ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հարցում - Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէնն էք։ Ինչպէ՞ս հիմնուեցաւ «Կոմիտաս» հիմնարկը։
Արա Սարաֆեան - Միացեալ Նահանգներու մէջ աշակերտական խմբակ մը ունէինք եւ կ՚ուզէինք Սուրէն Աբրահամեանի յուշերը տպագրել եւ երբ գիրքը պատրաստուեցաւ հիմնեցինք «Կոմիտաս» հիմնարկը ու հրատարակեցինք հատորը։ Այնուհետեւ նկատի ունենալով հիմնարկի յաջողութիւնները իմ նախաձեռնութեամբ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ վաւերագրական փաստաթուղթերու շարք մըն ալ հրատարակեցինք (Մորկընթաուի օրագրութիւնը, եւայլն) եւ կամաց-կամաց ընդարձակուեցաւ աշխատանքը։ Հրատարակած ենք օրինակ Մարկ Նշանեանի կամ Ռիթա Սիւլահեանի գործերը…։ Ժամանակի ընթացքին պզտիկ գումար մըն ալ ապահովելով կրցանք գոցել մեր ծախսերը։ Հիմնարկի կազմակերպչական կորիզը իմ հսկողութեամբ հոս՝ Լոնտոն կը գտնուի եւ պետութեան մօտ պատասխանատուն ես եմ։
Արա Սարաֆեան - Միացեալ Նահանգներու մէջ աշակերտական խմբակ մը ունէինք եւ կ՚ուզէինք Սուրէն Աբրահամեանի յուշերը տպագրել եւ երբ գիրքը պատրաստուեցաւ հիմնեցինք «Կոմիտաս» հիմնարկը ու հրատարակեցինք հատորը։ Այնուհետեւ նկատի ունենալով հիմնարկի յաջողութիւնները իմ նախաձեռնութեամբ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ վաւերագրական փաստաթուղթերու շարք մըն ալ հրատարակեցինք (Մորկընթաուի օրագրութիւնը, եւայլն) եւ կամաց-կամաց ընդարձակուեցաւ աշխատանքը։ Հրատարակած ենք օրինակ Մարկ Նշանեանի կամ Ռիթա Սիւլահեանի գործերը…։ Ժամանակի ընթացքին պզտիկ գումար մըն ալ ապահովելով կրցանք գոցել մեր ծախսերը։ Հիմնարկի կազմակերպչական կորիզը իմ հսկողութեամբ հոս՝ Լոնտոն կը գտնուի եւ պետութեան մօտ պատասխանատուն ես եմ։
Հարցում - Ձեր կարծիքով մօտ ապագային ի՞նչ ուղղութիւն պէտք է առնէ Հայկական Հարցը։
Արա Սարաֆեան - Ես այս հարցով ընդհանրապէս լաւատես չեմ, նկատի ունենալով հետաքրքրուողներու պակասը եւ ասիկա տխուր երեւոյթ է։ Սակայն իրողութիւն է։ Իմ կարծիքով Ցեղասպանութեան հարցով թուրքերը կամ քիւրտերը աւելի արթուն են քան հայերը։ Նոյնիսկ մասնագէտ անձանց քով կը պակսի հասունութիւնը։
Հարցում - Իսկ Հայաստանի եւ մասնաւորաբար Ցեղասպանութեան Թանգարանին հետ ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ ունիք։
