27.11.13

Թուրքիան 100ամեակի նախօրեակին. հարցազրոյց Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթի խմբագրապետ Արա Գօչունեանի հետ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ


Հարցում - Կարելի՞ է պարզաբանել ընդհանրապէս թրքահայութեան եւ մասնաւորաբար Պոլսոյ հայերու ապրած ներկայ վիճակը Թուրքիոյ կառավարութեան հետ փոխ-յարաբերութիւններու առումով։ Ինչպէս գիտենք, կան քանի մը բնագաւառներ ինչպէս՝ կալուածներու վերադարձի հարցը, Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով թուրք հասարակութեան եւ ի մասնաւորի նոր մտաւորականութեան նոր մօտեցումները, գաւառներու մէջ քիւրտերու հետ զարգացումները՝ յատկապէս Տիգրանակերտի շրջանի պարագան, եւայլն։ Կ՚ուզէինք նշեալ նիւթերու շուրջ այժմու իրավիճակին յստակ պատկերը ունենալ։
Արա Գօչունեան - Այո, հարցադրումները շատ են։ Կալուածներու խնդիրը աւելի քան տասը տարուան գործընթացի անցեալ ունի, գիտէք, իրադարձութիւնները երբեմն գետի նման կը վարարին եւ յետոյ կը հանդարտին, սակայն կը մնայ շարունակականութիւնը, իսկ ներկայ հանգրուանի մեկնակէտը պայմանաւորուած է Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացով։ Երբ Թուրքիա Եւրոմիութեան անդամակցելու թեկնածու ճանչցուեցաւ, երկրին մէջ սկսաւ բազմակողմանի բարեփոխումներու գործընթաց մը, որ իր հետ բերաւ նաեւ զանազան օրէնսդրական կարգադրութիւններ՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն համար, որոնք ունէին տասնեակ տարիներու ընթացքին կուտակուած խնդիրներ։
Այս բոլորը սկիզբ առին իշխանափոխութեան օրերուն եւ շարունակուեցան վարչապետ Էրտողանի գլխաւորած նոր վարչակարգի տարիներուն։ Ընդգծեմ որ ներկայ իշխանութիւնը - Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով - Իթթիհատական ժառանգութեան նկատմամբ այսքան մեծ հեռաւորութիւն կը պահէ։
Սկզբնական շրջանին առնուած քայլերը ներքին լսարաններու մօտ ստեղծեցին բանավիճային մթնոլորտ, մասնաւորաբար արտաքին քաղաքականութեան առումով, քանի որ անոնք կ՚առնչուէին պետութեան կիզակէտին գտնուող զինուորական ղեկավարութեան ազդեցութեան ոլորտներու սահմանափակումներուն։ Իսկ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ եղած կարգադրութիւնները հասարակութեան մէկ խաւին կողմէ կ՚ակնկալուէին իբրեւ օտարներու համար կատարուած զիջումներ եւ այս բոլորը գործնականին մէջ վիթխարի աշխատանք կը պահանջէին։ Չմոռնամ ըսել, որ ի տես այս ամէնուն, հետզհետէ անհրաժեշտութիւն դարձան սահմանադրական բարեփոխումները։
Հայերու պարագային շեշտուեցան երկու գլխաւոր կէտեր. առաջինը՝ կը վերաբերէր մեր կարգ մը կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի վերադարձին, իսկ միւսը՝ մեր ունեցած ազգապատկան որոշ կալուածներու վրայ շինարարութիւն ընելու հնարաւորութեան։
Սեփականութեան իրաւունքի հարցը իր հետ բերաւ երկար դատաքննական աշխատանք եւ կառավարութիւնը ի դէմս վագըֆներու (հիմնադրամ) ընդհանուր տնօրէնութեան սահմանեց որոշ կանոններ, մշակեց ընթացակարգ եւ մեր շուրջ 40 վագըֆները այս շրջանին զանազան ծաւալի աշխատանք տարին։
Այս բոլորի արդիւնքին հայ փոքրամասնութիւնը առաջին անգամ ըլլալով զգաց պետութեան կողմէ պատրաստակամութիւն մը կամ բարեացակամութիւն մը։ Եղան արդիւնքներ սեփականութեան իրաւունքի վերադարձման իմաստով եւ այս գործընթացը մինչեւ հիմա ալ կը շարունակուի։


ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ՀԱՍՈՅԹԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ
Սակայն ըսեմ, որ այն ինչ որ համայնքը կորսնցուցած է մինչեւ այսօր, կարելի է միայն ատոր շատ չնչին տոկոսին վերատիրանալ եւ քանի որ մեր համայնքը այսօր թիւով նօսրացած է, հետեւաբար մեր հաստատութիւններուն ապագան երաշխաւորելու տեսակէտէ գալիք միջոցները մեզի համար կենսական նշանակութիւն ունին։
Հոս կ՚ուզեմ միջանկեալ ըսել, թէ այսօր Պոլսոյ մէջ ազգային կառոյցներու ցանց մը գոյութիւն ունի, որ ձեւաւորուած է պատմութեան տեւողութեան, հոգալու համար կարիքները այնպիսի զանգուածի մը որ մօտաւորապէս 150-200 հազար հոգի կը կազմէր։ Պատմութեան ընթացքին երբ Պոլսոյ մէջ 150 հազար հայութիւն կ՚ապրէր՝ 6-700 հազար հաշուող քաղաքի մը մէջ, այդ ցանցը նոյն զանգուածի հոգեւոր, կրթական, ընկերային, բժշկական կամ առողջապահական կարիքները դիմագրաւելու համար էր։ Իսկ այսօր այդ հաստատութիւններու ցանցը - թէկուզ որոշ պակասներով - սակայն գրեթէ 50-60 հազար հաշուող մարդուժի մը մէկ քառորդին կողմէ է որ կանգուն կը պահուի։ Իսկ այս ամէնը տասնամեակներէ ի վեր մեր համայնքէն գերմարդկային ջանքեր եւ մեծ զոհողութիւններ պահանջած է։ Այսօր Պոլսոյ մէջ թիկունքի մը, խթանող երեւոյթի մը պէտք ունինք, որովհետեւ եթէ այս բոլորին վրայ աւելցնենք ուծացման խնդիրը, ապա անպայման մեզի նոր տնտեսական լծակներ ու նիւթական թարմ միջոցներ հարկաւոր են, կան մեծ սահմանափակումներ կրթական մշակներ հասցնելու ուղղութեամբ, ունինք մարդուժի ներդրում ընելու խնդիր։
Այս փակագիծը գոցելով կը վերադառնամ բուն հարցին, ըսեմ, թէ մէկ կողմէ սեփականութեան իրաւունքը վերստին ձեռք բերելու աշխատանքը կայ, իսկ միւս կողմէ մեզի իրաւունք ընձեռուած է քաղաքի կեդրոնը գտնուող ազգապատկան կալուածներու վրայ շինութիւններ իրականացնելու, որոնց հասոյթը աստիճանաբար կարեւորութիւն պիտի ստանայ համայնքային կեանքին մէջ, անոր երակներուն տալով թարմ արիւն մը։ Բայց այս հնարաւորութիւնները վարչական նոր խնդիրներ յարուցեցին.- մեր հաւաքական որոշ թերութիւններու կամ կազմակերպչական տկարութիւններու հետեւանքով մեծ տակնուվրայութիւն ապրեցանք։ Հարստացող հաստատութիւններուն ղեկավարութեան տիրանալու համար սկսան ներքին նոր տագնապներ։ Այսօր երկրի բոլոր փոքրամասնութիւնները Վագըֆներու տնօրէնութեան հետ աշխատանք կը տանին, որպէսզի օրինակի համար վերջին շրջանին ընտրութիւններու հետ կապուած դատական հարցերուն լուծումներ բերուին, իսկ ատոր համար կանոնադրութեան փոփոխութիւններ կը սպասուին։


ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ
Ամփոփելու համար ըսենք որ կալուածներու բնագաւառին մէջ ունինք սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերում եւ ազգապատկան կալուածներու վրայ շինարարութեան արտօնութիւն, իսկ այս երկուքին ածանցուած՝ այդ շինութիւններուն հաւանական հասոյթը տնօրինելու իմաստով կան վարչական որոշ բարեփոխումներ։ Այսօր համայնքի մօտ բոլորովին ուրիշ իրականութիւն մը կայ եւ վարչական բարեփոխումները նաեւ մեզի համար ընկերային նշանակութիւն ունեցող երեւոյթ մըն են, նկատի ունենալով որ վերջին տասնամեակներուն վարչական պատասխանատւութիւնը կրած են այն մարդիկ որոնք մէկ կամ երկու սերունդ առաջ գաւառէն Պոլիս գաղթելով ներգրաւուած են ազգային կեանքին մէջ։ Անոնք ընդհանրապէս եղած են արհեստաւորներ եւ իրենց մանկութեան ընթացքին ուսման սահմանափակ հնարաւորութիւններ ունեցած են, սակայն գործի մէջ իրենք իրենց տնօրէնը եղած են եւ իրենց անձնական նուիրատուութիւններով կանգուն պահած են մեր հաստատութիւնները։


ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՍԵՐՈՒՆԴ
Իսկ ներկայիս, թրքահայութիւնը կը գտնուի նոր հանգրուանի մը մէջ, այն՝ որ այդ մարդոց յաջորդած սերունդը մեծ մասամբ համալսարանաւարտ սերունդն է, սակայն ի տարբերութիւն իր ծնողներուն, լաւ պայմաններով ուրիշներու մօտ գործի ընդունուող մարդու կարգավիճակ ունի։ Հետեւաբար այդ մարդոց կեանքը ընկալելու ձեւը փոխուած է եւ այդ փոփոխութիւնը մեզի կը կանգնեցնէ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ։ Այդ պատճառով ալ նշեալ ազգապատկան կալուածներու հասոյթը յառաջիկայ տասնամեակին շատ աւելի նպատակասլաց կերպով պիտի արժեւորուի։
Նշեմ, թէ այսքան բարեփոխումներէ ետք մօտաւոր անցեալին վարչապետ Էրտողան հերթական բարեփոխումներու գծով թղթածրար մը հրապարակեց որ շատ ողջունելի էր եւ փոքրամասնութիւններուն կու տար աւելի լայն իրաւասութիւններ, օրինակի համար մինչ այդ ոչ-իսլամ փոքամասնութիւն ըսելով կը հասկցուէր Լօզանի պայմանագրի մէջ ընդգրկուած փոքրամասնութիւնները՝ հայերը, յոյները եւ հրեաները, իսկ հիմա ասորիներն ալ աստիճանաբար որպէս փոքրամասնութիւն կը դասուին, անոնց դպրոց բանալու, եկեղեցի ունենալու իրաւունք ընձեռուած է, Մարտինի մէջ գտնուող իրենց մայրավանքի տարածքի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուած է։ Այս ուղղութեամբ որոշ յուսախաբութիւն ապրեցան յոյները, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ կը սպասէին Հալքիի իրենց մայրավանքի վերաբացման թոյլտուութեան, սակայն կառավարութիւնը անգամ մը եւս Յունաստանի հետ փոխադարձութեան հարցեր պատճառաբանելով յետաձգեց այդ կարգադրութիւնը։


ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ
Այս պահուն մեր ամենէն կենսական հարցը այն է որ համայնքը յամառօրէն կ՚ակնկալէ որ մեր Պատրիարքական Աթոռի օրինական եւ պաշտօնական կարգավիճակը ճանչցուի, Պատրիարքարանը որպէս իրաւաբանական կեդրոն նկատի առնուի, քանի որ մինչեւ այսօր պետութիւնը միայն Պատրիարքին անձը կը ճանչնայ։ Օրինակի համար երբ պետութիւնը նամակ մը կը գրէ, այդ մէկը կը յղուի կամ Պատրիարքի անձին կամ Պատրիարքարանի շէնքին հասցէին, այլ խօսքով պետութիւնը չի ճանչնար Պատրիարքութիւնը։ Ասիկա կարգավիճակի հարց մըն է, որուն ածանցուած են բազմաթիւ խնդիրներ, սկսելով այն վարչական տագնապներէն, որոնց քիչ առաջ ակնարկեցի։
Մենք այսօր կեդրոնական իշխանութիւն մը չունինք եւ աւելի քան տասը տարուան այս բարեփոխումներու կամ դրական կարգադրութիւններու շրջանը մեզի ձեւով մը իրաւաբանօրէն իրաւունք կու տայ ակնկալելու երկար ժամանակէ ի վեր յետաձգուած այս հարցին կարգաւորումը։

