«Ազդակ»ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններուն ծիրին մէջ, 30 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան շահեկան
զրոյց-լսարան մը տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ,
ներկայութեամբ հայագիտական եւ առնչակից նիւթերով հետաքրքրուող
մտաւորականներու, մասնագէտներու եւ գրասէրներու:
Զեկուցաբերներն էին` ամերիկեան Միշիկըն համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղի Հայագիտական Հետազօտութեանց Կեդրոնի վարիչ դոկտ. Արա Սանճեան, «Հայկազեան»
համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն դոկտ.
Անդրանիկ Տագէսեան եւ «Հայկազեան» համալսարանի զոյգ գրադարաններու տնօրէն
Սոնիա Սիսլեան:
«Ազդակ»ի միջազգային լուրերու խմբագիր, զրուցավար Վահրամ Էմմիեան բացումը կատարեց ձեռնարկին` ողջունելով դասախօսներն ու ներկաները, եւ ներկայացուց զրոյցի հիմնական նիւթը` «Հայագիտական եւ գրադարանագիտական գիտաժողովներ»-ը: Սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք դասախօսները, Էմմիեան խօսքը փոխանցեց առաջին զեկուցաբերին` Սոնիա Սիսլեանին:
Սիսլեան անդրադարձաւ անցեալ Հոկտեմբերի սկիզբը Երեւանի մէջ տեղի ունեցած
եռօրեայ գիտաժողովին, ուր ան իբրեւ «Հայկազեան» համալսարանի գրադարաններու
տնօրէն, մօտէն հետեւած է Հայաստանի Ազգային Գրադարանին մէջ կատարուող
գիրքերու թէ մամուլի թուայնացման աշխատանքին, մաղթելով, որ նման
գիտաժողովներ գումարուին աւելի երկար տեւողութեան վրայ: Սահիկներու օժանդակութեամբ Սիսլեան անդրադարձաւ գիտաժողովներու
նստաշրջաններուն, տեղեկութիւններ փոխանցելով մասնակիցներու եւ նիստերու
մանրամասնութեանց մասին: Ան յայտնեց, որ գիտաժողովին ներկայ եղած է նաեւ
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան` իբրեւ Մեծի Տանն
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ: Նաեւ այս առիթով Անթիլիասի
մայրավանքի գրադարանապետ Տիրայր եպս. Փանոսեան պարգեւատրուած է «Յակոբ
Մեղապարտ» շքանշանով: Սոյն գիտաժողովին նաեւ տեղի ունեցած է «Հայկազեան»
համալսարանի մամլոյ հաւաքածոյի ցուցահանդէս, ուր ցուցադրուած է նաեւ
լիբանանահայ «Ազդակ» օրաթերթը: Նաեւ ներկայ էր` Զմմառու վանքը: Սիսլեան
բարձր գնահատեց Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանի ճիգերը`
գիրքերու թէ մամուլի թուայնացման եւ առնչակից ճիգերու գծով: Ան ծանօթացած է
այն գործիքներուն, որոնց միջոցով կարելի է տուեալ նիւթ մը արտագրել իբրեւ
նկար (image) եւ PDF օրինակներով: Ան խորապէս դրական
տպաւորութեամբ արտայայտուեցաւ հայրենի մասնագէտներու եւ հիւրընկալ
մարմիններու ցուցաբերած վերաբերմունքին` երթեւեկի թէ նիւթերու,
գրութիւններու մատչելիութեան գծով: «Հայաստանի մէջ 7 Հոկտեմբերը
գրադարանավարներու տօն է եւ ինծի համար մեծ հարստութիւն է հոն տարուող
աշխատանքը», նշեց ան: Սիսլեան յայտնեց, որ այս գիտաժողովը շարունակութիւնն
էր 2009-ին եւ 2012-ին գումարուած գիտաժողովներուն: «Վերջին յիսուն
տարիներուն մարդիկ աւելի կ՚որդեգրեն գիրքերու թէ մամուլի թուայնացած
միջոցառումները», աւելցուց ան` նշելով, որ գիտաժողովը կազմակերպուած էր
հայրենի երեք հաստատութիւններու` Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան,
Էջմիածնի Մայր Աթոռի եւ Ազգային Գրադարանին կողմէ:
Զրուցավար Էմմիեան խօսքը փոխանցեց դոկտ. Արա Սանճեանին, որ նախ եւ առաջ
անդրադարձաւ հայրենի մասնագէտներու եւ առհասարակ հայագիտական մարզին մէջ
գիտաշխատողներու «ողորմելի» աշխատավարձին: «Հոս այս գծով նուիրումի երեւոյթ
կայ», ընդգծեց դոկտ. Սանճեան, նշելով, որ մասնագէտներու ամսաթոշակը
առաւելագոյն պարագային 100-125 տոլար է, իսկ բաժնի վարիչներու ամսաթոշակը՝
առաւելագոյնը 700 տոլար: Ան անդրադարձաւ գիտաժողովին արծարծուած
նիւթերուն, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններու
փոխանցման, գիրքերու փոխանակման հարցին, որ ահռելիօրէն սուղ է: Ան խիստ
կարեւոր նկատեց թուայնացումի աշխատանքը, որ հակառակ գիրքերու
դերակատարութեան նահանջին մասին խօսքերուն, ներկայիս ձեռնտու եւ մատչելի է
համացանցի ու յատկապէս բջջային (արդիական) հեռաձայններու ճամբով: Դոկտ.
