ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Սխալ Հանրապետութիւնը կամ 51 հարց քեմալիզմին եւ Աթաթուրքին» գիրքի եւ տասնեակ այլ աշխատութիւններու հեղինակ, պոլսահայ լրագրող եւ բառարանագիր Սեւան Նշանեան 2004-ին ստացած է մարդկային իրաւանց «Այշէ Նուր Զարաքօլու» անուան մրցանակը:
Նշանեան, որ այս Ուրբաթ (20 Դեկտեմբեր) երկու տարուան բանտարկութեան վճիռին ենթարկուելով պիտի յայտնուի Պոլսոյ բանտերէն մէկուն մէջ, առաջին անգամը չէ որ «պիտի ճաշակէ» թրքական զնտաններուն «վայելք»ները: Ան տարբեր մեղադրանքներով քանիցս յայտնուած է ճաղերու ետին, որոնց վերջինը 2001-ին, երբ ան կալանքի տակ մնաց տասը ամիս: Յիշեցնեմ, որ Նշանեան 1995-էն ի վեր Իզմիրի մօտակայ Շիրինճէ աւանին մէջ հիմնադրած է Nişanyan House Hotel-ը (տեսնել այստեղ՝ www.nisanyan.com), որուն նպատակն է զարկ տալ էթնիք զբօսաշրջութեան: Այդ համալիրին մէջ նոր տնակ մը կառուցելու պատճառով (իբրեւ թէ ապօրինի), ան պիտի բանտարկուի երկու տարիով:
«Հետք», Դեկտեմբեր 16, 2013
Սեւան Նշանեան Թուրքիոյ մէջ այսօր դարձած է ազատութիւններու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար պայքարող կարեւորագոյն անուններէն մին: Ստորեւ՝ անոր հետ կատարուած կարճ հարցազրոյցը, այն յոյսով, որ մօտիկ ապագային պիտի կարողանամ աւելի մանրամասն գրել ազատութեան զինուորին մասին:
Հայկական մամուլին մէջ վերջին օրերուն երեւցան հրապարակումներ, ըստ որոնց՝ դուք չորս տարուան բանտարկութեան պատիժ ստացած էիք: Աւելի ուշ ըսուեցաւ, թէ ձեր պատիժի ժամանահատուածը երկու տարի էր: Հիմա ի՞նչ է իրականութիւնը:
Ըսեմ, որ իմ դէմս քանի մը դատավարութիւններ կան: Հիմա երկու տարուան բանտարկութեան խնդիրը արդէն վճռուած է, բայց կը կարծեմ, որ յառաջիկային ալ երկու տարի եւս կրնամ բանտարկուիլ ու անկէ ետք նաեւ տասը ամսուան վճիռ մը կրնայ ըլլալ:
Այսինքն՝ երկու տարուան վճիռը արդէն գործադրութեան պիտի դրուի...
Այո եւ ես յառաջիկայ Ուրբաթ օր (20 Դեկտեմբերին) պիտի բանտարկուիմ:
Ինչքան գիտենք՝ այս վճիռը կապ ունի ձեր համալիրին մէջ փոքր տնակ մը, ըստ Թուրքիոյ դատական մարմիններուն, ապօրինի կերպով կառուցելուն հետ: Այս իրողութիւնը ինչքանո՞վ կը համապատասխանէ ճշմարտութեան:
Նախ ըսեմ, որ ասկէ բացի քսանի չափ դատեր բացուած են դէմս: Ես զբօսաշրջային համալիր մը կառուցած եմ Իզմիր շրջանի Շիրինճէ աւանին մէջ, ուր ներկայիս կը գործէ Nişanyan House Hotel-ը, եւ Թուրքիոյ մարմինները բոլոր մանրամասնութիւններուն մէջ «մազ փնտռելով» դատ բացած են դէմս: Բաւական մեծ ձեռնարկութիւն մըն է, ուր տարբեր աշխատանքներ կան ու բնական է, որ իշխանութիւնները կրցան գործ սարքել դէմս: Մինչեւ օրս քաղաքական հետապնդում կամ խորք չկար դատական ընդհանուր գործընթացին մէջ, պարզապէս այլ պատուհաններէ մտնելով՝ զիս դատավարութեան տարին: Ըսեմ նաեւ, որ ես կը կարծէի, թէ քսան տարուան բանտարկութեան պատիժ կրնայի ստանալ, քանի որ դէմս կարծեմ Լինչի դատաստան մը բացուած էր, ու բոլոր կողմերէն կազմակերպուած արշաւ մը կայ: Բայց կարծածէս աւելի թեթեւ եղաւ այս վճիռը:
Իսկ խօսակցութիւն կայ, որ Մոհամմէտ Մարգարէի մասին գրելու պատճառով էր, որ դատուեցաք: Ի՞նչ կ՛ըսէք:
Կրօնական նիւթերուն մասին վերջին տարիներուն շատ մը գիրքեր գրած եմ: Ընդհանրապէս կրօնքներու եւ մասնաւորապէս մահմետական կրօնքին մասին նիւթերու վրայ կ'աշխատիմ ու փորձած եմ ժողովուրդին որդեգրած կամ ընկալած գաղափարներէն դուրս բաներ ըսել: Ու ատոր համար է որ դէմս Լինչի դատավարութիւն մըն էր, որ սկիզբ առաւ: Մինչեւ Էրտողանին ամէնէն մօտ մարդոց կողմէ գրոհի թիրախ դարձայ: Անկէ ետք հազարաւոր Tweet-ներ եւ հաղորդագրութիւններ ստացայ եւ նոյնիսկ մահուան սպառնալիքներ հնչեցին, ու թրքական եօթ քաղաքներու մէջ դէմս դատական հայցեր եղան:
Ըսեմ որ հոս վարժուած չեն, որ հայերը բաց եւ յստակ խօսին: Այս երկրին մէջ հայերէն կը սպասուի, որ հեզ եւ հլու ըլլան, շատ ձայն չհանեն ու իրենց քիթերը ամէն տեղ չխոթեն ու այդ ժամանակ մեծ խնդիրներու չեն հանդիպիր: Իսկ երբ սկսին հանրային խնդիրներու մասին բացայայտ կերպով արտայտուիլ, ապա անոնց դէմ թշնամութեան ալիք մը կը բարձրանայ:
Կրկին մամուլէն իմացանք, որ վերջին օրերուն ձեր ազատութեան համար ստորագրահաւաք-արշաւ մը սկիզբ առած է Թուրքիոյ մէջ: Ի՞նչ արշաւ է այդ մէկը:
Ըսեմ որ գիրիս եւ գաղափարներուս հետեւող հազարաւոր մարդիկ կան այսօր Թուրքիոյ մէջ, ու այս ստորագրահաւաքը այդ ծիրին մէջ է պէտք է տեսնել: Անոնց մէջ բնականաբար կան նաեւ համակիրներ, որոնց անձամբ ես ծանօթ չեմ: Ստորագրահաւաք մը սկսած են, բայց իմ կարծիքովս այս ստորագրահաւաքը ոչ մէկ բան պիտի յաջողի փոխել, որովհետեւ բանտարկութեան վճիռը արդէն կայացուած է, ու ես պիտի կրեմ այդ «պատիժ»ը: Ուրիշ ճար չկայ:
Յառաջիկայ ուրբաթ օր պիտի յայտնուիք բանտի ճաղերու ետին. ինչպիսի՞ն են ձեր զգացողութիւնները:
Տրամադրութիւնս բնական է, ու ես հանգիստ եմ: Կը յուսամ, որ միշտ ճիշդը ըրած եմ ու խօսած եմ յանուն արդարին: Ըսեմ նաեւ, որ երկու կամ երեք տարի բանտարկութիւնը մեծ վնաս մը պիտի չբերէ ինծի:
Յստա՞կ է, թէ որ բանտը պիտի տարուիք:
Ոչ, դեռ պարզ չէ թէ ինչ տեսակի բանտ մը պիտի տարուիմ:
Հայրենի մամուլը երբեմն ձեր մասին լրատուութիւն կը հաղորդէ: Որոշ ակնկալիքներ ունի՞ք հայրենի մամուլէն:
Իմ հայրենակիցներուս գիտնալն ալ կը բաւէ ու անոնց սրտանց իմ կողքին ըլլալը մեծ իմաստ ունի ինծի համար: Կոնկրետ բան մը չկայ ըսելիք: Բայց կը վախնամ մոռցուելէ: Կը յուսամ նաեւ, որ երբ այս խնդիրները աւարտին, առիթ կը ստեղծուի ինծի, որ Հայաստան այցելեմ որովհետեւ մեծ թիւով հեռակայ ընկերներ եւ ծանօթներ ունիմ:
Մեր այս կարճ զրույցի աւարտին, ի՞նչ ունիք ըսելիք:
Տասնհինգ տարիէ ի վեր այս պայքարին մէջ եմ: Ու եղածը մեծ պատերազմի մը մէջ փոքր ճակատամարտ մը կորսնցնելու կը նմանի: Տարիներու պայքարէն ետք Թուրքիոյ իշխանութիւնները կերպով մը յաջողեցան կոլ մը արձանագրել: Ցաւօք:
«Հետք», Դեկտեմբեր 16, 2013
No comments:
Post a Comment