Հարցում - Նկատի ունենալով որ այսօր Թուրքիա կարծէք զանազան պատճառներով ձեւով մը սառեցուցած է Եւրոպական Միութիւն մուտքի գործընթացը, արդեօք կրնա՞յ պատահիլ որ վերոնշեալ բարեփոխումները չեղեալ յայտարարուին։ Այլ խօսքով յետքայլի վտանգ կա՞յ, թէ՞ ոչ։
Արա Գօչունեան - Այս հարցը միշտ սեղանի վրայ է։ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մեկնակէտով սկսած բարեփոխումները իրականութեան մէջ Թուրքիոյ հասարակութեան ներքին գործօններէն բնականօրէն բխած երեւոյթներով առնչուած էին։ Ճիշդ է որ այսօր թէ՛ եւրոպական կողմէ եւ թէ՛ թրքական կողմէ նոյն եռանդը չկայ այդ գործընթացին նկատմամբ, բայց սկսած այդ աշխատանքը Թուրքիան հասցուցած է այնպիսի կէտի մը, որ ետդարձը դժուար թէ կարելի ըլլայ։

Հարցում - Իսկ իրակա՞ն է իսլամական պետութիւն մը ստեղծելու վտանգը։
Արա Գօչունեան - Չեմ կարծեր որ պետութեան կը սպառնայ այդ ծայրայեղութեան վտանգը։ Այս իշխանութիւնը իսլամամէտ կը նկատուէր, սակայն երեք շրջանէ ի վեր միակուսակցական իշխանութիւն ձեւաւորուած է եւ կը տեսնենք որ ան տնտեսական գետնի վրայ ազատական մօտեցումներու հետամուտ է եւ հեռու կը մնայ Մերձաւոր Արեւելքի կրօնական ծայրայեղական վարչակարգերէ, հակառակ անոր որ հասարակութիւնը խորապէս պահպանողական է։

Հարցում - Այս վերջին բարեփոխումներէն օգտուեցա՞ն քիւրտերը։ Գոհացում տրուեցա՞ն անոնց պահանջներուն։
Արա Գօչունեան - Թուրքիոյ ներքին գործօններուն մէջ առանցքային դեր ունին այն քաղաքացիները, որոնք քրտական ծագում ունին։ Երկրի բնակչութեան այդ կարեւոր զանգուածը, որ տասնեակ միլիոններ կը հաշուէ, օրակարգի վրայ կը դնէ պահանջներ, որոնք թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին քաղաքականութեան հաւասարակշռութիւններու բերումով նկատի առնելու հրամայականներ ստեղծած են։ Ինչպէս գիտէք, Թուրքիոյ դրացի բոլոր երկիրներուն (Սուրիա, Իրաք, եւայլն) սահմանամերձ հատուածներու մէջ ալ քիւրտեր կ՚ապրին, օրինակի համար այսօր պետութիւնը տնտեսական համագործակցութիւն ունի Հիւսիսային Իրաքի հետ եւ նոյն հարցով ջանքեր կը թափեն նաեւ Սուրիոյ քիւրտերը, որոնց բարձրաձայն կ՚արձագանգեն թրքական լրատու միջոցները։ Քիւրտերուն հետ սկսած է հաշտութեան գործընթացի շրջան մը, որ անկախ զանազան դրդապատճառներէն, մեզ հայերուս տեսանկիւնով՝ երկրի ներքին համակեցութիւնը ամրապնդելու նպատակ կը հետապնդեն, որովհետեւ հայութիւնը այնպիսի դիրքի մը վրայ է որ միայն երկրի ներքին հանդուրժողութեան ամրանդումը կրնայ առաւել հզօրացնել զինք, նկատի ունենալով որ ներքին լարուածութենէն մեր համայնքը միա՛յն կրնայ տուժել։