Արա Սարաֆեան - Մեր յարաբերութիւնները զուտ քաղաքավարական բնոյթ ունին եւ յատուկ կապ չունիմ իրենց հետ։ Իմ կարծիքով, օրինակ 100ամեակի յանձնախումբին մէջ մասնագէտներու պակաս կայ եւ մէկուկէս տարիէ ի վեր տակաւին յստակ ծրագիր մը գոյութիւն չունի. կարծէք աւելի ցուցադրական բնոյթ կը կրէ իրենց աշխատանքը եւ այնպիսի տպաւորութիւն կը ստեղծուի, թէ չեն ուզեր հարցը շատ մեծցնել։ Գիտէք, թուրքերը հայոց եւ ասորիներու ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոր թեզեր պատրաստած են եւ ես հիմա կ՚աշխատիմ նիւթական միջոց ձեռք ձգել անոնց գործը ձախողեցնելու համար։ Վերջերս լոյս տեսաւ Ռէմոն Գէորգեանի նոր գործը, սակայն դժբախտաբար քաղաքական արձագանգ չգտաւ, քանի որ քաղաքական շրջանակներու մէջ տարածում չունեցաւ։
Հարցում - Ի՞նչ կը մտածէք Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան ժխտումին դէմ օրէնքը վաւերացնելու գծով տարուող աշխատանքներուն մասին։
Արա Սարաֆեան - Ես անգլեւսաքսոն մօտեցում ունիմ եւ կը հաւատամ, որ որեւէ գործի դէմ սահմանափակում պէտք չէ ըլլայ։ Գալով Ցեղասպանութեան հերքումին, որ քաղաքական հարց մըն է, կը կարծեմ, որ հարցը պէտք է տարբեր ձեւով ներկայացնել եւ աւելի խոհեմ ու յախուռն մօտեցում ունենալ, իսկ ատիկա կուսակցութիւններու գործն է։ Իմ պարագան տարբեր է, նկատի ունենալով որ ես ակադեմական աշխատանք կը տանիմ։
Հարցում - Իսկ ամերիկահայերու պարագային, հատուցում պահանջող դէմքեր, ինչպէս՝ Յարութ Սասունեան, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ Ցեղասպանութեան…, եւլն…
Արա Սարաֆեան - Հատուցում պահանջելը ո՛չ խոհեմ է, ո՛չ իրատես, եւ ոչ ալ պատասխանատու է: Այս կեցուածքին մէջ, ծայրայեղական գաղափարները կան եւ ցեղապաշտ … Ես կը կարծեմ, թէ կարելի է լուծել Հայկական Հարցը, անշուշտ ի նպաստ արեւմտահայութեան որ կ՚ապրի Թուրքիոյ մէջ կամ Սփիւռքի՝ որ ջարդի հետեւանքն է, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հայութեան։ Հոս կ՚ուզեմ օրինակ մը բերել. Տիգրանակերտի քաղաքապետարանը ընդունած է Ցեղասպանութիւնը, նոյնիսկ սկզբունքի համար հատուցում տուած է տեղական ժողովուրդին, որ այդ ուղղութեամբ դաստիարակուած է, հոն հայերէն կը դասաւանդուի, հայկական եկեղեցիներու ուր ըլլալը յայտնի է. ասիկա կ՚ենթադրեմ դրական յառաջխաղացում մըն է, որ կրնայ օրինակ հանդիսանալ այլ քաղաքներու։ Այս մասին Սփիւռքի մէջ անդրադարձ չկայ կամ պարզապէս լուրի մը ձեւով ներկայացուած է եւ ատիկա մեր տկարութեան հետեւանքն է, մանաւա՛նդ իբրեւ պարտուած եւ ջարդուած ժողովուրդ։ Այսօր երբ հողային հատուցման մասին կը խօսինք, ո՞վ տրամադիր է հոն երթալ բնակութիւն հաստատելու, մանաւանդ երբ անդին Հայաստանը կը պարպուի իր բնակչութենէն։ Իմ կարծիքով որեւէ լուծում Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ պէտք է արդար եւ ընդունելի ըլլայ նաեւ տեղացի