ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Տարեփակը կատարելէ առաջ, իւրաքանչիւր Դեկտեմբերի կիսուն,
պատէն կախուած մեր հայկական օրացոյցները կը յուշեն մեզի «Ս.
Յակոբ»ը։
Դ. դարուն ապրած մեծանուն հոգեւորական մըն է Ս. Յակոբ,
սկզբնապէս՝ ճգնաւոր, յետոյ՝ եպիսկոպոս։ Ասորի Եկեղեցւոյ
պանծալի զաւակներէն մին է ան։ Իր ծննդավայրն ալ Մծբինն է, այժմու
Նուսայպինը, Անատոլուի հարաւ-արեւելեան կողմերը, սուրիական
սահմանին գրեթէ կից, Գամիշլի քաղաքին դիմաց։
Մծբնացի Ս. Յակոբ հայրապետ 325 թուականին անձամբ մասնակցեր է
Նիկիոյ Տիեզերական Ա. Ժողովին, ընկերակից ունենալով իր
ձեռնասունը՝ Ս. Եփրեմ Խուրի ասորի մեծ աստուածաբանն ու
շարականագիրը։ Մծբին վերադարձին՝ անոնք միասնաբար հիմներ են
տեղւոյն դպրանոցը, որ ուսման շատ կարեւոր կեդրոնի մը պիտի
վերածուէր շուտով։ Այստեղ ուսանելու պիտի գային հարիւրաւոր
գիշերօթիկ սաներ՝ հմտանալով ոչ միայն ասորերէն եւ յունարէն
լեզուներուն, այլեւ գիտելիքներ ամբարելով իմաստասիրութեան,
գրականութեան, աստղագիտութեան, իրաւագիտութեան եւ մինչեւ իսկ
բժշկագիտութեան վերաբերեալ։
Ս. Յակոբ կը վախճանէր 338ին եւ կը թաղուէր Մծբին։ Առ այսօր,
այնտեղ կանգուն է իր անունը կրող ուխտատեղին, որուն գետնայարկին
մէջ կը գտնուի իր դամբարանն ալ։
Ասորիներուն չափ Հայ Եկեղեցին ալ սիրած ու պատուած է Ս. Յակոբը,
աղօթատեղիներ կանգնած է անոր անունով։ Ս. Գրիգոր Նարեկացին
ներբող մը ունի անոր ձօնուած, իսկ Ներսէս Շնորհալին ալ գրած է
զայն պանծացնող շարական մը։ Իսկ ժողովրդային մակարդակով ալ՝ «Ս.
Յակոբ» կը մնայ ամենէն շատ համարում վայելող անուանակոչութեան
տօնը հայ իրականութեան մէջ՝ մրցակից ունենալով Ս. Սարգիսն ու Ս.
Գէորգը…
2013ի Ս. Յակոբի տօնը կը զուգադիպէր Դեկտեմբեր 14ին։ Այդ օր, ես
ոչ միայն շնորհաւորեցի ինծի ծանօթ-բարեկամ Յակոբները, այլեւ՝
պահ մը յիշեցի ու ոգեկոչեցի մեր մեծանուն Յակոբները…։ Սկսելով
Յակոբ Դ. Ջուղայեցի կաթողիկոսէն, որ դէպի Եւրոպա իր
առաքելութեան ճամբուն վրայ՝ վախճանեցաւ ու թաղուեցաւ Պոլիս
(ԺԷ. դար), մտքիս մէջ հերթաբար տողանցեցին գրաբարի վերջին
մոհիկան Յակոբ Գուրգէնը, երգիծագիր Յակոբ Պարոնեանն ու
գիւղագիր Յակոբ Մնձուրին, ամերիկահայ գրողներ Յակոբ
Ասատուրեանն ու Յակոբ Կարապենցը, վիպագիր Րաֆֆին (Յակոբ
Մելիք-Յակոբեան), պատմաբան-աղբիւրագէտներ Յակոբ Մանանդեանն
ու Յակոբ Անասեանը, Յակոբ Ճ. Սիրունին ու Յակոբ Օշականը…։
Այս բոլորէն ետք կանգ առի սակայն անունի մը վրայ, որ միշտ ալ
հմայած է զիս։
Յակոբ Մարթաեանն էր անիկա։
Դեռ քանի մը օր առաջ, Պոլսոյ «Մարմարա»ին մէջ կարդացեր էի
ծանուցում մը, որ կը յայտնէր թէ պիտի կատարուէր շնորհահանդէսը
Մարթաեանի նշանաւոր «Համայնապատկեր»ին Դ. հատորին։
Ահաւասիկ սքանչելի լուր մը։ Ուրեմն, «Համայնապատկեր»ի առաջին
երեք հատորներէն ետք՝ արդէն իսկ հրապարակ հանուեր էր չորրորդն
ալ, եւ Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկին այս կարեւոր
նախաձեռնութիւնը պիտի արժեւորուէր գրական-մշակութային
պատշաճ երեկոյթով մը։
Այս լուրը զիս տարաւ նետեց…Մարթաեանի գիրկը։ Ու չուզեցի այս
պատկառելի ծերունիին գրկէն վար իջնել, մանաւանդ երբ
անդրադարձայ, թէ բացուող նոր տարին, 2014ը, անոր մահուան 35ամեակը
պիտի յուշէր մեզի։ Մարթաեան ծնած էր 1895ին եւ մահացած 1979ին։
Ո՞Վ ԷՐ ՅԱԿՈԲ ՄԱՐԹԱԵԱՆ
Բնիկ պոլսեցի, թուրք արդի լեզուին մեծագոյն յղկիչներէն ու
մասնագէտներէն մէկն էր Մարթաեան։
Պոլիս ծնած ըլլալով հանդերձ, ի սկզբանէ հայկական կրթութիւն
չստացաւ, այլ միշտ յաճախեց օտար դպրոցներ։
Ա. Աշխարհամարտի թէժ օրերուն, երբ 20 տարեկան էր արդէն, փայլուն
նիշերով ու մրցանակով աւարտեց Պոլսոյ հռչակաւոր ամերիկեան
Ռոպէրթ Գոլէճը (այժմու Պօղազիչի Համալսարանը)։
Պատերազմի տարիներ էին. ու ինք, գոլէճի վկայականն հազիւ ստացած՝
1915էն սկսեալ իբրեւ պահեստի ենթասպայ գործեց թրքական բանակին
մէջ, նախ կովկասեան ճակատի վրայ, այնուհետեւ ալ Սուրիա,
Դամասկոսի շրջանը։ Այստեղ է որ, բոլորովին պատահաբար, իրեն
ուղղուած վտանգաւոր ամբաստանութեան մը շրջածիրէն ներս,
ծանօթութիւն մը հաստատուեցաւ իր եւ բանակի հրամանատար
Մուսթաֆա Քեմալի միջեւ։ Քեմալ համակրեցաւ իրեն։
Նախքան պատերազմին աւարտը՝ Մարթաեան լքեց օսմանեան բանակը ու
ապաստանեցաւ Լիբանանի Զահլէ քաղաքը, ուր գտաւ փոքրաթիւ
հայագաղութ մը, եւ ուր ձեռնամուխ եղաւ խմորատիպ «Լոյս» անունով
թերթի մը հրատարակութեան։ Այս թերթէն լոյս տեսան հազիւ քանի մը
թիւեր։ Մատենագէտներու կարծիքով, Մարթաեանի հրատարակած այս
թերթը կը նկատուի լիբանանահայ մամուլի երախայրիքը…։
1918-19 կրթաշրջանին Յակոբ Մարթաեանը կը գտնենք Պէյրութ, ուր
տնօրէն նշանակուած է տեղւոյն Ազգ. վարժարանին (Ս. Նշան
եկեղեցւոյ կից)։ Շուտով յայտարարուեցաւ Զինադադարը, ու ինք
քաջալերուած անկէ՝ իսկոյն վերադարձաւ Պոլիս եւ անգլերէնի
դասատու նշանակուեցաւ Ռոպէրթ Գոլէճի մէջ։
1922ին, Թուրքիոյ արդի հանրապետութեան հռչակումի նախօրէին,
անցաւ Պուլկարիա եւ մայրաքաղաքին համալսարաններէն մէկուն
մէջ հին արեւելեան լեզուներու եւ օսմաներէնի դասախօս դարձաւ։
Բացառիկ ու անկրկնելի լեզուաբան մըն էր։ Հնդեւրոպական ապրող ու
շնչող գլխաւոր լեզուներէն զատ՝ ծանօթ էր հին դարաշրջաններու
մեռեալ լեզուներուն ալ՝ հիթիթերէնէն սկսեալ մինչեւ