Հարցում - Անկասկած այս գործընթացը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին վրայ՝ գոյութիւն ունեցող թապուն կոտրելու առումով։ Ներկայիս այս խնդրին ինչպէ՞ս կը վերաբերին մտաւորականները, յառաջդիմական կազմակերպութիւնները կամ ազգային փոքրամասնութիւնները՝ օրինակ քիւրտերը։
Արա Գօչունեան - Թուրքիոյ տեսանկիւնէն Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին կը պատկանի։ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Թուրքիա փորձեց երկար տասնամեակներ քարոզել, թէ Սփիւռքը արմատական է, ծայրայեղական է եւ աւելի հարուստ է Հայաստանի բաղդատմամբ եւ իր ապրած պայմաններով չի պատկերացներ ճիշդ եւ առարկայական իրականութիւնը։ Թուրքիոյ իշխանութեան կարծիքով Սփիւռքը հայ-թրքական յարաբերութիւնը խոչընդոտող ազդակ մըն է։
Այս կացութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ այն ատեն երբ Թուրքիա անտեսեց զիւրիխեան արձանագրութիւնը եւ վերահաստատեց այն մօտեցումը, որ ռէալփոլիթիքին պատկանող բուն հարցը Ցեղասպանութիւնը չէ այլ Արցախի հիմնախնդիրն է, որու համար ալ ան ունէր իր ռազմավարական շահերը։ Եւ հետաքրքրականը այն եղաւ որ արձանագրութիւններու գործընթացի ձախողումէն ետք Թուրքիա իր նախաձեռնութիւններուն կիզակէտը թեքեց դէպի Սփիւռք եւ հիմա աւելի սփիւռքեան շրջանակներու հետ աշխատանք կը տարուի, սակայն միջ-պետական հարթութեան վրայ նոյնիսկ տեսանելի ապագային արդիւնքներ հաւանական չեն նկատուիր եւ կ՚ըսուի որ աւելի շատ հասարակական մակարդակի վրայ շփումներ են անոնք։ Ըսեմ, որ նոյնիսկ սփիւռքեան մեր աւանդական կուսակցութիւններու հետ ուղղակի կամ անուղղակի շփումներ տեղի կ՚ունենան, օրինակ Հնչակեան կուսակցութեան 20 կախաղաններ կ՚ոգեկոչուին, Ապրիլ 24 կը յիշատակուի։ Եւ այսօր Թուրքիան ալ իր ձեւով կը «նախապատրաստուի»... 2015ը դիմաւորելու։
Վարչապետ Էրտողանի իշխանութեան օրերուն մենք ականատես եղանք հետեւեալ երեւոյթներուն.- թուրք հասարակութեան մօտ - ըլլայ մտաւորական շրջանակ կամ մամլոյ դաշտ - հայկական հարցի կապակցութեամբ աստիճանաբար աւելի յաճախակիօրէն ակներեւ են այլընտրանքային մօտեցումներ, (թրքական պաշտօնական տեսակէտէ դուրս մօտեցումներ), մարդիկ աւելի յաճախակիօրէն կը խօսին եւ կը մէջբերեն այնպիսի փաստեր, վկայութիւններ կամ վաւերագրեր, որոնք կը հակասեն թուրք պաշտօնական դիրքորոշումներուն, իսկ մինչ այդ ժողովուրդին մատուցուած տուեալները հարցաքննութիւն բանալու միտում ունեցող երեւոյթներ են։ Գաւառներու մէջ անցեալին հայկական ներկայութեան վերյիշումներ տեղի կ՚ունենան, կը խօսուի նաեւ պատմական հայկական եկեղեցիներու մասին։
Բայց նոյն ժամանակաշրջանին ունեցանք ուրիշ նորութիւն մը, որ 1915ի վերաբերեալ այլընտրանքային տուեալները հասարակութեան տրամադրուելուն առընթեր նաեւ Թուրքիոյ մէջ աննախընթացօրէն շեշտուեցաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրի վերաբերեալ թուրք-ատրպէյճանական երկկողմանի կողմնորոշումը։ Մենք այսօր - ի տարբերութիւն անցեալին - շատ աւելի ընդգծուած ձեւով «տեսնել» սկսանք Խոճալուի այսպէս կոչուած «ցեղասպանութիւնը», կարծէք իբրեւ հակակշիռ երեւոյթ, որ դարձեալ նորութիւն էր թրքահայերու համար, որովհետեւ թրքահայերը ի տարբերութիւն Սփիւռքի հայերուն - որ իր ապրած երկիրներուն համարկուելով հետզհետէ կ՚որդեգրէ այդ միջավայրի լրատու միջոցներու կեցուածքը հայութեան վերաբերեալ - կ՚ապրին Ատրպէյճանի դաշնակից երկրի մը մէջ ու հարցերը կ՚ընկալեն տարբեր դիտանկիւնէ եւ երբ արդէն հարցը կ՚առնչուի իրենց առօրեային կը ստեղծուին հակասութիւններ։

Հարցում - Այս բոլոր երեւոյթներու լոյսին տակ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը ի՞նչ հետեւանք ունեցաւ թրքահայոց կեանքին մէջ։
Արա Գօչունեան - Հրանդ Տինքի սպանութենէն առաջ, արդէն իսկ Հայաստանի անկախացումով Հայկական Հարցի վրայ դրուած թապուն Թուրքիոյ մէջ աստիճանաբար սկսաւ կոտրիլ, քանի որ Հայաստան ունեցաւ միջազգային իրաւունքի առարկայ այլ երկրի մը հետ պետական մակարդակով յարաբերելու միջոց մը՝ հարցերը լուծելու հեռանկարով։