ժողովուրդին համար, ներառեալ թուրքերը եւ քիւրտերը, իսկ այն գաղափարը որ կարելի չէ էուրքերուն հետ լեզու գտնել սխալ է, քանի որ անոնց մէջ ալ խելացի մարդիկ կան։ Կարեւորը լեզու գտնելն ու համբերութիւն ունենալն է։ Այս տարի Տիգրանակերտ գացի եւ քաղաքապետարանին հետ կապուելով ըսի թէ կ՚ուզեմ Ապրիլ 24ի առիթով ելոյթ մը կազմակերպել։ Ըսին թէ 23ին յարմար է եւ մենք ալ կ՚ուզենք մասնակցիլ, մասնակցեցաւ նաեւ տեղւոյն փաստաբանական կազմակերպութիւնը (600էն 700 հոգի) եւ յաջող ելոյթ մը կազմակերպուեցաւ – դասախօսութիւն՝ առաւել հանրային ձեռնարկ մը։ Անշուշտ Տիգրանակերտը մեզի ի նպաստ կեցուածք ունի, բայց ես Բաղէշ ալ գացի, ուր վարչապետ Էրտողանի կուսակցութիւնը կ՚իշխէ։ Հոն ալ ելոյթ մը կազմակերպեցինք որ յաջող էր եւ լաւ ընդունելութիւն գտաւ. հոն բացէ ի բաց խօսեցանք ջարդի մասին իր մանրամասնութիւններով։ Այլ խօսքով, իրենց կողմէ փափաքը կայ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւն ստեղծելու։ Ես կ՚ուզեմ այս դաշտին վրայ աշխատիլ եւ շուրջս հաւաքել նաեւ հայեր որոնք պաշար ունին եւ տրամադիր են գործելու։
Հարցում - Ի՞նչ կը մտածէք թաքնուած կամ իսլամացած Հայոց մասին։
Արա Սարաֆեան - Կրօնքը խղճի հարց է։ Ինծի համար կարեւորը այդ չէ. օրինակի համար Տիգրանակերտի մէջ հայերէն սորվողները այդ թաքնուած հայերն են եւ նոյնը կրնանք ընել նաեւ Բաղէշի կամ Մարտինի հայոց համար, որպէսզի հայերէն սորվին, սակայն ասիկա վտանգաւոր երեւոյթ է եւ կրնայ իրենց վնաս հասցնել, քանի որ անոնք կրնան մտածել թէ զիրենք կ՚օգտագործենք կամ կը չարաշահինք ճարպիկօրէն Հայկական Հարցը լուծելու համար, իսկ թուրք ազգայնամոլներն ալ կրնան առիթէն օգտուիլ եւ մաքրել զանոնք։ Այդ իսկ պատճառով ի տես իրենց ապրած բնակավայրերու քաղաքական կացութեանց, խոհեմ մօտեցում մը կ՚ըլլայ սփիւռքահայութիւնը եւ թրքահայութիւնը իրարմէ զանազանել։ Ըսեմ, որ Տիգրանակերտի մեր ձեռնարկին եկած էին շուրջ 300 հոգի, անոնց կարգին ծածկուած գլուխներով հայեր, որոնք թունդ մահմետական կը սեպուէին իրենց արտաքինով։ Անոնք ո՛չ մէկ հարցում հարցուցին, քանի որ կը վախնային։ Մենք պատասխանատու կեցուածք պէտք է որդեգրենք թէ՛ անոնց եւ թէ՛ իսլամացած քիւրտ-հայոց նկատմամբ։
Հարցում - Ի՞նչ կարծիքի էք այն փաստաբաններուն վերաբերեալ (Եղիայեան եւ ընկերներ), որոնք տարիներէ ի վեր հայ ժողովուրդին հատուցում ապահովելու գծով աշխատանք կը տանին։