ուրարտերէն, պահլաւերէն ու լատիներէն…։ Այնքան որ, 1932ին,
Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահը՝ Մուսթաֆա Քեմալ, ապագայ
Աթաթիւրքը (որ լեզուական յեղաշրջում մը իրագործել ու թուրք լեզուն
նորոգել կը ցանկար), անձնապէս կապ հաստատեց իր հետ ու զինքը
Անգարա հրաւիրեց պաշտօնով։
Մարթաեան սկիզբը վարանեցաւ, սակայն յետոյ ընդունեցաւ այս
առաջարկը։ Այնուհետեւ, յատուկ անցագիր շնորհուեցաւ իրեն եւ
վերահաստատուեցաւ իր թրքահպատակութիւնը։ Նոյնիսկ մասնաւոր
դիւրութիւններ ընծայուեցան իրեն՝ որպէսզի Սոֆիայէն Անգարա
փոխադրէ իր հարուստ գրադարանը…։
Այդ օրէն սկսեալ՝ Յակոբ Մարթաեան իր ամբողջ եռանդը նուիրեց թուրք
լեզուագիտութեան։ Գործօն մասնակցութիւն բերաւ Թուրքիոյ
լեզուաբանական կարեւոր համաժողովներուն, ուր ճշդուեցան երկրին
լեզուական նոր քաղաքականութեան մայր գիծերը։ Գլխաւոր
խորհրդատու եւ աւագ գիտաշխատող նշանակուեցաւ նորահաստատ Թուրք
Լեզուի Կաճառէն ներս ու այդ հանգամանքը պահեց ցմահ։ 1936-51
լեզուագիտութեան դասախօսի պաշտօն վարեց Անգարայի
Համալսարանին մէջ։ Յետոյ, 1942-70 աւագ խորհրդատու եւ ապա
խմբագրապետ նշանակուեցաւ Կրթական Նախարարութեան կողմէ
հրատարակուող Թրքական Հանրագիտարանին (այս բազմահատոր
հանրագիտարանը պրակներու ձեւով սկսած է լոյս ընծայուիլ 1943էն սկսեալ։ Լրիւ շարքը ամբողջացեր է միայն 1985ին, 33
հատորով)։ Գրեց ու լոյս ընծայեց բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ
կամ հատորներ։ Զորօրինակ, 1968-ին հրատարակուած 350 էջանի իր «Լեզու, լեզուներ եւ
լեզուաբանութիւն» թրքերէն գիրքը առ այսօր անժամանցելի
ուղեցոյց մըն է լեզուագէտներու ափերուն մէջ …
Ահա այսպէս, հայ մարդ մը, գիտնական ու ակադեմական, դարձաւ
Անգարայի մնայուն բնակիչ, տեւաբար իր վրայ պահելով հեղինակաւոր
մտաւորականի շուքն ու պատկառանքը։
ՄԱՐԹԱԵԱՆԸ ԴԱՐՁԱՒ ՏԻԼԱՉԱՐ
Կ՚ըսուի, որ Աթաթիւրք մեծ համարում ունէր Մարթաեանի վրայ։ Ինք՝
Մարթաեան, զանազան առիթներով, արտայայտուած է Աթաթիւրքի հետ
իր ունեցած կապերուն մասին։ Պատմած է մանրավէպեր, վկայակոչած
է յիշատակելի դրուագներ՝ բերանացի թէ գրաւոր կերպով։ Ահա՛
անոնցմէ մին.
- Երբ 1932ի աշնան Տոլմապահչէի պալատան մէջ դարձեալ միացայ իրեն
(Աթաթիւրքին), «հոս տունիդ պէս նստէ» ըսաւ ինծի՝ յիշեցնելով
պալատան ճարտարապետներ Պալեանները եւ Այվազովսքիի բազմաթիւ նկարները, որոնք կը
զարդարէին պալատը։ Նոյն օրն իսկ, երբ սեղանին վերի ծայրը իր մօտ
էի նստած, ինծի հարց տուաւ թէ Հայերը ճիգ մը ըրա՞ծ են
բառակերտութեան հարցին մէջ։ Այդ պահուն սուրճի գաւաթ մը կար
սեղանին վրայ, իմ առջեւ։ «Այո՚,-ըսի, գաւաթը ձեռքս բռնած,- երբ
գրեթէ ամբողջ աշխարհ այս խմիչքին քահվէ, քաֆէ, քոֆի կ՚ըսէ,
Հայոց Մխիթարեան հայրերէն մին սուրճ բառն է հնարած նոյն խմիչքին
համար» («Յօդուածներ», Յակոբ Մարթաեան, Իսթանպուլ, 2000) ։
Մեծարեալ ու գնահատեալ լեզուաբանին մականունը սակայն, շատ
շուտով, փոխակերպուեցաւ…«Տիլաչար»ի։
Մականունի այս ակնբախ փոփոխութիւնը արդիւնքն էր 1934-ին մշակուած
ու ի գործ դրուած «Մականունի օրէնք»ին, որ կը յեղաշրջէր
թրքահպատակ քաղաքացիներու ազգանունները ու կ՚արգիլէր
տոհմային, ցեղային կամ ազգային բնոյթ կրող օտարահունչ
մականուններուն գործածութիւնը…։ Այս ծիրէն ներս, այլեւս մեծաւ
մասամբ անընդունելի կը նկատուէին նաեւ հայկական մականուններու
«եան»երը ու հարկ էր շուտափոյթ փոփոխութեան ենթարկել զանոնք…։
Ահաւասիկ այդ օրերուն է, որ Աթաթիւրքի իսկ առաջարկով Մարթաեանին
կը տրուէր իմաստալից մականուն մը՝ ՏԻԼԱՉԱՐ, որ թարգմանի՝ լեզու
բացող, լեզուախօս։
Ուրեմն, այդ օրէն ասդին, Յակոբ Մարթաեան թուրք շրջանակներու
մէջ սկսաւ յիշատակուիլ Ակոբ Տիլաչար անունով։
Այս պաշտօնական նոր մականունը որքան ալ պատուաբեր ըլլար
սակայն, հայկական դիտանկիւնէ ունէր անպատեհութիւն մը,-
ենթակային ազգային ինքնութիւնը կը քօղարկուէր լրիւ, մանաւանդ
որ 50ական թուականներէն սկսեալ թրքերէնով հրատարակած
լեզուագիտական իր տասնեակ գիրքերուն ճակտին վրայ, գրեթէ միշտ,
հեղինակային իր անունը նշուած կ՚ըլլար A. Dilaçar ձեւով։
Հետաքրքրական է, որ այս նուիրականացած «A. Dilaçar»ը քաղաքական
աճպարարութիւններու սքանչելի առիթ մը պիտի ընծայէր թուրք
շրջանակներու՝ երբ Մարթաեան պիտի կնքէր իր մահկանացուն 1979
Սեպտեմբեր 12ին։
Հայ-թուրք յարաբերութիւններու տեսակէտէ՝ չափազանց ձգտեալ շրջան
մըն էր ատիկա։ Արտասահմանի մէջ շարունակ թուրք դիւանագէտներ
կը սպաննուէին հայկական վրիժառու կազմակերպութիւններու
փամփուշտներով, ու թուրք հանրային կարծիքը կը գտնուէր հակահայ
զգացումներու բարձունքին վրայ…։ Ու ահա՝ Պոլսոյ Ճէրրահփաշա
հիւանդանոցին մէջ 84 տարեկանին կը մահանար Յակոբ Մարթաեանը,
այլ անուանումով՝ Ա. Տիլաչարը։
Պետական Թէ.Րէ.Թէ. պատկերասփիւռային կայանի հաղորդավարը
Մարթաեանին մահուան լուրը կը հաղորդէր «Անուանի լեզուաբան Ատիլ
Աչար կնքեց իր մահկանացուն» խօսքերով…։
Ատիլ Աչա՜ր…
Գայթակղութիւնը որքան վրդովեցուցիչ, նոյնքա՛ն ալ ծիծաղելի էր։
Հէք լեզուաբանին «Տիլաչար» մականունը, այսպիսով, կը կիսուէր
ճի՛շդ մէջտեղէն, ու առաջին կէսը կը կպցուէր Ա. տառին («Ակոբ»ին
սկզբնատառը), ծնունդ տալով բոլորովին նորատարազ
անուն-մականունի մը՝ ԱՏԻԼ ԱՉԱՐ…։
Դիտաւորեա՞լ էր յետ մահու այս «անուանակոչութիւն»ը, թէ՞
