ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Իշխան Չիֆթճեան ծնած է Պէյրութ: Յաճախած է Ազգ. Աքսոր Գասարճեան վարժարանն ու Ազգային Սուրէն Խանամիրեան երկրորդական վարժարանը: Աւարտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը: Խմբագրած է կաթողիկոսարանի «Հասկ» հայագիտական տարեգիրքը: Աւարտած է Լայփցիկի համալսարանի աստուածաբանական բաժանմունքը (Գերմանիա): Տոքթորական աւարտաճառը կը պատրաստէ նոյն համալսարանի փիլիսոփայական բաժանմունքին մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան մասին ու կը դասաւանդէ Համպուրկի համալսարանէն ներս: Չիֆթճեան «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ի կազմակերպած «Իսլամաց(ու)ած հայեր» խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ «Իսլամացումը իբրեւ վերապրումի եւ/կամ անհետացման միջոց» խորագիրը կրող զեկուցումով մը:
Հ.- Նոյեմբեր 2-4 «Հրանդ Տինք հիմնադրամ»-ի կազմակերպութեամբ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ իսլամացուած հայերուն նուիրուած գիտաժողով մը, որուն մասնակիցներէն էիք: Ի՞նչ է գիտաժողովին մասին ձեր ընդհանուր տպաւորութիւնը:
Պ.- «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ը գլխաւոր նախաձեռնողն էր այս գիտաժողովին, կամ, ինչպէս կազմակերպիչները կոչած էին, խորհրդաժողովին, որ կը վայելէր համագործակցութիւնը Պոլսոյ «Պողազիչի» համալսարանին եւ Մալաթիահայերու «մալաթիաՀԱՅՏԷՐ» բարեգործական ու մշակութային միութեան: Տպաւորութիւնս ընդհանրապէս դրական է, երբ մանաւանդ հիմա, քանի մը շաբթուան հեռաւորութենէն անդրադարձ մը կը կատարեմ: Քանի մը կէտերով կ՛ուզեմ այստեղ տպաւորութեանս բովանդակութիւնը բանալ.
Ա.) Գիտաժողովին վայրը: Նման ձեռնարկ (պատմական) պետական համալսարանի մը մէջ տեղի կ՛ունենար: Գիտենք, որ Թուրքիոյ կրթական ամբողջ համակարգը (ուսումնական ծրագիր եւ գործադրութիւն, համալսարան, դպրոց եւ այլն) թրքական պետական անմիջական հսկողութեան տակ կը գտնուի: Վերջին տասնամեակին ծնունդ առած քանի մը անհատական համալսարաններն են` «Սապանճը», «Քոչ» եւ այլն, ուր քիչ մը աւելի ազատ կարելի է ուսուցանել եւ ուսանիլ: Սակայն «Պողազիչի»-ն, ինչպէս ըսի, պետական համալսարան է ու հայութեան համար այնքան կարեւոր նշանակութիւն ունեցող` Ռոպերթ քոլեճը (հիմնուած ամերիկացի միսիոնարներու կողմէ, 1863-ին): Առ ի յիշեցում ու բաղդատութիւն` պէտք է ըսել, որ «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ի կազմակերպած անցեալ տարուան գիտաժողովը, որ տեղի ունեցաւ Մարտին քաղաքին մէջ (նոյեմբեր 2012), ինչ-ինչ պատճառներով կարելի չէր եղած տեղական համալսարանին մէջ կատարել, այլ` պանդոկի մը ժողովասրահին, ուր մեծ մասամբ զեկուցաբերները փոխադարձաբար իրարու զեկոյց կ՛ունկնդրէին: Դրսեցի ունկնդիրներուն թիւը քիչ էր: Նման գիտաժողովի մը մուտքը, ուրեմն, դէպի պետական համալսարան, պետական «կառոյց», որոշ նշանակութիւն մը ունի: Ոչ «յաղթանակի» կամ «յեղափոխութեան», ոչ իսկ «խանդավառութեան» մասին է խօսքս, այլ կ՛ուզեմ այս տեղեկութիւնը իբրեւ պարզ տուեալ արձանագրել հոս (այս հաստատումը կը վերաբերի նաեւ յաջորդ երկու կէտերուն):
