6.2.14

Անգարայի ձեռագիրն ու Օճալանի ստորագրութիւնը

«Ա.»









ՔԱԿ-ի արգելափակեալ ղեկավար Ապտիւլլահ Օճալանի նամակը, ուղղուած` հայ ժողովուրդին, պարզագոյն բանաձեւումով խառն ուղերձներ (mixed messages) կը փոխանցէ ընթերցողին:
Նախ կարելի չէ անտեսել այն երեւոյթը, որ միեւնոյն կուսակցութեան ղեկավարներէն Պեսէ Հոզաթ հայկական լոպին մեղադրած էր Թուրքիոյ ուրուական պետութիւններէն մէկը ըլլալու յանցանքով, որուն հերքումի ձեւով մեկնաբանուեցաւ Օճալանի նամակը: Խառն ուղերձի տրամաբանութեան մէջ կ՚իյնայ սկսելու համար նամակի այն բաժինը, ուր քիւրտ ղեկավարը հայ ժողովուրդին  համեստաբար կ՛առաջարկէր, որ առանց ցեղապաշտ-ազգային թակարդներու մէջ իյնալու շարունակէ իր պայքարը` հեռու մնալով «մեր ժողովուրդները տակաւին դարեր շարունակ իրարու թշնամացնել նպատակադրող միջազգային դրամատէր ուժերու եւ լոպիներու չարամտութենէն»: Եւ եթէ նամակի բովանդակութեան բնութագիրը ընդհանուր առումով խառն պատգամներով կարելի է բնորոշել, ապա այստեղ արդէն գրեթէ միանշանակ կը դառնայ հայութեան պայքարը ապալոպիիստականացնելու (*) կոչը:
Այս պարզապէս ենթադրել կու տայ, որ Օճալանի նամակը ոչ թէ անպայման կը հերքէ իր քաղաքական դիւանի անդամին ամբաստանութիւնը, այլ պարզապէս կը փոխէ բուն ըսուելիքին ոճը:
Պարզ է, որ ըստ էութեան Օճալան ցեղասպանութիւնը ճանչնալով հանդերձ, իր արգելարանէն պիտի չխօսէր հատուցման կամ հիմնական առաջադրանքին Արեւմտահայաստանի մասին: Առաջադրանքը, ի վերջոյ, հակադրամատիրական պայքարի համահունչ բառապաշարի լիարժէք օգտագործումով  Անատոլուի շրջանին մէջ տարբեր ազգերու խաղաղ գոյակցութիւնն է: Մնացեալը, վիշտ, ցաւ, Ցեղասպանութիւն նոյնիսկ` դատապարտանքի ոլորտներուն մէջ մնալու յղացքային տեսութիւններ են, որոնք բնականաբար պիտի չհատեն Թուրքիոյ մասնատումին առաջնորդող ուղիներու սահմանները:
Ակնկալելը, որ «Արեւմտահայաստան» բառը ձեւով մը տեղ գտած ըլլար Օճալանի նամակին մէջ, քաղաքականօրէն իրատեսական պիտի չըլլար, մանաւանդ որ Քիւրտիստան բառն անգամ տեղ չունի այս գրութեան մէջ: Անգամ մը եւս կ՚ընդգծուի, որ ընդհանուր առաջադրանքը Անատոլուի մէջ հայերու, քիւրտերու, թուրքերու եւ այլազգիներու խաղաղ համագոյակցութիւնն է:
Առաջադրանքային այս տեսութիւնը  հեռու չէ Անգարայի կիրարկած քաղաքականութենէն: Ցեղասպանութիւն բառը պէտք չէ հեռացնէ ընթերցողը Անգարայի քաղաքականութեան տեսադաշտէն: Հրանդ Տինքի սպանութեան դատապարտանքն ու անոր յիշատակի ոգեկոչումը եւս հեռու չեն Թուրքիոյ պաշտօնական յայտարարութիւններուն բովանդակութենէն:
Այս նամակը Տինքի սպանութեան առիթով հրապարակելի էր: Անոր հրապարակման շուրջ երկշաբաթեայ ուշացումը արագօրէն մտածել կու տայ գրաքննութեան  մասին: Պետական կիսաարհեստավարժութեան մասին է խօսքը թերեւս: Իշխանութիւնները կրնային ամէն ինչ բանաձեւել, յետոյ հրապարակել: Ուշացումը ինքնին, արտօնութիւն տալու-չտալու խաղին ծառայեցուող երեւոյթ իբրեւ կրնայ մեկնաբանուիլ, ստեղծելով այն խաբկանքը, որ որոշ դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք է միայն, որ նամակը յայտնուած է հանրութեան ուշադրութեան:
Արգելափակուած Օճալանը պատանդի կարգավիճակի մէջ է` Անգարայի ցուցմունքներով հեռակառավարելու քրտական շարժումները: Անգարան փորձ կը կատարէ, նոյն հանգամանքին օգտագործումով, հայկական կողմին վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու: Անգարայի ձեռագիրին տակ ստորագրած է Օճալանը: Թէկուզ Ցեղասպանութեան մասին խօսելով:




«Ազդակ», Փետրուար 4, 2013

-------------------------
(*) Մենք կողմնակից ենք հայերէն լեզուի մաքրութեան, բայց հանրայայտ երկարախմորակլորածակը յիշեցնող ու ա՛լ աւելի արտառոց այս բառով ընթերցողի աչքն ու միտքը չարչարելու փոխարէն, արդեօք կարելի չէ՞ր պարզապէս գրել «հայութեան պայքարը լոպիներէ հեռու պահելու կոչը»։ Անգլերէնով կամ ֆրանսերէնով չկրցանք մտաբերել կամ գտնել բառ մը, որ այս անյաջող հայացումին բնօրինակը հանդիսանար ("delobbyfy"?)։ Նոյնիսկ եթէ գոյութիւն ունենար, պայման չէ, որ հայերէն շինծու համարժէք մը ստեղծուի («Հայկականք»)։

No comments:

Post a Comment