Արա Սարաֆեան - Ես անձնապէս համամիտ չեմ հատուցում կամ որեւէ գին պահանջելու գաղափարին եւ մասնաւորաբար վերապահ եմ Եղիայեանի պարագային. գիտէք, փաստաբանները անվճար չեն աշխատիր եւ ասիկա իրենց համար եկամուտի աղբիւր մըն է։ Իսկ դատավարութիւններու հարցն ալ դատաւորներուն կը ձգեմ։ Գիտէ՞ք, իմ նպատակս անցեալի հետքերով ապագան կերտել է, ուր հայերը ներկայութիւն կ՚ունենան Արեւմտահայաստանի մէջ եւ այս աշխատանքը պիտի կատարուի Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայութեան միատեղ ջանքերով։ Գիտակից եմ, որ նման տեսակէտներ արտայայտելը տկարութիւն կը սեպուի շատերու համար եւ ընդունելի չէ, սակայն իբրեւ պատմաբան եւ մտաւորական ես ստիպուած եմ կարծիքներ բաժնելու դիմացինիս հետ, նոյնիսկ երբ հայկական մամուլը չ՚անդրադառնար այս նիւթերուն։
Հարցում - Դուք այս հարցերը կը հետապնդէք իբրեւ պատմաբան, բայց ձեր կեցուածքն ալ ինքնին քաղաքական դիրքորոշում մըն է…
Արա Սարաֆեան - Այո՛, եթէ կ՚ուզենք այսօրուան հայկական եւ թրքական պատմագրութիւնը հասկնալ, օրինակի համար թէ ինչո՛ւ հերքումի հարցը կայ, հոն կը նկատենք քաղաքական հոսանքը, սակայն ես առաւել մարդկային եւ ցեղային տեսանկիւնէ կը մօտենամ հարցին եւ այդ պատճառով է որ ո՛չ հողային պահանջին եւ ոչ ալ հատուցման հարցին կը հաւատամ. մենք հողի պէտք չունինք, կրնայինք այդ հողը կորսնցուցած ըլլալ որեւէ պատճառով։ Իսկ ինչ կը վերաբերի մշակութային գոյքերու հարցին, ապա անոնք անշուշտ պէտք է պահել ու պահպանել։ Կը կրկնեմ որ ասիկա իմ անձնական կարծիքս է։
Հարցում - Հայ-թրքական հաշտութեան գործընթացին առընչութեամբ ի՞նչ պատկերացում ունիք ցարդ կատարուած աշխատանքներուն մասին։
Արա Սարաֆեան - Ես կ՚աշխատիմ թրքական ԻՀՏ (IHD) կազմակերպութեան հետ (Մարդկային Իրաւանց Կազմակերպութիւն) 1990ական թուականներէն ի վեր։ Ապրիլ 24ի իրենց կազմակերպիչներէն մէկը ես եմ։ Օրինակ ասորիներուն եւ հայանպաստ դիրքորոշում ունեցող քիւրտերուն տեղ տուած ենք մեր աշխատանքներուն մէջ, իրենց հետ երկխօսութեան առիթ կը ստեղծենք։ Նաեւ որոշ յարաբերութիւն ունիմ ՏուրՏէ-ի հետ, որոնք մօտ էին «Ակօս»ի շրջանակին եւ ես վերջինս շատ կը յարգեմ։ Սակայն վերջերս ՏուրՏէ-ի հետ հարց մը ունեցանք եւ առայժմ մեր յարաբերութիւնները սառած են։ ԻՀՏ-ի հետ այլեւս գաւառները պիտի աշխատինք, քանի որ Պոլիս այցելելը կարծէք «նորաձեւութեան» վերածուած է, զբօսաշրջութեան վայր մը։ Ես զարմանալի կը գտնեմ այդ ձեւական երեւոյթը։ Մենք գալ տարի Ապրիլ 24ի առիթով կը ծրագրենք Մարտինի, Պիթլիսի, դարձեալ Տիգրանակերտի եւ նոյնիսկ Վանի մէջ հաւաքներ կազմակերպել, կ՚ուզենք երթալ նաեւ գիւղերը, լուրջ յարաբերութիւններ ստեղծել տեղացիներու հետ։ Կ՚ենթադրեմ թէ այլեւս թուրքերու հետ երգ ու երաժշտութեամբ տեղի ունեցող սգահանդէսները ժամանակավրէպ են, հոն