Բ.) Գիտաժողովին նիւթը: Թէեւ խորհրդաժողովը «Իսլամաց(ու)ած հայեր» խորագիրը կը կրէր, սակայն յատկապէս Ցեղասպանութիւնն ու անոր առնչութեամբ կատարուած իսլամացման արարքը, իբրեւ կեդրոնական նիւթերէն, հոն տեղ գրաւած, յստակ արտայայտութիւն կը գտնէին: Այլ խօսքով, բացէ ի բաց կը խօսուէր ցեղասպանութեան մը, անոր հետեւանքներուն ու երկարամեայ ազդեցութեանց մասին, պաշտօնապէս, պետական հաստատութեան մը մէջ:
Գ.) Գիտաժողովին մթնոլորտը: Կը յիշէք թերեւս, որ 2005 թուականի մայիսին, ճիշդ այս համալսարանին մէջ տեղի պիտի ունենար, առաջին անգամ ըլլալով, հայութեան նուիրուած գիտաժողով մը: Այստեղէն «Պիլկի» համալսարան փոխադրուած, մայիսէն սեպտեմբեր յետաձգուած էր ան, ու նաեւ խանգարիչ ցուցարարներ բողոքի եկած էին համալսարան: Այդ դէպքէն ութ տարի ետք, այս տարի նման խանգարում տեղի չունեցաւ: Որքան որ ես տեսայ, ամէն բան հեզասահ ընթացաւ եւ լաւապէս կազմակերպուած էր թէ՛ հիմնարկին, թէ՛ համալսարանի կազմակերպիչներուն կողմէ: Բազմաթիւ թուրք լրագրողներ ներկայ էին ու արձագանգեցին գիտաժողովին: Կ՛արժէ աչք մը նետել հիմնարկի կայքէջին վրայ խնամքով մէկտեղուած յօդուածներուն վրայ: Հարկաւ դուրսէն մասնակցողներս ներքին աչք մը չունինք մանրամասնութեանց համար: Պոլսահայ լրագրող մը, օրինակ, կը գանգատէր նոյնիսկ, որ «մենք մեզի» էինք. անոնք, որոնք այս նիւթին մասին տեղեկութիւն պէտք էր ստանային հոն չէին: Խանգարումի մասին չէր իր խօսքը, անշուշտ, սակայն ինք այլ «թերութիւն» մը կը տեսնէր, ինչ որ բնականաբար կազմակերպչական թերութիւն չէր, զոր ես չէի կրնար նկատել: Մասնակիցներուն եւ ներկաներուն քանակը բաւական գոհացուցիչ էր. Պոլսէն ու տարբեր երկիրներէ ու քաղաքներէ ժամանած` տարեց ու երիտասարդ, հայ, թուրք, քիւրտ, այլազգ, իսլամացած հայերը` իրենք, տէրսիմցի ու համշէնցի, բոլորը միասին ըստ իս լաւ թիւ մը կը կազմէին: Սրահը գրեթէ բոլոր նիստերուն մեծ մասամբ լեցուն էր, երբեմն կը յորդէր:
Դ.) Գիտաժողովին զուգահեռ, համալսարանական այլ շէնքի մը մէջ, երեք օր, ժամը 10.00-17.00 ցուցադրուեցան հետեւեալ հեղինակներուն վաւերագրական ժապաւէնները.- Պերքէ Պաշ` «Hush!» (2009), Մեհմեթ Պինայ` «Whispering Memories Talking Pictures» (2009), Սիւզան Խարտալեան` «Grandma՛s Tatoos» (2011), Նեզահաթ Կիւնտողան` «Two Locks of Hair: The Missing Girls of Dersim» (2012), Տիլեք Այտըն` «Habap Fountains: The Story of a Restoration» (2012), Ուղուր Էկեմեն Իրես` «Pure State of the Soul» (2013), Արմէն Արոյեան` «Hidden Armenians» (2006) եւ Կիւլենկիւլ Ալթընթաշ` «Don՛t Get Lost Children» (2011): Հասկնալի է, թերեւս, որ ժապաւէններն ալ, գիտաժողովին մթնոլորտին հեռուէն մասնակից, յստակ դեր մը ունէին խաղալիք, թէեւ տեղեակ չեմ, թէ որքա՞ն ներկաներ կային հոն:
Հ.- Իսկ գիտաժողովի ընթացքին ներկայացուած անգլերէն, հայերէն ու թրքերէն 26 զեկուցումներուն մասի՞ն:
Պ.- Եթէ կ՛ակնկալէք, որ ներկայացուած բոլոր զեկոյցներուն մասին ամփոփում կամ տեղեկութիւն կրնամ փոխանցել, սկիզբէն ըսեմ, որ յուսախաբ պիտի ընեմ Ձեզ:
Ա. Գիտաժողովին հայերէնը.- Ինչպէս կը նշէք, անգլերէն եւ թրքերէն լեզուներուն կողքին նաեւ հայերէնը գործածուեցաւ, որուն ներկայութիւնը, ըստ իս, կարեւոր էր: «Ակօս»-ի աշխատակից Բագրատ Էսթուքեանն էր բարեխիղճ թարգմանիչը: Կային չորս հայերէն զեկոյցներ` երեք արեւելահայերէն ու մէկ արեւմտահայերէն: Գիտէք, լեզուն ինքնին, մանաւանդ գիտաժողովի մը համար, պարզապէս հաղորդակցութեան միջոց է: Բայց երբ, քիչ մը մեր հաւաքական յիշողութենէն խմելով ջուրը, գիտենք, որ հայերէնը արգիլուած ու հալածուած էր պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններուն օսմանեան ու թրքական սահմաններէն ներս, անցեալ դարու յիսունական թուականներէն սկսեալ յաճախ գործածուած` «Հայրենակի՛ց, թրքերէ՛ն խօսէ» կարգախօսը, իբրեւ խտրական ոգիի յուշարար, տակաւին մարդոց ականջին յստակ կը հնչէ, ու Թուրքիոյ մէջ լեզուն, անոր ուսուցումն ու արգիլումը որքա՛ն առնչուած են ինքնութեան ու ինքնագիտակցութեան հետ, կրնանք գիտաժողովին ընթացքին անոր գործածութեան կարեւորութեան անդրադառնալ: Ինչպէս յայտնի է, դեռ միայն քանի մը տարիէ ի վեր արտօնուած է Թուրքիոյ մէջ քրտերէնով լուրերու սփռումը եւ աւելի ուշ ալ, հոս ու հոն, քրտերէնի դասընթացքը:
Բ. Զեկուցումները.- Զեկուցումներուն եւ զեկուցաբերներուն մասին ամէնէն ընդարձակ եւ ճշգրիտ աղբիւրը «Ակօս» շաբաթաթերթի 8 նոյեմբեր 2013 թուականի թիւ 914-ն է, ուր իւրաքանչիւր նիւթի մասին կարելի է գտնել հարցազրոյց, տեղեկանանք, զեկոյցներէն հատուած (մեծ մասամբ` թրքերէն ու չորս էջ հայերէն): Ճշգրտութիւնը կը շեշտեմ, որովհետեւ հայ եւ օտար մամուլը շատ անդրադարձան գիտաժողովին, սակայն, հարկ է հոս առիթը օգտագործելով նշել, որ լրագրողական շնչատ ու հպանցիկ ակնարկները երբեմն շատ աւելի ժխտական, քան դրական դեր կը խաղան նման պարագաներու: Քանի մը զեկուցաբերներու խօսքէն կատարուած ճիշդ ու սխալ մէջբերումներով մամուլը երբեմն իսկապէս խանգարիչ դեր ալ կրնայ խաղալ:
Հայ, թուրք, քիւրտ, գերմանացի, ֆրանսացի եւ այլազգ զեկուցաբերներ կային Պոլսէն ու Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներէն, Հայաստանէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն եւ Մ. Նահանգներէն: Այստեղ պիտի յիշեմ երեք օրերու վրայ բաշխուած ութ նիստերուն, փակման կլոր սեղանին ու վերջին զրոյցին նիւթերը.