հաղորդավարին ապիկար մէկ սայթաքումն էր, յայտնի չէ։ Ինչ որ յստակ
էր սակայն ու կասկած չէր վերցներ, այն էր՝ որ
պատկերասփիւռ-ձայնասփիւռի պետական լրատու գործակալութեան
աղուէսաբարոյ խմբագիրները ենթակային հայկական ինքնութիւնը
թաքցնելու միտումով փորձած էին անպայման խուսափիլ «Ա.» տառին
ետին մնացած ԱԿՈԲ անունին յիշատակութենէն…։
Դեռ կար աւելի՛ն ալ։ Թէ.Րէ.Թէ. ո՛չ մէկ մանրամասնութիւն կու տար
վախճանեալ «Ատիլ Աչար»ի յուղարկաւորութեան կամ թաղման
կապակցութեամբ, ըստ երեւոյթին՝ խուսափելու համար Հայոց
եկեղեցիին կամ հայկական գերեզմանատան անուններուն
յիշատակութենէն ալ…։ Յաջորդ օր, թուրք մամուլը, նուազ ձախորդ,
պարզապէս կ՚իմացնէր, թէ Իսթանպուլի մէջ մահացեր էր Թուրք Լեզուի
Կաճառի հիմնադիր անդամներէն Ա. Տիլաչարը…։
Տեղին է նշել, որ «Ա. Տիլաչար»ի այս վրդովեցուցիչ պատմութիւնը
պոլսահայ համայնքին կողմէ ալ հաշտ աչքով չէր դիտուեր։
Զորօրինակ, Մարթաեանի մահէն երկու օր ետք, Սեպտեմբեր 14ին,
«Մարմարա»ի մէջ գրագէտ Ռ. Հատտէճեան կը ստորագրէր «Անունը
Յակոբ է» խորագրեալ դիպուկ ակնարկ մը, յիշեցնելու համար թէ
հանգուցեալ լեզուաբանին անունը «Ա.» չէր, այլ «Յակոբ» էր…
ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՐԿՐՊԱԳՈՒՆ
Թող չկարծուի սակայն, թէ Յակոբ Մարթաեան-Տիլաչար միմիայն թուրք
լեզուագիտութեան ծառայեց։ Երբե՛ք։ Ան շատ զօրաւոր եւ անքակտելի
կապեր ունէր իր հարազատ ժողովուրդին՝ հայութեան հետ, առաւե՛լ
եւս՝ անոր դարաւոր մշակոյթին ու պատմութեան հետ ալ։
Բայց որովհետեւ Մարթաեան իր կեանքին կարեւոր ու բեղմնաւոր մէկ
շերտը Անգարա անցուց ու այնտեղ՝ իր լեզուաբանի եւ բանասէրի
եռանդը նուիրեց թուրք լեզուագիտութեան, արտասահմանի մէջ ոմանք
սկսան խորհիլ, թէ ան կռնակ դարձուցած է հայ մշակոյթին։
Ասիկա հիմնովին սխալ դիտարկում մըն էր։
Յակոբ Մարթաեան-Տիլաչար հայ մշակոյթի անխարդախ երկրպագու մըն
էր։
Ճիշդ է, որ հայկական դպրոց յաճախած չէր ու հայկական հիմնական
կրթութիւն մը չէր ստացած, բայց իր լեզուագիտական ու պրպտողական
անդադրում աշխատանքներուն մէջ՝ հայ լեզուն, հայոց պատմութիւնն
ու հայ մշակոյթը կը գրաւէին մնայուն տեղ մը։ Ան հայ անցեալով ու
հայ արժէքներով բաբախուն սիրտ մըն էր։
Իր մայրը, եօզկաթցի Հայուհի մը, նախնական հայերէն մը կրցեր էր
սորվեցնել իրեն, տան մէջ։ Աւելի ուշ, Ռոպէրթ Գոլէճի մէջ (ուր հայ
ուսանողները կը կազմէին մեծամասնութիւն)՝ հայերէնի իր
ուսուցիչները եղած էին ատափազարցի ծանօթ մտաւորական,
աստղաբաշխ եւ կրթական երկարամեայ մշակ Փրոֆ. Յակոբոս Ճէճիզեանը
(1844-1924) ու բնիկ պարտիզակցի Փրոֆ. Աբրահամ Տէր Յակոբեանը։
Մեծապէս օգտուեր էր Գոլէճի հայկական հարուստ գրադարանէն ալ։
Յետոյ արդէն՝ Մարթաեան արագօրէն ինքզինք պիտի զարգացնէր ու
կատարելագործէր գրեթէ ինքնուս։
Բ.
Գրաբարի սիրահար մըն էր կանուխէն։ Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ աղանդոց»ին պարունակութիւնը գրեթէ անգիր գիտէր, այդ փոքրածաւալ գրքին մէկ օրինակը տարիներ շարունակ չէր հեռացներ իր բաճկոնակին պզտիկ գրպանէն…։
1922ին երբ կը թողուր Պոլիսը ու կ՚անցնէր Պուլկարիա, Յ. Մարթաեան իր անութին տակ ունէր արդէն օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ տպուած սեփական իր առջինեկ գործը՝ թատերակ մը։ 40 էջանի գրքոյկ մըն էր ասիկա, «Առաջին փորձութիւնը (անցք եդեմական կեանքէ)» խորագրով (տպ. Միք. Տէր Սահակեան, 1922)։
Պուլկարիա իր կեցութեան տասնամեայ շրջանին, Մարթաեանի անունը կապուած կը տեսնենք երկու պարբերականներու։ Ասոնցմէ առաջինը Սոֆիայի հայ ուսանողաց «Ռահվիրայ» ամսաթերթն է (1926), իսկ երկրորդը՝ «Մշակոյթ» անկախ շաբաթաթերթը (1928)։ Ասոնց խմբագիրը ի՛նք եղած է, թէեւ երկու պարբերականներն ալ ունեցեր են կարճատեւ կեանք։ Միաժամանակ, ան կ՚աշխատակցէր Պոլսոյ հայ լրագիրներուն՝ «Ժամանակ»ին, Խորէն Ճամճեանի «Արեւելք»ին, Մանուկ Արսլանեանի «Ազդարար»ին։
Ըստ «Հայկական սովետական հանրագիտարան»ին, Մարթաեան Սոֆիայի մէջ լոյսին բերած է իր գրական սեփական աշխատանքներէն քանի մը փոքրածաւալ հրատարակութիւններ ալ։ Այսպէս, կը յիշատակուին «Գրի ծագումը եւ տարածումը» (1928), «Յաբէթաբանութիւն» (1929) եւ «Ալպիօնի պարտէզէն» (1929), որ թարգմանական ժողովածու մըն է անգլիացի ժամանակակից բանաստեղծներու գործերէն։ Տակաւին նկատել կը տրուի, թէ 1922ին Մարթաեան անգլերէնի թարգմանած է Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ» թատերգութիւնը…։ Այս վերջինը առանձին կողքի տակ լոյս ընծայուած գի՞րք մըն է, թէ՞ պարբերականներու մէջ երեւցած գործ՝ կը մնայ ստուգելի։
Պուլկարիոյ մէջ Մարթաեանի մշակութանուէր գործունէութեան ուշագրաւ մէկ արձագանգն է այն դասախօսութիւնը, զոր ան կարդացեր է Հոկտեմբեր 1931ին, Սոֆիայի մէջ սարքուած Թարգմանչաց տօնախմբութեան մը ընթացքին։ Այս բանախօսութեան պատճէնը տեղ գտած է Արամեան Սանուց Միութեան հրատարակած «Համայնապատկեր հանրապետական շրջանի իսթանպուլահայ գրականութեան» հատորին մէջ (Պոլիս, 1957)։
Իմ ընթերցողները ներողամիտ թող ըլլան, եթէ երկար հատուած մը մէջբերեմ հոնկէ, որովհետեւ ի՛սկապէս կ՚արժէ տեսնել, թէ այդ օրերուն 36ամեայ Յակոբ Մարթաեանը ի՜նչպիսի գովերգութիւն մը կ՚ընէ ի պատիւ հայ լեզուին ու զայն կը դասէ աշխարհի ամենէն գեղեցիկ ու հարուստ լեզուներուն շարքին.
