ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Արդի ժամանակներուն տեսական միջոցներու բազմացումով, քաղաքներ կամ երկիրներ աւելի հեշտ կը ճանչցուին իրենց իւրահատուկ խորհրդանիշներով: Այսպէս, օրինակի համար ճարտարագէտ Կիւստաւ Էիֆէլ իր աշտարակով պաշտօնապէս կնքած է ոչ միայն Փարիզը կամ Ֆրանսան, աւելին՝ հեղինակին ստեղծագործութիւնը եզակիօրէն անմահացած է իր իսկ ազգանունով:
Այստեղ, նպատակս է ըստ արժանւոյն գնահատել նման ստեղծագործութիւն մը, որ անտարակոյս ունի բոլոր այդ վերեւը նշուած տեղ խորհրդանշող յատկութիւնները եւ աւելին՝ հեղինակուած է հայ տաղանդաւոր արձանագործի մը կողմէ: Այս արուեստագէտը, հակառակ իր ժամանակակից բոլոր դժնդակ պայմաններուն, խիզախօրէն իրագործած է կոթող մը որ կարեւոր մասնիկն է եւ զարդը մեր վերջին քառասնամեայ ազգային զսպուած քաղաքական ձգտումներուն: Կառոյց մըն է, որ անտարակոյս գալիք դարերուն եւս պիտի տեւէ, քանի հեղինակը ինք միայն ներշնչուած չէ, այլ անով նաեւ ներշնչած ամբողջ ժողովուրդ մը:
ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ԼԵՌՆԵՐԸ, հեղինակը՝ ՍԱՐԳԻՍ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ 1923-2001 (*)
Ծնած է Բանազուր գիւղ, Արցախ, Սեպտեմբեր 5, 1923ին: Եօթ տարեկանին ընտանեօք կը տեղափոխուին Երեւան: 1942ին կը զորակոչուի սովետական բանակ եւ կը մեկնի եւրոպական ճակատ: 1946ին կ՚ընդունուի Երեւանի Գեղարուեստի Ինստիտուտը, զոր կ՝աւարտէ գերազանց գնահատականով: Կանուխ այս տարիքէն արդէն իսկ կը ցուցաբերէ իւրայատուկ լուծումներով քանդակներ, որոնք կ՝արժանանան Հայաստանի եւ Սովետական Միութեան բարձրագոյն գնահատականներուն: 1954ին կը դառնայ լիիրաւ անդամ Հայաստանի Նկարիչների Միութեան: Իր գործերը կը պարփակեն լայն աշխարհագրական կարկին մը:
Յիշեմ մէկ քանին՝
1957 - Յունան Աւետիսեան (պղինձ, կրանիտ), Կապան, ՀՀ:
1954 - Ստեփան Շահումեան (պղինձ), Երեւան, ՀՀ:
1954 - Շուշանիկ Կուրղինեանի մահարձանը, Կոմիտասի անուան զբօսայգի, Երեւան, ՀՀ:
1954 - Մրցոյթներ, Աւետիք Իսահակեանի մահարձանը:
1954 - Յակոբ Պարոնեանի յուշարձանը (պազալդ), Երեւան, ՀՀ:
1954 - Զօրավար Ստեփան Գինոսեանի կիսանդրին, Ադխա գիւղ, Վրաստան:
1954 - Լենինի յուշարձանը (պազալդ), Սներսկայա, Կրասնոտար, Ռուսաստան:
1973 – Գերագոյն Սովետի «Պատւոյ Նշան» տուչութիւն:
Մասնակցած է միջազգային արուեստի փառատօներու Ռուսաստան, Պուլկարիա, Ֆրանսա, Իտալիա, ուր Քարրարայի մէջ կը ներկայեացնէ իր ուշագրաւՂարաբաղցիները , եւ հուսկ՝ Գանատա ԷՔՍՓՕ’67-Մոնթրէալ:
ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԻՆ ԾՆՈՒՆԴԸ
«Մենք ենք մեր լեռները» յուշակոթողին արձանագրութիւնը՝ վերանորոգումէն առաջ (լուսանկար՝ Վարդան Մատթէոսեան, Սեպտեմբեր 2009)
