7.10.13

«Հերիթէյճ» աճուրդի տունը հայերէն ձեռագրեր կը վաճառէ

Աշխարհի երրորդ մեծագոյն աճուրդի տունը հանդիսացող «Հերիթէյճ Օքշընզ»ը (Heritage Auctions) յառաջիկայ Հոկտեմբեր 17ին վաճառքի պիտի հանէ հայկական եզակի ձեռագիր մատեաններ ու տպագիր հատորներ Նիւ Եորքի մէջ: Մինչեւ աճուրդին օրը, անոր կարելի է մասնակցիլ նաեւ համացանցի միջոցաւ (www.ha.com):
Ձեռագրերէն մէկը մագաղաթի վրայ մանրանկարչութեամբ զարդարուն 1659ի Աւետարան մըն է (637 էջ), ընդօրինակուած Գանձակի Գրիգոր վարդապետի կողմէ։ Աւետարանին վերջնական արժէքը, աճուրդի կազմակերպիչներուն կարծիքով, կրնայ մինչեւ 25 հազար տոլարի հասնիլ:



Միւս ձեռագիրը 16րդ դարուն (1584) ընդօրինակուած 571 էջնոց Աւետարան մըն է՝ կազմուած Յովհաննէս վարդապետի կողմէ (տե՛ս լուսանկարը)։ Աւետարանի էջերէն 15ը զարդարուած են Ներսէս անուն հոգեւորականի մը մանրանկարներով։ Աճուրդի տան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ աշխատանքը կատարուած է Բարձր Հայքի Խնդրակատար Ս. Աստուածածին վանքին մէջ։ Այս Աւետարանին սկզբնական գինը աւելի քան 20 հազար տոլար է։
Այլ անթուակիր ձեռագիր մը գրուած է «բոլորգիր» տառատեսակով՝ Բարսեղ անունով գրիչի մը կողմէ։ Թուագրուած է 13-16րդ դարերուն։ Այս մէկը եւս կը գնահատուի աւելի քան 20 հազար տոլարով։
Նշեալ երեքին պարագային, աճուրդին մասնակցելու նուազագոյն գումարը, Հոկտեմբեր 4ի տուեալներով՝ 5000-6250 տոլարի միջեւ է:
Աճուրդի դրուած են նաեւ Ամսթերտամի մէջ 1714-1715ին տպուած 838 էջնոց «Գիրք Սաղմոսաց»էն օրինակ մը, «Խորհրդատետր Պատարագին Հայոց» (1677) հատորէն օրինակ մը, ինչպէս նաեւ՝ «Ժամագիրք» մը (մօտաւորապէս 1837) եւ Յովսէփ Էմինի կողմէ անգլերէնով գրուած ինքնակենսագրական գործէն օրինակ մը, որ Լոնտոնի մէջ լոյս տեսած էր 1792ին (640 էջ):

No comments:

Post a Comment