2.1.14

Միացեալ Նահանգներու հայութեան թիւը կը գնահատուի 1,2-1,3 միլիոն

ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ
Տասը տարին անգամ մը, Միացեալ Նահանգներու տարածքին տեղի կ՚ունենայ կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած մարդահամար մը, որ ժողովուրդի թուաքանակը յստակացնելէ զատ, կը բացայայտէ նաեւ անոր ընկերա-տնտեսական ու ժողովրդագրական իրավիճակը:
Ամերիկեան սոյն մարդահամարը առիթ կ՚ընծայէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող որեւէ անձ՝ օրինական քաղաքացի կամ ոչ, հարցումներուն պատասխանելով ինք իր մասին կամաւոր կերպով տեղեկութիւններ փոխանցէ երկրի վիճակագրական ու ժողովրդագրական հարցերով զբաղուող գիտական եւ ուսումնասիրական հաստատութիւններուն: Այս տուեալները բնականաբար կ՚օգտագործուին յաջորդող տասը տարիներուն ընթացքին երկրին զարգացումը պատկերացնելու ու այդ ուղղութեամբ ծրագիրներ մշակելու: Մենք եւս պիտի փորձենք օգտուիլ այս մարդահամարէն, պարզաբանելու համար ամերիկահայութեան իրական թուաքանակը ու անոր աշխարհագրական կեդրոնացումները, ինչու չէ նաեւ ներկայացնել որոշ հետաքրքրական ընկերատնտեսական իրավիճակներ:
Մարդահամարի կարեւորագոյն հարցումներու շարքին են ժողովրդագրական բնոյթի զանազան բնորոշումներ, օրինակ՝ ցեղային պատկանելիութիւնը, ինչպէս՝ «Ճերմակամորթ», «Սեւամորթ», «Ամերիկեան հնդիկ», «Հաուայեան կղզիներու բնիկ», «Խաղաղականի կղզիներու բնակի»չ: Այս հարցումը, թէեւ ուղղակիօրէն չի վերաբերիր անհատի ազգային պատկանելութեան, բայց եւ այնպէս առիթ կու տայ, որ ցեղային պատկանելիութեան վերաբերող այս հարցումին տակ գտնուող «Մէկ այլ ցեղ» (Some Other Race) ընտրանքը նշելէ ետք, մէկ այլ գլուխի տակ յստակացնել, թէ որ ազգութեան (ethnicity, nationality) կը պատկանի մարդահամարի հարցաթերթիկը ամբողջացնող անձն ու իր ընտանիքի անդամները, օրինակ՝ մեր պարագային, հայ ազգին (Armenian nation):

ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻԲՐԵՒ ՀԱՅ ՉԷ ԳՐԱՆՑՈՒԱԾ
Դժբախտաբար, մեծ է թիւը մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք մարդահամարի այս թոյլատրած առիթէն չեն օգտուած իրենց հայ ըլլալու իրողութիւնը հաստատելու: Փաստօրէն, շատ հայեր ցեղային պատկանելութեան հարցումին տակ «Ճերմակամորթ» (white) տուփիկը ընտրելով, պարզապէս խուսափած են իրենց հայկական ազգային պատկանելութիւնը հաստատելէ:
Վերջին մարդահամարը տեղի ունեցաւ 2010ին եւ նախքան մարադահամարը հայկական կազմակերպութիւններն ու լրատու միջոցները մեծ ճիգ թափեցին, որ առաւելագոյն թիւով հայեր իրենց ազգային պատկանելութիւնը արձանագրեն: Ըստ երեւոյթին, այդ աշխատանքը ակնկալուած արդիւնքը չէ տուած: Արդարեւ, 2010ի մարդահամարին իրենք զիրենք հայ գրանցած են միայն 474,559 բնակիչներ, որոնք կը բնակին 170,165 բնակարաններու մէջ: Ըստ այնմ իւրաքանչիւր բնակարան միջին հաշուով կազմուած է 2.79 հոգիէ: Նախորդ մարդահամարին (2000 թուական) հայութեան թիւը գրանցուած էր 385,488 հոգի:
Այստեղ աչքառու են երկու յստակ երեւոյթներ: Առաջինը, թէ՛ 2000ի եւ թէ՛ 2010ի մարդահամարներու միջոցով, իրենք զիրենք հայ արձանագրածներու թիւերը հարազատ չեն հայութեան իսկական թուական պատկերին: Երկրորդ, վերջին տասը տարիներուն ընթացքին իրենք զիրենք հայ համարողներու (self-identified) թիւը աւելցած է 89,071 հոգիով, ինչ որ շատ փոքր յաւելում մըն է, բաղդատած Միացեալ Նահանգներու հայութեան ունեցած բնական եւ մանաւանդ շատ բարձր մեքենական աճին: Այս մէկը աչքառու կը դառնայ յատկապէս երբ հաշուի առնենք Հայաստանէն ու Միջին Արեւելքէն վերջին տասը տարիներուն այս երկիրը գաղթած կամ փոխադրուած մեծաթիւ հայ զանգուածները:
Ամերիկահայութեան թուաքանակի ցած պատկերը նոր երեւոյթ մը չէ, ոչ ալ 2010ի մարդահամարին իւրայատուկ իրողութիւն, այլ կապ ունի ամերիկահայութեան կողմէ առհասարակ մարդահամարներու հանդէպ ցուցաբերած ոչլուրջ ընդհանրական կեցուածքին: Արդեօք, ի՞նչ են պատճառները, որոնք կը մղեն ծնունդով հայ անհատները, չօգտագործելու մարդահամարի տուած պատեհութիւնը՝ իրենք զիրենք հայ արձանագրելու: Պատճառները բացայայտելէ բացի, պէտք է յստակացնել, թէ ատոնք ի՞նչ համեմատութեամբ ազդած են նաեւ ամերիկահայութեան թուաքանակի փոքրացման վրայ:
Ստորեւ, կը ներկայացնեմ չորս հիմնական գործօններ, որոնց պատճառով մեծ թիւով հայեր շատ հաւանաբար չեն արձանագրուած իբրեւ հայ.
ա. Անտեղեակութիւն եւ շփոթ: Հակառակ հայ կազմակերպութիւններու ջանքերուն, շատ հայեր անտեղեակ մնացած են, որ կարելութիւնը կար մարդահամարի հարցումներուն մէջ ամերիկաբնակ անհատի ազգութիւնը յստակացնելու: Այս անտեղեակութեան կողքին կ՛աւելնայ շփոթի բաժին մը, երբ այս հարցումին տակ մեծաթիւ ցեղերոու «Ճերմակամորթ»ի, «Սեւամորթ»ի կողքին նշուած են Հաուայի, Խաղաղկանի կղզիներու նման փոքրաթիւ ցեղախումբերու անուններ եւ դուրս մնացած են մեծաթիւ այլ ցեղական համախմբումներ: Ըստ այնմ, հարցարան լեցնող հայ անհատը շփոթէ խուսափելու համար, զատած է դիւրին ելքը եւ ինքզինք արձանագրած իբրեւ «ճերմակամորթ»:
բ. Զգուշաւորութիւն: ԱՄՆի հայ բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կու գայ Միջին Արեւելքի ու նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներէն, ներառեալ Խորհդային Հայաստանէն եւ իրենց քաղաքացիութեան հետ կապուած, տակաւին շատ անլուծելի հարցեր ունին: Ըլլալով ծայր աստիճան զգուշաւոր եւ ապահով քայլ առնելու մտահոգութեամբ բազմաթիւ հայեր կը նախընտրեն ներկայանալ իրենց նախկին քաղաքացիութեամբ, ինչպէս լիբանանցի, իրանցի, իրաքցի կամ սովետական քաղաքացի, քան թէ հայ:
գ. Ազգային գիտակցութեան պակաս: Որոշ հայերու համար, ազգութեան նշումը հիմնական առաւելութիւն մը կամ արժէք մը չի ներկայացներ, յատկապէս երբ մշակութային ու հոգեւոր հասկացողութեամբ իրենք զիրենք այդքան ամուր կապուած չեն զգար իրենց համայնքին կամ ազգին: Առ այդ, «ճերմակամորթ» ցեղի պատկանելութիւնը բնական ընտրանքն է շատերուն համար:
դ. Ստորադասութեան բարդոյթ: Շատեր իրենց նախկին բնակութեան երկիրներուն մէջ, իբրեւ փոքրամասնութիւն, դիմագրաւած զրկանքներէն ու դժուարութիւններէն ամբողջական կերպով ազատագրուելու հոգեբանական անմիջական պահանջէն ելած, չեն ուզեր անգամ մը եւս փոքրամասնութիւն դասուիլ, յատկապէս երբ առիթը լայն բացուած է «ճերմակամորթ» մեծամասնութեան շարքերուն մէջ գրանցուելու:
Յաջորդ մարդահամարին համար, վերոնշեալ չորս պատճառներուն գծով մեծ քարոզչական աշխատանք կայ տարուելիք: Անշուշտ վերոյիշեալ պատճառները միայն ամերիկահայութեան չեն վերաբերիր, այլ նոյն պատճառները իրենց աւերը կը գործեն այլ պետութիւններու մարդահամարներու պարագային հայութեան թիւը ճշդելու ընթացքին:
Աւելի՛ն, կան երկիրներ, որոնց մարդահամարներուն մէջ չէ ընդգրկուած ազգային պատկանելութեան հարցումը, օրինակ՝ Ֆրանսան: Իսկ, կան երկիրներ, որոնք ազգային պատկանելութեան հարցում ունենալով հանդերձ, ի գործ կը դնեն բազմաթիւ բարոյահոգեբանական ճնշիչ միջոցներ, հայ անհատը վախցնելու կամ նուազագոյնը չքաջալերելու իր իսկական ինքնութիւնը հաստատելու, օրինակ՝ Վրաստանը:

ՀԱՐՑԱԽՈՅԶ՝ ԳՆԱՀԱՏԵԼՈՒ ԳՐԱՆՑՈՒԱԾ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏՈԿՈՍԸ
Ընդհանուր ակնարկ մը 2010ի մարդահամարի թիւերուն վրայ բաւարար է եզրակացնելու, որ հայութեան թիւը տոկոսային մեծ համեատութեամբ նուազ արձանագրուած է: Տոկոսային այս համեմատութիւնը յստակացնելու համար կը հիմնուիմ անցեալ տարուան ընթացքին՝ Սեպտեմբեր 2012ին կատարուած հարցախոյզի մը վրայ, որ կը բացայայտէ 2010ի մարդահամարին հայ ընտանիքներու մասնակցութեան տարողութիւնը: Հարցազրոյցը կատարուած է իբրեւ Ֆերահեան ազգային վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներու Հայոց Պատմութեան դասարանային մէկ աշխատանք: Հարցախոյզը ուղղուած էր Լոս Անճելըսի հայաշատ շրջանի մը 200 ընտանիքներու, եւ կ՛ընդգրկէր հետեւեալ չորս հիմնական հարցումները.