- Երբ կը բանամ քու բառամթերքիդ գանձատունը, ո՜վ պաշտելի մայրենի լեզու, Սողոմոնեան շքեղանքի ու Կրեսոսեան պերճանքի տեսարանին առջեւ կը հիասարսռիմ ու շլացած աչքերով կը դանդաչեմ – հարստութիւն մը՝ ուր գոյականներն են շողակ ու լսնոսկի, ածականները՝ յակինթ ու մարգարիտ, բայերը՝ զմրուխտ ու շափիւղայ, յօդե՜րն անգամ՝ սուտակ ու ամեթոս։ Կը տողանցեմ արմատներու եւ ածանցներու բազմութեան մը առջեւէն, բանակներու չափ հոծ, սակայն ամէն ինչ կանոնաւոր՝ ինչպէս փեթակի մը բջիջները, ու նրբակերտ՝ ինչպէս Տէրը իր արարչական մատներով կը ծրարէ իւրաքանչիւր ծաղկի թերթերը իր կոկոնին մէջ. գաղտնիք մը, որուն Աստուած հաղորդակից ըրաւ Մեսրոպն ու Եզնիկը, որպէս հայ լեզուի մարգարէներ։ Հոն, այդ աշխատանոցին մէջ, օժտուած ամենանուրբ գործիքներով, իմաստներու անհունապէս այլազան երանգաւորումներն անգամ դիմագրաւելու համար՝ կը գտնեմ ճոխ մթերք ու կազմած, նոյնիսկ բաւականէն աւելի։ Որովհետեւ մէն մի գաղափարի իբր արտայայտիչ՝ բառերու ու նորաբանութիւններու բազմութիւն մը կը տրամադրուի մեզի ինքնամատոյց, այս ճոխութեան առջեւ ընտրանքի վարանումներու մատնելով մեզ։ Այո՚, ո՜վ մայրենի բարբառ, երբ կը մտաբերեմ քու հարստութեանդ անսպառ աղբիւրները՝ որով լայնօրէն ասպարէզ կը կարդաս արեւելեան թէ արեւմտեան որեւէ օտար լեզուի, երբ կը կարդամ հայակերտ գիտական բառերով տարրաբանութեան ու եռանկիւնաչափութեան գրաբար երկեր, երբ ձեռք կ՚առնեմ «Հայկ դիւցազն»ը եւ կամ այն թարգմանութիւնները, որոնցմով քու հին ու նոր թարգմանիչ վարդապետներուդ շնորհիւ կը մրցիս համայն աշխարհի գրական գլուխ-գործոցներուն հետ –կոչուին անոնք Աստուածաշունչ, Հոմերոս, Վիրգիլիոս, Տանդէ, Շէյքսփիր, Ռասին կամ Կէօթէ– աշխարհ ու իր լիութիւնը կը նսեմանայ իմ առջեւ, ինչպէս նսեմացած է ան ա՚յն ասպետին աչքին, որ դառն սուսերամարտէ մը վերջ զգետնելով իր մրցակիցը՝ դէպի արքայական օթեակը յառաջացաւ, իր արժանեաց բրաբիոն իշխանուհիին տիրանալու համար։ Հայ քերթողին մէն մի հզօր երկը փառապսակ մ՚է ճակտիդ հիւսուած. փառաւո՜ր մայրիկ։ Մէն մի խժաբանութիւն կամ կորճաբանութիւն ալ՝ դաշոյնի հարուած մ՚է սրտիդ տրուած. վիրաւո՜ր մայրիկ։
***
50ական թուականներէն սկսեալ, Մարթաեան, որ միշտ Անգարա կ՚ապրէր, յաճախակի ներկայութիւն մը կը սկսի դառնալ պոլսահայ մամուլին մէջ։ Իր գլխաւոր բեմը «Մարմարա» օրաթերթն էր, ուր ան կը սիրէր փառաւորել մեր պատմութեան նշանաւոր դէպքերը ու ժողովուրդին ուշադրութիւնը հրաւիրել որոշ թուականներու կարեւորութեան վրայ։Օրինակ, ան Սուրբ Տարի պիտի հռչակէր 1951ը՝ Վարդանանց Ճակատամարտին 1500ամեակին առթիւ։
Այդ տարի, բազմաթիւ յօդուածներ պիտի գրէր ան Վարդանանցի վերաբերեալ, յետոյ ալ զանոնք պիտի հրատարակէր 50 էջանի առանձին գրքոյկով մը, «1500ամեակի խոհեր» վերնագրով։
Եթէ վերընթերցենք յուշագրական բնոյթի իր կարգ մը յօդուածները, դիւրաւ պիտի հասկնանք, թէ Վարդանանց յիշատակին նկատմամբ Մարթաեանի այս արտակարգ խանդավառութիւնը կու գար շատ հինէն, Ռոպէրթ Գոլէճի ուսանողական տարիներէն…։ Ի՛նք է որ կը պատմէ.
