ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼԼԻՒՃԵԱՆ
Վերջապէս:
«Ասպարէզ»ի
Դեկտեմբեր 27ի թիւին մէջ Ժան Գոսագեանի ստորագրութեամբ լոյս տեսաւ ամերիկահայութեան
թիւին մասին բաւական հիւթեղ յօդուած մը (*): Հիւթեղ՝ թէ՛ տուեալներու առատութեան եւ
նշանակալից հանգամանքին, եւ թէ այդ տուեալներէն ճիւղաւորուող բազմապիսի
եզրակացութիւններ՝ հիւթ քամելու կարելիութեան համար: Տուեալները կարելի է վիճարկել,
համեմատել, ուսումնասիրել. սակայն այդ մասին՝ այլ առիթով: Առայժմ, սակայն,
կեդրոնանանք վիճակագրութեան տեղ տալու երեւոյթին վրայ միայն:
Այս տիպի
յօդուածներ եւ ընդհանրապէս մօտեցումներ շեղումներ են հայ Սփիւռքի մէջ
նուիրագործուած աւանդոյթներէն: Գրեթէ ազգադաւութեան համարժէք բան է մեր մէջ թիւերու
հետ փորձել շփուիլը եւ կամ մեր երեւակայութեան ընկալած իրականութիւնը հանդիպադրելը
իրողական փաստերու:
Հայկական չակերտեալ իրականութենէն ներս ձեռնարկներու եւ հանդէսներու ներկաները կ՚ըլլան խուռներամ, այլ թիւերէ զուրկ: Կուսակցութիւններն ու միութիւնները կ՛ունենան «բազմաթիւ» անդամներ, սակայն առանց քանակաւորումի: Հայկական դպրոցներու աշակերտութիւնը «որոշ չափով» կ՚աւելնայ ու կը նուազի, իսկ հոն «որոշ» բառը որոշելէ կամ բնորոշելէ աւելի՝ մեղմաբան ու նրբասաց բանաձեւում մը կ՚ըլլայ ոչինչ ըսելու նպատակին:
Վիճակագրութիւններ հրապարակելը խոտորում մըն է ի վերջոյ հայերու ինքզինք պարտկող վախերէն: Թիւերը խոտոր կը համեմատին ինքզինք ստանձնելու, ինքզինք ըլլալու եւ ինքն իր ներկան ու ապագան կերտելու պարտաւորութենէն Սփիւռքի վերջին տասնամեակներու փախուստին:
Թիւերը հայ ընկերութիւնը դէմ յանդիման կը դնեն այն իրողութեան, որ ոչ միայն իր «մէկ ոտքը գերեզմանն է», այլեւ թերեւս ծունկն ու կողը, եւ թէ միւս կողմէն կարծէք ոչինչ կ՛ընէ ատկէ խուսափելու համար՝ բացի «ցեղասպանութիւն» եւ «հայեցի դաստիարակութիւն» պոռալէ: Սպանդ մը, որ այդ թիւերուն վրայ կը կատարուի կը կատարենք ամէն օր: Այդ թիւերէն կը բխի այն, որ Գալիֆորնիոյ մէջ կայ 110-115,000 դպրոցական տարիքի հայ: Այդ թիւը աչքի առաջ ունենալէ ետք դիւրին է հայ լեզու ուսանող աշակերտութեան համեմատութիւնը ունենալ՝ հարիւրէն միայն չորսը հայերէն կը սորվի։

Այլ խօսքով, նոր սերունդի գոնէ 90 տոկոսը պիտի չկարենայ հայերէն կարդալ: Այսինքն
մէկ սերունդ ետք գրեթէ ոչինչ պիտի մնայ աշխարհը հասկնալու, ընկալելու, վայելելու եւ
փոխանցելու այս ձեւէն, որ ի՞նչ է արդեօք, եթէ ոչ այն, որ կը կոչենք ինքնութիւն:
Պիտի ունենանք, շատ-շատ, «մեծ մօրս յիշատակները» ծանօթ ժանրին առաւել բազմացումը,
«հայ գրականութիւն» ըլլալ յաւակնող ա՛յլ լեզուներով:
Թիւերը կը ստիպեն հաշուի նստելու «հայեցի դաստիարակութիւն» յղացքի ամպհովանիին տակ ծուարելու համատարած մղումներուն հետ: Յղացքներ, որոնք չափելի ու քանակաւորելի չեն, եւ որոնց կ՛ապաւինինք ծածկելու համար միւսները. թէ ինչպէ՞ս 115,000 հոգիէն հայերէնով ընդունելի երկու-երեք էջ գրելու կարողութիւնը ունեցող ոչ ոք կրնանք պատրաստել, կամ թէ ինչո՞ւ այդպիսի մե՜ծ, բացառի՜կ, չնաշխարհի՜կ թիրախ մը մեր նպատակներուն մէջ չկայ եւ կամ կորսուած է երկար պարբերութիւններ գրաւող տեսլականներու եւ առաքելութեանց սահմանումներու մէջ: Թէ ինչպէ՞ս հաստատութիւն մը աւելի կը յաջողի հոն ուր ուրիշներ արդարացումներու շարաններ կը դիզեն: Թէ ի՞նչ տարողութեամբ ծանրակշիռ հետեւանքներ ունի համայնքի ղեկավարութեան հակառակութիւնը թէ՛ հանրային, թէ՛ պայմանագրային (Charter) վարժարաններու մէջ 110,000 «մնացորդացին» հայերէն սորվեցնելու փորձերուն՝ այդ խեղճուկրակ չորս տոկոսին «մրցակցութիւն» չյառաջացնելու համար: Թէ քանի՞ սպառող ունի եւ քանի՞ սպառող կը պատրաստէ անփառունակ շքացման ճամբան բռնած այս լեզուն ու մշակոյթը, այսինքն «ազգ»ը, որ իր միջուկը գրեթէ կորսնցնելով՝ սոսկ կեղեւի վերածուելու ճամբուն վրայ է:
Թիւերը մեզ կը դնեն համեմատութիւններ կատարելու, կշռելու եւ կշռադատելու, գնահատելու՝ գին կտրելու ապերախտ ու վտանգաւոր հնարաւորութեան դիմաց: Կը վերադարձնեն մեզ հիմնական այն գործընթացին, որուն կու տանք «մտածել» անունը, եւ որ մեծ մասով արտաքսուած է մեր կեանքերու հայկական երեսէն: Թիւերը կ՚ըսեն կեղեւին կեղեւութիւնը եւ ուրեմն կ՚ազդարարեն, կը յուշեն անոր սպասելի խամրացումն ու չորաբեկ մահը:
Թիւերը նաեւ կոչ են՝ անդարմանելիութեամբ յղի թերացումներու դէմ դատակոչ, մտքի ու երեւակայութեան զօրակոչ, գործի մարտակոչ:

«Ասպարէզ», Փետրուար 3, 2014
(*) Յօդուածը արտատպած ենք մեր կայքագրին մէջ՝ Յունուար 2, 2014ին («Հայկականք»)։
No comments:
Post a Comment