1.6.14

Թուրքիա պէտք է առերեսուի իր պատմութեան

ՌՈՆԱԼՏ ՍԻՒՆԻ
 
Պատմութիւնը խուսափողական է, բայց անխուսափելի: Հերքուած ու խեղաթիւրուած ըլլալով, այնուամենայնիւ, ան իր վրէժը կը լուծէ: Փաստերը պէտք է ի վերջոյ առերեսուին, իսկ հետեւանքները՝ ընդունուին: Երբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը փորձեց Գերմանիոյ վարչապետ Անժելա Մերքելը համոզել, որ չաջակցէր Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915 թուականին հայերու նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան պնդումներուն, Մերքելը անոր խորհուրդ տուաւ «հաշտուիլ» սեփական երկրի պատմութեան հետ:
Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցի նախօրէին (1915 թուականի Ապրիլ 24), երբ երիտթրքական կառավարութիւնը ձերբակալեց եւ աքսորեց Պոլսոյ վեց հարիւր հայ յառաջադէմ մտաւորականներու ու քաղաքական գործիչներու, որոնց մեծ մասը սպաննուեցաւ նոյնինքն թրքական կառավարութեան գործակալներու կողմէ, Էրտողան աննախադէպ ուղերձ յղեց այդ ճակատագրական տարուան իրադարձութիւններուն մասին՝ ցաւակցութիւն յայտնելով Առաջին Աշխարհամարտի ժամանակ հայերու, ինչպէս նաեւ մահմետականներու կրած ծանր կորուստներուն համար: Եւրոպան, ԱՄՆ-ը եւ Թուրքիոյ հայերը ողջունեցին հաշտեցման ուղղուած անոր քայլը, սակայն պաշտօնական Երեւանը եւ սփիւռքահայերէն շատերը մերժեցին անոր քայլը, որով ան 1915ի իրադարձութիւնները չէր ճանչնար որպէս ցեղասպանութիւն եւ հայերու ու մահմետականներու կրած տառապանքները կը դնէր նոյն նժարին վրայ:
Հայոց ցեղասպանության 100րդ տարելիցին մնացած է մէկ տարի, եւ թրքական կառավարութիւնը փոքրիկ, սակայն նշանակալից քայլ մը ըրած է: Շատ պատմաբաններ, որոնք շատոնց ճանչցած են 1915 թուականի դէպքերը որպես ցեղասպանութիւն, կ՚ափսոսան, որ այդ քայլը աւելի համարձակ ու անկեղծ չէր: Օսմանեան միլիոնաւոր հպատակներ մահացան աշխարհամարտի ընթացքին, սակայն անոնց փորձառութիւնը արմատապէս տարբեր էր: Թուրք, քիւրտ եւ մահմետական այլ տղամարդիկ ու կիներ զոհուած են կա՛մ որպէս զինուոր, կա՛մ կայսրութեան մէջ պատերազմի հետեւանքով յառաջացած հսկայական անկազմակերպուածութեան եւ տեղաշարժերու հետեւանքով:
Շատերը մահացան հիւանդութիւններէ ու սովէ, ինչ որ անմիջական հետեւանք էր անոնց դրացի հայերու ու ասորիներու բռնի տեղահանութեան եւ զանգուածային կոտորածներու՝ արհեստավարժ հողագործներ, արհեստագործներ եւ առեւտրականներ, որոնց աշխատանքն ու ժառանգութիւնը ոչնչացան անոնց բռնի տեղահանումով ու Սուրիոյ անապատներ աքսորուելու հետեւանքով: Քրիստոնեայ հայերն ու ասորիները երիտթրքական կառավարութեան կողմէ միտումնաւոր կերպով թիրախի վերածուած էին որպէս ներքին թշնամիներ, եւ ազգային ու կրօնական պատկանելիութեան հիմամբ՝ տեղահանուած իրենց բնակավայրերէն: Անոնց գոյքը բռնագրաւուեցաւ, եւ հարիւր հազարաւորները, ըստ որոշ գնահատականներու՝ աւելի քան մէկ միլիոնը, մահացան զինուած օսմանցիներու ձեռքով:   