Հարցում - Ի՞նչ կ՚ըսէիք՝ թաքնուած հայերու պարագան ի՞նչ հարցադրուներ կը յառաջացնէ։
Արա Գօչունեան - Ինչպէս քիչ առաջ ըսի, այսօր շատ աւելի ընդգծուած ձեւով եւ բարձրաձայն կը խօսուի գաւառներու մէջ հայերու ունեցած անցեալի ներկայութեան մասին եւ նկատի ունենալով որ պաշտօնական տեսակէտը կ՚ըսէ որ այդ մարդիկ գացած էին եւ վերջը ետ վերադարձան, այն ատեն հարց կը ծագի թէ ո՞ւր են այդ վերադարձողները, հոն է որ օրակարգի վրայ կը բերուին այդ մարդոց խնդիրները։ Այլ խօսքով ամէն քայլ նոր պատուհան մը կը բանայ մեր առջեւ։
Այսօր այն հայերու բազկերակը կրնանք զգալ որոնք ուղղակի համայնքային կեանքին մէջ են եւ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը այդ մարդոց համար ցնցում մըն էր, մեծ բարոյալքութիւն մը, յուսախաբութիւն մը, անոնք ունէին զրկանքի զգացում մը, որ անբնականօրէն եւ բռնիօրէն իրենցմէ փրցուած էր անձ մը եւ ատոր ձեւով մը համակերպիլը շատ բարդ գործընթաց է։ Եթէ չըլլար Հրանդին սպանութիւնը, մարդիկ շատ աւելի լաւատես կրնային ըլլալ եւ շատ աւելի մեծ ճամբայ կտրուած պիտի ըլլար։

Հարցում - Գաւառներու մէջ, ինչպէս Տիգրանակերտի պարագային, կայ հայ-քիւրտ մերձեցումի շարժում մը։ Արդեօք ընդհանրացա՞ծ է այդ երեւոյթը։
Արա Գօչունեան - Մեր պատրիարքութեան ենթակայութեան տակ ունինք գործող հինգ եկեղեցիներ հետեւեալ գաւառներու մէջ՝ Կեսարիա, Սեբաստիա, Տիգրանակերտ, Մուսա լեռ եւ Քըրըքխան, այս վերջին երկուքը կը գտնուին Անտիոքի մէջ։ Երբ կը դիտենք այս եկեղեցիներուն գտնուած շրջանները, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ժողովրդագրական տարբեր «դիմագիծ» մը ունի, Կեսարիան եւ Սեբաստիան շատ աւելի միատարր հասարակութիւններ են, մահմետական սիւննի թուրք պահպանողական շրջաններ են, Անտիոքը աւելի աշխարհաքաղաքացիական շրջան մըն է (cosmopolite), սահմանամերձ գօտի է, հոն կան արաբներ եւ թուրքեր, իսկ Տիգրանակերտը քիւրտերու բնակութիւն հաստատած շրջան մըն է։ Իսկ Պոլսոյ մէջ ունինք տասնեակ մը եկեղեցիներ եւ իւրաքանչիւր եկեղեցիին գտնուած թաղամասին քաղաքապետարանը կրնայ նոյն կուսակցութեան չպատկանիլ, բայց պէտք է բոլորին հետ ալ միաժամանակ շփուիլ, ըսելու համար որ մենք պատրաստակամ ենք մեր ժառանգութեան տէր կանգնելու եւ հետամուտ ենք խաղաղ եւ համերաշխ սկզբունքներու։
Յայտնեմ, որ վերոնշեալ գաւառներու մէջ հայեր գրեթէ չկան եւ տեղական ինքնակառավարական մարմիններու, կուսակալներու կամ քաղաքապետներու հետ շփումներով է որ կը կազմակերպենք, ըսենք, տարեկան արարողութիւններ, այլ խօսքով մենք պէտք է հաշտուինք այն իրականութեան հետ, որ մենք գործօն մասնակցութիւն չունինք իրենց ներքին կեանքին մէջ, հետեւաբար մեզի համար նպաստաւոր է սկզբունքային շրջագիծին մէջ իրենց հետ մշակել դրական յարաբերութիւններ՝ պահպանելու համար մեր եկեղեցիները, որոնք պատմութեան արհաւիրքէն մեզի բաժին հասած ժառանգութեան մասունքներն են։

