ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ա.
2005 թուականին նո՛յն (նո՞յն) Իսթանպուլին մէջ ահագին հարց ստեղծած էր հայութեան նուիրուած գիտաժողով մը, առաջինը իր տեսակին ու նիւթին մէջ, ու՝ Մայիսէն Սեպտեմբեր յետաձգուած, Պողազիչի պետական համալսարանէն Պիլկի անձնական համալսարան փոխադրուած, բողոքարար ցուցարարներու ներկայութեան արժանացած: Ու հիմա, ութ տարի ետք, առանց որեւէ հարցի (արդեօ՞ք՝ չենք գիտեր), գոնէ՝ առանց ցուցարարներու, «ցեղասպանութիւն» բառին ալ առատ օգտագործումով առօք-փառօք տեղի կ’ունենայ այս գիտաժողովը: Ութ տարուան մէջ բա՞ն կը փոխուի: Թէ՞ հարիւրամեակի ժամանակային մօտեցման թրքական պատրաստութեանց մաս կը կազմէ այս գիտաժողովն ալ...: Ա՞յս է ձեր ուզածը. հրամմեցէ՛ք, եկէ՛ք, խօսեցէ՛ք՝ - ըսել կ’ուզեն, կ’երեւի, պատասխանատու վերնական մարմիններ, - միայն թէ պաշտօնական ճանաչում մի՛ պահանջէք: Ասիկա քունի դեղ մըն է ձեզի համար: Ատոր պատասխանը հետեւեալն է՝ Մեր ուզածը, պահանջքին բովանդակութենէն առաջ, քաղաքական կեցուածքի վերին ու վերջնական յստակութիւնն է: Մնացեալը՝ երկրորդականօրէն կարեւոր է: Բայց թողունք այս հասարակ ենթադրութիւնները, հասարակացումներու պահանջները:
Արդեօ՞ք հանգուցեալ (սպանեալին համա՞ր ալ վերջին հանգիստի այս բնորոշումը կարելի է գործածել. չեմ գիտեր) Հրանդ Տինքի երազներէն մէկը չէր, որ այս գիտաժողովով մասնակի իրականութեան կը վերածուէր: Իրեն կը դիմէին, յաճախ, «Ակօս»ի խմբագրատուն հեռաձայնելով կամ անձամբ ներկայանալով, հայ մեծ մայր կամ հայ նախնիներու յիշատակի փշուրներ ունեցող Թուրքեր, Քիւրտեր կամ թրքահպատակ այլազգիներ, որոնք խօսքի ու բացատրութեան կարիքը ունէին կամ հայ ազգական կը փնտռէին: Անոնց գոյութիւնն էր, կը կարծեմ, որ իրեն յիշեցնել ու հաստատել տուած էր, թէ Հայերս մինչեւ հիմա յատկապէս կորուստի, սպանեալ զոհերու մասին կը խօսինք ու կը մտածենք: Հապա՞ այս կենդանի զոհերը, որոնք կան եւ չկան, յիշողութենէն առնելով իրենց գոյութեան առաջին նշանը, գոյութեան սահմաններու վրայ կը թափառին: Ո՞ւր ըլլալու էին անոնց արտայայտութեան գետինը, անոնց խօսակիցը: Անոնց պատմածն ու դեռ պատմելիքը դէպի ո՞ւր բացուելով տեղ պիտի գրաւէին: Արտայայտութեան գետին պատրաստելը մեր ընկերութեան մէջ, սակայն, որո՞ւ պարտականութիւնն է:
Ֆէթհիյէ Չէթին, որ բացման զրոյցին ու փակման նիստին մասնակցեցաւ, միշտ իր հայ մեծ մօր ստուերին տակ, հայկական ինքնութեան բեկոր մը կրելով իր մէջ, պիտի մնայ հայկական ու թրքական ինքնութեանց խաչուղիին: Վերջնական որոշումի պէտքն ալ չունի՝ հա՞յ թէ՞ թուրք: Խառնուրդը՝ թուրքեւհայ, նկարագիրն է այս սերունդներուն, մինչեւ որ իրե՛նք խառնուրդին մէջ յստակացումներ կատարեն՝ իրենք իրենց համար. ու թերեւս՝ մեզի ալ: Նոյնն է պարագան իսլամահայերուն. ինչպիսի՞ խառնուրդ պիտի մատուցեն, պիտի ըլլան անոնք: Չէթին տուա՞ծ է ինքնիրեն հարցումը, որ զայն կիրարկենք իսլամահայերուն վրայ, «մենք»՝ որ դատաստանի ելած ենք: Ուրկէ՞ կու գայ յստակութիւններ փնտռող այս հարցադրումը:
«Իսլամաց(ու)ած Հայեր»ու նուիրուած գիտաժողովը, ինչպէս Հրանդ Տինք Հիմնարկի կազմակերպած նախորդ գիտաժողովները, ոմանց համար առիթներ կ’ընծայեն, հեռուէն մօտենալու Ցեղասպանութեան նիւթին: Գիտենք, որ բռնատիրական վարչակարգերու յատուկ երեւոյթ է՝ գիտաժողով մը անուանել ա՛յնպէս ու գիտաժողովին ընթացքին խօսիլ ա՛յսպէս: Տպագրեալ թուղթին վրայ գրել ա՛յս ու բանաւոր ներկայացնել՝ ա՛յն կամ՝ այս ե՛ւ այն: Ա՛յս ըսել, նաեւ ա՛յն հասկնալ: Թրքական արդի բանաստեղծութեան ամենէն բնորոշ յատկանիշներէն մէկն է արդէն խորհրդանշաններու լեզուով խօսք տեղ հասցնելու կարելիութիւնը: Տեղ հասնելու ձեւեր, ասոնք, որոնց երբեմն նաեւ ժողովրդավար համարուած պետութիւններու ու հաստատութիւններու մէջ ալ, շատ բնականաբար, կը հանդիպինք. այս բառին տեղ միւս բառը գործածել, որպէսզի անհատի մը ներքին ախորժակը գոհացուի, անոր զուտ անձնական, մենամոլ հեղինակութիւնը հաստատուի:
Գիտաժողովին յաջորդող շաբթուան «Ակօս» շաբաթաթերթի ամբողջ թիւը (թիւ 914, 8 Նոյեմբեր 2013) նուիրուած է գիտաժողովին. մեծամասնութեամբ՝ թրքերէն, չորս
էջանի հայերէն յաւելուածով, ինչպէս միշտ. կան հարցազրոյցներ զեկուցաբերներուն հետ, անոնց լուսանկարներով ու արխիւային նիւթերով ու զեկոյցներէն ուղղակի հատուածներով կամ անոնց մասին կատարուած հաղորդագրութեամբ: Բնական երեւոյթ մը ինքնին, սակայն կը մնայ հարց տալ՝ ո՞ր հայկական գաղութին մէջ, ո՞ր հայկական թերթին կողմէ կարելի պիտի ըլլար նման աշխուժութեամբ թիւ մը այսքան կարճ ժամանակի մէջ լեցնել ու հրատարակել: Թերեւս կ’արժէ այս առթիւ անդրադառնալ, որ Թուրքիոյ մէջ թղթակիցներու աշխատանքային թափի տարբեր մշակոյթ մը գոյութիւն ունի, արդէն որոշ աւանդութիւն մը կազմած: Կարճառօտ, յաճախ անխորք ու հարեւանցի, սիւնակներուն հետ՝ շնչասպառ, - ինչ որ միշտ դրական երեւոյթ չէ, - թղթակիցը կամ լրագրողը, ճիշդ այդպէս ըլլալնուն պատճառաւ աւելի ընթերցող ունենալու առաւելութիւնն ունին: Կը մնայ մտահոգուիլ պարզապէս, որ նման գիտաժողովներ աւելի քան տասնեակ մը բազմազգ լրագրողներու ափին շուտով կրնան խանգարուած խաղալիքի մըն ալ վերածուիլ, լաւագոյն պարագային՝ անոր իմաստը իջեցնելով սոսկ նշանակութեան մը:
«Թաքուն», «ծպտեալ», «իսլամացած» Հայեր: Այս ածականներն են որ հայկական մամուլի էջերուն կը ծփան քանի մը տարիէ ի վեր: Ամենէն գէշ զգացումը որ կ’ունենամ, անոնց «տէր» կանգնելու կեցուածքին առընչուած է, գաղութներու կողմէ, որոնք իրենք իրենց կրթական, մշակութային ու քաղաքական անհուն հարցերը կը ծածկեն: Բայց, կեանքի օրէնքն է. հարցերուդ լուծումը կը «մոռնաս», երբ ուրիշին հարցերուն լուծման կը նուիրուիս: Կարեւորը ընդմիշտ չմոռնաս հարցերդ ու քեզ, կորսուելով ուրիշին հարցերուն մէջ:
Հրանդ Տինքի շուքը աւելի ծաւալած է իր սպանութենէն ետք: Թերեւս եթէ հոն, գիտաժողովին ինք անձամբ ներկայ ըլլար՝ այնքան ներկայութիւն չունենար: Սպանութեամբ կազմաւորուած իր անունը հիմա աւելի շրջուն է: Գիտենք որ ան իմացական փայլատակումներու մտաւորականը չէր, սակայն այս երկիրը յատկապէս խիզախ հրապարակագիրին համար ականջ ունի: Ունի նաեւ, ինչպէս տեսանք, սպանիչ ձեռք, որ թերեւս կրնայ ամէն առիթի նորէն երկարիլ: Ու ան եղաւ զոհը, որ բացաւ ճամբան խօսքի, նիւթերու, արգիլեալ, նուազ ծանօթ, նաեւ ահա՝ այս մէկուն:
Գիտաժողովէն առաջ ու վերջ ու անոր ընթացքին կը յառնէ միշտ ընդունման ու մերժման հարցը: Ինչպէ՞ս ընդունիլ, որ ատենին բռնի իսլամացուած Հայերու յետնորդները այսօր իբրեւ այդպիսին...կոչուին, ըլլա՛ն: Ու ինչպէ՞ս մերժել: Անշուշտ նաեւ՝ ինչո՞ւ ընդունիլ ու ինչո՞ւ մերժել: Կարծես դատարանի մէջ ըլլայինք ու լուծելիք դատ մը ունենայինք: Հայութեան կողմէ, թրքութեան կողմէ՝ իրենց բոլոր շերտերուն ու մասերուն կողմէ, եւ թերեւս այլ կողմերէ կրնան գալ հարցումները: Ընդունումէն առաջ՝ ինքնահաստատման ու ինքնաներկայացման շրջան մը կայ, ծանօթութեան, երթալ-գալու, փոխանակման, որուն համար բոլոր կողմերն ալ համբերութեան կոչուած են: Բայց եթէ չձեռնարկուին այդպիսի քայլեր, հեռուէն հեռու մնան՝ տեղքայլը միշտ պատրաստ է, մեզ հունաւորող ու կաղապարող: Իսլամահայերու կողմէ Հայաստան այցեր տեղի կ’ունենան, Հայաստանը տեսնել փափաքողներուն թիւը սակաւ չէ. նման այցեր ու միասնական խաղ ու պար թերեւս օգտակար ձեռնարկութիւններ են: Ժամանակի ու հոգեկան ժամանակին ալ դերը անհրաժեշտ է:
Իսլամահայերու այս դէպի Հայաստան ուղղումն ու ուղեւորումը «հայրենիքին մէջ / հայրենիքէն դուրս» ըլլալու կացութենէն կը մեկնի: Քանի Եղեռնը իրենց նախնի հարազատները դուրս շպրտած է...հայրենիքէն, հայրենիքը իբրեւ հող (Արեւմտահայաստան, Կիլիկիա) ոտքերնուն տակ մնալով ու վերապրելով հանդերձ՝ վերջ դրուած է, մեծաւ մասամբ, հողին վրայ գոյաւորուող հայկական կեանքին: Հայրենի հողին տեսքին կարօտ չեն անոնք, երբ այսօր Հայաստան կ’երթան, այլ այն միջավայր-հայրենիքին, պետութիւն-հայրենիքին, ուր հայկական կեանք կը ծաղկի, ուր հայերէն կը խօսուի, ինչ որ իրենք այսօր իրենց քով չեն գտներ, եւ ինչ որ իրենց հող-հայրենիքին մէջ իրենցմէ խլուած է, կարելի չէ եղած: Կը զարմանան ու կը հրճուին անոնք: Հակառակ շարժումով մը, մենք ալ, միջին արեւելեան հայկական միջավայրէն հայրենիք (հին կամ նոր) մեկնելով, քարին ու հողին կարօտ ենք եւ ի զուր չէ որ քարի ու հողի մասեր կամ ջուր կ’արտահանենք, հայրենիքը ձգած ատեն: Մենք տարրերուն կարիքին, ուժին կը դիմենք, իրենք ալ՝ միջավայրին, հաւաքականութեան: Կորուստները փնտռելէն ետք, սակայն, կայ նաեւ գտնուածը վերափնռելու, վերունենալու աշխատանքը:
Բ.
«…Հիմա ես ձեզի հարցում մը ունիմ, - կ’ըսէ Իսթանպուլ հաստատուած միջին տարիքի հայախօս հայ մը, գիտաժողովի մէկ դադարին: - Եղբայրներէս ոմանք մնացին հոն ու ամուսնացան թուրքերու հետ: Եթէ ես ալ հոն մնայի՝ ե՞ս ալ իսլամացած պիտի ըլլայի»: Թուաբանական հարցում մը չէ, կը խորհիմ ես ինծի, որուն կարելի ըլլայ թուաբանական պատասխան մը տալ: «Չենք կրնար վերջնականօրէն գիտնալ, - կ’ըսեմ. - թերեւս դուք ալ հիմա իսլամացած ըլլայիք կամ չըլլայիք»: Հայկական Իսթանպուլը այստեղ ինծի կը ներկայանայ իբրեւ փրկութեան աւազան մը: «Կապ ունի՞ք ձեր եղբայրներուն հետ»: Այո, ունի, բայց կ’երեւի անբացայայտ կապ մըն է: Ընտանիքը՝ կիսուած հայութեան ու թրքութեան միջեւ, քրիստոնէութեան ու իսլամութեան միջեւ: Բայց կապ մը կայ, կը յուսամ ու կը մաղթեմ որ ըլլայ, կարկտանի կապ մը թերեւս, որ կանգուն է: Անծանօթը իր զրոյցը ուրիշին հետ կը շարունակէ, ինչպէս երբեմն կը պատահի նման պարագաներու, թերեւս գոհ ալ չէ տուած անորոշ պատասխանէս, ու մեր զրոյցին կապն ալ կը փրթի այդպէս...:
Թուրք ու թրքահպատակ ակադեմական ու ոչ-ակադեմական երիտասարդ սերունդին մասնակցութիւնն ու ներկայութիւնը այս գիտաժողովին զգալի է: Խանդավառութեամբ չէ որ կ’արձանագրենք այս տողերը, ոչ ալ՝ սերունդներու ու տասնամեակներու երազի մը իրականացումը տեսած ըլլալու գոհունակութեամբ, այլ հսկայական ուշացմա՛ն մը բացը նշելով: Հրէական Ողջակիզումը այսօր այս կամ այն ազգին մասնագիտութիւնը չէ, - ինչպէս որ գիտութիւնը չի կրնար այս կամ այն ազգինը ըլլալ, - սակայն յատկապէս գերմանացին կը փորձէ այդ մասնագիտութեան մէջ զարգացումներ արձանագրել, ձեւով մը իր «պարտք»ը նաեւ այդպէս վճարելով. նոյնպէս ալ Հայոց Ցեղասպանութեան պարագային. յատկապէս թուրք ակադեմականներ հարկ է որ յառաջանան անոր խորացման մէջ: Ինչպէս մեր, այնպէս ալ իրե՛նց պատմութեան մասն է ան:
Այստեղ պզտիկ փակագիծի մը կարիքը կը տեսնեմ, «թուրք արդի ակադեմականներու» կապուած: Եւրոպական համալսարաններու մէջ կարելի է հանդիպիլ այնպիսի տիպարներու, որոնք, երբ գիտեն որ հայ ես, «ցեղասպանութիւն» բառն ալ կը գործածեն, արդիական ցոյց կու տան իրենք զիրենք, նաեւ համալսարաններու միւս գործընկերներուն աչքին ազատամիտի անուն մը կը շինեն այդ ձեւով: Նիւթն ալ, հաւանաբար, այսպէս թէ այնպէս արծարծեն դասապահերու ընթացքին, սակայն ճարպիկ աճպարարի մը շարժումով զայն կը դնեն «անլոյծ» խնդիրներու մակարդակին: Տեսէք, կ’ըսեն, այս թեր կարծիքն ալ կայ, ա՛յս դէմն ալ կայ: Կարծես թէ հանելուկ մը ըլլար, ուսանողներուն ձեռքը տրուած: Ուսանողներ, դուք ձեր անձնական կարծիքը կազմեցէք, որովհետեւ այս մասին հայերը տարբեր կարծիք ունին ու թուրքերը՝ տարբեր: Ու ասիկա տեղի կ’ունենայ արդիականութեան, մտքի ու կարծիքի ազատութեան անունով: Արդարեւ, թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը ոչ թէ միայն հեռահաս է, այլեւ կրցած է յարմարութեան իր գետինը գտնել մտքի ազատութեան մէջ:
Արեւմտեան աշխարհին ու Եւրոպական Միութեան երեսին նետուած «արդիամտութեան ապացոյց» թող համարուի այս գիտաժողովն ալ: Հոգ չէ, որովհետեւ այլ հոգերը շատ են: Սա մեծ հանդիպում մըն է, հաղորդութիւն: Ո՞ւր կրնան հանդիպիլ՝ թուրք, քիւրտ, հայաստանցի հայ, սփիւռքահայ, տէրսիմահայ, համշէնցի (համշէնահայ չեն սիրեր կոչուիլ) կամ այլապէս իսլամահայ ներկայացուցիչներ: Հայ ծանօթ պատմաբանը, որ այս տարի ալ կը մասնակցէր գիտաժողովին, անցեալ տարի ըսած էր. «Այս չէ՞ր Հրանդին ուզածը. քով-քովի բերել հայ ու թուրք. թող խօսի՛ն ի վերջոյ իրարու հետ, զիրար հասկնալու համար»: Վստահաբար՝ այս էր ուզուածներէն մէկը: Խնդիրը այն է, սակայն, որ մինչեւ այդ խօսքին յառաջացումը՝ անձնական մակարդակի վրայ պատրաստութեան կարիքը կայ, թէ՛ թուրքին թէ՛ հայուն համար: Հայը ամէնուն մէջ իր հասկցած ու իր նախահայրերուն ապրած թրքութիւնը պիտի տեսնէ ու թերեւս փորձէ չտեսնել, թուրքն ալ ինքզինք Մեծ Եղեռնին առնչուած շուքերուն պիտի պատրաստէ, կարդացած ու մասամբ հասկցած պիտի ըլլայ կարդացածը: «Արդար զոհը»՝ Հայը ունի անշուշտ առաւելութիւններ: Յանպատրաստից հանդիպումներ երբեմն օգտակար են ու յաճախ վնասակար: Ո՞վ ինքզինք պիտի պատրաստէ:
«Հաւատացէ՛ք», կ’ըսէ ընկերաբանութեան երիտասարդ, հազիւ քսանի կէսերուն, թուրք ուսանողը (կը նկատէք, որ տարիքը թուրք ինքնութենէն առաջ կը յիշեմ), գիտաժողովի դադարին, «մենք պայքարի մէջ ենք արմատական ուժերու դէմ, ու փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան»: Հասցէներ կը փոխանակենք, իրարու հետ կապ պէտք է հաստատել, փոխանակումներ կատարել՝ գաղափարի, միտքի: Ու կապի մէջ մնա՛լ: «Լաւ թուրքեր» յառաջ եկած են երկրին մէջ, քանի մը տարիներէ ի վեր, պէտք է սպասել որ տարիները բազմանան կամ զանոնք բազմացնել: Մեր կարծածէն ու գիտցածէն շատ աւելի երիտասարդ հայեր ու թուրքեր իրարու հետ կապի մէջ են, ի դէպ, կ’երթան-կու գան. պահ մը եթէ մոռնալ ուզենք Պէյրութ-Իսթանպուլ, Երեւան-Իսթանպուլ տնտեսական անպաշտօն... թաքուն ու բանուկ կապերը:
Սատըք մեր՝ Պոլսոյ, իր՝ Իսթանպուլի թաղերուն մէջ կը ճանչնայ մեզ, կը «բռնէ», թէյի կը հրաւիրէ: Գիտէ որ գիտաժողովին մասնակիցներէն ենք, տեսած է հոն մեզ: Իսլամացած հայ մըն է, որ վերադարձ կատարած է, հիմա Իսթանպուլ կը բնակի, հայաստանցիի հետ ամուսնացած է, հայերէն միայն քանի մը բառ կը խօսի: Թէյէն ետք Սատըքին հետ կը քալենք ճամբան ու պատահմամբ դիմացնիս կ’ելլէ թրքահայ մտաւորական մը, թուրքի հետ ամուսնացած: «Ասիկա հայ չէ, քանի թուրքի հետ ամուսնացած է», կ’ըսէ Սատըք յստակ: Ոչ միայն «մենք»՝ իբրեւ հայ ծնածներս ունինք «հայ ես-հայ չես»ի դատումներ, այլ, շատ բնականաբար, իրենք ալ՝ հայ եղածները, «նորադարձները»: Ու մենք ոտքի ելած ենք իրենց օգնելու...:
Պանդոկին մէջ, առաջին օրը, նախաճաշի ընթացքին, Հրանդ Տինք Հիմնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ թուրք օրիորդը կը մօտենայ նախաճաշող հիւրերուն ու մէկ առ մէկ կը հարցնէ. «Դուք արդեօ՞ք գիտաժողովի մասնակիցներէն էք»: Կը նշմարեմ, ինչպէս նախաճաշին սպասարկող երկու տղաք, ի՛ր տարիքին, հեգնանքին ընկերացող թեթեւ ծիծաղով մը կը կրկնեն իր ըսածը՝ «Հրանդ Տինք Հիմնարկ...»: Ինք կ’աշխատի հիմնարկին համար ու անոնք կը հեգնեն, ոչ թէ զինք կամ աշխատանքը, այլ...բուն հարցը: Այսպէս, օրիորդին աշխատանքն ու սպասեակներուն հեգնանքը ձեռք-ձեռքի կ’ընթանան, ոչ թէ ես ինծի կը խորհիմ, այլ աչքիս առջեւ կը տեսնեմ ու կը լսեմ:
Արդէն կատակի տուած ենք. աջ ու ձախ՝ չոր ծիրան վաճառող ծերը կամ այլ վաճառորդ երիտասարդուհի մը «իսլամացած հայ» ըլլալու են՝ կ’ըսենք ու կ’անցնինք: Երբեմն նոյնիսկ կը հարցնենք. «Արմատներուդ մէջ հայ կա՞յ»: Ու անոնք ալ, իրենց ապրանքը ծախելու հետամուտ, «չկայ, չեմ գիտեր, կրնայ ըլլալ»՝ ժխտականէն մինչեւ դրականին բացուող ու նման պատասխաններ կը հրամցնեն մեզի: Հարցը այն չէ որ իրենց խօսքին հաւատք պէտք է ընծայել կամ ոչ: Թերեւս քանի մը վայրկեան ետք անոնք մոռնան, թէ ի՞նչ հարցուցինք: Թերեւս ալ մեր հարցումը տեղ մը, ուղեղի մը մէջ փոքրիկ հարց մը կամ հայց մը ստեղծէ: Վաճառորդ երիտասարդուհին, օրինակ, յանկարծ՝ թալասցի է, եւ նոյնիսկ մասնակցած է Տիգրանակերտի մէջ կայացած հայ-թուրք-քիւրտ երիտասարդական հաշտեցման հանդիպման մը, ուր հայերու ծանօթացած ալ է: Կ’անդրադառնա՞նք արդեօք որ մեր կատակը կատակ իսկ չէ, որ մեզի հանդիպողներուն արմատներուն մէջ կան, կրնան իսկապէ՛ս իսլամացած Հայեր ըլլալ, առանց չակերտներու: Ո՞վ կատարած է ծագումնաբանական ուսումնասիրութիւն, արմատներու փնտռտուք. եւ այդ փնտռտուքը որքա՞ն ճշգրտութիւն ցոյց պիտի տար: «Ո՞վ մնաց մաքուր հայ»՝ հարց կու տայ ինքն իրեն «Ակօս»ի աշխատակից Բագրատ Էսդուքեան, իր ընտանեկան շրջանակին մէջ ալ իսլամացածներու հաւանական հետքեր գտնելով, գիտաժողովին ընթացքին հանդիպելով ազպտերցի իսլամացած հայերու (2): Մաքուր հայ, զտարիւն հայ՝ ցեղային ծագումնաբանական այս ուսումնասիրութիւնը, մանաւանդ Գերմանիայէն եկողիս համար, ուր երկրորդ համաշխարհային պատերազմին այնքան չարչրկուած ու շահարկուած նիւթ էր, որուն վրայ ընկերաբանական հիմնաւորումներ կատարելը այնքան հարցականներ կը ստեղծէ: Արմէն Մարսուպեան, իր զեկոյցին մէջ, որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր իր ընտանեկան պատմութեան, կը յայտնէր, որ իր ընտանիքին մէջ գտած էր իսլամացածներու ճիւղաւորումներ:
Ուրիշ կատակ մը կ’ընէ բարեկամ մը, երբ մեր զրոյցներուն ընթացքին հարց կու տայ, թէ արդեօ՞ք Դ. դարուն, Հայաստանի պետականօրէն քրիստոնէացման շրջանին հայ հեթանոս խաւը, տագնապահար, չհաւաքուեցաւ ու «գիտաժողով» մը չկազմակերպեց, նորովի յայտնուած «հայ քրիստոնեա»ներուն մասին: Այս ալ ինքնին կատակ մը չէ, որովհետեւ կրօնքէ մը դէպի այլ կրօնքը անցումներ առընչուած են յաճախ ոչ բնական պայմաններու: Ճիշդ այս հարցն է արդէն, զոր կը բարձրացնէ «Ակօս»ի խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշ իր յօդուածով, ուր կ’անդրադառնայ ընդհանրացուած կարծիքին, թէ քրիստոնէական ինքնութիւնը միակ հայկական ինքնութիւնը կը դաւանուի դարերէ ի վեր ու այստեղ ստուգիւ վճռորոշ եղած է դերը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ (3):

Գ.
Թանէր Աքչամ իր զեկոյցին մէջ ի միջի այլոց կը շեշտէ, որ կրօնական ձուլումը ցեղասպանական ծրագրին անմիջականօրէն առընչուած է: Ցաւ կը յայտնէ, որ հրէական Ողջակիզումը իբրեւ չափանիշ ընդունուած է ցեղասպանութեան: Այդ կալուածին մէջ մասնագիտացած ամէն ակադեմականի համար, սակայն, այդ մէկը բնական երեւոյթ է, որովհետեւ ամենէն շատ ուսումնասիրուած, տարածում ու ծանօթութիւն գտած ցեղասպանութիւնն է ան, յատկապէս արեւմտեան աշխարհին մէջ, ուր հաղորդակցութեան եւ այլ միջոցներու լեզուն ամենայն արագութեամբ կը բանին: Ոչ թէ Ողջակէզը իբրեւ ցեղասպանութիւն մը կ’ուսումնասիրուի, այլ ցեղասպանութիւնը իբրեւ սեռ ամէն անգամ կը ձեւուի Ողջակէզի չափերուն վրայ: Եթէ համաձայն չենք, եւ պէտք է որ տեղ մը՝ չըլլանք, ուրեմն միւս բոլոր ցեղասպանութիւններուն հետազօտութեանց դռները բացուելու եւ ցեղասպանութեան սեռը կեդրոն բերելու համար աշխատանք տարուելու է: Հիլմար Քայզըր կրօնական ձուլման քաղաքականութեան տարբեր կիրարկումներուն կ’ակնարկէ, շեշտելով որ տարբեր գաւառներու մէջ տարբեր ընթացք ունեցած են անոնք, երբեմն նոյնիսկ՝ չկիրարկուած ու ընդդիմութեան արժանացած: Չի բաւեր միայն ի ձեռին ունենալ կրօնափոխութեան հրահանգ տուող փաստաթուղթը, հարկ է նաեւ տեսնել, թէ արդիւնքը ի՞նչ եղած է. իսկապէս կատարուա՞ծ է ան եւ ի՞նչ պայմաններու տակ: Հարկ է համեմատել հրահանգող փաստաթուղթը արդիւնքին մասին վկայող փաստաթուղթին հետ, նկատել կու տայ ան: Նոյնիսկ, միայն փաստաթուղթ ունենալն իսկ բաւարար չէ, կ’անդրադառնայ կողմնակի խօսակցութեան մը ընթացքին: Այս մէկը արդի պատմագէտներուն ուշադրութիւնը հարկ է որ գրաւէ, քանի փաստաթուղթերը վերջնական փաստերը չեն, անկախ անոնց կեղծ կամ իրաւ ըլլալու հանգամանքէն: Հարկ է պատմական, հոգեբանական, ընկերաբանական, յիշողութենական շրջագիծը ուսումնասիրել դէպքերուն, այլ...թուղթերով:
Անշուշտ պատմագէտներուն համար, ինչպէս՝ քաղաքական գործիչներուն կամ քաղաքագէտներուն, կրօնափոխութիւնը սոսկ քաղաքական «միջոց» մըն է, որ կիրարկուած է Ցեղասպանութեան ընթացքին: Անոր նախորդած ու յաջորդած տագնապն ու ցնցումը, ամօթն ու տառապանքը, որ կրնայ տասնամեակներ տեւել, այսինքն սերունդէ սերունդ անցնիլ (որուն բացայայտ անդրադարձը կատարեց Ռաքէլ Տինք իր բացման ելոյթին մէջ) կ’ուսումնասիրուին հոգեբանութեան, ընկերաբանութեան ու յիշողութեան պատմութեան կողմէ:
Համշէնագէտ Սերգէյ Վարդանեան կը ներկայացնէ համշէնցիները իբրեւ Եղեռնի ականատես վկայ: Համշէնցիներ պատերազմի գօտիներէն հեռու տեղափոխուած են, ապահովութիւն փնտռած: Հալածական հայեր համշէնցիներու օգնութեան ալ դիմած են: Կարգ մը համշէնցիներ պահած ու փրկած են Եղեռնին հալածական հայերը: Վարդանեան քանի մը տարի առաջ հանդիպած է համշէնցիներու, որոնք իրեն անձամբ պատմած են իրենց ականատեսի վկայութիւնները: Ան լուսանկարներ ցոյց կու տայ: Աննա Ալեքսանեան հարուստ փաստագրական ու նկարչական տուեալներ ունեցող նիւթ մը՝ Ռուբէն Հերեանի որբահաւաքման աշխատանքը կը ներկայացնէ: Գայեանէ Չօպանեան կ’անդրադառնայ արաբացած հայերու խնդրին: Արաբացած բայց քրիստոնեայ մնացած, յոյն ուղղափառ կամ լատինադաւան նախկին հայոց հատուածներու կարելի է հանդիպիլ այսօր Սուրիոյ ու Լիբանանի տարածքին (օրինակ՝ «հին հայեր» կոչումով), որոնք լեզուափոխ եղած են, բայց ոչ կրօնափոխ: Վահէ Թաշճեանի զեկոյցը, որ կը վերաբերի յետ-եղեռնեան հայ համայնքին կողմէ որդեգրուած կեցուածքին՝ ինչ կը վերաբերի ընկերային բնական պայմաններէն զրկուած կանանց ու անոնց ճակատագրին, կը վերջանայ հարցադրումով մը. անոնց նկատմամբ մերժողական կեցուածքը ի՞նչ օգուտ կամ վնաս բերաւ հայ համայնքին: Ի՞նչ եղաւ յետագայ ճակատագիրը՝ դառն ճակատագրին զոհ դարձած խլեակներուն: Տորիս եւ Արտա Մելքոնեան քոյրեր, որոնք նուիրուած են Լոս Անճըլըսի Գալիֆորնիոյ Համալսարանին (UCLA) մէջ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի հովանաւորութեամբ ի պահ դրուած Եղեռնի ականատեսի վկայութեանց արտագրման եւ վերլուծման աշխատանքին, կը ներկայացնեն հայ կանանց եւ մանուկներու իսլամացման ճակատագրէն դրուագ ու վերլուծում:
Պատմական-վկայագրական մօտեցումներէն անկախ, առանձնապէս հետաքրքրական էին նաեւ երաժշտութեան, ուտեստեղէնի, առօրեայ կեանքին (Ուէնտի Համըլինկ, Ճաֆէր Սարըքայա, Նէվին Եըլտըզ Թահինճիօղլու) ու ընդհանրապէս յիշողութեան վերաբերող բոլոր զեկուցումները (Հէլին Անահիտ, Ալիս ֆոն Պիպըրշթայն, Լորանս Ռիթթէր, Անոյշ Սիւնի): Անոնցմէ ոմանք հետախուզական երկար ճամբայ կտրած են, ինչպէս ֆրանսացի Լորանս Րիթթէր, որուն իսլամացած Հայերու վերաբերող հատորին թրքերէն թարգմանութիւնը Հրանդ Տինք Հիմնարկի իբրեւ վերջին հրատարակութիւններէն մէկը, նոր լոյս տեսած էր(4)։ Յիշողութենական այդ տուեալները երբեմն կը կազմեն ինքնութենական յատուկ աշխարհ մը, քաղաքի մը կամ գաւառի մը միութիւնը շեշտելով, ինչ որ պարագան է Տէրսիմի ու Համշէնի հոգեկան աշխարհագրութեան:
Աւարտական նիստը կը վարէ կազմակերպիչ՝ Այշէ Կիւլ Ալթընայ: Այս անուան առջեւ պէտք է կանգ առնել, որ գիտաժողովին կազմակերպչական մանրուքէն մինչեւ մտայղացում ու բացման առաջնորդող ուսումնասիրութիւն՝ ջանք ու ճիգ չէ խնայած: Ինքն է որ իր զեկոյցին մէջ կրօնական ձուլման ցեղասպանական նկարագիրը՝ մանուկներու՝ մէկ հաւաքականութենէն դէպի միւս հաւաքականութիւն բռնի հեռացման երեւոյթը կը մատնանշէ: Աւարտական այս նիստին մասնակիցներն են Ֆէթհիյէ Չէթին, տէրսիմցի Միհրան Փրկիչ Կիւլթէքին, Հիքմէթ Աքչիչէք, Ֆերտա Պալանճար եւ անանուն ներկայացուցիչը աշխատանոցային հանդիպման: Կեդրոնը նստած է Միհրան: Միհրան «Փրկիչ»ին պատմութիւնը առաջնային նկարագիր մը ունի: Իր գիւղին անունը «Փրկիչ» եղած է, շատ հաւանաբար հայկական Սուրբ Փրկիչ եկեղեցիի մը անունով: Ինք վերցուցած է այդ անունը իբրեւ մականուն, պորտակապով մը կապուելով իր գիւղին հետ: Ոչ թէ ինք «փրկչական» գործունէութեան մը ձեռնարկած է, ինչպէս ամէն լսող քրիստոնեայ Հայ պիտի մտածէր, գիտնալով իբրեւ տարրական ծանօթութիւն, թէ Յիսուսն է Փրկիչը: Հոն, տեղւոյն վրայ կ’ընեմ փորձը, կը հարցնեմ քանի մը բարեկամներու. «Երբ լսեցիք որ տէրսիմահայ Միհրան ինքզինք “Փրկիչ” կոչած է, դուք ի՞նչ խորհեցաք»: Անոնք ալ ինծի պէս խորհած էին, որ ոչ թէ ինքզինք Յիսուս Փրկիչին տեղ դրած էր ան, այլ իբր ինքնութիւն «փրկող» գործի մը նախակարապետ՝ ինքն իրեն Փրկիչ անուանուելու յաւակնութիւնը արտօնած էր: Հիմա կը լուսաբանուինք բոլորս ալ: Բաց կը մնայ սակայն փրկութեան հասկացողութիւն մը, որ Միհրանին ըրածին մէջ մասամբ մը կայ արդէն: Իր կատարած վերադարձով բան մը փրկած է ինքն իր մէջ, ինքն իրեն համար: Եւ՝ ճամբայ մը բանալով: Երբ իր կարգը կու գայ՝ Միհրան կը խօսի, երբեմն կը գոռայ, անընդմիջելի, անդադար: Որքան զայրոյթ ու վճիռ կայ իր խօսքին մէջ՝ յստակ հասցէներու ուղղուած. «Թող խանգարեն, թող արգիլեն, թող սպաննեն. պիտի չլռենք»: Սրահը քար լռութեամբ կը հետեւի վերջ չունեցող իր խօսքին, որ շատոնց անցած է սահմանները համալսարանական գիտութեան, որ Տէրսիմի լեռներէն գալարուող այս փոթորիկէն առնելիք ունի անպայման: Միհրանին կարգը կու գայ, սակայն... չ’երթար:
Միհրանը գաւառն է: Թէեւ հիմա հոն չի բնակիր, Իսթանպուլ փոխադրուած է, բայց ինք թէ՛ հոն է, թէ՛ ան է: Մայրաքաղաք-գաւառ տարբերութիւնն ու հակադրութիւնը ոչ միայն նոր չէ, այլ՝ միայն հայկական ալ չէ ստուգիւ: Գաւառին խոպանութիւնը մայրաքաղաքին մշակուածութեան դէմ կը կենայ, քաղաք-գիւղ հակադրութիւնը իր տարբեր երեսակներով ի յայտ կու գայ, կրնայ սրութիւններ ապրիլ, մինչեւ վերջնական հակադրութիւն հասնիլ: ... Կը նկատեմ, որ ճաշասեղանին վրայ կը խանգարուի իսթանպուլցի թրքուհին, երբ Միհրանը իր կողքէն ձայնը քիչ մը կը բարձրացնէ կամ այլեւայլ շարժումներով գաւառ կը բուրէ: Ինչո՞ւ կ’երթանք, սակայն, մինչեւ Միհրանները: Հիմնարկին ծնունդ տուող զոհը գաւառի զաւակ չէ՞ր, նոյնիսկ եթէ շատ մը քաղաքացիներ այսօր մոռցած ըլլան իր ծագումը: Որքա՞ն դժուարութիւն ունեցաւ ան գաւառը Պոլիս բերելու: Ու ամէն բանէ առաջ՝ Պոլիս գալովն ու իր ծագման վրայ պոլսական յաւելումը կատարելովն իսկ: Կրցա՞ւ բերել: Քաղաքն ու գաւառը երբեք ալ պիտի չնոյնանան, բայց իրականութիւնը այն է, որ կամուրջներ կը գոյանան, ու կապը նոյնացում չէ:
Վերջին այս նիստին, քսանը անց երիտասարդ, սեւահեր օրիորդ մը ոտքի կը կանգնի եւ կ’ըսէ, թէ իր մեծ մայրը իսլամացած հայ է, չէ ուզած գալ այստեղ, ու մինչեւ հիմա լռութիւն պահած է իր ինքնութեան մասին: «Ես իր լռութիւնը խզելու համար հոս եկած եմ», կ’ըսէ: Բերաններու հետ նաեւ միտքեր կը բացուի՞ն: Ժամանակի պէտք ունինք՝ բոլորս: Լսելու, հասկնալու եւ արեւելում որդեգրելու:
Ուրիշ օրիորդ մը, թերեւս աւելի մեծ տարիքի, այս անգամ՝ դեղնորակ, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ յանձնախումբէն, ձայն կ’առնէ, ոտքի կը կանգնի եւ կ’արձագանգէ Միհրան Փրկիչի խօսքին. «Ես երիտասարդ սերունդի իբրեւ ներկայացուցիչ, Միհրա՛ն, քեզի նեցուկ եմ: Մենք ալ երբ Ս. Կիրակոսը վերաշինելու ձեռնարկեցինք՝ ամէն կողմէ քննադատութիւն տեղաց, թէ ի՞նչ պէտք կայ այդ գործին, քանի՞ հայ մնացած է հոն եւ այլն. բայց մենք կանք ու նեցուկ ենք քեզի»: Յիշեալ եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը զուգորդե՞լ անմիջապէս ինքնութեան վերագիւտին, վերակառուցումին: Հեռաւոր կապ մը կայ թերեւս: Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը միամեայ կամ տօնական պատարագներէն անդին նաեւ ունի՞ դեր մը, իսլամացած հայերը համախմբելու, գէթ անոնց հանդիպումը կազմակերպելու, ըլլալու անոնց խօսքի ու փոխանակման կեդրոնավայրը, ինչպէս կարելի է այս մասին կարդալ(5)։ Դեռ հում նիւթի մը մասին է որ կը խօսինք, բնականաբար, երբ կ’արձանագրենք որ Տիգրանակերտի մէջ քաղաքապետեր հայանպաստ շօշափելի կեցուածք որդեգրած են, հայերէնի դասընթացք կը կազմակերպեն, Ս. Կիրակոսին կողքին հայկական թանգարանի մը ծրագիրը կը մշակուի, Հայերու կալուածական հատուցում տեղի կ’ունենայ, «հասարակաց խղճի» յուշարձան կը կանգնուի...: Ասոնք հոս չենք արձանագրեր դատարկ կամ լեցուն խանդավառութեամբ, աճապարանօք, ոգեւորեալ կամ կասկածոտ տրամադրութեամբ (այդ բոլորը կը թողունք մեր չծնած մեռած թղթակիցներուն), այլ պարզապէս իբրեւ տուեալ, որոնք եթէ հայանպաստութեան իսկական հիմքեր պիտի դառնան յետագային, ժամանակն է որ ցոյց պիտի տայ:
Դ.
Վերջին նիստին, աշխատանոցային հանդիպման ներկայացուցիչը, ան ալ քսանը անց օրիորդ մը, կէս էջ մը գրած է իբրեւ արդիւնքը կատարուածին: Աշխատանոցային երկու հանդիպումներուն ընթացքին, որոնք դռնփակ կատարուեցան, իրենց մեծ ծնողաց մասին խօսած են, պատմած, յիշած, լացած եւ...թեթեւցած: Կը հետաքրքրուիմ նիւթին հետ ունեցած իր անձնական առընչութեամբ: Խնդրելով որ անանուն մնայ, կը գրէ շաբաթ մը ետք. «Հօրս թէ՛ մայրը թէ՛ հայրը իսլամացուած հայեր են: Բայց դժբախտաբար երկուքն ալ այս մասին բան չեն խօսիր, եւ եթէ խօսին ալ՝ «բան չենք գիտեր» կ՚ըսեն: Այդ իսկ պատճառով շատ բան չեմ գիտեր այս մասին»: Ու ինք հիմա պիտի ուսանի եւ ուսումնասիրէ դեռ անտրամադրելի երեւցողը: Ուրիշ տէրսիմցի թուրք մը, յիսունը անց, խօսք կ’առնէ, հարցում-պատասխան չունի մարդը, պատմելի՛ք ունի: Եւ պատմելիքը վերջ չունի...: Բերաններ ու սիրտեր փականքի տակ մնացած են այս երկրին մէջ այսքան տարի: Հիմա, հոս, համալսարանի մը սահմաններուն մէջ խօսքը բացուած է ու իրենք խօսքը բերնէ բերան կը խլեն: Ո՞ւր հասցնեն զայն: Ամէն մէկը՝ իր դրուագով ու զայն հիւսելու անհատաշեշտ կիրքով: Անոնց խօսք առնելու կամ անոնց խօսք տրուելու երեւոյթն է ահա առաջին մակարդակը կատարուածին: Եւ գիտաժողովը տեղ մը կը լքէ սահմանը գիտականութեան, կը սաւառնի ու կը դառնայ բանաւոր հում պատմութիւն, զրոյց, յիշողութիւն, յիշատակ, պատկեր, արցունք, ոգեւորութիւն, ցաւ: Պիտի ըսէի՝ կը մեկնաբանուի ինքն իրմով. կը մեկնի, կը մեկնուի, կը բանի ու կը բանուի:
Երգը յատուկ տեղ մը ունի հոս: Համերգ չէ գիտաժողովը, գիտենք, բայց չզարմացայ երբեք, երբ, անցեալ տարի, Մարտինի մէջ կայացած գիտաժողովին (Նոյեմբեր 2012) աւարտին, Ռաքէլ Տինք, ոգեւորուած, իր սրտի խօսքէն ետք հայերէն երգ մը երգեց, ու անմիջապէս, աջէն-ձախէն սկսան արձանագրել զայն: Ու այս տարի, համշէնցիներու ներկայացուցիչը, - յետոյ իմացայ որ երգիչ ալ է, - գիտաժողովի վերջին նիստին, իր խօսքէն առաջ, համշէներէն երգ մը երգեց, ուր կրկնուող բառ մը ցցուեցաւ առջեւս՝ «անտէր», եթէ ճիշդ հասկցայ: «Անտէր»...զոր անմիջապէս կը զուգորդեմ, կը հակադրեմ «ՀայՏէր»ին, որ Մալաթիահայերու Միութեան ալ անունն է՝ «ՄալաթիաՀայտէր»: Հայ-Անտիրութեան դիմաց կանգնող Հայ-Տիրութեան ծրագի՞ր մըն է թելադրուողը, երգո՛վ: Ո՜չ: Այդքան հեռու երթալու կարիքը չկայ: Պոլսահայ բարեկամս իր թրքերէնով օգնութեան կու գայ եւ լեզուական մակարդակէ մը կը փոխադրէ զիս...լեզուական ա՛յլ մակարդակ մը: Hay Dernegi, այսինքն՝ պարզապէս «Հայկական Միութիւն»: «Dernek» բառին առաջին վանկն է՝ Der (Տէր) վերցուածը: Ուրեմն՝ միութիւն, ոչ թէ՝ տիրութիւն:
Ուշագրաւ է ներկայութիւնը Մ. Նահանգներէն ու Միջին Արեւելքէն ժամանած անհատ ունկնդիր քանի մը սփիւռքահայ մասնակիցներու, որոնք երբեմն զեկոյցներէն ետք խօսք կ’առնեն, շատ աւելի, սակայն, դադարներուն ընթացքին գործունեայ են, կը խօսին ու կը պատմեն: Անոնք գրեթէ բոլորն ալ «գործով» եկած են: Անոնցմէ մէկը, գանատահայ, որ յաճախ Թուրքիա կը ճամբորդէ - ու, այսպէս թէ այնպէս, իսլամացած հայերու ծանօթացած է, կամ փնտռած-գտած է զիրենք, - իր գիտցած խոցելի հայերէնը սքայփով կը սորվեցնէ անոնց: Երկրորդ մը, ամերիկահայ, վաթսունը անց, գիտաժողովէն ետք մեկնած է իր հայրենիքը՝ Կիլիկիա ու իր իսլամացած զարմիկին հանդիպած: Մ. Նահանգներ վերադարձէն ետք ինծի կը տեղեկացնէ, թէ իրեն տարեկից զարմիկը սկսեր էր, իր այցելութեան ատեն, առաջին անգամ ըլլալով, աջ ու ձախ ըսել, թէ ինք հայ էր: Կը մէջբերեմ իր երկտողէն. «Այս առաջին անգամն է որ կը համարձակէր ըսելու: Կ՚ըսէ, որ իր կինը գաղափար մը ունի, որ քազընս հայ կրնայ ըլլալ, բայց իր տղոց, որոնք ինծի ըսած են որ հայ են, կիները լուր չունին: Իսկ իրենց տղաքը՝ քազընիս թոռնիկները երբեք գաղափար չունին: Ճամբանիս երկար է: Նայինք ինչպէ՞ս պիտի մօտենանք: Քօնֆէրանսէն ի՞նչ քոնքլուժըն ելաւ, if any. Ինչպէ՞ս պիտի շարունակուի այս նիւթը»: Ահաւասիկ հարցումներ, որոնք պէտք է առնել, տանիլ, բանալ, կրել, տարածել: Արդարեւ, ճամբուն սկիզբն է մեր բարեկամը, ինչպէս բոլորս, գիտաժողովը՝ նոյնպէս: Ու բոլորիս ալ ճամբան անշուշտ երկար է: ... Ուրիշ մասնակից մը, Լիբանանէն ժամանած, կը գանգատի, թէ Լիբանանէն հայերու մասնակցութիւնը քիչ է այս գիտաժողովին...կարծես պատճառը ծանօթ չըլլար իրեն:
Քանի մը զեկուցաբերներս, գիտաժողովին տպաւորութիւններուն լոյսին ու մութին տակ, կ’ուզենք անպայման նորէն հանդիպիլ, քանի դեռ քաղաքին մէջ ենք քանի մը օր: Ընթրիքի մը սեղանին շուրջ, Եղիա Տէմիրճիպաշեանի բնակած մէկ թաղին մէջ, համաժողովին հարցերուն հետ նաեւ, բնականաբար, առօրեայ այլ նիւթեր կը ծեծուին, աւելի մեղմ ու հաճելի մթնոլորտի մը մէջ, որուն վարժ է մեր ժողովուրդը, քան լրջութեանց ծանրութեան: Զարմանա՞լ՝ որ ամերիկահայ, գանատահայ, արժանթինահայ, պոլսահայ ու լիբանանահայ՝ մէկտեղուած, բոլորս ալ արեւմտահայերէն կը խօսինք, բացի անշուշտ հայաստանցի զեկուցաբերէն, որ այստեղ փոքրամասնութիւն կը կազմէ, առանձին ըլլալուն: Պոլսոյ մէջ արեւմտահայերէ՜ն, այսքան յստակ ու բարձր՝ աղաղակող նոյնիսկ: Պատի՛ւ դպրոցաշէն այն սերունդին, որ մեզի հայերէն խօսիլ կու տայ այսօր: Գիտաժողովին արեւմտահայերէնով ներկայացնելով զեկոյցս, չէի՞ ուզեր զայն ցուցնել ու պահել նաե՛ւ ակադեմական մակարդակի վրայ: Հաստատել՝ որ այս լեզուն միայն խօսակցական պէտք չէ ըլլայ, - ինչպէս գիտաժողովին ներկայ գտնուող նախկին Պէյրութահայ մտաւորականը դեռ 1978ին հրատարակած իր հատորին մէջ շեշտած էր, մտահոգուած էր, մաղթած էր, - այլե՛ւ ակադեմական: Եւ ուրախ եմ, որ ամերիկահայ զեկուցաբերներէն մէկը ըսաւ, թէ հայերէն գիտէ, կը հասկնայ, բայց ոչ՝ ակադեմականը...: Հայերէն գիտնալ, հասկնալ...: Ինչո՞ւ մինչեւ այսօր արեւմտեան հայագիտական կեդրոններ (եւ այսօր ալ՝ միջին արեւելեան դպրոցներ) արեւմտահայերէնին հարկ եղածին չափ նեցուկ եւ կարեւորութիւն չեն տուած ու մեզ այսօրուան հասցուցած են: Ինչո՞ւ ընթրիքի այս սեղանին շուրջ, երբ կողմնակի խօսակցութիւնը մասնագիտականի կը դառնայ, մեզմէ ոմանք անմիջապէս դէպի անգլերէն կը գլորեն լեզուն, որպէսզի կարենան իրենց ըսելիքին ակադեմական բանաձեւումներ տալ: (Ինչուներուն պատասխանները յստակ են, բացատրելի են, բայց հարկ է հարցումները կրկին բոցավառել): Մասնագիտութեանց օտար լեզուներուվ կիրարկմամբ՝ անոնց միջազգայնացումն ու այդ միջազգայնացման անհրաժեշտութիւնը երբեք խնդրոյ առարկայ չեն հոս: Հոս, միջազգայնացումէն ասդին, բացայայտ անտեսում մը կայ, ինքնակրտում մը, որուն կրօնական, քաղաքական, կրթական ու մշակութային պատասխանատուները հրկիզել անհրաժեշտ է՝ անմար կրակով: Եթէ թուրքը արգիլեց այս լեզուն, մենք ալ անտեսեցինք ու դեռ կ’անտեսենք: Կաղն ի կաղ, ձեւամոլ, անսիրտ ու անծրագիր կատարուած քայլերը, հոս ու հոն, ոչ մէկ տեսակի արդարացում թող յորջորջուին այս համազգայի՜ն թերութեան դիմաց:
...Ճաշարանը լքողներուն վերջինն եմ, բնական պէտքի սենեակէն դուրս կու գամ, ճաշարանատէրը կամ գլխաւոր սպասեակը կը հետաքրքրուի. «Ուրտեղացի՞ էք»: «Ես լիբանանցի եմ»: «Միւսնե՞րը»: «Արժանթինցի, գանատացի, իսթանպուլցի, ամերիկացի…»: Մարդը կը զգայ, որ պակաս բան մը կայ ըսածիս մէջ: Չեմ մանրամասներ, որ այդ երկիրներուն մէջ կարելի է հասարակաց ինքնութիւն մը ունենալ ու այդ ինքնութենէն մասեր շալկած Իսթանպուլ, աւելի ճիշդ՝ Պոլիս գալ ու նոյն լեզուն՝ հայերէն խօսիլ: Չեմ մանրամասներ, բայց մարդը բացայայտօրէն զգացած է հասարակացը մեր միջեւ՝ լեզուն: «Մնաք բարով», կ’ըսեմ ու կը մեկնիմ, քիչ մը վերապահ, հետս տանելով մարդուն հարցնող կամ պատասխանող, ամէն պարագայի՝ բազմիմաստ ժպտուն դէմքը:
Օդակայանը, սակայն, պաշտօնէուհին կը հետաքրքրուի ինքնութեամբս: «Ուրկէ՞ թրքերէն գիտէք»: «Մասնագիտութեան բերմամբ: Եւ՝ մեծ հայրս ու մեծ մայրս Թուրքիա ծնած են»: «Այո, այո, մեր այս կողմերը ամէն տեսակ թուրք կայ, խառն է», կը յառէ: «Բայց ես խառն չեմ. հայ եմ»: Ատոր վրայ չի պատասխաներ, թեթեւակի կը ժպտի: Բարի թռիչք կը մաղթէ: Հարիւր տարի ետք իսկ դիւանագիտութիւնը, - շատ անձնական, յարաբերական մակարդակի վրայ, կենցաղային, անվնաս, - ոչ թէ չեն մոռցած, կ’ուզեմ խորհիլ, անշուշտ քիչ մը չափազանցելով այս պարզերեւոյթ կացութիւնը, այլեւ զարգացուցած են: Զարգացնել, շատ մը բաներ, այո՛: Սակայն արիւնն ալ զարգացնելով ջուրի վերածելու համար նուազագոյնը հրաշքի կարիքը կայ: Խառնին դիմաց անխառն հայութիւ՞ն մը կ’ուզեմ ցոյց տալ պաշտօնէուհիին, «Հայ ըլլալս փաստել», ինչպէս երբեմն կ’ըսենք, դրական կամ ժխտական իմաստով: Անխառն... մանաւանդ իսլամահայերու նուիրուած գիտաժողովէն ետք: Ամենախա՛ռն՝ աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր: Բայց խառնն ու անխառնը իրարու մօտեցնելու փորձ մըն ալ չէ՞ր այս գիտաժողովը, այլ բաներու կողքին:
Իսլամացած Հայերը, որոնք մէկ խմբաւորում չեն, ու այդ է պատճառը, որ անոնց մասին կարելի չէ ընդհանրացումներով խօսիլ, այսօր ունին տարբեր դասակարգեր: Գերմանիա վերադարձիս, պատահմամբ, Դիմատետրի վրայ «կը հանդիպիմ» մէկու մը, որուն երբ կը հարցնեմ՝ «Իսլամացած հա՞յ ես», կը պատասխանէ. «Մինչեւ 18 տարեկանս՝ այո: 1986-2004 ասորի համայնքին կը պատկանէինք: 2004էն ասդին ալ Քէօլնի հայկական եկեղեցին կը յաճախենք»: Ահաւասիկ այսպիսի փնտռտուքի ճամբայ մըն է ինքնութիւնը, որ խափանուած է սկիզբը, ու հիմա ալ դեռ իր հանգրուանները կը փնտռէ:
Համշէնցիներու պարագան շատ աւելի յստակ է: Ինչպէս համշէնական «Հատիկ» Միութեան ներկայացուցիչը՝ Հիքմէթ Աքչիչէք վերջին նիստին բացատրեց, թէ համշէնցիներու 300 տարի առաջ կատարուած իսլամացումը ա՛լ իրենց ինքնութեան մաս կը կազմէ ու դէպի քրիստոնէութիւն վերադարձ մը երբեք ալ օրակարգի նիւթ չէ իրենց համար, գոնէ ըստ իր կարծիքին: Համշէմցին իսլամ է, թէեւ ոչ մոլեռանդ, ըստ իր բացատրութեան: Համշէնցիներէն անկախ, նորադարձ, քրիստոնէացած նախկին իսլամահայերու պարագան մասամբ յստակութիւն ունի, որոնք այժմ քրիստոնեայ հայ կը կոչեն իրենք զիրենք, թէեւ միշտ ալ վերապահութեանց պատերու դիմաց՝ պատրաստ: Թէ ուրեմն հայկական աւանդական շրջանակներէն չեն ընդունուիր, թէ թուրք ընկերութենէն: Շատ արդիական ինքնութիւն մը արդարեւ:
Աւետիս Հաճեան, որ «թաքուն» հայերու մասին տքնաջան աշխատանքի մը նուիրուած է, եւ որ գիտաժողովին Շնորհք Պատրիարքի կատարած հայահաւաքի աշխատանքին մասին զեկուցեց, առիթով մը յայտնեց այն արդար մտահոգութիւնը, թէ իսլամացած հայերուն ինքնութեան մէջ ազգայի՞նը, թէ կրօնականը գերակշիռ է, կամ ժամանակի ընթացքին գերակշռութիւն ու նոյնիսկ թերեւս որոշ ծայրայեղութիւն պիտի ստանայ: Անոնք գուցէ դեռ բաւական հեռու կը գտնուին Մխիթար Սեբաստացիի «ոչ քրիստոնէութիւնս հայութեանս կը զոհեմ ոչ ալ հայութիւնս՝ քրիստոնէութեանս» բնաբանէն:
Այս ու նման արդար մտահոգութիւններէ անկախ, դժբախտաբար, աջէն-ձախէն կը բարձրանան հարցում-յարձակումներ, գիտակից-անգիտակից, լուրջ-անլուրջ, որոնք ըսել կ’ուզեն՝ «Միայն արդէն իսլամահայերը կը պակսէին մեր հարցերուն մէջ» եւ այլն: Պահ մը անշուշտ մէկդի կը դնեմ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական շրջանակներուն թուաբանական հաշիւները, որոնք իսլամահայերն ալ հաշուելով, հայութիւնը 20-30 միլիոնի հասցնելու ամենէն զաւեշտալի թատրոնին փորձերը կը կատարեն, մանաւանդ այնպիսի պահերու, երբ այդ թատրոնին փորձերու դերակատար դերասան իսկ չի մնար երկրին մէջ...:
Գերմանիայէն Իսթանպուլ մեկնումիս, ակռայի խոզանակս մոռցեր էի հետս առնելու: (Եթէ ֆիլմարտադրիչ մը ըլլայի՝ ֆիլմ մը կը պատրաստէի այդ նիւթով: Բարեբախտաբար՝ չեմ): Ստիպուեցայ Իսթանպուլի մէջ (թրքականը) գնելու ու գործածելու: Չմտածեցի, թէ թրքական խոզանակով մաքրելէ ետք արդեօ՞ք ակռաներս տարբեր ձեւով պիտի խածնէին պատառները: Կամ՝ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ թրքական ապրանք գնելն ու չգնելը որեւէ նշանակութիւն ունէի՞ն: Չմտածեցի՛: Բայց խորհեցայ որ կ’արժէ կեղեւին կեղեւ անունը տալ, միջուկին ալ՝ միջուկ: Փորձելով նաեւ երկրորդը առաջինէն դուրս բերել: Ժամանակը եկած պէտք է ըլլայ: Ատոր հետ ալ, զուգընթաց, անկէ առաջ կամ վերջ, կու գան իսլամաց(ու)ած հայերը, իբրեւ հարցում կամ պատասխան:
(1) Հմմտ. Orhan Kemal Cengiz, “What happened to Turkey’s Islamized Armenians?” Al-Monitor, November 10, 2013
(http://www.al-monitor.com)
(2) Տես Բագրատ Էսդուքեան, «Ո՞վ մնաց մաքուր հայ», «Ակօս», թիւ 914, 8 Նոյեմբեր 2013, էջ 1:(3) Տես http://www.agos.com.tr/makale.php?seo=ermeni-kimliginin-musluman-ermenilerle-imtihani&detay=699:
(4) Laurence Ritter/Max Sivaslian: Kılıç Artıkları. Türkiye`nin Gizli ve Müslümanlaşmış Ermenileri, Istanbul 2013.
(5) Հմմտ. «Իսլամացած Հայերը հայերէն կը սորվին Տիգրանակերտի մէջ», Երեբունի Հայկական անկախ լրատու, 16 Նոյեմբեր 2013 (http://www.yerepouni-news.com/archives/59686):
«Նոր Յառաջ», Դեկտեմբեր 19, 21, 26 եւ 28, 2013
No comments:
Post a Comment