- Վարդանանցի Խորհուրդը պատանեկութենէս իվեր անջնջելի մտասեւեռում մը եղած է ինծի համար։ Ռոպէրթ Գոլէճի մէջ հայ ուսանողութիւնը որպէս Հայոց Ազգային Տօն՝ ընտրեր էր Վարդանանց Զօրավարացը։ Ամէն տարի այդ օր Հայեր չէին մտներ դասարան, այլ կ՚երթային Գոլէճի մատուռը, ուր հայ ուսուցչապետը՝ փրոֆ. Յակոբոս Ճէճիզեան, աւելի վերջի շրջանին ալ՝ փրոֆ. Աբրահամ Տէր Յակոբեան, բեմ ելլելով կը կարդար Եղիշէի այն հոգեցունց էջը, ուր Արտաշատի ժողովին պատասխանը կը գտնուէր՝ ուղղուած առ Միհր Ներսեհ հազարապետ. «Այս կրօնքէն մեզ ոչինչ կրնայ զատել. ո՛չ հրեշտակներ, ո՛չ մարդիկ, ո՚չ սուր, ո՚չ հուր եւ ո՛չ ջուր»։ Գոլէճին մէջ, իմ շրջանիս, երկրաչափութեան ուսուցիչն էր դանիացի Մաքս Լարսըն, որ օր մը ինձմէ խնդրեց Վարդանանցի տօնը իրեն բացատրել։ Համառօտակի բացատրեցի։ Արցունքի կայլակ մը սահեցաւ այտէն վար…։ Զիս տուն տարաւ, որպէսզի տիկնոջ ալ պատմեմ աւելի ընդարձակօրէն։ Պատմեցի նոյն յուզեալ վիճակով…» («Յօդուածներ», էջ 37)։
1956ին Պոլսոյ մէջ կը տպագրուէր Մարթաեանի «Աստուածաշունչը եւ աշխարհաբարը» 64 էջանի գրքոյկը։
Հայ մշակոյթի մասին Մարթաեանի խոր ճանաչողութիւնն ու անպարագիծ սէրը շշմեցուցիչ կերպով պիտի բացայայտուէր սակայն քիչ մը աւելի ուշ, մասնաւորաբար 1961 Յուլիսէն սկսեալ։
Այդ տարի, Խորհ. Հայաստանէն մինչեւ արտասահմանի հեռաւոր ափերը՝ հայութիւնը կը տօնախմբէր իր մեծագոյն դէմքին՝ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600ամեակը։
Ոսկի առիթ մըն էր ասիկա Մարթաեանին համար՝ լուսարձակ բանալու հայ մշակոյթի հազարամեակներու պատմութեան վրայ։ Աւելի բարեպատեհ առիթ մը պիտի չներկայանար թերեւս՝ որպէսզի Մարթաեան միանգամընդմիշտ իրականացնէր երկա՜ր ժամանակէ ի վեր փայփայուած իր մէկ երազը, որ էր՝ պատմել ու խօսիլ հայ մշակոյթին կտրած երկար ճանապարհին մասին…։
Ու ահա՝ «Մարմարա»ի սիւնակներուն վրայ ան կը սկսէր հրատարակել «Համայնապատկեր հայ մշակոյթի» խորագրով ծաւալուն եւ արտակարգօրէն լայնաշունչ ուսումնասիրութիւն մը, որ հետզհետէ դուրս պիտի յորդէր իր նախնական սեղմ շրջագծէն ու թերթօնի վերածուելով՝ օր-աւուր լոյս պիտի տեսնէր 7 տարի շարունակ, մօտ 1500 օր տեւաբար…։
Աստուա՜ծ իմ։ Ի՜նչ խոր պեղումներ կը կատարէր Մարթաեան իր այս համապարփակ գրառումներուն մէջ։ Ն. Ք. 500ական թուականներէն սկսելով՝ ան նախ կը շրջէր հեթանոսական շրջաններուն մէջ ու հերթաբար կանգ կ՚առնէր այն բոլոր հանգրուաններուն առջեւ, զորս նուաճեր էր հայ մշակոյթն ու հայ քաղաքակրթութիւնը՝ տասնամեակէ տասնամեակ ու դարէ դար։ Կը վերլուծէր մեր մշակոյթին վրայ քրիստոնէութեան բերած դրական դերը, կը նկարագրէր տաճարներ ու խաչքարեր, լոյս կը բանար հին ու միջնադարեան Հայոց պատմութեան բոլոր երեսակներուն վրայ՝ ժողովրդային բանահիւսութենէն ու մատենագրութենէն մինչեւ արուեստ, կրօնք, լեզու, գիտութիւն, թատրոն, երաժշտութիւն, ճարտարապետութիւն, զարդարուեստ, նոյնիսկ՝ տնտեսութիւն։ Կը խօսէր հայ թագաւորական տուներու մասին, կը յիշատակէր հայ հողին վրայ մղուած անհամար պատերազմները…։ Անջատ գլուխներ կը տրամադրէր Ոսկեդարուն, Արծաթի դարուն, Վերածնունդին, առանց մոռնալու Անկման ու Խաւարի դարերը…։
Ու պէտք չէ զարմանալ, որ Մարթաեան այս բոլորը գրի կ՚առնէր օրը օրին, հեւ ի հեւ, նոյնիսկ առանց ժամանակ ունենալու իր գրածները գէթ անգամ մը կարդալու…
Իր այս լայնահուն եւ լայնաշունչ թերթօնին մասին, առիթով մը ան կը գրէր. «Ազնիւ ընթերցողներս ու ես կը նմանինք հայ մշակոյթի ուխտաւոր ճանապարհորդներու, որոնք նախապատմական ժամանակներէ մեկնելով՝ դարերն ի վար իջեր են բարձրաւանդակէն դէպի տափաստաններ, մագլցեր ու իջեր են դարվեր ու դարվար, ընթացեր են ցանցառէն դէպի խիտը ու վերջապէս մտեր են քաղաք՝ հոծ բազմութեան մը ոստանը»։
Օր մըն ալ յանկարծ, 1967 Մարտին, յօդուածաշարքը կանգ պիտի առնէր շատ տխուր պարագաներու բերումով, առանց որ հասնէր իր երջանիկ աւարտին։
Մարթաեան խո՛րապէս դառնացած էր, վար դրած էր իր բեղուն գրիչը ու ա՛լ չէր ուզեր գրել…
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏՄԷ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Հայ մշակոյթին հետ Յակոբ Մարթաեանին ունեցած խորունկ կապերուն մասին շահեկան տեղեկութիւններ ունի պոլսահայ գրող ու «Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեան, իր «Օտարականներ աշխատասենեակիս մէջ» յուշատետրային հատորաշարքին մէջ (2002, Պոլիս)։
Ըստ Հատտէճեանի (որ մեծանուն լեզուաբանին մտերմութիւնը վայելեր է 1940ական թուականներու վերջերէն սկսեալ), Տիլաչար իր տիկնոջ Մելինէի հետ թէեւ կ՚ապրէր Անգարա, հայ կեանքէն հեռու եւ կղզիացած, բայց հայերէն խօսելու, հայ մտաւորականներու հետ յարաբերելու տեւական կարօտ մը ունէր։ Ան իր զաւակը Վահէն Անգարայէն Պոլիս ղրկեր էր յօժարակամ՝ որպէսզի տեղւոյն Մխիթարեան վարժարանին մէջ ուսանէր ու հայեցի կրթութիւն ստանար, հայկական տոհմիկ մթնոլորտի մէջ կազմաւորուէր անոր ինքնութիւնը, չփրթէր հայ կեանքէն…։
Հատտէճեան կը պատմէ, որ երբ առաջին անգամ Անգարայի մէջ այցելեց Մարթաեաններու բնակարանը, հոն՝ հիւրասենեակին մէջ, տեսաւ շատ խոշոր վանդակ մը, ուրկէ ներս զետեղուած ճիւղերու եւ կանաչութիւններու միջեւ կ՚ոստոստէր…սկիւռ մը։
Ասիկա անջնջելի տպաւորութիւն մը պիտի մնար իրեն համար։
Բայց շշմեցուցիչ բո՛ւն պատկերը պիտի պարզուէր քիչ յետոյ, երբ Հատտէճեան (այն օրերուն դեռ հազիւ 23 տարեկան) պիտի առաջնորդուէր Մարթաեանի աշխատասենեակը ու դէմ յանդիման կանգնէր անոր վիթխարի գրադարանին։ Հազարաւոր հաստափոր ու մեծահասակ գիրքեր, բառարաններ եւ հանրագիտարաններ, որոնք պատերը կը ծածկէին՝ գետնէն մինչեւ առաստաղ…։ Երիտասարդ այցելուն տակաւին պիտի շշմէր նաեւ ի տես Մարթաեանի սուր եւ արտակարգ յիշողութեան։ «Այսօրուան իմաստով համակարգիչ մը, որուն որեւէ մէկ կոճակին վրայ կոխելով կրնայիր նոյն րոպէին իսկ ծովածաւալ տեղեկութիւն ստանալ որեւէ նիւթի մասին, թիւերով ու թուականներով, անհամար անուններով ու վերլուծումներով», կը գրէր ան։
Հատտէճեան կը յիշեցնէ, որ 60ական թուականներուն Յակոբ Տիլաչար յաճախ Պոլիս կու գար եւ կը սիրէր մէկտեղուիլ հայ երիտասարդ գրողներու հետ։ Այս վերջինները կը կախարդուէին իր խօսքերէն ու զրոյցներէն, կ՚անդրադառնային որ հայ մշակոյթի ովկիանոսը գաղտնիք մը չունէր այս համայնագէտ մարդուն համար։
Առիթով մը, Մարթաեան անոնց ցոյց տուած էր ափի մեծութեամբ ձեռագիր գրքոյկ մը, զոր ինք իր ձեռքով պատրաստած էր, եւ ուր իւրաքանչիւր էջի վրայ դրոշմած էր աշխարհի հին ու նոր բոլոր լեզուներով եւ այբուբեններով «ՅԱԿՈԲ» անունը։ Եւ այդ գրքոյկն ալ կոչած էր «ՅԱԿՈԲԱՊԱՏՈՒՄ»…։ Հատտէճեան այդ մասին կը գրէ. «Այս գրքոյկով թէեւ ան մէկ կողմէ մեծարած ու պատուած էր իր ծնողքին կողմէ իրեն նուիրուած Յակոբ անունը, բայց միւս կողմէ ալ այդ կերպով ան բոլորին ցոյց տուած էր թէ որքա՚ն շատ լեզուներու ու այբուբեններու հետ մտերմացած էր որպէս լեզուաբան»։
Հատտէճեան իր յուշերն ու տպաւորութիւնները կը շարունակէ սա տողերով.
