7.6.14

Պատիժ եւ պատիւ

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ապրիլ 24-ին Թաւրիզի մէջ տեղի ունեցած ապրիլեան նահատակաց յուշատօնին ներկայ գտնուեցայ: Տեղ առած էի հանդիսականներուն կարգին, աթոռներու գրեթէ վերջին շարքերէն մէկուն մէջ: Բաւական ճոխ էր յուշատօնին յայտագիրը` մեներգ, խմբերգ ու արտասանութիւն, աւագներու եւ կրտսերներու երգչախումբերու կատարում եւ այլն: Այսքան փոքրաթիւ գաղութ մը բաւական որակաւոր յուշահանդէս կազմակերպած էր, ինչ որ մխիթարութիւն էր ինծի համար, որ միշտ ալ կատարուածին քանակէն ու որակէն անդին` մատուցումին կազմակերպ նկարագիրը կը փնտռեմ:
Բայց, ինչպէս գիտենք, թէեւ չենք ուզեր ընդհանրապէս բարձրաձայն խոստովանիլ, ամէն ձեռնարկ բնականաբար ունի իր ստուերոտ երեսները: Այսպէս, մեր կողքի շարքերուն նստած էին պատանի-պատանուհիներ, որոնցմէ ոմանք նաեւ ելոյթ ունեցան. անոնք յուշահանդէսին գրեթէ ամբողջ տեւողութեան զբաղած էին իրարու հետ երբեմն մեղմ ու երբեմն բարձրաձայն զրուցելով. անոնցմէ ոմանք, մեր արդիական ժամանակի ոգիին համապատասխան, իրենց գրպաններէն հանած էին ելեկտրոնային խաղեր ու անոնցմով զբաղ էին… Մէկ կողմէ ինծի համար նեղացուցիչ էր պահուան այս խոցոտումը (ես, որ հայկական հաւաքական առօրեայ կեանքէ հեռու, համ ու հոտ կ’ուզէի առնել` «Տալւորիկի զաւակ եմ քաջ», «Ձայն մը հնչեց Էրզրումի հայոց լեռներէն» եւ այլ երգեր ունկնդրելով) միւս կողմէ, սակայն, ինքզինքս կ’ուզէի մխիթարել` ըսելով, որ այս երեւոյթը նորութիւն մը չէր ընդհանրապէս: Ինծի շատ լաւ ծանօթ էին լիբանանահայ երիտասարդութեան կազմակերպած ապրիլեան հսկումները, ուր գոռացող ճառախօսէ մը ընդամէնը քանի մը մեթր անդին կանգնած երիտասարդները ոչ մէկ ուշադրութիւն կը դարձնէին անոր լորձնաշուրթն արտայայտութիւններուն, դատարկաբանութիւններուն` կ’ըսեմ առանց բառերը ծամծմելու:
Ո՛չ թաւրիզեցիները թող նեղանան, ո՛չ ալ լիբանանահայերը վիրաւորուին: Այս երեւոյթը մեր հաւաքական դաստիարակչական կեանքին սրբագրելի կէտերէն մէկն է, որուն վրայ հարկ է ուշադրութիւն դարձնել:
Թաւրիզի մէջ, սակայն, ինծի մեծ զարմանք պատճառեց այն, որ պատանի-պատանուհիներուն աղմուկն ու ելեկտրոնային խաղերը կտրականապէս դադրեցան ու քար լռութիւն տիրեց իրենց շարքերուն մէջ ա՛յն պահէն սկսեալ, երբ իրենց առաջնորդ հայր սուրբը (հիմա արդէն` նորօծ եպիսկոպոս), բեմ բարձրացաւ ու իր փակման խօսքը արտասանեց: Զարմացնող լռութիւնը տեւեց մինչեւ խօսքին աւարտը:
Այս երեք օրուան թարմ օրինակը կ’ուզեմ վերցնել այստեղ, անոր շուրջ հիւսելու համար սրտի ու շնորհաւորանքի եղբայրական խօսքս` ուղղուած Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանին:
Պատանի-պարմանուհիներուն աղմուկը դադրեցնող` ուշադրութիւն գրաւող խօսքը, կամ ընդհանրապէս երիտասարդութեան հետ անո՛ր իսկ լեզուով կատարուող որակաւոր զրոյցը մեկնակէտն ու յենակէտը կը կազմեն սրբազանին աշխատելադաշտին: Ո՞վ ծանօթ չէ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ շաբաթական դրութեամբ աւելի քան 15 տարիէ ի վեր ներկայութիւն եղող յօդուածագիրին, որ յօդուածներէն հատորներ կազմելով` ներկայութիւն է հայ տուներէն ներս: Այդ սրտբաց ու մտերմիկ, ժամանակին լեզուով ու երիտասարդին հետ խօսուող զրոյցներուն մասին կը վկայեն այդ յօդուածները: Երիտասարդին հե՛տ զրոյց ու ոչ թէ անոր ուղղուած խօսք, տարտամ բնորոշումներով` զայն իբրեւ մեր ներկան կամ ապագան կոչող բովանդակազուրկ կրկնաբանութիւններով լեցուն:
Իր աբեղայական ձեռնադրութենէն սկսեալ մինչեւ այսօր Գրիգոր սրբազանին պարտականութեանց ու պարտաւորութեանց դաշտը ո՛չ աշխարհագրական, ո՛չ ալ պայմանական սահմանափակումներ ճանչցած է: Անթիլիաս, Էջմիածին, Լոս Անճելըս, Ատրպատական: «Հասկ»-ի խմբագրութիւն, գաւազանակրչութիւն, ուսուցչութիւն, քրիստոնէական դաստիարակչութիւն, դպրեվանքի տեսչութիւն, առաջնորդութիւն: Թղթատեցէք կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթի էջերէն մինչեւ Ատրպատականի հայոց թեմի «Արտազ» ամսագրին էջերը` միշտ ժամացուցային ճշդապահութեամբ հրատարակուած ու դեռ հրատարակուող, գաղութին առօրեայ կենսագրութիւնը ներկայացնող ու վաւերագրական այլ ուսումնասիրութիւններով լեցուն այս հրատարակութիւնը:
Մեր դպրեվանեան օրերուն սկզբունքներու մասին ճառող պատասխանատու հոգեւորականներ յանկարծ յօդս ցնդեցան: Ուրիշներ միայն որոշ աշխարհագրական տարածքի մէջ ծառայելու կոչուած մնացին: Աշխարհագրական տուեալներ, պայմաններ ու պայմանականութիւններ լեցուցած էին ու լեցուցած են այսօր մեր կեանքը ամէն տեղ: Գնահատանք ու շքանշան կորսնցուցած են շատոնց իրենց արժէքը: «Եթէ այստե՛ղ, եթէ այսպէ՛ս չըլլայ»-ներ մեր հաւաքական կեանքին կորիզը կը կազմեն այսօր: Կոչումը, կանչը մեզ ո՛չ Արեւմուտք, ո՛չ Արեւելք կ’ուղղէ, այլ հոն, ուր որ Աստուած եւ ժամանակը կը թելադրեն: Եւ ամէն ինչ ունի ի՛ր ժամանակը… կ’ըսենք յաճախ: Կը կարծեմ սակայն, որ ամէն ինչ չունի՛ իր ժամանակը, այլ մարդն է, որ անուն եւ ժամանակ կու տայ ամէն ինչին` իր ճիգ ու ջանքով, իր աշխատունակ ու անընկճելի ոգիով, իր շրջապատին մէջ ալ սփռելով իր աշխատանքին պտուղներուն փայլքը:
Մարդը եթէ ստեղծիչը չի կրնար ըլլալ ժամանակին ու պայմանին, արդէն ջնջուած է անոր տալիքը: Ժամանակին ու պայմանին ստեղծիչը ըլլալու համար մարդը ժամանակէն ու պայմանէն վեր մնալու է: Գրիգոր սրբազան ի՛նչ պաշտօն որ ստանձնած է, զայն վերածած է արժեւորեալ աշխատանքի` անոր բազմապատկումը ապահովելով, ի պատիժ իրեն ու ի պատիւ մեր բոլորին, փոխ առնելով Օրմանեան սրբազանին բառերը: Շատ լաւ գիտենք, որ մեր կեանքը այսօր լեցուն է ժամանակին ու պայմանին յարմարող, այսինքն անոնցմէ վար գտնուող պատասխանատուներով, հոգեւորական կամ աշխարհական: Պահ մը եթէ ունկնդիր ըլլանք մեր խղճին ձայնին, տեսնելու պէս պիտի լսենք, որ մեր կեանքը լեցուն է անհոգ եւ աճպարար վարձկաններու շարքերով: Հարկ չկայ ի զուր անհանգստանալու. ասկէ շատ աւելի գէշ պայմաններ ալ ունեցած է հայկական մեր կեանքը. ժողովրդական իմաստութիւնը կ’ըսէ` գիտցո՛ղը գիտէ: Այս կացութեան մէջ, սակայն, կարեւորը, մխիթարակա՜նը այն է, որ բացառութիւններ մեր կեանքին համ եւ ուժ կու տան, որոնք յարատեւ, անդուլ, համեստ, խորերէն կ’ընթանան: Անոնց աշխատանքը անխորտակելի է: Անոնց ճիգը օրհնեալ է: Անոնց աշխատանքի պատկերին ամբողջութիւնը ըմբոշխնելու համար ժամանակի պէտք ունինք:
Անոնց գործը մաս առ մաս ի յայտ կու գայ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս շաբաթ մը առաջ, Ատրպատականի պատմական հողերուն վրայ, դէպի Ծոր-Ծորի մատուռ տանող ոլորապտոյտ ճամբուն վրայ Արարատ լեռը մաս առ մաս յայտնուեցաւ, նախ Փոքր Մասիսը, ու յետոյ` Մեծը: Երկգլուխ լեռը իր փառքը մէկ պատկերով չյայտնեց. իսկ վանքէն վերադարձի ճամբուն վրայ յատակէն մինչեւ գագաթ արդէն Մեծ ու Փոքր Մասիսները ձեռք-ձեռքի` ամբողջապէս տեսանելի ու ներկայ էին, մեզմէ շատերուն հատնող համբերութիւնը ուրախութեամբ պսակելով: Ամբողջապէս տեսնելու ուրախութիւնն է այս:
Թաւրիզեցի պատանիներուն աղմուկը դադրեցաւ երեք օր առաջ, որովհետեւ անոնք գտան խօսքին իմաստը, իրենց ուղղուած, բայց մանաւանդ` իրենցմէ մեկնած: Ես ալ հիմա խօսքիս աղմուկը պիտի դադրեցնեմ` զայն վերածելու համար սրտագին շնորհաւորանքի առաջին խօսքի մը` ըսելով.
- Աստուած օգնակա՛ն, քեզի եւ մեզի, Գերշ. Տէր Գրիգոր Սրբազան եպիսկոպոս Չիֆթճեան:

«Ազդակ», Յունիս 6, 2014

No comments:

Post a Comment