Ա.- Պատմութեան բեռը, անուանման քաղաքականութիւնը (նստավար` Այֆեր Պարթու Ճանտան, զեկուցաբերներ` Զէյնեպ Թիւրքեըլմազ (սքայփով), Աւետիս Հաճեան, Այշէ Կիւլ Ալթընայ):
Բ.- Իսլամացման մերձաւոր եւ հեռաւոր պատմութիւնը (նստավար` Մելթեմ Թոքսէօզ, զեկուցաբերներ` Սերգէյ Վարդանեան, Սերապ Տեմիր, Մահիր Էօզքան, Ուղուր Պահատըր Պայրաքթար, Սելիմ Տերինկիլ (բացակայ, որուն զեկոյցը կարդացուեցաւ):
Գ. Իսլամացումը` 1915-ին. պատմութիւն եւ վկայութիւն, ա. մաս (նստավար` Ռայմոնտ Յարութիւն Գէորգեան. զեկուցաբերներ` Թաներ Աքչամ, Արմէն Մարսուպեան, Աննա Ալեքսանեան, Գայեանէ Չոպանեան):
Դ.- Իսլամացումը` 1915-ին. պատմութիւն եւ վկայութիւն, Բ. մաս (նստավար` Ռոլանտ Գրիգոր Սիւնի, զեկուցաբերներ` Վահէ Թաշճեան, Արտա Մելքոնեան, Տորիս Մելքոնեան, Իշխան Չիֆթճեան, Հիլմար Քայզըր):
Ե.- Յիշողութեան հետքեր. երաժշտութիւն, ճաշ եւ պատումներ (նստավար` Ֆերհունտէ Էօզպայ. զեկուցաբերներ` Ուէնտի Համըլինկ, Ճաֆեր Սարըքայա, Նեւին Եըլտըզ Թահինճիօղլու, Ռուբինա Փիրումեան (բացակայ, որուն զեկոյցը կարդացուեցաւ).:
Զ.- Յիշողութիւն, ազգութիւն, կրօն` քրտական ինքնութիւն (նստավար` Եքթան Թիւրքեըլմազ, զեկուցաբերներ` Ատնան Չելիք, Տաւութ Եշիլմեն, Ռամազան Արաս, Իւմիթ Քուրտ, Մուրատ Ուչաներ):
Է.- Յիշողութիւն, ազգութիւն, կրօն` Տէրսիմ (նստավար` Մուրատ Իւքսել. զեկուցաբերներ` Նեզահաթ եւ Քազըմ Կիւնտողան, Հրանուշ Խառատեան, Կէօքչեն Տինչ):
Ը.- Յիշողութիւն եւ ինքնութիւն (նստավար` Միւկէ Կիւրսոյ Սէօքմեն, զեկուցաբերներ` Հելին Անահիտ, Ալիս ֆոն Պիպըրշթայն, Լորընս Ռիթթըր, Անուշ Սիւնի):
Կլոր սեղան` «Կրօն եւ ինքնութիւն (զրուցավար` Ռոպեր Քոփթաշ. զրուցողներ` հայր Պօղոս Լեւոն Զեքիեան (բացակայ), վերպ. Գրիգոր Աղապալօղլու, Ճեմալ Ուշշաք, Հիտայեթ Շեֆքաթլի Թուքսալ). զրոյց` «Թոռները» (նստավար` Այշէ Կիւլ Ալթընայ. մասնակիցներ` Ֆաթհիյէ Չեթին, Ֆերտա Պալանճար, Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին, Հիքմեթ Աքչիչեք եւ անանուն ներկայացուցիչը աշխատանքային հանդիպման):
Կրօն, պատմութիւն, ականատեսի վկայութիւն, յիշողութիւն, ինքնութիւն, ազգագրութիւն. ահաւասիկ հետազօտութեանց գլխաւոր բնագաւառները, որոնք իսլամացման հոլովոյթն ու իմաստները համապարփակ մօտեցման մը ենթարկելու կոչուած էին: Անշուշտ գիտաժողով մը լուսաբանիչ է` պատմութեան ինչ-ինչ ծալքերուն վրայ լուսարձակումներով, բայց «Իսլամաց(ու)ած հայեր» նիւթն ինքնին թէ՛ նոր էր իբրեւ խոպան դաշտ, թէ՛ մանաւանդ իսլամացած հայերու