Ըստ որոշ սահմանումներու՝ երբ որեւէ երկրի կառավարութիւնը էթնիկ, կրօնական կամ մշակութային տուեալ խումբ վերացման կը դատապարտէ եւ միտումնաւոր կերպով պատճառ կը հանդիսանայ անոր ֆիզիկական ու մշակութային ոչնչացման, այդ գործողութիւնները կ՚որակուին որպէս ցեղասպանութիւն:
Այս փաստն է, որ ներկայիս թրքական, ինչպես նաեւ ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի ու այլ երկիրներու կառավարութիւնները կը մերժեն ճանչնալ:
Թրքական հանրութիւնը սեփական կառավարութենէն յառաջ անցած է: Պատմաբաններ, ընկերաբաններ, մարդաբաններ եւ այլ գիտնականներ արդեն հասկցած են 1915-ի ցեղասպանութիւնը, իսկ թուրք լրագրողները, համալսարաններու ուսանողներն ու դասախօսները բացայայտած են Օսմանեան կայսրութեան աւարտին ու Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան ուղեկցող սարսափելի իրադարձութիւնները: Թուրքիոյ  քիւրտ քաղաքացիները, որոնք միլիոնաւոր այլախոհ ձայներ կը ներկայացնեն, շատոնց ճանչցած են ցեղասպանությունը, որուն մասնակցած են իրենց նախնիքը: Յառաջադէմ թուրք մտաւորականությունը կազմակերպած է համաժողովներ, հրատարակած է գիրքեր, գրած է հոդվածներ եւ յայտնուած հանրութեան առջեւ՝ թրքական անցեալի մութ էջերը բանալու:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ պատմութեան առերեսուիլը ո՛չ միայն ազնիւ ու մտաւորական քայլ է, այլեւ քաղաքական մեծ նշանակութիւն ունի: Ան ո՛չ միայն կրնայ սկսիլ լուծել Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ առկայ հակասութիւններն ու թշնամանքը, այլեւ առերեսուելով անցեալին եւ ընդունելով, որ ոճրագործութիւն կատարուած է, կառավարութիւնը կրնայ աջակցիլ թրքական քաղաքացիական հասարակութեան այն շերտին, որ երկրի ամենալուսաւոր եւ ժողովրդավար ուժն է:
Վարչապետ Էրտողանը մեջբերեց թրքական ասացուածք մը, որ հայերու կողմէ ալ կը գործածուի՝ կրակը ինկած տեղը կ՚այրի: Ամէն ազգութիւն իր ցավը կը զգայ եւ դժուարությամբ կը հասկնայ ուրիշներու ցաւը: Սակայն երկու ժողովուրդներու հաշտեցումը՝ հայերու ու թուրքերու, որոնց բախտ վիճակուած է ընդմիշտ կողք կողքի ապրիլ, կը պահանջէ ո՛չ միայն համատեղ պատմութեան և փոխադարձ տառապանքներու ճանաչում, այլեւ սթափ հայեացք, թէ ինչպէ՞ս վարուած է օսմանյան կառավարութիւնը իր քրիստոնեայ հպատակներուն հետ:
1915 թվականի իրադարձություններու նկատմամբ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ժխտողականութեան դարը պէտք է մօտենայ իր աւարտին: Թուրքիա կրնայ օրինակ վերցնել այն երկիրներէն, որոնք կատարած են սեփական պատմութեան մէջ թաքնուած չարիքը ընդունելու ցաւոտ քայլը: Ի հարկէ, ինչպէս Էրդողանը ըսաւ՝ «Առաջին համաշխարհային պատերազմի իրադարձութիւնները բոլորիս ընդհանուր ցաւն է», սակայն ան բաց ձգեց բան մը՝ ո՞րն էր այդ ցավի սկզբնաղբիւրը: Ո՞վ կրակը վառեց եւ ուղղեց ամենախոցելի մասին․ այս փաստին ընդունումը պիտի դառնայ առողջացման քայլերէն մէկը:

"Die Zeit", April 28, 2014
«Սիվիլնեթ», Մայիս 31, 2014
(Արեւմտահայերէնի վերածուած «Հայկականք»ի կողմէ) 

No comments:

Post a Comment