- Յակոբ Մարթաեան արտաքին երեւոյթով թերեւս շատ տաքուկ ու հաղորդական մարդ չէր նկատուեր, որովհետեւ միշտ իր վրայ ունէր ակադեմական լրջութեան ու հեղինակութեան մը դրոշմն ու շեշտը։ Բայց իրականութեան մէջ հաղորդական ու խանդավառ մարդ էր՝ եթէ գտնէիր դէպի իր սիրտն ու միտքը գացող ճամբան։ Այն ատեն յանկարծ հիանալի կերպարանափոխում մը կը կատարուէր, Մարթաեան մանուկի մը չափ ուրախ ու խանդավառ՝ կ՚իջնէր մեր մակարդակին ու մեր ձեռքերէն բռնելով մեզ իրեն հետ կը վազցնէր դէպի մեր ու համաշխարհային գրականութեան ու մշակոյթին պարտէզները։ Ի՛նչ արագ ու հեւիհեւ վազք մըն էր այդ, մենք հազիւ թէ կը հասնէինք իրեն։ Ան, բառերը ծամելու ու կակուղցնելով արտասանելու իւրայատուկ խօսելակերպով մը բառեր ու գիտելիքներ հեղեղի նման կը տեղացնէր մեր վրայ։ Իր մօտ հմտութիւնը չափ ու սահման չունէր։ Եւ կ՚ուզէր որ առաւելագոյն չափով օգտուէինք իրմէ։ Թէեւ շատ կը հետաքրքրուէր մեր աշխատանքով ու մեր ստեղծագործութիւններով, շարունակ կը քաջալերէր մեզ, տեսութիւններ կը հրատարակէր մեր նոր գրականութեան մասին՝ զոր ինք «նորատարազ գրականութիւն» կը կոչէր, բայց եւ այնպէս ան ամէն վայրկեան անհամբեր էր իրմէ դէպի մեզի փոխանցելու իր մտածումներն ու գիտելիքները՝ փոխանակ սպասելու որ մենք մեզմէ դէպի իրեն փոխանցէինք մեր մտածումներն ու ակնկալութիւնները։ Ունէր աճապարանք մը, որ վստահ եմ որ ծնունդ կ՚առնէր Անգարայի իր կղզիացումէն, իր առանձնութենէն, հայերէն խօսելու, Հայերու հետ հաղորդուելու իր կարօտէն, եւ թերեւս կը մտածէր որ շատ ժամանակ չունէր երիտասարդութեան փոխանցելու այն ինչ որ կ՚ուզէր փոխանցել, միայն իրեն չվերապահել իր ամբողջ մտային պաշարը, այլ խօսքով՝ ինքզինք ապրեցնել երիտասարդութեան ընդմէջէն։
«Յակոբ Մարթաեանի գլխացաւերը» խորագրեալ գլուխի մը տակ, Հատտէճեան կը պատմէ ցնցիչ դէպք մը, որ լայն շրջանակներու համար անծանօթ մնացած է, եւ որ ցոյց կու տայ՝ թէ հակառակ Թուրքիոյ ակադեմական շրջանակներուն մէջ իր գրաւած բարձր դիրքին ու ընծայաբերած մեծ ծառայութիւններուն, Մարթաեան «խորթ զաւակ»ի աչքով կը դիտուէր շատերու կողմէ, անվստահութեան կամ վերապահութեան քօղարկեալ մթնոլորտ մը առկայ էր իրեն նկատմամբ, պարզապէս՝ որովհետեւ ան հայկական ծագում ունէր…։
Դէպքը հետեւեալն էր։
Ինչպէս ծանօթ է, Տիլաչար խմբագրապետ նշանակուած էր պետութեան կողմէ հրատարակուող Թրքական Հանրագիտարանին։ Այստեղ, ան ստորագրած էր անթիւ-անհամար մեծ ու փոքր յօդուածներ՝ այլազան նիւթերու շուրջ։ Հանրագիտարանը լոյս կ՚ընծայուէր դանդաղագնաց ընթացքով, պրակ առ պրակ, յետոյ կը վերածուէր հատորներու։ Երբ կարգը հասաւ E տառին ու պիտի գրուէր Ermeniler (Հայեր) խորագրեալ բառայօդուածը, Տիլաչար ի՛նք յանձն առաւ
այդ պարտականութիւնը։ Խմբագրակազմին մէջ կա՞ր մէկը, որ կարենար աւելի ձեռնհասօրէն գրել հայ ժողովուրդին եւ անոր արժէքներուն մասին ակադեմական լրջութեամբ։
Ու Տիլաչար գրե՛ց այդ բառայօդուածը՝ այնպէս ինչպէս հարկ է որ գրուէր։ Զայն ընդգրկող պրակն ալ շարուեցաւ ու տպագրուեցաւ։
Այս հանգրուանէն ետք է որ ահա՝ որոշ թուրք շրջանակներ շարժման անցան իր դէմ, դէս ու դէն չարախօսութիւններ կատարեցին, ու պնդեցին որ «Հայեր»ու յատկացուած բառայօդուածը անաչառօրէն շարադրուած չէ, այլ գրի առնուած է կողմնակալութեամբ ու հայանը-
պաստ մերձեցումով …։
Նախապաշարեալ ու նեղմիտ շրջանակներու այս մեղադրանքներն ու բողոքները, դժբախտաբար, տեղ հասան։ Մարթաեանի այդ բառա-
յօդուածը ի վերջոյ անընդունելի նկատուեցաւ, տպուած պրակներն անգամ շրջանառութենէ դուրս դրուեցան ու փճացուեցան, յետոյ ալ նոյն բառայօդուածին գրառումը ուրիշ անձի մը յանձնուեցաւ…։
Մարթաեան հիասթափուած էր ու խորապէս վիրաւորուած։ Ապերախտութիւն մը չէ՞ր ասիկա իր անձին, վաստակին ու ակադեմական ծառայութեան նկատմամբ։
Այդ օրէն ետք, իրեն համար դժուարացած էր այլեւս Հանրագիտարանը խմբագրելու աշխատանքը…
«ԿԱՓԱՐԻՉ»Ի ՈՒ «ԿՈՂՔ»Ի ՍԻՆ ՎԷՃ ՄԸ
Մարթաեան եթէ քօղարկեալ թշնամիներ ունէր Անգարայի թուրք շրջանակներէն ներս, ատոր զուգահեռ՝ ունէր բացայայտ թշնամիներ Պոլսոյ հայ համայնքէն ներս ալ։ Ու այս վերջինները անհամեմատօրէն աւելի՛ անգութ էին ու անպարկեշտ, անխնայ ու հետեւողական…
Երբ Մարթաեան 1961էն սկսեալ «Մարմարա»ի մէջ (Պետրոս Զօպեանի խմբագրապետութեան շրջանն է ատիկա) սկսաւ լոյս ընծայել իր թերթօնային «Համայնապատկեր հայ մշակոյթի» ուսումնասիրութիւնը, Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի աշխատակիցներէն մին՝ Վահրամ Բարունեան, անոր դէմ բացաւ անտեղի գրչապայքար մը, որ հետզհետէ դուրս եկաւ լեզուական վէճի մը ընդունելի սահմաններէն, հուն փոխեց շատ ժխտական գունաւորումներով, ու ի վերջոյ վերածուեցաւ տարեց լեզուաբանին դէմ խաչակրական ամօթալի արշաւի մը…։
Ի՞նչ «յանցանք» գործեր էր Մարթաեան։
Գրութեան մը մէջ, ան գործածեր էր «գիրքին կափարիչը» ըսելաձեւը։