ներկայութիւնը, մասնակցութիւնը, փնտռտուքը, ընդունումը կամ մերժումը կը զգացուէին գիտաժողովին ամբողջ երկայնքին` իբրեւ ուղեկից իրականութիւն ու երբեմն` տագնապ: Ընդունի՞լ, մերժե՞լ: Գիտաժողովը սկզբնական դրական քայլ մը կը համարեմ. ընդունելէ կամ մերժելէ առաջ, նախ բոլորս ալ հրաւիրուած ենք մտիկ ընելու ու համբերելու, որ իսլամահայերը իրե՛նք իրենց որոշումները կայացնեն: Կը համախմբուի՞ն, միութի՞ւն կը կազմեն, Հայաստանի եւ Սփիւռքի օգնութեա՞ն կը դիմեն. իրենց գործելաձեւը իրենք պիտի որոշեն: Նախ ծանօթանանք` թէ՛ մենք, թէ՛ իրենք, քայլ առ քայլ, իրենց պատմութեան, ապրած դառն փորձառութեան, որ լռութեամբ ու ինքնաճնշմամբ լի կեանք մը եղած է յաճախ: Զեկուցաբերներէն ոմանք կատարած էին հետազօտութիւններ, հարցազրոյցներ ու ի մի բերած անոնցմէ շատերուն կենդանագիրն ու զրոյցը: Յիշողութեան ուսումնասիրութիւնը գիտաժողովին ամէնէն յատկանշական մասն էր: Աւարտի զրոյցն ու կլոր սեղանը գիտաժողովին կու տային կենդանութիւն ու յուզականութիւն` գիտութեան տեսութիւններէն դէպի կեանքի գործնականութիւնը կամուրջ մը նետելով: Իսկ երկու աշխատանքային հանդիպումները` իսլամացած հայերու յետնորդներուն միջեւ կայացած, տեղի ունեցաւ դռնփակ: Մենք մասնակցութեան իրաւունք չունէինք, միայն իրենց աշխատանքին մասին զեկուցուեցաւ վերջին նիստին ընթացքին:
Հ.- Թրքական պետութեան արտօնութեամբ նման խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը ինչպէ՞ս կարելի է մեկնաբանել:
Պ.- Վստահ եմ, որ թրքական համապատասխան վերին իշխանութիւնները արտօնութեան համար կանաչ լոյս տուած են: Գիտաժողովի կազմակերպիչներն ալ, իրենց կարգին, գիտցած են հասնիլ կանաչ լոյսի կարելիութեան: Թէ ո՞ր կողմին պէտք է յաջողութեան վարկը վերագրել` կարծեմ բաւականաչափ յստակ է: Կարեւոր է առաջին հերթին այն, որ նման ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ: Նման գիտաժողովներու համար կատարուած դիմումներն ու բանաձեւումները միշտ բծախնդրութեամբ կը կատարուին, արգիլուած բառեր ու բանաձեւեր կ՛արտաքսուին դիմումնագրէն, մաղէ կ՛անցուին, ինչպէս կը բացատրէր, առիթով մը, Տիգրանակերտի քաղաքապետութեան մէկ քիւրտ պաշտօնէուհին: Կը զգաք հարկաւ, որ բռնատիրական վարչակարգերու ծանօթ գործելակերպին մասին է խօսքը: Կայ գրուածին ու խօսուածին տարբերութիւնը: Կրնաս թուղթին վրայ բան մը գրել, բայց ամբողջովին ուրիշ բանի մը մասին խօսիլ: Գիտաժողովին պարագային, այս վերջին սահմանն ալ չափով մը զանցուած էր. այնպէս որ, գիտաժողովի ծրագրին