ոգիի պակասը կը զգացուի։ Այսօր Թուրքիոյ մէջ շատ ընելիք կայ, շատ բաց դռներ կան, ուր մենք բացակայ ենք։ Օրինակ մը բերեմ. Տիգրանակերտի մէջ, ինչպէս ըսի, հայերէն լեզու կը դասաւանդուի, լաւ կ՚ըլլայ որ դասագիրք պատրաստելու եւ հոն ղրկելու մասին խորհինք, ուսուցիչ պատրաստելու համար դրամագլուխ մը մէջտեղ հանենք։ Իմ կարծիքով, որեւէ յառաջխաղացք հայ-թուրք յարաբերութեանց մէջ ծայր պիտի առնէ ո՛չ թէ հանգիստ ու խաղաղ Սփիւռքէն, այլ Տիգրանակերտէն, Պիթլիսէն…
Հարցում - Հայ-թրքական հաշտութեան գործին մէջ կայ նաեւ պետութիւններու միջամտութիւնը, քաղաքական հաշիւները …
Արա Սարաֆեան - Պետութիւնը պետական շահերը կը հետապնդէ եւ կրնայ որեւէ զիջում չընել, բայց ես իբրեւ անհատ կամ կազմակերպութեան գործադիր ազատ եմ իմ կամ մեր գործունէութեանց մէջ։
Հարցում - Ի՞նչ կը խորհիք հայ-թրքական սահմանին բացումը Ցեղասպանութեան հարցին կապելու մասին։
Արա Սարաֆեան - Ատիկա շատ լուրջ հարց է եւ ազերիական գործօնն ալ կարեւոր դեր կը խաղայ։ Թուրքիոյ մէջ դժբախտաբար տակաւին գոյութիւն ունին ծայրայեղ աջակողմեան կազմակերպութիւններ, որոնք այս առիթը կ՚օգտագործեն իրենց հակահայ քարոզչութեան համար։ Հարցը այդքան ալ պարզ չէ. հոն կան մարդիկ որոնք ուղղակի կ՚ատեն հայերը մասամբ ալ իրենց տկարութեան պատճառով, որովհետեւ կը նկատեն, որ եթէ իրենք չկարենան մեզ ծունկի բերել, մենք կրնանք մեծ յաջողութիւններ ձեռք ձգել եւ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական միտքը մեզի ի նպաստ փոփոխութեան ենթարկել։ Իսկ ատիկա վախ կը պատճառէ իրենց։
Հարցում - Այս ուղղութեամբ եթէ դուք միջոցները ունենայիք, ի՞նչ տեսակ ծրագիր կը մշակէիք։
Արա Սարաֆեան - Ես Պոլսոյ եւ Տիգրանակերտի մէջ գրասենեակներ կը բանայի, որ մեծ գումարներու չի կարօտիր։ Պիտի ըսէիք, թէ Պոլսոյ մէջ արդէն հայկական ներկայութիւն գոյութիւն ունի, բայց անոնք թրքահայութիւնը կը ներկայացնեն եւ որոշ սահմանափակումներ ունին։ Բայց պէտք է որոշապէս սփիւռքեան ձայնն ալ լսելի ըլլայ հոն եւ տարբեր ըլլայ միւսներէն, ամէնօրեայ մասնակցութիւն բերելով հայկական ներքին նիւթերուն։ Կրկին օրինակ մը բերեմ. ես առջի տարի երբ հոն էի իմ խողովակներով կապուեցայ «Ռատիքալ» թերթին հետ եւ ըսի թէ Այաշ պիտի երթամ եւ հոն տեղական թերթին մէջ ալ յօդուած մը պիտի հրատարակեմ Ապրիլ 24ի մասին, արդեօք իրենք կը փափաքի՞ն թղթակից մը ղրկել. պատասխանը դրական էր, իսկ արդիւնքը «Ռատիքալ»ի մէջ երկու էջնոց յօդուած մը եղաւ։ Կրկնեմ, թէ մեր ներկայութիւնը Թուրքիոյ մէջ շատ կարեւոր է։
Հարցում - Նման զարգացումներու մէջ ինչպէ՞ս կը տեսնէք Հրանդ Տինքի դերակատարութիւնը։
