեր
կան: Բանաստեղծը կ՚ակնարկէ թատերախաղի մը, դիւցազներգական քերթուածներու,
բայց ատոնք ծրագիրներ կը թուին: Այն տենդագին աշխատանքը, որ իրն էր
Բրգնիկէն, Սեբաստիայէն Պոլիս դարձին, եւ որուն ընթացքին գրած էր «Հեթանոս
երգեր»ուն մէկ կարեւոր մասը, նոյնիսկ «Հացին երգը»ի որոշ քերթուածներ,
ժամանակ կը ձգէ՞ր ուրիշ գործեր ալ գրելու, չեմ կարծեր: 1913ին լոյս կը
տեսնէր «Նաւասարդ»ը, Սիրունիին հետ, Վարուժան մաս կը կազմէր նաեւ «Մեհեան»
հանդէսի խմբակին (խզումը տեղի կ՛ունենայ Փետրուար-Մարտ ամիսներուն, 1914):
Գուցե պատերազմի հռչակումէն մինչեւ ձերբակալո՞ւմը: Անկէ ե՞տք:
- Ի՞նչ կ՚ասէիք Վարուժանի աքսորավայրի կեանքի մասին:
-
Ձեր այս հարցումը առանձին նիւթ մըն է: Պիտի յապաւեմ: Ըստ Միքայէլ
Շամտանճեանի եւ Արամ Անտոնեանի, որոնք Վարուժանի, Ռուբէն Սեւակի, Կոմիտասի
ընկերներն էին Չաղըրըի աքսորավայրին մէջ եւ որոնք երկուքն ալ յաջողեցան
վերապրիլ, ուրեմն ըստ ասոնց վկայութեան Վարուժան միակ գրողը եղած է, որ
ապրիլ 11ի ձերբակալութենէն մինչեւ 13 օգոստոս 1915ի ոճիրը Չանղըրըէն
Թիւնէյի ճամբուն վրայ՝ ուրեմն այդ չորս ամիսներու երկայնքին չէ դադրած
աշխատելէ: Գրած է, սկիզբը անթաքոյց համարձակութեամբ, ինչ որ վտանգաւոր էր:
Անշուշտ ընկերները զարմանք կը յայտնեն միայն, քանզի իրենցմէ ո՛չ մէկը որեւէ
բան գրած է: Անտոնեան կը խօսի վեց տետրակներէ: Տիկին Վարուժան
հետաքրքրուած կը թուի այդ տետրակներով, որոնք իբր թէ կը պահպանուէին այն
ընտանիքին մօտ, ուր Վարուժան սենեակ վարձած էր Չանղըրը: Ի հարկէ այդ
տետրակները չկան: Ըստ երեւոյթին «մշակականներ» էին: Անտոնեան կը խոստովանի,
որ երբեք չէ տեսած ատոնք, ոչ ալ լսած բովանդակութիւնը: Կարծէք
«մշակականներէն» տարբեր քերթուածներ ալ կային: Պէտք է ըսել, որ Անտոնեանի
յուշերուն մանրամասնուած տարբերակը գրուած է 1946ին, այսինքն՝ դէպքերէն 21
տարի ետք, եւ կարծես ընդլայնուած է տիկին Վարուժանի խնդրանքով: Տարիներ
առաջ, Զինադադարի շրջանի Պոլսոյ հայ մամուլը ուսումնասիրած ատենս՝ հանդիպած
եմ յօդուածի մը, որուն հեղինակը Վարուժանէն «անտիպ քերթուածներ» կ՛ուզէր
յիշատակել, իբր թէ գոց սորվեր էր. դժբախտաբար յիշատակած քանի մը տողերը
ծանօթ ու տպուած քերթուածներէ մնացորդներ էին... Կարծէք առասպելը սկսեր էր
բանիլ, թերեւս յոյսն ալ կար, որ կորուստը պիտի դարմանուէր: Անշուշտ, մենք
հիմա կրնանք միշտ երեւակայել, քիչ մըն ալ երազել վերագիւտը այդ կորսուած
քերթուածներուն: Հրաշք մը միշտ կարելիութիւն մըն է: Բացառիկ անակնկալ մը ի
վերջոյ մարդկայինին մաս կը կազմէ, չէ՞ք կարծեր:
«Ազգ-Մշակոյթ», Նոյեմբեր 7, 2014
No comments:
Post a Comment