Սանճեան յայտնեց, որ «տեսողական տարրեր» (optical character) ըսուածը շատ
տկար է: Օրինակ, 19-րդ դարուն Պոլսոյ կամ Թիֆլիսի մէջ տպուած հայերէն նիւթ
մը համակարգիչի վրայ շարուելէ ետք PDF օրինակի կը վերածուի:
Սոնիա Սիսլեան միջամտեց յայտնելով, թէ գիտաժողովի մասնակիցներուն
տրամադրուած է մամուլի գրացուցակ մը, «զոր կրնամ տրամադրել անոր, որ կը
փափաքի ունենալ»:
Դոկտ. Սանճեան շեշտեց արեւելեան Եւրոպայի կարգ մը երկիրներու` Հոլանտա,
Հունգարիա, Ռումանիա, Պիելոռուսիա եւ այլն, դերը հայագիտական
ուսումնասիրութեանց գծով, ուր գնահատելի աշխատանք կը կատարուի: Սանճեան
նաեւ անդրադարձաւ ամերիկեան թէ եւրոպական հայագիտական կեդրոններու եւ
հաստատութեանց դերակատարութեան, ինչպէս` ամերիկեան "Society for Armenian Studies"ը եւ Եւրոպայի "Association Internationale des Etudes Armeniennes"ը:
Իր կարգին, դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան յայտնեց, որ այս մարզերու
աշխատանքները ունին երկու իրավիճակ: Անոնք կ՚ընթանան «հաստատութենական» եւ
«սիրողական» մակարդակներու վրայ: Ան ընդգծեց, որ հայագիտութիւնը քանի մը
ուղղութիւններով կը զարգանայ, ինչպէս`
ա.- Պատմագիտական, ուր զգալի ներկայութիւն են ոչ հայեր:
բ.- Ցեղասպանագիտական, որ բաւական զարգացած է, եւ
գ.- Սփիւռքագիտութիւն, որ տակաւին չէ յառաջացած:
Դոկտ. Տագէսեան պատասխանելով զրուցավարի այն հարցումին, որ կ՚առնչուէր
երեք սերունդներու միջեւ հաղորդակցութեան միջոցներուն, յայտնեց, որ
Հայաստանի անկախացումէն ի վեր նախընթաց մըն է, որ գիրքերը այսքան լայն
սահմաններու վրայ եւ մատչելիութիւն չեն ունեցած: Տագէսեան անհրաժեշտ նկատեց
յատկապէս հայագիտական նիւթերու թուայնացումը` կրկնութենէ խուսափելու
համար: «Միջին Արեւելքը ընդհանրապէս հայագիտական աշխարհէն դուրս է»,
ընդգծեց դոկտ. Տագէսեան: «Արտասահմանի մէջ հայագիտութեամբ զբաղողներու
խումբ մը կայ, որ արդիւնք է խառն ամուսնութիւններու»:
Ապա զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:
«Ազդակ», Հոկտեմբեր 31, 2014
No comments:
Post a Comment