1. Մասնակցա՞ծ էք 2010ի մարդամարին:
2. Նախօրոք տեղեակ էի՞ք, որ անհատի ազգութիւնը յստակացնելու կարելութիւնը կայ հարցաթերթիկին մէջ:
3. Ցեղի վերաբերող հարցումին «Մէկ այլ ցեղ» պատասխանա՞ծ էք:
4. Ազգութեան վերաբերող հարցումին ձեր հայ ըլլալը հաստատա՞ծ էք:
Ստացուած պատասխանները հաշուարկելով, կարելի է հաստատել, որ տուեալ հարցախոյզին ընդառաջած 191 անձերէն, մարդահամարին չեն մասնակցած 29 հոգի կամ 15,2%ը, իսկ իրենց հայկական ինքնութիւնը հաստատած են 108 հոգի կամ 56,5%ը: Եթէ նոյն տոկոսային համեմատութիւնը գործադրենք Լոս Անճելըս գաւառի հայութեան թիւին վրայ, ապա Լոս Անճելըսի գաւառի պարագային մարդահամարին մէջ արձանագրուած հայերու թիւը 178.239էն պէտք է ցատկէ 315.467 հոգիի:
Նկատի ունենալով, որ մարդահամարի նախօրեակին, Լոս Անճելըսէն ներս լայն քարոզչութիւն կատարուած էր մարդահամարի հարցաթերթիկին մէջ անհատի եւ ընտանիքի հայկական պատկանելիութիւնը հաստատելու գծով, ապա կարելի է ենթադրել, որ հայկական ինքնութեան տոկոսային համեմատութիւնը աւելի բարձր պէտք է ըլլայ Լոս Անճելըսի մէջ, քան Լոս Անճելըսէն դուրս գտնուող հայկական գաղութներու պարագային: Կ՛ենթադրենք, որ այս տարբերութիւնը շուրջ 25% կրնայ ըլլալ:
Այսպէս, եթէ ինքզինք հայ արձանագրողներու թիւը Լոս Անճելըսէն ներս 56,5% է, ապա դուրս գտնուող շրջաններու պարագային, եթէ 25%ով պակսեցնենք, այսինքն 56,5%ը դարձնենք 31,5%, ապա Լոս Անճելըսէն դուրս Ամերիկայի այլ շրջաններու մէջ մարդահամարի ճամբով գրանցուած հայութեան թիւը՝ 296.320էն պէտք է ցատկէ մօտ 940.698ի: Սոյն թիւը գումարելով Լոս Անճելըսի հայութեան իսկական թիւին (315.467) կ՛ունենանք 1.256.165 հոգի:

ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒԸ՝ 1.2 – 1.3 ՄԻԼԻՈՆ
Վերոյիշեալ հարցախոյզը եւ իր հետ կապուած տոկոսային հաշուարկը թերեւս համոզիչ չթուի ոմանց: Առարկութիւններէն մէկը կրնան ըլլալ հարցախոյզի մասնակիցներու խուսափողական կամ անճիշդ պատասխանները: Առ այդ, մեր հաշուարկին ճշգրտութիւնը ապահովելու համար, կ՚՚եզրակացնենք, որ հարցախոյզին իրենք զիրենք հայ համարողներու պատասխանը կրնայ տարուբերիլ առաւել կամ նուազ 3-4% տոկոսով: Ըստ այդ, հայ բնակչութեան ընդհանուր թիւը կը տարուբերի 1,2 միլիոնէն 1,3 միլիոնի միջեւ:
Սակայն, հիմնական առարկութիւնը հաւանաբար հարցախոյզին մասնակիցներու սահմանափակ թիւը նկատուի: Առ այդ, Միացեալ Նահանգներու հայութեան ընդհանուր թիւը գնահատելու համար նկատի ունեցած եմ նաեւ երկու այլ մօտեցումներ եւ ըստ այնմ երկու այլ հաշուարկներ:
Նոր մօտեցումներէն մէկուն մեկնակէտ վերցուցած եմ բնակարանի սեփականատէր հայերու թիւը, իսկ միւսին՝ հայ քուէարկողներու թիւը: Բնակարաններու հաշուարկով ամերիկահայութեան թիւը կը գնահատենք 1.185.023, իսկ քուէարկողներու հաշուարկով այդ թիւը 1.024.965 է:
Շատ հաւանաբար վերոնշեալ երեք հաշուարկներուն մէջ, բազմաթիւ խոցելի կէտեր կան, բայց եւ այնպէս երեքը միասնաբար մեզ կը մղեն որոշ տրամաբանական եզրակացութիւն կատարելու մօտաւոր թիւի մը յանգելու գծով: Նկատի ունենալով, որ երեք հաշուարկներուն թիւերը իրարմէ շատ հեռու չեն, հանգիստ կերպով կրնանք եզրակացնել, որ ամերիկահայութեան հաւանական թիւը հեռու չէ 1,2-1,3 միլիոնէն, նուազագոյն սահմանագիծ ունենալով 1.024.965 թիւը:
Ի բացակայութիւն ամերիկահայութեան թիւի մասին առարկայական ու ճշգրիտ տուեալներու, կրնանք եզրակացնել, որ սոյն երեք հաշուարկումներուն ճամբով ամերիկահայութեան թուաքանակի գնահատումը որոշ ճշգրտութեան ու հաւաստիութեան մակարդակ մը կը ներկայացնէ, բայց անպայմանօրէն բարելաւման կարիքը ունի:
Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են երկրորդ եւ երրորդ մօտեցումներու իմ թուաբանական բարդ հաշուարկումներով, սոյն յօդուածի վերջին բաժինով կը ներկայացնեմ զանոնք՝ իրենց մանրամասնութիւններով:
Այս առիթով, կը դիմեմ հայկական վիճակագրական հարցերու գծով յատուկ հետաքրքրութիւն ունեցող անձնաւորութիւններուն, որպէսզի իրենց գաղափարները կամ բարելաւման առաջարկները յղեն համացանցի իմ հասցէին՝ johnkossakian@yahoo.com: Նաեւ պիտի փափաքէի ստանալ ճշդումներ առանձին շրջաններու հայութեան թիւի մասին եւ թէ ինչպէս այդ թիւին յանգած է ճշդումը կատարող անձը: Նման յղումներու պարագային կարելիութիւն կը ստեղծուի, որ մօտ ապագային դարձեալ հանդէս գամ ամերիկահայութեան թուաքանակի մասին բարեփոխուած մէկ այլ հրատարակութեամբ:
Ստորեւ կը ներկայացնեմ հետաքրքրական տուեալներ մարդահամարէն, իսկ առանձին էջով մարդահամարի տուեալնրու համաձայն հայութեան աշխարհագրական կեդրոնացումները՝ հայաշատ քաղաքներ, գաւառներ եւ նահանգներ՝ իրենց թուական պատկերներով:

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐԷՆ
1. Ընդհանուր թիւին 56%-ը ծնունդով ամերիկեան քաղաքացի է, 30%-ը քաղաքացիութիւն ստացած է օրինական դիմումով, 14%-ը քաղաքացիութիւն չունի:
2. Ընդհանուր թիւին 14%-ը ազգային պատկանելիութեան տակ երկու ազգութիւն նշած է: Իսկ, ցեղային պատկանելութեան տակ 2.7%-ը ունի երկու պատկանելութիւն:
3. Տունէն ներս խօսակցական լեզուի պատկերը՝ միայն անգլերէն 43%-ը, հայերէն 54%-ը:
4. Միացալ Նահանգներ ծնած հայերուն 23%-ը հայերէն կը խօսի, իսկ 75%-ը միայն անգլերէն:
5. Միացալ Նահանգներէն դուրս ծնած հայերուն 91%-ը հայերէն կը խօսի, իսկ 6%-ը միայն անգլերէն:
6. Քալիֆորնիոյ հայութեան թիւը ամերիկահայութեան ընդհանուր թիւին 54%-ը է:
7. Լոս Անճելըս գաւառի հայութեան թիւը ամերիկահայութեան ընդհանուր թիւին 38%-ը է:
8. Լոս Անճելըս քաղաքի հայութեան թիւը ամերիկահայութեան ընդհանուր թիւին 15%-ը է:
9. Հայաստան ծնած հայերը, ամերիկահայութեան ընդհանուր թիւին 19%-ը է: Իսկ, Հայաստան ծնած հայերու 83%-ը կը բնակի Քալիֆորնիոյ մէջ:
10. Ամերիկայէն եւ Հայաստանէն դուրս ծնած հայերը կը կազմեն ամերիկահայութեան 28.7%-ը:
11. 18 տարիքէն վար հայ երիտասարդները կը կազմեն ամերիկահայութեան 20%-ը: Ամերիկայի ժողովուրդին համար այս թիւը 24%-ը է:
12. 65 տարիքէն վեր ամերիկահայերը կը կազմեն ընդհանուր ամերիկահայութեան 15%-ը: Ամերիկայի ժողովուրդին համար այս թիւը 13%-ը է:
13. Ամերիկահայութեան միջին տարիքը 40,2 է, երբ Ամերիկայի համար այս տարիքը 37,2 է: Ընդհանուր առմամբ ամերիկահայութիւնը շուրջ երկու տարիով աւելի տարիքոտ է քան ընդհանուր ամերիկեան հասարակութիւնը:
14. Տղամարդոց կիսորոշիչ (median) տարիքը 38,9 է, իսկ կանանցը՝ 41,3:
15. Ընտանիքի (family) անդամներու միջինը 3,21 հոգի է: Իսկ տան (household) անդամներու միջին թիւը 2,79:
16. Աշակերտութեան թիւը ընդհանուր ամերիկահայութեան թիւին (474.559) հետեւեալ պատկերը կը կազմէ.
