24.2.14

Միջին Արեւելքի հայկական արխիւները ցեղասպանութեան մասին

Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, Յունուար 19ին, Քրեսենթա հովիտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբի այս տարուան անդրանիկ դասախօսութիւնը նուիրուած էր վաւերագրական խիստ կարեւոր նիւթի մը՝ «Միջին Արեւելքի հայկական արխիւները՝ հայկական ցեղասպանութեան մասին»: Դասախօսն էր պատմաբան Վահրամ Շէմմասեանը: 

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի: Կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքով հանդէս եկաւ դոկտ. Զարմինէ Նաքքաշեան, որ նախ ողջունեց ներկաները, ապա հակիրճ ձեւով ներկայացուց օրուան դասախօսը։ Դոկտ. Շէմմասեան հայկական ուսմանց ծրագրի վարիչն է Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին ժամանակակից եւ դասական լեզուներու եւ գրականութեանց բաժանմունքին մէջ: Ան իր տիտղոսը ստացած է Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA)՝ պատմութեան բնագաւառին մէջ, ու Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուած է «Ուիլիըմ Սարոյեան» շքանշանով:
Դասախօսը նախ գնահատական խօսքեր ուղղեց եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին այս միջոցառման համար: Բացատրելէ ետք «արխիւ» բառին իմաստը, ան նշեց, որ ցեղասպանութեան արխիւները, որոնք տարածուած են աշխարհով մէկ, կը բաժնուին երկուքի՝ հայկական եւ օտար արխիւներ, իսկ հայկական արխիւները Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ կը գտնուին:
Դասախօսութեան աշխարհագրական ոլորտը կը կազմէր ցեղասպանութեան թատերաբեմը հանդիսացող Միջին Արեւելքը, ուր գոյութիւն ունին հայկական ցեղասպանութեան վերաբերող հարուստ տուեալներ: Դասախօսութեան ընթացքին մանրազնին կերպով քննարկուեցան Գահիրէի Ազգ. Առաջնորդարանի, ՀԲԸՄի, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան, Անթիլիասի Կիլիկեան Աթոռի եւ Բերիոյ թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի արխիւային տուեալները:
Դոկտ. Շէմմասեան կանգ առաւ առաւելաբար Սուէզի ջրանցքի արեւելեան ափին գտնուղ Փորթ Սայիտ քաղաքին մօտ հիմնուած գաղթակայանի մը վրայ, ապա անդրադարձաւ 2002ին լոյս տեսած Մուհամմատ Ռիֆաաթ Իմամի 736 էջնոց «Հայերը Եգիպտոսի մէջ» գիրքին, ուր լայն տեղեկութիւններ կան հայոց մասին՝ 1897-1968 թուականներէն: Ան մանրամասնօրէն խօսեցաւ նաեւ Երուսաղէմի արխիւներուն մասին, որոնք հիմնականին 1913-1916 եւ 1919-1922 թուականները ընդգրկող Կոստանդնուպոլսոյ արխիւներն են: Երկու հատուածներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երեք տարուան բացը հետեւանք էր Զաւէն պատրիարք Տէր Եղիայեանի աքսորին՝ օսմանեան կառավարութեան կողմէ: Այս արխիւներուն հիմնական պարունակութիւն է Սահակ Բ. Կաթողիկոսի եւ Ճեմալ փաշայի թղթակցութիւնները, Թուրքիոյ տարբեր նահանգներէն եկած տեղեկութիւններ եւ փաստաթուղթեր՝ ցեղասպանութեան մասին, տեղեկութիւններ հայ դաւաճաններու մասին, ազգային ժողովներու արձանագրութիւններ, պարբերաթերթեր, եւ այլն:
Գալով Անթիլիասի արխիւներուն, անոնք ակնկալուածէն նուազ եղած են՝ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսի Երուսաղէմ աքսորուած ըլլալուն պատճառով: Դասախօսը ուսումնասիրած է այդ արխիւները, որոնք մեծաւ մասամբ կրկնօրինակներ ըլլալով, որոշ չափով անընթեռնելի դարձած են:
Ապա դոկտ. Շէմմասեան անդրադարձաւ Բերիոյ թեմի հարուստ արխիւներուն, որոնք խնամքով պահուած են: Այդ արխիւները կը պարունակեն լայն տեղեկութիւններ ջարդերուն, աքսորին, որբանոցներուն ու գաղթակայաններուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ՝ վերապրողներու ցուցակներ ու մանրամասն տեղեկութիւններ 40-45 հայրենակցական միութիւններու կողմէ: Դասախօսը հակիրճ ակնարկ մըն ալ նետեց Վիեննայի, Փարիզի, Միացեալ Նահանգներու, ՀՅԴի եւ ՀՕՄի արխիւներուն, որոնք կու գան լրացնելու Միջին Արեւելքի արխիւներուն տուեալները:
Հուսկ, դասախօսը կանգ առաւ արխիւներուն ու անոնց խնամքով պահպանման կարեւորութեան վրայ, ապա պատասխանեց ունկնդիրները յուզող հարցումներուն:

«Ասպարէզ», Փետրուար 13, 2014

No comments:

Post a Comment