մէջ բառացի ներկայութիւն էր նաեւ արգիլուած բառը` «ցեղասպանութիւն»: Թէեւ, եթէ աւելի նուրբ մանրամասնութեան մը երթանք, կրնանք ըսել, որ ծրագրին մէջ տեղ առած զեկոյցներուն խորագրերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ոճրագործ հեղինակութիւնը չէր նշուեր… «Օսմանեան պետութեան կողմէ հայոց դէմ ի գործ դրուած ցեղասպանութիւն» բացատրութիւնը բացակայ էր, ինչ որ կրնայ նշանակել, թէ, այո՛, թերե՜ւս ցեղասպանութիւն մը տեղի ունեցած է հայոց դէմ, սակայն որո՞ւն կողմէ կիրարկուած` յստակ արձանագրուած չէր: Այսպիսի մանրուքով կը զբաղի ուրացումը, որ իր բոլոր մեքենաները ի գործ կը դնէ քաղաքական ու իրաւական գետնի վրայ ճանաչում ու յստակացում խափանելու համար:
Ուրեմն, պետականօրէն գիտակից նման «թոյլտուութիւն», ոճիրին որակման ճիշդ գործածութեամբ կամ անոր շրջանցմամբ, կրնանք իրաւամբ ենթադրել, որ թրքական պետութեան մարտավարութիւններէն մէկն է, իր քննադատներուն աչքին ցանուած փոշի, յայտարարելու համար, որ նման խորհրդաժողով այսօրուան Թուրքիոյ մէջ կարելի՛ է:
Կարծեցեալ նման «տեղքայլ»-ի մը կրնայ «հարուած» մը յաջորդել, ինչ որ բնական օրէնք է քաղաքական ու դիւանագիտական գետնի վրայ: Օրէ օր աւելի կը յստականայ, որ թրքական պետութիւնը երբեք պատրաստ չէ քայլ առնելու դէպի քաղաքական ամբողջական ճանաչումը Հայոց ցեղասպանութեան: Եւ այն մարգարէները, որոնք քանի մը տարի առաջ կը յայտարարէին, թէ հարիւրամեակին առթիւ թրքական ճանաչում տեղի պիտի ունենայ, հիմա լուռ են… Ընդհակառա՛կը, ինչպէս փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան վերջերս առիթով մը արտայայտուեցաւ, պաշտօնական Թուրքիա մեզմէ շատ աւելի լաւ կը պատրաստուի հարիւրամեակի դիմագրաւման: Իր բոլոր խաղաքարտերը ձեռքին` պատրաստ վիճակի մէջ է ան: Մանաւանդ ղարաբաղեան կարելի պատերազմի մը հրահրումը կրնայ հարիւրամեակին վրայ շուք սփռել:
Ճիշդ այս պատճառով է, որ նման գիտաժողովներ հայկական կողմին համար առիթներ են` «ըս(ու)ելիքը ըսելու», ներկայութիւն եւ խօսք շեշտելու: Ներկայութեան այս առիթները երբեք պէտք չէ փախցնել: Առիթը կ՛ուզեմ օգտագործել այստեղ հետեւեալն ալ հաղորդելու: Այդ օրերուն Պոլսոյ 32-րդ գիրքի միջազգային ցուցահանդէս-վաճառքը տեղի կ՛ունենար: Քանի մը բարեկամներով այցելեցինք: Միայն «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ի ու «Արաս» հրատարակչատան տաղաւարները հայկականներն էին: Քանի մը այլ հայանպաստ հրատարակչատուներու կողքին կային նաեւ հակահայ հրատարակչատուներու