- Մանկամսուր եւ մանկապարտէզ՝ 2,5%
- Նախակրթարան 1-4՝ 4,1%
- Միջնակարգ 5-8՝ 4,3%
- Երկրորդական 9-12՝ 5,2%
- 2-4 տարուայ համալսարան՝ 7,8%
- Բարձրագոյն ուսումնական հիմնարկ՝ 1,8%
17. Համալսարանաւարտներու թիւը ընդհանուր ամերիկահայութեան թիւին (475.488) հետեւեալ պատկերը կը կազմէ.
a. Պսակաւոր Գիտութիւն (BA/BS)՝ 76.385
b. Մագիստրոս եւ մասնագիտութեանց տիտղոսներ՝ 49.470
18. Ընտանիքներու միջին եկամուտը (mean) $83.558 է: Իսկ կիսորոշիչը (median)՝ $56.674:
19. Ընտանիքներուն 40,8%-ը կը բնակի վարձու բնակարաններու մէջ, իսկ 59,2%-ը սեփականատէրն է իր բնակարանին՝ անշուշտ տարիներու վրայ տարածուող պարտամուրհակով:
20. Հաշուարկուած 115.095 ընտանիքներէն, 35,8%-ը $50.000էն վար եկամուտ ունի:
21. Աղքատութեան մակարդակէն վար կը գտնուի ընտանիքներուն 9,3%-ը: Իսկ 9,8%-ը կը ստանայ ձրի ուտեստեղէնի կտրօններ:
22. Առանց ամուսինի կամ հօր ընտանիքները կը կազմեն ընդհանուր թիւին 9,6%-ը:
 
ՀԱՇՈՒԱՐԿ ԹԻՒ 2. ԲՆԱԿԱՐԱՆԻ ՏԷՐ ՀԱՅԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ՄԵԿՆԱԿԷՏ՝ ԳՆԱՀԱՏԵԼՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԹՈՒԱՔԱՆԱԿԸ
Ամերիկայի հայութեան ընդհանուր թիւը գնահատելու համար կը փորձենք մէկ այլ ուղի վերցնել եւ մէկ այլ՝ նոր հաշուարկ կատարել: Նոր հաշուարկին համար մեկնակէտ ունինք բնակարանի (առանձնատուն եւ յարկաբաժին) տէր հայերու թիւը, մարդահամարի օգտագործած անգլերէն բառով՝ household:
Այս անգամ կը գործածենք Լոս Անճելըս գաւառի պաշտօնական տուեալները՝ բնակարաններու սեփականութեան վերաբերող անուանացանկերը, որոնք կապ չունին մարդահամարին հետ եւ հաւաքագրուած են առանձնաբար: Կը կատարենք հետեւեալ հաշուարկումները.
