3.2.14

Վենետիկի համալսարանի հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը


Վենետիկի Համալսարանի Հայ Լեզուի եւ Մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը, գործակցութեամբ Պօ-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութեան, տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 1-20ին (քննութիւնները` Օգոստոս 21ին): Ժամանումը կը նախատեսուի Յուլիս 30-31ին, մեկնում` Օգոստոս 22-23ին:
Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ` բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ’ունենան Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, օրը հինգ պահ` առաւօտեան: Դասերու ներկայութիւնը պարտադիր է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ: Փափաքողներուն, կէսօրէ ետք, ձրիաբար պիտի աւանդուին նաեւ դուդուկի եւ հայկական պարերու դասեր։
Արձանագրութեան սակն է 700 € կամ համապատասխանը՝ տարարժոյթով ըստ օրուան սակին: Այս գումարին 500 եւրոյի բաժինը պետք է վճարուի կանխաւ` մինչեւ Մարտ 31: Այդ թուականէն ետք պէտք է վճարուի 550 եւրօ մինչեւ Յունիս 30, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամն է: Արձանագրութեան մնացեալ մասը պէտք է վճարուի անպայման մուտքի օրը։
Բնակութեան հնարաւորութիւն կը տրուի համալսարանական ուսանողատուն մը` Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած` խոհանոցային յարմարութիւններով: Յուլիս 30-Օգոստոս 22 ներառեալ, բնակութեան սակն է 820 € առանձին սենեակի մէջ, 610 € երկու հոգինոց սենեակի մէջ, երկու պարագային ալ՝ լոգարանային յարմարութիւններով օժտուած: Ճաշ մը կամ ընթրիք մը, համալսարանի սեղանատան կամ այլ պայմանագրուախ հաստատութեան մը մօտ, պիտի արժեն 8-9 €:
Թղթատարական հասցէն՝ Associazione Padus-Araxes – c/o Dip. Studi Asiatici – San Polo 2035- 30125 Venezia (Italia): Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կարելի է գրել հետեւեալ հասցէին` daniela@padus-araxes.com:

No comments:

Post a Comment