տաղաւարներ, որոնցմէ մէկը բազմաթիւ հակահայ հատորներու շարքին Յ. Քաջազնունիի «Դաշնակցութիւնը անելիք չունի» հատորին թրքերէն թարգմանութեան 25-րդ տպագրութիւնը վաճառքի դրած էր… Ցաւալին այն է, որ, ինչպէս մեզի հաղորդուեցաւ, Հայաստանի ներկայացուցիչները անփութութեան պատճառներով չէին բարեհաճած ժամանել: Այդտեղ ներկայութիւն ըլլալը հրաշք պիտի չգործէր, բայց նուազագոյն ճիգի մը արտայայտութիւնն ըլլալու էր:
Քիչ առաջ խօսեցայ հայկական կողմին մասին: Հարկ է գիտնալ, որ հայկական կողմէն անդին, այլեւս քանի մը տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունի թրքական կողմ մը. «Ազդակ»-ի ընթերցողները զայն կը ճանչնան իբրեւ «միւս թուրքը», որովհետեւ «այս թուրքը», որ ուրացողն է, ծանօթ է մեր հաւաքական յիշողութեան: Գիտաժողովի զեկուցողներէն ու մասնակիցներէն շատերը այդ «միւս թուրքեր»-էն էին, մանաւանդ` երիտասարդ աղջիկ ու տղաք, ուսանող-ուսանողուհի, որոնք այս կամ այն ձեւով հայկական նիւթի մը ուսումնասիրութեան նուիրուած են: Այս սերունդին համար Ցեղասպանութիւնը «գիւտ» մըն է, արգիլեալ ու համեղաճաշակ պտուղ մը, որուն փնտռտուքին ետեւէն են, յատկապէս բերանացի պատմութեան (օral history) բնագաւառին մէջ խորանալով: Երբեմն հայկական կողմերէ մտահոգութիւն կ՛արձանագրուի, որ այսպիսի թուրքերուն եւ քիւրտերուն թիւը կը բազմանայ, կարծես ատով «մեր» նիւթը մեր ձեռքէն երթար: Իրականութեան մէջ, որքանով որ Ցեղասպանութիւնը «մեր» նիւթն է, նոյնքան ալ «իրենց» նիւթն է, թերեւս այս հանգրուանին շատ աւելի իրե՛նց նիւթն է, որովհետեւ նոր սկսած են պրպտումներու, եւ անշուշտ, տեղ մը «բոլորին» նիւթն է`, իբրեւ «մարդկութեա՛ն դէմ գործուած ոճիր»: Հետեւաբար զայն նեղազգայնացնելը կրնայ միայն վնասակար հետեւանք ունենալ: Մեր պատմական փորձառութիւնը կը թելադրէ, որ «այս» եւ «միւս» թուրքին հանդէպ զգուշ ըլլանք, մանաւանդ անոր համար, որ «միւս»-ը կրնայ յանկարծ «այս»-ութեան վերադառնալ, եւ պատահած ալ է: Գերզգուշութիւնը, սակայն, օգտակար խորհրդատու մը չէ միշտ:
Բոլորս ալ գիտենք, որ թուրք-հայ ամբողջական վստահութիւնը կը վերահաստատուի, երբ քաղաքական ոճիրին քաղաքական ու ամբողջական սրբագրութիւնը տեղի կ՛ունենայ, իր իրաւական բոլոր հետեւանքներով, ինչ որ առաջին` ճանաչման քայլէն ետք գալիք տասնամեակներու դժուար հոլովոյթ մըն է ինքնին: (Գերմանիոյ օրինակը աչքիս առջեւ է. ո՛չ վճարուող գումարները, ո՛չ կատարուած լուսաբանման բազմապիսի աշխատանքները աւարտած են): Այդ ամբողջական