1. Եթէ Լոս Անճելըս գաւառի բնակարաններուն պաշտօնական ցանկերէն առանձնացնենք «եան» եւ «յան» վերջաւորութիւններով հայկական ազգանունները, մեր տրամադրութեան տակ կ՛ունենանաք 69.675 բնակարան, որոնք սեփականութիւնն են հայ անհատներու:
2. Այս բնակարաններու մէկ մասը բնականաբար սեփականտիրոջ ապրած բնակավայրը չէ, այլ վարձու տրուած է ուրիշներու: Ճշդելու համար միայն սեփականատէրերու կողմէ անձնապէս բնակեցուած եւ ոչ թէ ուրիշին վարձու տրուած բնակարաններու տոկոսային քանակը, ցանկէն դուրս բերուած են կրկնուող հասցէները:
Եզրակացութիւն՝ մօտ 88%-ը այս բնակարաններուն բնակեցուած են սեփականատէրերով: Ուրեմն, տոկոսային այս համեմատութիւնը ի գործ դնելով ամբողջ Լոս Անճելըս գաւառին համար, ապա հայ սեփակատէրերուն կողմէ բնակեցուած բնակարաներու թիւը պէտք է նուազեցնել 69.675էն 61.314ի:
3. Լոս Անճելոս գաւառի տրամադրելի բնակարաններու թուաքանակը զտուած ըլլալով «եան» եւ «յան» վերջաւորութիւն ունեցող ազգանուններէն, տրամադրուած թիւին վրայ պէտք է գումարել յաւելեալ 15% մը, որպէսզի նկատի առնուին նաեւ այն ազգանունները, որոնք «եան» եւ «յան» չունին: Այսպէս, 57.830 թիւը կը բարձրանայ 70.511ի:
4. Ըստ 2010ի մարդահամարին, 474.599 արձանագրուած հայերուն 59,2%-ը կը բնակի իր սեփական բնակարանին մէջ, իսկ 40,8%-ը վարձու բնակարանի մէջ: Եթէ նկատի առնենք մարդահամարէն խուսափածները, որոնք մեծ մասամբ նորեկ եւ անօրինական գրանցումով Ամերիկա գտնուողներն են, եւ վարձու բնակարաններու մէջ կը բնակին, ապա վարձու բնակարաններուն մէջ ապրողներուն իսկական տոկոսային համեմատութիւնը շատ աւելի է. իսկ իրենց սեփական բնակարաններուն մէջ ապրողներուն տոկոսային համեմատութիւնը՝ աւելի պակաս: Առ այդ, մարդահամարի սեփականատէրերու 59,2 տոկոսը պէտք է նուազեցնել մօտ 15% խուսափածներու թիւով, մինչեւ 44,2%-ի:
Ուրեմն, սեփական եւ վարձու բնակարաններուն ընդհանուր թիւը ունենալու համար, պէտք է հաշուի առնել 59,2%-ի փոխարէն՝ 44,2% տոկոսային թիւը: Առ այդ, գնահատելու համար Լոս Անճելըս գաւառէն ներս հաստատուած հայութեան ընդհանուր բնակարաններու թիւը, ապա 70.511 սեփական բնակարաններու թիւը պէտք է նկատի ունենալ 159.527:
5. Նկատի ունենալով, որ հայկական իւրաքանչիւր բնակարանի բնակիչներու միջին թիւը 2,79 է (474.559 բնակիչ 170.165 բնակարանի մէջ), ապա նոյն համեմատութեամբ Լոս Անճելըս գաւառի հայութեան թիւը կը կազմէ 445.081 (159.527 բազմապատկուած 2,79ով): Մինչ, մարդահամարի համեմատ այդ թիւը 178.239 է, որ մեր հաշուարկի կողմէ գնահատուած թիւին 40% է:
6. Եթէ Լոս Անճելըսի համար յստակացած վերոնշեալ 40% համեմատութիւնը ի գործ դնենք ամբողջ Միացեալ Նահանգներուն համար, ապա մարդահամարի 474.559 հայերու թիւը պէտք է բարձրացնել նոյն համեմատութեամբ եւ հայութեան թիւը Միացեալ Նահանգներու տարածքին գնահատել 1.185.023ով, որ շատ մօտ է առաջին հաշուարկի ճամբով գնահատուած թիւին:
 
ՀԱՇՈՒԱՐԿ ԹԻՒ 3. ՔՈՒԷԱՐԿՈՂ ՀԱՅԵՐԸ ՄԵԿՆԱԿԷՏ՝ ԳՆԱՀԱՏԵԼՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԹՈՒԱՔԱՆԱԿԸ
Ամերիկայի հայութեան ընդհանուր թիւը գնահատելու մեր վերի երկու փորձերուն վրայ կ՛աւելցնենք մէկ այլ մօտեցում եւս եւ կը փորձենք նոր հաշուարկ մը կատարել: Նոր հաշուարկին համար այս անգամ մեկնակէտ ունինք քուէարկութեան համար արձանագրուած ամերիկահայութեան թիւը (registered voters):
Դարձեալ կը հիմնուինք մարդահամարէն անկախ, Լոս Անճելըս գաւառի տրամադրելի անուանացանկերուն վրայ եւ կը կատարենք հետեւեալ հաշուարկումները.
