ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
5 Նոյեմբերին տեղի ունեցած եւ Երեւանը ցնցած դէպքին անդրադարձները արդէն փոխադրուած են մէկ ուրիշ հարթութիւն: Ինչ որ կատարուեցաւ Երեւանի մէջ, որուն հետեւանքով տասնեակ քաղաքացիներ արգելափակուեցան, ու ցարդ անոնց 30-ը կը գտնուի «Նուպարաշէն» բանտէն ներս, մտածելու տեղիք պէտք է տայ, որ Հայաստանի քաղաքական կեանքը յայտնուած է նոր ճանապարհի մը առջեւ: Բայց, այնուամենայնիւ, Շանթ Յարութիւնեանի անհատական ճիգերով առաջ մղուած այս «յեղափոխութեան փորձ»ը իր մէջ որոշ կարեւոր նախանշաններ կը կրէ: Նոյն Շանթ Յարութիւնեանը այսօր դարձած է քաղաքացիական կազմակերպութիւններու ուշադրութեան թիւ մէկ խնդիր: Յարութիւնեան ինչ որ կատարեց, ըրաւ անհատական ուժերով, ու մինչեւ այս պահը իշխանութիւնները կը փորձեն անոր արարքները վերագրել խուլիկանութեան, անօրէնութեան եւ օրինազանցութեան: Անգամ այդ մեղադրանքներով՝ իշխանութիւնները, ՀՀ Սահմանդրութեան վրայ հիմնուելով, կրնան բանտարկութեան պատիժ սահմանել Շանթին ու անոր ընկերակիցներուն:
Տանելի չէ նաեւ Շանթ Յարութիւնեանը օրինազանցի, խուլիկանի կամ խենթի տեղ դնողներուն խօսքերը: Այս բոլորէն բացի տխուր փաստ է, թէ Յարութիւնեանի արարքը ցնցիչ է այն առումով, որ Հայաստանի ընդհանուր քաղաքական իշխանական կամ իրաւական ոլորտները այսօր տագնապահար են:
Այստեղ միտում չունիմ Շանթ Յարութիւնեանի ամբողջական կերպարը ներկայացնելու: Ան երկար ճանապարհ անցած անձնաւորութիւն է ու իր յօդուածներով, ելոյթներով, յաճախ հնչեցուցած կարծիքներով ճանչցուած աքթիւիսթ է յատկապէս Հայաստանի մէջ (*):
Կարեւորը հիմա այս խնդրի հանգուցալուծումն է, որովհետեւ խելքէ վեր բան է, երբ միատարր ու նաեւ միակրօն այս փոքր հանրապետութեան, այս «կտոր մը» Հայաստանին մէջ տակաւին կ'արձանագրուին նման դէպքեր, ու տեղի կ'ունենան ամէնօրեայ դարձած բողոքի հաւաքներ ու ցոյցեր: Տխուր էջեր կը գրուին մեր պատմութեան մէջ, ու այս բոլորը տեսնելու համար մեծ ճիգ չի պահանջուիր արտերկիր գտնուող հայութեան հատուածներէն:
Իրաւացի ըլլալու համար պէտք է արձանագրել նաեւ, որ Հայաստան եւս այս առումով մեծ ակնկալիքներ չունի Սփիւռքէն: Օրինակով խօսելու համար ըսեմ, որ նոյն Շանթ Յարութիւնեանը յատկապէս Սփիւռքի թեմային մասին խօսելով ըսած է, թէ ապսիւրտ է (անիմաստ) Սփիւռքին դիմել ու անկէ պահանջել, որ մասնակցի Հայաստանի մէջ ինչ-որ դրական տեղաշարժ ստեղծելու գործին:
Ցաւ է նաեւ, որ Սփիւռքի ստուար մասին համար Հայաստանը կը մնայ զբօսաշրջային երկիր, որուն օդն ու ջուրը, առաւելաբար քրիստոնէական տաճարներն ու «սովետական» հրապարակները, խորովածն ու թանը, հացն ու արդար մածունը կը մնան կիզակէտային: Ընդունինք կամ ոչ՝ այդպէս է: Զարմանալի է նաեւ, որ «մտաւորական Սփիւռք»ը արդէն գրեթէ չքացած է: Ու Սփիւռք ապրող մտաւորականութիւնը կարծէք շատ ըսելիք չունի Հայաստանի այսօրուան տագնապներուն մասին:
Միով բանիւ, Հայաստանի հասարակութեան համար այսօր գերագոյն խնդիր է Շանթի ու իր ընկերներուն բանտարկութեան խնդրի լուծումը, որոնք, ըստ ստացուած տեղեկութիւններուն, կը գտնուին բաւական բարդ եւ անընդունելի վիճակներու մէջ :
Կը մնայ կարեւորագոյն հարցումը, թէ ինչու իշխանութիւնները, որ հաւանաբար գիտէին, թէ նմանօրինակ դէպքեր կրնան պատահիլ, եթէ Շանթ Յարութիւնեանն ու իր ընկերները երթի մը ձեռնարկէին, ինչո՞ւ չկանխեցին այս տխուր միջադէպը: Արդեօք միտո՞ւմ կար հանրութեան ուշադրութիւնը այլ ուղղութեամբ շեղելու:
Բայց մէկ բան պարզ է, որ Հայաստանը իր երջանիկ օրերը չ՚՚ապրիր այսօր:
Շանթ Յարութիւնեանն ու իր ընկերները խուլիկաններ չեն: Անոնք առնուազն երազի մը, նպատակի մը, գաղափարի մը համար մարտնչողներ են, ու իշխանութիւններուն կը մնայ այս ուղղութեամբ մտածել, որովհետեւ յառաջիկայ օրերուն Հայաստանի այս իրավիճակը կրնայ ուրիշ ոչ կանխատեսելի զարգացումներու առաջնորդել:
Իրականութիւն է, որ ամբողջ Հայաստանը ցնցած Մարտի մէկեան դէպքերը ծպտուն անգամ չփոխեցին սփիւռքահայերու դէմքերուն վրայ ու սրտերուն մէջ, ու դժուար թէ այսօր բանտերու խոնաւութեան յանձնուած Շանթն ու իր ընկերները, վստահ եմ, որ ոչինչ պիտի փոխեն Սփիւռքի քարսրտութիւնէն: Գիտեմ այսքանը, բայց գիտեմ նաեւ, որ յոյսը վերջին է, որ կը մեռնի, ու հարկ է, որ յատկապէս սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը իրազեկուի այս զարգացումներուն մասին :
Հայաստանի մէջ ոչ ոք կը սպասէ, որ Սփիւռքի հայութիւնը փողոց իջնէ ու «յեղափոխութիւն» պոռայ: Բայց քաղաքացիական իրաւունքներու խնդիրը նոյնքան կարեւոր է, ինչքան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ կայացնել-չկայացնելու հարցը, Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ կամ Արցախի հիմնահարցին բարւոք լուծումը:
Եթէ մարդը, Հայաստանի հողին վրայ ապրող մարդը մեռնի, այս բոլոր ընթացքները «պարապ վախտի խաղալիք» կը դառնան:
Աշխատինք պաշտպանել այդ մարդը: Աշխատինք փրկել այդ մարդը:
www.ilur.am, Նոյեմբեր 16, 2013
(*) Շանթ Յարութիւնեան իր խմբագրած «Ցեղակրօն» պարբերաթերթի առաջին թիւին (Մարտ 1991) առաջին էջին մէկ ծայրէն միւսը փռուած նացիական կեռ խաչին (swastika) հրատարակողը եղած է նաեւ։ (Դժբախտաբար, 2002ի ամրան միջոցը չունէինք լուսանկարելու այդ թերթը, ոչ ալ հետաքրքրուած էինք զայն ունենալու, որպէսզի այսօր ներկայացնէինք ընթերցողին, իսկ թերթը ցոյց տուող մեր բարեկամը չէ պահած զայն)։ Ի հարկէ, ամէն մարդ իրաւունք ունի, Շ. Յարութիւնեանի նման, կարծիքի ազատութեան, ինչպէս նաեւ լռութիւն պահելու կամ վերապահութիւն ցուցաբերելու որոշ անձերու նկատմամբ, ներառեալ՝ Սփիւռք ապրող մտաւորականութիւնը («Հայկականք»)։
No comments:
Post a Comment