Հաւա՜ր…։
Վահրամ Բարունեան կը պնդէր թէ «կափարիչ» բառը սխալ էր, պէտք էր գործածել «կողք» բառը։ «Գիրքին կողքը»։ Ըստ իրեն՝ «կափարիչ»ը թրքերէնի մէջ օգտագործելի «քաբաք» բառին տառացի թարգմանութիւնն էր, իսկ ատիկա հայերէնի պարագային ընդունելի չէր։
Մարթաեան, բնականաբար, ինքնապաշտպանութեան դիմեց։ Հայ թէ օտարալեզու բազմաթիւ աղբիւրներէ վկայութիւններ բերաւ իր տեսակէտը պաշտպանելու համար, ջանաց բացատրել՝ թէ «կափարիչ» բառն ալ կարելի էր գործածել «կողք»ի իմաստով։
Բայց հակառակորդը ոչ միայն չէր համոզուեր, այլեւ՝ անձնական խծբծանքներու կը դիմէր…։ Իրեն կը միանային զանազան ծածկանուններու տակ թաքնուած գրիչներ ալ ու կը սկսէին ծանր ու վիրաւորական բառերով ամբաստանել Մարթաեանը՝ որպէս մէկը, որ առհասարակ անմշակ ու անհարազատ հայերէն մը կ՚օգտագործէ, եւ որ իր նախադասութիւններն ու բառերը թրքերէնի վրայ կը կաղապարէ շարունակ…։
Զորօրինակ, «Վրոյր Կազմարարեան» կեղծանունով յօդուածագիր մը, միշտ «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ, Մարթաեանը գետնէ գետին կը զարնէր՝ զինք նմանցնելով «յիմարանոցէն փախած հէք հիւանդ»ի մը…։ Ու նշդրակը ձեռք առած՝ հրապարակ կ՚իջնէր «բանալու համար Մարթաեանի ուղեղը ու մաքրելու հոն հաւաքուած գարշահոտ թարախը»…
Այս անհամ վէճը նմանօրինակ գնացքով կը շարունակուէր երկա՜ր շաբաթներ, մինչեւ որ յանգէր անբաղձալի վախճանի մը,- Մարթաեան, որ արդէն ունէր դիւրազգած նկարագիր մը, կ՚որոշէր վե՛րջ տալ հայերէն յօդուածագրութեան։ Վա՛ր կը դնէր իր գրիչը, կապերը կը խզէր հայ մամուլին հետ։
Եւ այս պայմաններուն մէջ՝ կիսաւարտ մնալու կը դատապարտուէր նաեւ «Համայնապատկեր հայ մշակոյթի» թերթօնը…։
ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՉԷՐ ՄՈՌՑԱԾ ԻՐ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ ԶԱՒԱԿԸ
Ճիշդ է որ Մարթաեան չափազանց վշտացած էր իր դէմ բացուած անքաղաքակիրթ գրչապայքարէն, այնուհանդերձ՝ ան իր սրտին մէջ տաքուկ տեղ մը ունէր միշտ Պոլսոյ ու պոլսահայութեան նկատմամբ։
Արդէն, իսթանպուլահայ երիտասարդ գրողներն ու բանաստեղծները (Զահրատ, Խրախունի, Հատտէճեան, Օննիկ Ֆչըճեան եւ միւսները) սրտակիցներ էին իրեն. անոնք իր անձին մէջ կը տեսնէին ո՛չ միայն պատկառելի համայնագէտ մը, այլեւ մենտոր մը՝ որ կը քաջալերէր զիրենք, սաղարթախիտ ծառի մը նման շուք ու հովանի կ՚ըլլար իրենց…։ Զորօրինակ, երբ 1960ին Զահրատ լոյս կ՚ընծայէր իր առջինեկ քերթողագիրքը՝ «Մեծ քաղաքը», Մարթաեան նախ կը փութար վերլուծական գրախօսականով մը ողջունել երիտասարդ բանաստեղծին յաղթական մուտքը մեր գրականութենէն ներս, այնուհետեւ ալ վեց տարբեր լեզուներու (անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, սպաներէն եւ ռուսերէն) կը թարգմանէր հատորին մէջ տեղ գտած «Ոսպ ստկող կինը» քերթուածը…։
Անշուշտ որ Մարթաեան բաւական երկար տարիներ յամառօրէն կառչած մնաց իր առած որոշումին ու մերժեց երեւիլ հայ մամուլին մէջ՝…յուրախութիւն իր հակառակորդներուն։ Սակայն ժամանակը, ինչպէս միշտ, կատարեց իր բարերար դերը, ու բարեկամ գրչեղբայրներու հետեւողական ճիգերուն ալ շնորհիւ՝ ի վերջոյ կարելի դարձաւ կակուղցնել Մարթաեանը, մասամբ մոռցնել տալ անցեալի դառնութիւնները, վերաշահեցնել զինք հայ համայնքի ծոցին մէջ ։
Տուեալներ չունիմ ի ձեռին՝ ճշդելու համար, թէ ո՞ր թուականին Մարթաեան վերադարձաւ հայ մամուլին ու այնտեղ գրաւեց իր երբեմնի պատուաւոր տեղը։ Թերեւս, 70-ական թուականներու կէսերուն։
Գոնէ յստակ է, որ 70ական թուականներու կէսերէն ետք ան աշխոյժ ներկայութիւն մըն էր իր այնքան սիրած ու յարգած «Մարմարա»ի սիւնակներուն մէջ։ Արամ Գամպուրեանի նախաձեռնութեամբ 2000 թուականին Պոլիս հրատարակուած ու Մարթաեանի կարգ մը գրութիւնները կողքի մը տակ մէկտեղող «Յօդուածներ» հատորը ա՛յդ է որ կը հաստատէ անուղղակիօրէն։ Արդարեւ, այս ժողովածուին մէջ ներառնուած 25 յօդուածներուն բոլո՛րն ալ, առանց բացառութեան, Մարթաեանի կողմէ գրի առնուած ու «Մարմարա»ի մէջ հրատարակւած են 1976-77 թուականներուն։
Ջուրերը, ուրեմն, վերստին սկսեր էին հոսիլ իրենց հարազատ աւազանին մէջ…
Մեծարանքի ու գնահատանքի այն փառաւոր յոբելեանը, զոր «Մարմարա»ի նախաձեռնութեամբ պիտի սարքուէր Պոլսոյ մէջ, Յակոբ Մարթաեանի գրական գործունէութեան 70ամեակին ի պատիւ, ուրի՛շ հրաշալի առիթ մը կը ստեղծէր իր կարգին՝ որպէսզի իսթանպուլահայութիւնը հրապարակաւ ծափահարէ ու գրկէ իր վաստակաշատ ու բազմատաղանդ մէկ դէմքը։
Այս ձեռնարկը տեղի կ՚ունենար 1977 Մայիս 16ին, Պէյօղլուի Նարեկեան սրահը։
Ա՛յս ալ մէկն էր այն գրական որակեալ խրախճանքներէն, որոնցմով կը յատկանշուէր հայկական Պոլիսը այդ թուականներուն։
Կազմակերպիչ Յանձնախումբը օրեր առաջ ծանուցումներ հրատարակած ու ցրած էր արդէն։ Ու Մարթաեան Անգարայէն Պոլիս կը ժամանէր Մայիս 13ին։