1. Լոս Անճելոսի գաւառի ընտրութիւններու վերաբերող պաշտօնական արխիւներուն համեմատ գոյութիւն ունի մօտաւորապէս 4,5 միլիոն արձանագրուած քուէարկող, որոնցմէ 78.776ը ունին հայկական ազգանուն՝ «եան» [ian] եւ «յան» [yan] վերջաւորութեամբ:
2. Եթէ «եան» եւ «յան» վերջաւորութիւն ունեցող մականունները ընդհանուրին 85%-ն է. ապա ընդհանուրը 92.678 հոգի է:
3. Ընդհանրապէս, արձանագրուած ամերիկացի քուէարկողները, քուէարկութեան իրաւունք ունեցող (18 տարիքէն վեր) քաղաքացիներուն 72%-ը կը կազմեն: Հայութեան պարագային, անտարբերութեան գործօնին բերումով, այս թիւը վստահաբար կարելի է նուազեցնել մօտ 30%-ով: Այսպէս, քուէարկելու համար արձանագրուած հայ քաղաքացիներուն տոկոսը նկատի պէտք է ունեալ քաղաքացիութիւն ունեցողներուն շուրջ 42%-ը: Ուրեմն, մեկնելով 92.678 արձանագրուած թիւէն, արձանագրուած եւ չարձանագրուած քաղաքացիներուն ընդհանուր գումարը շուրջ 220.661 պէտք է ըլլայ:
4. Հաշուարկին մէջ պէտք է նկատի ունենալ նաեւ ոչ-քաղաքացիները (non-citizens), որոնք դարձեալ ըստ մարդահամարին, հայութեան պարագային ընդհանուր բնակչութեան թիւին 14%-ը կը կազմեն: Իսկ, քաղաքացիները 86%: Այսպէս, քաղաքացիներու եւ ոչ-քաղաքացիներու իսկական թիւը 256.583 հոգի է:
5. Քուէարկողներու խումբին մէջ բնականբար չէ ներառնուած քուարկութեան իրաւունք չունեցող 18 տարեկանէն վար եղող բնակչութիւնը, որ ըստ մարդահամարին՝ գրանցուած հայութեան ընդհանրու թիւին 20%-ը կը կազմէ: Ուրեմն վերի գումարը ընդհանուր թիւին 80%-ն է: Ապա, 100% թիւը, որ կ՛ընդգրկէ 18էն վար անձերը, պէտք է գնահատել 320.728 հոգիով:
7. Աւելի առաջ, բացատրեցինք, որ նորեկ եւ առանց օրինական գրանցումի մեծ զանգուած մը կայ, որուն մեծ մասը (15%) խուսափած է մարդահամարին մասնակցելէ: Հետեւաբար, այդ զանգուածը աւելի մեծ է քուէարկողներու պարագային, վստահաբար առնուազն 20%: Այսպէս, 320.728 թիւը նկատի պէտք է ունենալ 20% աւելիով եւ դարձնել զայն 384.874 հոգի:
8. Մարդահամարին համեմատ՝ Լոս Անճելըսի թիւը 178.239 է, որ սոյն հաշուարկով կը կազմէ գնահատուած 384.874 թիւին 46,3%-ը: Եթէ նոյն տոկոսային համեմատութիւնը ի գործ դնենք ամբողջ Միացեալ Նահանգներուն համար, ապա մարդահամարի 474.559 հայերուն թիւը պէտք է գնահատել 1.024.965: Սոյն թիւը ըլլալով երեք հաշուարկներու ամէնէն փոքրը, զայն կաելի է համարել նուազագոյն սահմանագիծը։
 
«Ասպարէզ», Դեկտեմբեր 27, 2013

No comments:

Post a Comment