17.6.14

Ոչ եւս է Պօղոս Սնապեան

Յունիս 14, 2014ի առաւօտուն, կարճատեւ հիւանդութենէ ետք, Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գրագէտ ու քննադատ, «Բագին» ամսագրի երկարամեայ  խմբագիր եւ Համազգայինի հայագիտական երբեմնի հիմնարկի գրականութեան դասախօս Պօղոս Սնապեանը։
Պ. Սնապեան ծնած էր 11 Օգոստոս 1927-ին, Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը: Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի եւ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին մէջ: 1944-ին իր երկրորդական ուսումը ստացած է Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը:
1950-էն սկսեալ իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է ազգային վարժարաններուն մէջ, որուն առընթեր գրական եւ քննադատական իր գործերը հրատարակած է «Նայիրի» ամսագրին ու շաբաթաթերթին եւ «Ակօս» ամսագրին մէջ: 1950-ական թուականներէն սկսեալ աշխատակցած է նաեւ սփիւռքահայ շարք մը թերթերու՝ պատմուածքներով, տպաւորապաշտ էջերով եւ քննադատական եւ հրապարակագրական յօդուածներով:
1962 Յունուարին, երբ Կարօ Սասունիի խմբագրապետութեամբ լոյս կը տեսնէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնը հանդիսացող գրականութեան եւ արուեստի «Բագին» ամսագիրը, Եդուարդ Պօյաճեանի հետ կոչուած է խմբագրի պաշտօնին:
Մեկնելով Փարիզ, 1962-1964ին Սորպոնի ու Ալիանս Ֆրանսէզի մէջ իբրեւ ազատ ունկնդիր հետեւած է գրական եւ իմաստասիրական դասընթացքներու: Վերադարձին շարունակելով «Բագին» խմբագրական աշխատանքը, միաժամանակ հայ գրականութիւն դասաւանդած է Այնճարի եւ Պէյրութի ազգային երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարաններուն մէջ:
1966-1973-ին Պ. Սնապեան «Ազդակ» օրաթերթի ազգային եւ գրական- մշակութային էջերու պատասխանատու խմբագիր եղած է։ 1973ին դարձած է «Բագին»ի խմբագրապետ, այս պաշտօնը վարելով մինչեւ 2003։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ հաստատուած «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական դատակազմի անդամ եղած է եւ խմբագրած՝ աւելի քան 50 գրական հատոր:
1983-1989-ին հայ գրականութիւն աւանդած է «Համազգային»ի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի բոլոր դասարաններուն, վերադառնալով այդ դասաւանդութեան Հիմնարկի գոյութեան վերջին տարիներուն։ 2007էն ի վեր «Ազդակ-գրական»ի խմբագրութիւնը կը վարէր։
Խմբագրած ու հրատարակած է նաեւ տարբեր հեղինակներէ 75 հատոր, որոնց շարքին՝ Վարդան Մատթէոսեանի «Կոստան Զարեանի շուրջ» հատորը (Անթիլիաս, Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ, 1998):
2003ին արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան «Համազգային»ի շքանշանին, իսկ 2010ին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայրապետական օրհնութեան գիրին:
Սնապեան հրատարակած է հետեւեալ ինքնագիր գործերը. «Ժամանակ չկայ» (1953), «Յեղափոխութեան համար» (1956), «Վերջին Արարը» (1958), «Անդրշիրիմեան ձայներ» (1960), «Աւազախրած նաւը» (1963), «Ես այդ շունն եմ» (1966), «Կորստական թոյներ» (1970), «Աղքատներուն աւանդութւինը» (Ա. հատոր, 1983), «Ինչպէ՞ս հայհոյեմ» (1990), «Միջնարար» (1992), «Յայսմաւուրք (1997), «Տարեդարձներ» (2001), «Աղքատներուն աւանդութիւնը» (Բ. հատոր, 2002), «Կրկէսին մէջ» (երեք հատոր, 2005-2010), «Պատիժներ» (2008), «Ես Իմ Անուշ"ի Ոդիսականը» (2008), «Ձգողական» (2010), «Վերծանումներ» (2010)։ Ունի տասնեակ մը անտիպ հատորներ։
Յարգանք իր յիշատակին։

No comments:

Post a Comment