Հանդէսին օրը, սրահը մէկ ժամ առաջուց ամբողջովին լեցուած էր խուռներամ բազմութեամբ։ Երեկոյթին կը նախագահէր Շնորհք Պատրիարք, իր կողքին ունենալով հոգեւորականաց դասը։
Բացման խօսքով հանդէս կու գար Սօսի Ճնտոյեան, որ նախ կը կարդար Մարթաեանի կենսագրականը, այնուհետեւ, իբրեւ հանդիսավարուհի, գործադրութեան կը դնէր յայտագիրը։
Ամենէն առաջ թրքերէն լեզուով կ՚արտայայտուէր Վահէ Սէֆէրեան՝ շեշտը դնելով թուրք մշակոյթին Մարթաեանի բերած ծառայութիւններուն վրայ։ Կազմակերպիչ Յանձնախումբին ատենապետը՝ գրագէտ Վահրամ Պուրմայեան, իր խանդավառիչ ելոյթին մէջ Մարթաեանը կ՚անուանէր «Հայ մշակոյթի բացառիկ հսկան»։
Երկու գրագէտ բանախօսներ՝ տոքթ. Վարդան Կոմիկեան եւ տոքթ. Վարդ Շիկահեր, իրերայաջորդ համապարփակ ելոյթներով կը խօսէին յոբելեարին վաստակին ու մշակութային անգին ծառայութիւններուն մասին։
Ի գործ կը դրուէր գեղարուեստական յայտագիր մըն ալ, ուր դերեր ստանձներ էին դաշնակահարներ բժ. Հերման Միսքճեան եւ Վարուժան Ասլանեանց, երգչուհի Ալիս Մանուկեան եւ ասմունքող Սիլվա Կոմիկեան։
Յոբելեար Յակոբ Մարթաեան երբ ձեռնարկի աւարտին բեմ կը հրաւիրուէր խանդավառ ծափահարութիւններու տարափի մը տակ, սա՛պէս կ՚արտայայտուէր.- «82 տարեկան Հայ մըն եմ։ Այսօր ձեզի կը ներկայանամ՝ որպէս իր պարտականութիւնը կատարած մարդ։ Ի՞նչ էր պարտականութիւնս։ Ապրի՚լ որպէս հայ։ Ուրախ եմ որ 82 տարիէ ի վեր կ՚ապրիմ որպէս հայ։ Արտակարգ մարդ մը չեմ։ Եթէ շատ լեզուներ սորվեցայ, բոլորն ալ սորվեցայ հայերէնի համար, հայերէնի օգտակար ըլլալու համար։ Այսուհետեւ ալ պատրաստ եմ կատարելու այն ինչ որ կը պահանջուի ինձմէ»։ Մարթաեան այս խորիմաստ խօսքերը կ՚արտասանէր մեծ յուզումով, նոյնիսկ արցունք հոսեցնելով…։
Այս տպաւորիչ ելոյթէն ետք՝ բեմին վրայ յուշանուէրներ կը յանձնուէին յոբելեարին։
Հուսկ Բանքը կ՚արտասանէր Շնորհք Պատրիարք, որ դրուատալից արտայայտութիւններով կը մեծարէր յոբելեարը։ Մասնաւորաբար, գնահատանքով կ՚արտայայտուէր կիսատ մնացած «Համայնապատկեր հայ մշակոյթի» շարքին մասին ու հրապարակաւ կը խնդրէր որ Մարթաեան իր աւարտին հասցնէ այդ եզակի ուսումնասիրութիւնը…։
Մինչ կը կատարուէր այս յոբելեանը, դուրսը՝ մթնոլորտը դա՛րձեալ պղտորած էր…։ «Ժամանակ» օրաթերթը օրերէ ի վեր նախատալից գրութիւններ կը հրատարակէր Մարթաեանի հասցէին, կը պնդէր որ ան կարծուածին չափ հմուտ լեզուագէտ մը չէ, նոյնիսկ շնորհքով հայերէն չի գիտեր…
ՎԵՐՋԱԿԷՏ ՄԸ
Իրեն ի պատիւ սարքուած յոբելինական հանդէսէն երկու տարի անց, 1979 Սեպտեմբեր 12ին, Յակոբ Մարթաեան Պոլսոյ մէջ կը կնքէր իր մահկանացուն։
Միւս Յակոբը՝ Մնձուրին, կանխեր էր զինք աւելի քան մէկուկէս տարի առաջ, 1978 Յունուարին…։
Մարթաեանի յուղարկաւորութիւնը կը կատարուէր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, Սեպտեմբեր 18ին, հանդիսապետութեամբ Շնորհք Պատրիարքի, որ նաեւ կը խօսէր դամբանականը։ Դուրսը, բակին մէջ, դամբանականներ կ՚արտասանէին նաեւ թուրք յայտնի պատմաբան փրոֆ. Ճավիտ Օրհան Թիւթէնկիլ, Սաիտ Սատի Տանիշմէնտ-Կազիօղլու, Վահէ Սէֆէրեան եւ Փանոս Էօզարարատ։
Ցաւակցական հեռագիրներ կը հասնէին Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահէն ու վարչապետէն։
Յետոյ, մեռելակառքը կ՚ուղղուէր դէպի Շիշլի։ Հայոց պատմական գերեզմանատունը կը դառնար ի՛ր ալ վերջին հանգստավայրը՝ մեծանուն անհամար դէմքերու դրացնութեան մէջ…։
Վերջակէտն էր ասիկա արտակարգօրէն հարուստ ու լիարժէք կեանքի մը, որ առաւելաբար անցեր էր գիրքերու ու մատեաններու մտերմութեան մէջ…։
Մարթաեան հաւատարմօրէն թուրք լեզուաբանութեան նուիրեր էր իր կեանքին մեծագոյն շերտը, հոգ չէ թէ յուսաբեկութիւններ ապրած ըլլար Անգարայի ակադեմական իր շրջապատին մէջ իսկ։
Իր սիրտը տեւաբար բաբախած էր հայութեամբ, հակառակ քղամիդի մը նման իր ուսերուն նետուած «Ա. Տիլաչար» անունին, ու հակառակ այն անոպայ յարձակումներուն, որոնց թիրախ պիտի դառնար հայ մամուլի էջերուն մէջ՝ իր ծերունազարդ տարիքին իսկ։
Մարթաեանի մահէն ետք, երկա՜ր տարիներ, գրական շրջանակներու մէջ ու շրթներու վրայ միշտ առկայ մնաց սա՛ հարցումը.
- Ե՞րբ հատորի պիտի վերածուի «Համայնապատկեր հայ մշակոյթի» կոթողային աշխատասիրութիւնը։
Ազդանշանը եկաւ, վե՜րջապէս, 2004ին։
Այդ տարի, Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկը ձեռնամուխ եղաւ «Համայնապատկեր»ի հատորային հրատարակութեան։ Եւ այսպէս, հերթաբար, 2004ին, 2005ին եւ 2009ին Պոլսոյ մէջ հրատարակուեցան այդ լայնածիր աշխատասիրութեան առաջին երեք հատորները, բարերար մեկենասներու ձեռնտւութեամբ։ Իսկ շարքին չորրորդ հատորն ալ լոյս ընծայուեցաւ բոլորովին վերջերս, տարեփակի նախօրէին։ Կարգի կը սպասեն մնացեալներն ալ…։
Այս գիրքերը թղթատողը կրնայ վկայել, թէ Յակոբ Մարթաեան «յիմարանոցէն փախած հէք հիւանդ» մը չէր, այլ՝ քալող համայնագիտարան մը…։
«Նոր Յառաջ», Փետրուար 8, 2014
No comments:
Post a Comment