Միջնադարեան Հայաստանի մայրաքաղաք Դուինի հնավայրի գտածոները` ջնարակուած խեցեղէնը եւ ապակիի որոշ տեսակներ, կրնան չափանմոյշ ըլլալ տարածաշրջանի համար: Հնագիտական արշավախումբին ղեկավարի տեղակալ Նիւրա Յակոբեանը՝ «Արմենպրէս»ի թղթակիցին հետ զրուցելով, ամփոփած է 2013ի պեղաշրջանի աշխատանքը եւ նշած, որ աշխատանքները ընթացած են կեդրոնական թաղամասի` կաթողիկոսական 5-րդ դարու պալատի արեւմտեան եւ արեւելեան հատուածներուն մէջ: «Պեղումներ են իրականացուել նաեւ հարաւային բուրգի շրջանում, կաթողիկոսական պալատի հարաւ-արեւմտեան հատուածում, որի արդիւնքում բացուել է վաղ երկաթի դարաշրջանի թրծման վառարան` երկու օդամուղներով:
Արեւմտեան հատուածում բացուել է արաբական շինութեան պատի մի հատուած, արեւելեան հատուածը եղել է թաղումներով պատուած եւ այդտեղ պեղումները դադարեցուել են»,- տեղեկացուց Յակոբեանը: Հնավայրին հարաւային բուրգին մէջ պարսպապատին կից բնակելի թաղամաս բացուած է (11րդ-13րդ դարեր). շինութիւններուն մէջ բազմաթիւ թոնիրներ եղած են:
«Ազգ», Նոյեմբեր 8, 2013
Ուսումնասիրութիւններ կատարուած են նաեւ հնավայրի հիւսիս-արեւմտեան լանջին, ուր, Յակոբեանի խօսքով, եզակի եւ հետաքրքրական աղիւսաշէն շինութիւն մը բացուած է` գաճէ յարդարանքով եւ յախճապակիէ թասերով: Արշաւախումբը աշխատանքները պիտի վերսկսի 2014ին. պեղումները այս հատուածին մէջ եւս կը շարունակուին, հնագէտի համոզմամբ՝ շարք մը վիճայարոյց հարցերու պատասխաններ գտնելու նկատառումով: Պեղման աշխատանքներ ընթացած են նաեւ բլուրի հիւսիսային գագաթին, ուր հին դարաշրջանի շերտեր բացուած են:
Յայտնաբերուած վաղ բրոնզի եւ վաղ երկաթի դարաշրջանով թուագրուող իրերն ու առարկաները` խեցեղէն, դրամներու գտածոներ եւ մետաղներ, պիտի յանձնուին վերականգնողական աշխատանոցին: Առաւել արժանիները, ըստ հնագիտական արշավախումբի ղեկավարին, յետագային պիտի յանձնուին Հայաստանի պատմութեան թանգարանին:
Դուինը ունեցած է ժամանակի զարգացած քաղաքներուն բնորոշ քաղաքաշինական նկարագիր: Աւերակներու վերածուած նախկին ծաղկուն ու զարգացած քաղաքը միջնադարեան Հայաստանի բարձր մշակոյթի պատմական վկան է: Արհեստագործական ճիւղերը, կաւագործութիւնը, մշակոյթը եւ շինարարութիւնը զարգացած են, իսկ քաղաքը նաեւ առեւտրական ճանապարհներու խաչմերուկ եղած է: Տարբեր ժամանակներու պեղումներով բացուած են քաղաքի միջնաբերդի տարածքի եւ կեդրոնական թաղամասի պաշտամունքային եւ աշխարհիկ ճարտարապետական շինութիւններու մնացորդներ:
Միջնադարեան Հայաստանի Դուին մայրաքաղաքի աւերակները կը գտնուին Վերին Դուին, Հնաբերդ, Վերին Արտաշատ, Նորաշէն, Այգեստան գիւղերու տարածքներուն մէջ, Երեւանէն մօտ 30 քիլոմեթր դէպի հարաւ: Դուինի աւերակներուն մէջ ընդմիջումներով հնագիտական պեղումներ իրականացած են Նիկոլայ Մառի, Խաչիկ վարդապետ Դադեանի, Սմբատ Տէր-Աւետիսեանի, Կարօ Ղաֆադարեանի, Արամ Քալանթարեանի կողմէ: Այս տարի եւս բացառութիւն չէր: Շուրջ երկու ամիս հնավայրի տարածքին ուսումնասիրութիւններ կատարած են Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան Հիմնարկի հինգ աշխատակիցներ, որոնց շարքին արշաւախումբի ղեկավար Յուսիկ Մելքոնեան, Ֆրինա Բաբայեան, Աղաւնի Ժամկոչեան` միջին դարերու հնագիտութեան բաժինէն եւ Գայանէ Քոչարեան` հին հնագիտութեան բաժինէն:
«Ազգ», Նոյեմբեր 8, 2013
No comments:
Post a Comment