Արա Սարաֆեան - Հրանդ Տինքի դերը հիմնական կարեւորութիւն ունի եւ ես ալ անոր տրամաբանութեան կը հետեւիմ։ Ես ո՛չ թուրքերը եւ ոչ ալ քիւրտերը կ՚ատեմ։ Այսօրուան Թուրքիոյ մէջ բնակող ժողովուրդին մեծամասնութիւնը լաւ մարդիկ են, սակայն մեր հարցին նկատմամբ տգէտ են, անոնք 80-100 տարուան քարոզչութեան արգասիքն են։ Հրանդ Տինքն ալ նոյնը կ՚ըսէր, թէ պէտք է այս մարդոց հետ իրենց լեզուով խօսիլ եւ համոզել. ան կը փորձէր տարիներու պետական միահեծան քարոզչութիւնը խախտել եւ ատոր համար ալ սպաննեցին զինք։ Հ. Տինք չէր վախնար եւ լաւ պիտի ըլլար որ մենք ալ նոյն ձեւով շարունակենք անոր գործը։
Արդեօք մե՞զ ալ պիտի սպաննեն։ Չեմ կարծեր։
Հարցում - Ինչպէ՞ս կ՚ընթանայ Հրանդ Տինք Հիմնարկի գործունէութիւնը։
Արա Սարաֆեան - Հիմնարկը կը շարունակէ կարեւոր դեր կատարել, սակայն աշխատողները թրքահպատակ են… եւ հո՛ն կ՚ապրին։ Մենք կրնանք աւելի ազատ աշխատիլ եւ ազատ ել ու մուտք կատարել։ Ըսեմ, որ փոխադարձ յարգանք ունինք իրարու նկատմամբ եւ կապի մէջ ենք։ Գիտէ՞ք, կարեւորը՝ Սփիւռքը իբրեւ ինքնութիւն մէջտեղ հանելն է Թուրքիոյ մէջ, քանի որ մեր արմատները հոն են։ Ես Ցեղասպանութեան իրականութեան մասին միշտ բաց խօսած եմ իրենց հետ եւ իրենք ալ կ՚ընդունին։
Հարցում - Գեղարուեստական միացեալ ձեռնարկներ կ՚ընթանան, անոնք նպաստաւո՞ր են, թէ ֆոլքլոր մըն է։
Արա Սարաֆեան - Մշակութային հանդէսներու արդիւնքները դրական են, քանի որ մենք հասարակաց մշակոյթ ունինք եւ ատիկա մեր միջեւ պատերը վերացնելու լաւ միջոց մըն է։
Հարցում - Հիմա որոշ նախաձեռնութիւններ կան, շարժում կայ՝ ըլլան անոնք գերմանական, անգլիական, ամերիկեան, համալսարաններու գործակցութիւն, կամ Հայաստանի մէջ վաւերագրական նիւթերու հրատարակութիւն եւայլն։ Այդ ուղղութեամբ ինչպէ՞ս կը գնահատէք տարուող աշխատանքները։
Արա Սարաֆեան - Նախ ըսեմ, որ ընդհանրապէս որեւէ վաւերագրական նիւթ, ըլլա՛ն անոնք 20ական թուականներու թէ՛ աւելի ուշ շրջաններու, իրենց դերը ունին խաղալիք։ Իսկ ինչ կը վերաբերի ակադեմականներու տարած աշխատանքներուն, ապա անոնք դանդաղ ընթացքով կը յառաջանան եւ նաեւ անոնց շուրջ անձնական շահի հարցն ալ կայ, իրենց համար եկամտաբեր աշխատանք է։ Մենք եթէ չաճապարենք սերունդ մը, կամ սերունդ մը եւս, կը կորսնցնենք եւ կը հեռանանք դէպի լուծում տանող ճանապարհէն։ Իսկ ես կը հաւատամ որ Հայկական Հարցը անպայման կը լուծուի եթէ ժամանակի եւ հետեւաբար մարդկային կորուստ չունենանք։
Հարցում - Ինչպէ՞ս կը բացատրէք Եւրոպայի մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու բացակայութիւնը վերոնշեալ շարժումին մէջ։
