Թուրքիոյ Բանուորական Կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, ծանօթ ազգայնամոլ եւ ժխտող Տողու Փէրինչէք 2005ին ժխտողական արտայայտութիւններ ունեցած էր Զուիցերիոյ մէջ, ուր Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուած է եւ ժխտումն ալ պատժելի արարք է: Որպէս հետեւանք, զուիցերական արդարադատութիւնը 2007ին զայն դատապարտած էր 90 օր բանտարկութեան: Պատիժը կրելէ խուսափած ըլլալուն պատճառով ալ, Փէրինչէք իւրաքանչիւր օրուան համար 100 զուիցերական ֆրանքի հաշուով՝ ընդհանուր 9 հազար զուիցերական ֆրանք տուգանքի դատապարտուած էր:
Ենթական 2008ին դիմած էր Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարան (ՄԻԵԴ), այն առարկութեամբ որ զուիցերական դատարանը ոտնակոխած էր Դատարանի՝ արտայայտութեան ազատութեան վերաբերող յօդուածը: Դատարանը այս մասին Դեկտեմբեր 17ին արձակած իր վճիռով, Փէրինչէքի բողոքը կ՚ընդունի ու կ՚արդարացնէ զայն:Թուրք մամուլը, որ բնականաբար գոհունակութեամբ կու տայ լուրը, կ՚ընդգծէ թէ այս վճիռը նաեւ յատուկ կարեւորութիւն ունի միջազգային ատեանի մը կողմէ «Հայոց Ցեղասպանութեան» մասին առաջինը հանդիսանալու իր հանգամանքով:
Այս վճիռը կրնայ խիստ բացասական հետեւանքներ ունենալ նաեւ Ֆրանսայի կառավարութենէն ակնկալուող ժխտողականութեան պատժելիութեան օրինագիծին ճակատագրին վրայ: Արդարեւ, վճիռին մէջ ըսուած է. «1915ին եւ յաջորդող տարիներուն՝ Հայաստանի մէջ գործուած բարբարոսութիւնները ցեղասպանութիւն որակելու ժխտումը պատժելու անհրաժեշտութիւնը չէ ապացուցուած»: Հետաքրքրական է նկատել, թէ դէպքերու վայրը յիշատակուած է որպէս «Հայաստան», ինչ որ թերեւս կրնայ իրաւական այլ ճամբաներ բանալ Հայ Դատի պաշտպաններուն առջեւ:
Դատարանը գլխաւորապէս հիմնուած է արտայայտութեան ազատութեան սկզբունքին վրայ: ՄԻԵԴ-ը իր վճիռին մէջ այս մասին կ՚ըսէ. «Դատարանը կը յիշեցնէ, որ զգայուն եւ դժգոհութիւն պատճառելու հակամէտ հարցերու շուրջ բացէ ի բաց ու ազատօրէն վիճարկելու իրաւունքը արտայայտութեան ազատութեան հիմնական բաղադրիչներէն է, եւ թէ ան կը զանազանէ ժողովրդավար, հանդուրժող եւ բազմակարծիք ընկերութիւն մը՝ ամբողջատիրական եւ բռնատիրական վարչակարգէ մը»:
Գալով «ցեղասպանութիւն» եզրին, Դատարանին համար ան «սեղմ գիծերու մէջ բնութագրուած իրաւական ըմբռնում մըն է, որու փաստը բերելը դժուար է»: Դատարանին կարծիքով, Փէրինչէք երբեք չէ հերքած ջարդերը եւ տարագրութիւնները, եւ երբեք արհամարհական արտայայտութիւն չէ ունեցած դէպքերու զոհերուն նկատմամբ: Դատաւորները նաեւ յատուկ փութկոտութիւն ցուցաբերած են պատմական այլ դէպքերու ժխտումը Ողջակիզումի ժխտումին հետ չշփոթելու: Արդարեւ, ըսուած է. «Այդ դատավարութիւններուն [խօսքը Շոայի մասին է] դիմողները ժխտած էին երբեմն շատ շօշափելի պատմական դէպքեր, ինչպէս օրինակ, կազի սենեակներու գոյութիւնը: Կը ժխտէին նացիական վարչակարգին կողմէ գործուած ոճիրներ, որոնք իրաւաբանական յստակ հիմք ունէին» եւ որոնք «յստակօրէն հաստատուած էին միջազգային օրէնսդրութեան կողմէ»:
Զուիցերիա երեք ամսուան պայմանաժամ ունի բողոքելու համար այս վճիռին դէմ:
Թրքական Aydinlik թերթին մէջ լոյս տեսած իր յայտարարութեան մէջ Տողու Փէրինչէք նշած է, թէ բոլոր խնդիրներու լուծման բարձրագոյն կէտը դատական համակարգն է, եւ Հայկական Հարցը այդ համակարգին մէջ լուծում ստացած ըլլալով՝ կը մնայ միայն զայն կիրարկել։ «Երբ կ՚ուզէինք դիմել ՄԻԵԴ-ին, թրքական իշխանութիւնները եւ ընդդիմութեան կարեւոր դէմքերը փորձեցին մեզ տարհամոզել որպէսզի չդիմենք այդ քայլին՝ պատճառաբանելով, որ ատիկա կրնայ յաւելեալ հարցեր ստեղծել Թուրքիոյ համար։ Բայց մենք խօսք տուինք մեր ազգին, որ Հայկական Հարցը պիտի լուծենք։ Այլեւս Թուրքիոյ համար Հայկական Հարց չկայ, ան լուծուեցաւ”,- ըսած է Տողու Փէրինչէք՝ շեշտելով, թէ Հայկական Հարցը լուծուած է ճիշդ ռազմավարութեամբ, ճիշդ քաղաքականութեամբ, ճիշդ պայքարով եւ ազգի հզօրութեամբ։

«Նոր Յառաջ», Դեկտեմբեր 19 եւ 21, 2013
No comments:
Post a Comment