Հարցում - Այսօր Պոլսոյ մէջ կեդրոնացած են մեծ մասամբ գաւառներէն եկած Հայերը, բայց անկախութենէն ետք մանաւա՛նդ վերջին շրջանին հոն հաստատուած են նաեւ Հայաստանէն եկած Հայեր։ Արդեօք այս երեւոյթին հետեւանքով գաղութին նկարագիրը փոխուա՞ծ է լեզուական, յարաբերութիւններու կամ պաշտօններու բաշխումի առումով։
Արա Գօչունեան - Այս հանգամանքը չէ ազդած գաղութին նկարագրին վրայ, պարզապէս երբ պոլսեցի հաւատացեալը եկեղեցի կ՚երթայ կրնայ իրեն աղօթակից ունենալ հայաստանցի մը։

Հարցում - Որքա՞ն է այդ հայերուն թիւը։
Արա Գօչունեան - Յստակ տուեալներ չկան։ Հայաստանեան կողմը կը փորձէ նուազագոյնի իջեցնել այդ հայերուն թիւը, թրքական կողմը ընդհակառակը ուռճացուած կը ներկայացնէ զանոնք։ Մենք կ՚ենթադրենք 15էն 20 հազարի շուրջ է անոնց թիւը, որոնք կ՚ապրին ո՛չ միայն Պոլիս, այլ ցրուած են Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ։

Հարցում - Այդ հայերը ընդգրկուա՞ծ են համայնքային կեանքին մէջ։
Արա Գօչունեան - Դժբախտաբար ո՛չ այնքան, քանի որ այդ մարդիկը առայժմ իրենց հանապազօրեայ հացի ետեւէն են, կան միայն շփումներ ծառայութիւններու համար եւ գրեթէ չկան մարդիկ, որոնք իրենց մասնագիտութեան ոլորտին մէջ կ՚աշխատին։ Անոնք հանդուրժուած են, սակայն իրենց կեցութեան կարգավիճակը պաշտօնականացած չէ։ Իրենց երեխաներուն համար Կէտիկփաշայի Ինճիրտիպի կոչուած տարածքին գտնուող Հայ Բողոքականաց եկեղեցւոյ համալիրէն ներս ստեղծուած է դպրոց մը, որ ունի համեստ պայմաններ։ Հայաստանի հայերուն տէր չկանգնելու հարցը դժբախտաբար ներքին առումով մեր ազգային զօրակցութեան թերութիւններէն է, այս հարցով մշակուած տեղեկատուութիւն չկայ, իսկ եղածն ալ ամբողջովին քաղաքական նպատակներով շահարկման կ՚ենթարկուի։
Հարցում - Իսկ Սուրիոյ հետ այսպէս կոչուած չյայտարարուած պատերազմ տեղի կ՚ունենայ։ Այս երեւոյթը ինչպէ՞ս կ՚ընդունուի հայերու եւ ընդհանրապէս թուրք հասարակութեան կողմէ։
Արա Գօչունեան - Որեւէ երկրի հասարակութիւն իր բնակած երկրի արտաքին քաղաքականութեան շահերը կը գերադասէ։ Այդպէս է նաեւ Թուրքիոյ պարագային։ Թրքական հասարակութեան համար այս «պատերազմը» իր օրակարգի անբաժան մասն է, քանի որ հոն ունի ազգային եւ պետական շահեր։ Անշուշտ կայ խաւ մը, որ կը քննադատէ Սուրիոյ դէմ որդեգրուած քաղաքականութիւնը։
Իսկ հայերու համար ալ դիւրին չէ, օրինակ նոյնիսկ Պատրիարքարանի կամ բարեսիրական այլ հաստատութիւններու մակարդակով սուրիահայութեան օժանդակութիւն ղրկելու գործը դիւրին չէ եւ կը յառաջացնէ քաղաքական խնդիրներ։ Կը մաղթենք որ օր առաջ հոն խաղաղութիւն հաստատուի, քանի որ մեծապէս կը տուժէ սուրիահայ մեր ժողովուրդը։

«Նոր Յառաջ», Նոյեմբեր 23, 2013

No comments:

Post a Comment