Արա Սարաֆեան - Կամ կարելի է ըսել պատեհապաշտ ներկայութիւնը, որ մակերեսային է։ Գիտէ՞ք, եւրոպացիները տեղեակ են թէ ինչ կ՚անցնի կը դառնայ Թուրքիոյ մէջ՝ հայկական կամ քրտական հարցի կապակցութեամբ, եւ տարիներէ ի վեր լուռ կը մնան։ Եւրոպացիները իրենց պետական քաղաքականութիւնը ունին եւ մարդկային գետնի վրայ բաւարար չեն իրենց տարած աշխատանքները։
Հարցում - Վերջերս Սփիւռքի նախարարութիւնը Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիտաժողով մը կազմակերպեց։ Այդ մասին ի՞նչ կ՚ըսէք։
Արա Սարաֆեան - Ես հրաւիրուած չէի այդ ժողովին, որովհետեւ թերեւս իմ դիրքորոշումներէն տեղեակ էին։ Սակայն մասնակիցներէն տեղեկացայ, որ ցարդ հարկ եղած աշխատանքները չեն եղած, գիտական գործունէութիւն չէ կատարուած, այլ խօսքով ձախողած են, եւ ասիկա կ՚ըսէր նոյնիսկ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը։ Ես չեմ զարմանար, որ Հայաստանի պետութիւնը փորձէ որոշ չափով սահմանափակել 1915ի ոգեկոչումը երկրորդական մակարդակի ծրագիր մը ներկայացնելով։
***
Հայերը, թուրքերը եւ քիւրտերը հասարակաց մշակոյթ մը ունին եւ ազգայնամոլութիւնն է, որ մեզ անջատած է իրարմէ: Մեր մշակութային դրոշմը ձեւով մը լուծումին մաս կը կազմէ, որու միջոցաւ կարելի է կործանել մեր միջեւ ստեղծուած պատերը … Պէտք է խօսիլ, լեզու գտնել եւ երկխօսութիւն ստեղծել այն քիւրտերուն եւ թուրքերուն հետ, որոնք 1915ի վերաբերեալ ճշմարտախօս ու պարկեշտ դիրքորոշում ունին… մենք պէտք է գիտակցինք որ կրնանք իրարու հետ ապագայ մը ունենալ, ուրեմն պէտք է միասին աշխատինք։ Համերաշխութիւնը շնորհուած բան մը չէ, ամէնօրեայ աշխատանքի, հետապնդումի արդիւնք է…։ Հոս կ՚ուզէի մատնանշել, թէ Ցեղասպանութիւն ապրած հայերէն արդէն միայն քանի մը հոգի մնացած է եւ շատ բան մոռցուած է, իսկ կան քիւրտերու սերունդներ, որոնք նոյն հողին վրայ ապրելով այսօր կենդանի վկայութիւն են, մանաւանդ որ քաջածանօթ են իւրաքանչիւր հողին ու թուփին, գիտեն ո՛ր կամուրջին տակ քանի՛ հայ սպաննուած է, ո՛ր ջրհորին մէջ քանի՛ հայ նետուած է. մեր յիշողութի՛ւնն են։ Եւ այդ առումով կրնան մեզի օգտակար ըլլալ։….Նաեւ մենք պէտք է Թուրքիոյ մէջ ապահովենք Սփիւռքի ներկայութիւնը իբրեւ ինքնութիւն եւ ես իրենց հետ երխօսութեան ընթացքին միշտ կը շեշտեմ, թէ նոյնիսկ երբ ինծի իրաւունք չէք տար ես պիտի գամ հոս, որովհետեւ իմ արմատները այստեղ են, եւ դուրսէն քար նետելու փոխարէն աւելի լաւ պիտի ըլլայ դէմ դիմաց նստիլ եւ հարցերը քննարկել։
«Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 26, 2013
No comments:
Post a Comment