արդարութիւնն է որ կրնայ գիտութեան եւս անկաշկանդ գործելակերպ շնորհել: Այդ գործելակերպին բացակայութեան, ու ներկայ կացութեան հակառակ, սակայն, մենք դեռ շատ ընելիք ունինք գիտական ու քաղաքական մարզերուն մէջ: Կատարուած բոլոր դրական իրագործումներուն ու ճիգերուն առընթեր, որակաւորման ու ինքնանորոգման հրամայականի առջեւ կը գտնուին Հայաստանի եւ Սփիւռքի օսմանագիտական, թրքագիտական եւ ցեղասպանագիտական ամպիոններն ու դասընթացքները, յաճախ կախեալ` միայն անհատներու կամ նեղ խմբակի մը գործունէութենէն. արդարեւ, թէ՛ մեթոտի, թէ՛ մարդուժի, թէ՛ ծանուցման վերանայելի հարցեր կան: Հարիւրամեակին ալ պատրաստութիւնները արտաքին ճակատի աշխատանքին կողքին ու նոյնիսկ անկէ առաջ, շատ ներքին, ներհայկական մակարդակի վրայ տարուելու են, բնականաբար առանց կորսնցնելու կապը արտաքին աշխարհին հետ:
Ուսուցողական բազմամեթոտ աշխատանք մը անհրաժեշտութիւն է, որ ընդգրկէ մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարանական եւ ոչ գիտական մակարդակները: Ամբողջ ազգին գլխուն եկած այս մահահարուածը ազգովին դիմագրաւելու աշխատանքը զայն տանելի կը դարձնէ: Պահանջելու, զայրանալու, կրկնելու, յիշելու եւ յիշեցնելու բոլոր մակարդակներուն զուգահեռ նաեւ իւրացնելու շատ նուրբ հասկացողութիւն մը կայ, որ խորացումի կը կարօտի: Պիտի հարցնէք իրաւամբ, որ արդեօք առանց իւրացուցած ըլլալո՞ւ կը պահանջենք, կը զայրանանք, կը կրկնենք, կը յիշենք ու կը յիշեցնենք. խօսքս առաջին իւրացումէն ետք եկող երկրո՛րդ իւրացման մասին է: Եղեռնին ժամանակակից գրիչ մը թելադրականօրէն «Արիւն եւ աւիւն» կոչած է իր հատորը:
Այդ երկուքին կապը երկրորդ իւրացման աշխատանքին կրնայ սատարել, ըստ իս: Ու ճիշդ հոս, թերեւս, կարենան իսլամահայերը իրենց աշխարհագրական ու պատմական փորձառութեամբ, իրենց անցեալի արեամբ ու ներկայի աւիւնով աշխուժացումի դեր մը խաղալ: Պէտք չէ, սակայն, ամէն ինչ դրական գոյներով ներկել, մանաւանդ երբ այս օրերուս անմիջականօրէն կ՛ապրինք իսլամական կրօնին նկատմամբ իրաւացի ու անիրաւ վերապահութիւններ ու անոնցմէ անդին` դէպքեր:
Վերադառնալով հարցումին` կ՛ուզեմ շեշտել, որ թրքական պետութեան «թոյլտուութեան» կարելիութենէն շատ անդին անցնող` մեր ներքին ճակատներուն վրայ կատարուելիք շարժումներէն կերպաւորիչ հանգամանք պահանջելի է:
Շնորհակալութիւն «Ազդակ»-ի խմբագրութեան այս կարելիութեան ու ձեր համբերութեան համար:
«Ազդակ», Դեկտեմբեր 9, 2013
«Ազդակ», Դեկտեմբեր 9, 2013
No comments:
Post a Comment