Հայկական Ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով, 1965ին աշխարհի տարածքին զանազան յուշահամալիրներ բարձրացան: Օր ըստ օրէ թուլացող սովետական կարգերը նոր յոյսեր ներշնչեցին հայ ժողովուրդին: «Մեր հողե՜րը, Մեր հողե՜րը» լոզունքներով ցոյց ընող Հայաստանը կրցաւ իրագործել աննախադէպն ու անկարելին: Երեւանի մէջ Ծիծեռնակաբերդի Եղեռնի յուշահամալիրին իրագործումը եզակի էր իր քաղաքական եւ ճարտարապետական լուծումներու բարդութեամբ: Արցախցին նոյն ներշնչումով, ուշի ուշով դիտեց այս ծաւալումները: Ստալինեան կարգերը այլեւս փոխուած էին:
Իբր անուանի քանդակագործ, Սարգիս Պաղտասարեանը իր շօշափած նիւթերով կը դրսեւորէր Արցախի ժողովուրդին ազգային ներշնչումները: Եւ ճիշդ 1965ին, նախածրագրուած կամ ինքնաբուխ, Լեռնային Ղարաբաղի վարչութեան անպաշտօն հրաւերով, արուեստագէտը առաջին անգամ Ստեփանակերտի մէջ կը ցուցադրէ իր ամբողջական գործերը: Այստեղ իրեն կը թելադրուի հանրութեան համար ստեղծել կոթող մը, որ արտայայտէ արցախցիին կամքն ու մխացող ձգտումները: Հուսկ, հիմնական գաղափարը կը ծնի աւելի մեծ ծաւալով Ղարաբաղի մէջ յուշարձան մը կանգնելու: Անոր Ղարաբաղցիներ պղնցաձոյլ արձանը կը դառնայ նոր յուշարձանին մեկնակետը, իսկ պատուէրը իրագործելը կը տեւէ երկու տարի: Վերջապէս 1967 ին կը ծնի Մենք ենք մեր լեռները (տուֆ) յուշարձանը, որ կը տեղադրուի Ստեփանակերտէն դուրս, ամայի եւ անշուք բլրակի մը վրայ: Մենք ենք անուանումը խոտոր կը դպչի ազերի ղեկավարութեան ականջին եւ կը քննադատուի: Պէտք է յիշենք նաեւ որ սովետական անծայրածիր կայսրութեան մէջ նման ազգամիջեան խնդիրները, այդ ատեն, կը լուծուէին տարբեր եղանակով: Մեղմացնելու համար կիրքերը եւ ամոքելու համար Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը, 1969ին ի պատիւ Բ- Աշխարհամարտի զոհուածներուն արուեստագէտը կը պատրաստէ յուշարձան՝ նուիրուած Չարդախլուի զոհերուն, Չարդախլուի մէջ, Սով. Ատրպէյճանի Հանրապետութիւն:
ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ԼԵՌՆԵՐԸ
Այս կոթողը ունի կրաւորական նիստ մը, զետեղուած ճամբուն եզրին, ամայի բլրակի մը վրայ Ստեփանակերտէն քիչ հեռու, այդ ատեն Խոճալուի (այժմ Իվանեան) ճանապարհին: Պաղտասարեանի հայրը՝ Իվանը, արհեստով շինարար էր եւ քարկոփ: Իր հօրմէն ժառանգած շինարարական փորձառութիւնը կ’ընծայէ իրեն կոթողային խնդիրները լուծելու կարողութիւնը: Քանդակը ունի պէթոնի եւ տուֆ քարի երեսապատուած միաձոյլ շէնքի կառոյց: Այս ծանր կրաւորական զանգուածը իր անուանակոչութեամբ կը կրէ նաեւ խորհրդաւոր գաղտնիքներ: Այր եւ կին մարմնապէս մինչեւ իրենց վիզերը թաղուած են մակերեսէն վար, անոնց ոտքերը կը դպչին հողի ընդերքին: Իրենց այս դիրքը դիտորդին կ՝ընծայէ մեկնաբանութեան ընտրանքը, աւազախրումի կամ վերջնական յարութեան: Անոնցմէ խլուած է ձեռքերու արտայայտութիւնը: Լուռ են, կնոջ բերանը փակ է հինգ աստիճան կապով մը, մինչ այրինը՝ հազիւ նշմարելի: Անոնց արտայայտութիւնը նաեւ ունի Մոնա Լիզայական խորհրդաւորութիւն: Տանջուած եւ համբերող կը թուին ըլլալ, սակայն ունին հեգնական ժպիտ մը ժամանակաւոր այս կացութեան: Օտար դիտորդին համար, առանց տեղւոյն պատմութիւնը իմացած ըլլալու, հաւանական է որ զանոնք պիտի նոյնացնէր Զատկեան Կղզիներու ծովափին շարուած, կամ ալ Նեմրութ լերան ցիր ու ցան զգետնուած դիւցազնեան գլուխներուն:
Կոթողին տեղադրումն ու արտայատչական ընտրութիւնը, ըստ ինքեան, կը թուին ըլլալ արդիւնքը բծախնդիր ծրագրաւորման մը իր խորհրդատու պատուիրատուներուն: Գործածուած է չափազանց զգուշութիւն ժամանակակից ազերի վարչակազմը որեւէ կերպ չգրգռելու, միեւնոյն ատեն ամբողջութեամբ կարենալ արտայայտելու արցախցիին խոր ձգտումները: Այս պատճառով իսկ տեղացին զայն անուանած է Տատիկն ու Պապիկը:
ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ ԿՈԹՈՂԻՆ ՈՅԺԸ
Յետ ստալինեան քսանականներու տխուր որոշումին, Ղարաբաղը Ատրպէյճանին իշխանութեան յանձնելէն ետք, տեղւոյն հայութիւնը երբեք չէր հաշտուած այս բիրտ կացութեան: Երկար տարիներ սպասողական դիրքի վրայ մնալէ ետք, զանազան պարագաներ պատճառ դարձան, որ ժողովուրդը տուեալ առիթները օգտագործէ դրսեւորելու իր զսպուած ցասումը: Շատ անգամ, լոկ արուեստի միջոցով արտայտութիւն մը, բազմիցս աւելի ազդեցիկ կ՝ըլլայ քան քաղաքական արիւնալի պոռթկումները: Ահաւասիկ այս կոթողը, իր ժամանակին, արցախցիին կամքին խաղաղապաշտ արտայայտութիւնը եղաւ ուղղուած ազերի համակարգին:
Իւրաքանչիւր նման կոթող նախ քան իր վերջնական ընդունելութիւնը, առանց բացառութեան, միշտ կ՚՚անցնի երկունքէ մը: Նոյնիսկ Էյֆէլի աշտարակը ունեցած է Վիքթոր Հիւկոյի նման անուանի հակարակորդներ: Այս կոթողի պարագային, գեղագիտականէն շատ հեռու՝ եղած է եւ տակաւին կը մնայ քաղաքականը:
Նախ արցախցին, ապա արուեստագէտը հանդերձ իր պատուիրատուներուն բացումէն միայն 24 տարիներ ետք, անոր ընդմէջէն, տեսան Ղարաբաղի անկախութիւնը: Ասիկա յիրաւի կարելի է սեպել մեծ՜ յաղթանակ մը: Սակայն, այս կոթողը տակաւին սպասման մէջ գտնուելու լուրջ պատճառ մը եւս ունի: Միջազգային քաղաքական հանրութիւնը այնքան ատեն որ տակաւին կը մնայ տարտամ եւ չի ճանչնար Ղարաբաղի ամբողջական անկախութիւնը, այս կոթողը պիտի շարունակէ իր սկզբնաւորած առաքելութիւնը:
Քանի մը օր առաջ, Ղարաբաղը տօնեց իր անկախութեան 22րդ ամեակը: Նորածին հանրապետութիւնը դարձաւ մանուկ, ապա պատանի, իսկ այժմ արդէն թեւակոխած է իր երիտասարդութիւնը: Այս տարեփոխութիւնը դէպի ճանաչում խոստումնալից է եւ այս կոթողը համբերութեամբ կը սպասէ այդ մեծ պահուն ամբողջացնելու համար իր իսկ առաքելութիւնը, որուն համար ի սկզբանէ կոչուած է:
Վստահօրէն, միայն այդ հանգրուանէն ետք, Պաղտասարեանի այս կոթողը պիտի ստանայ նոր շուք եւ թարմ կոչում: Փոխան իր աննշան եւ ամայացած դիրքին, պիտի դառնայ կիզակետ եւ բարգաւաճ հաւաքատեղի մը բոլորին համար, իսկ յատկապէս արցախցիին ինքնավստահութեան եւ կամքի ոյժի մկրտութեան եւ երդման վայր:
ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Նման կոթողներու հեղինակներու հանդէպ ժողովուրդներու գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը բազմազան են: Մինչ մին անմահացուցած է գործ մը իր հեղինակին անունով, ուրիշ մը կ’ընտրէ մնալ անտարբեր, կամ ալ կը մոռնայ նոյնինքն հեղինակին ինքնութիւնը:
Վենետիկի Ռիալթօ կամուրջը եղած է արդիւնքը ճարտարապետական մրցոյթի մը, որուն մասնակցած են ժամանակակից տիտաններ, ինչպիսիք են Միքելանճելոն, Փալլատիոն, Սանսովինոն: Սակայն, աննշան մնացած ճարտարապետ մը՝ Անթոնիօ տա Փոնթէն եղած է անոր յաղթական հեղինակը:
Նշեմ նաեւ աւելի յոռեգոյն օրինակ մը: Վերեւը նշուած մայրաքաղաքներուն շարքին կայ նաեւ Մոսկուան: Քրեմլինի նշանաւոր Սբ. Բարսեղի պսպղուն գմբէթներով տաճարը հնուց եղած է խորհրդանիշը Ռուսաստանի մայրաքաղաքին: Կ՚՚ըսուի որ առ ի գնահատանս այդ բացառիկ գործին, պատուիրատու ցարը՝ այսպէս կոչուած Իվան Ահարկուն, Եաքոլեւ ճարտարապետ եղբայրներուն աչքերը կուրցնել կու տայ, որպէսզի անոնք երբեւիցէ չկարենան նման տաճար մը կրկնել:
Մենք մեզ համեմատելով այլ ազգերու հետ, ցաւօք հայ ազգային գիտակցութեան մէջ ժողովուրդին սպասարկու բարձրագոյն մակարդակի հեղինակներու հանդէպ ըստ արժանւոյն գնահատանքը տակաւին կը մնայ սաղմնային մակարդակի: Այսպէս, լաւագոյն պարագային, հաւանական է որ յօդուածս ընթերցողներէն աննշան համեմատութիւն մը միայն իմացած ըլլար Սարգիս Պաղտասարեանին մասին:
Արցախը խորհրդանշող այս իւրայատուկ քանդակը ծնած է հայ ժողովուրդին երկունքէն եւ ներշնչած՝ համայն ժողովուրդը, ներառեալ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութիւնը, մարտնչելու ի գին յոռեգոյնին, մինչեւ յաղթանակ: Այսօր այս կոթողը խորհրդանիշն է եւ ուրոյն կնիքը Արցախի Հանրապետութեան: Եթէ նկատենք, անիկա կը գրաւէ պետական զինանշանին ճիշդ կեդրոնը, ոը իւրաքանչիւր Արցախցի զինուոր կը կրէ իր պատուարժան գլխարկին եւ ուսին վրայ:
Թող արուեստաբանները վիճին այս գործին ծաւալի խախտումներուն, անոր տեղադրութեան վայրին, կամ անոր շինանիւթի ընտրութեան կամ թէժ արտայայտութեան մասին: Պարզապէս, անոր հանրութեան կողմէ ընդունելութեան կամ յաջողութեան բարձրագոյն չափանիշը կարելի է սեպել, նկատելիօրէն Սփիւռքի կողմէ, անոր լուսանկարներուն վերարտադրութեան թիւը մամուլին էջերուն մէջ:
Այս Սեպտեմբերի հինգին, Սարգիս Պաղտասարեանի ծննդեան իննսունամեակն է: Ըստ սովորութեան, այս առթիւ, ի բաց առեալ Երեւանէն, մեր մշակութային եւ քաղաքական մարմինները եւ յատկապէս մամուլը մնաց իր թմբիրին մէջ հանդէպ իր ազնիւ արուեստագէտին որ ստեղծագործեց գլուխ գործոց մը, ուրոյն ժողովուրդին իղձերուն եւ ներշնչումին համաձայն:
Այսուհետեւ, փափաքելի է որ իւրաքանչիւր առիթով երբ ըլլանք «Մենք ենք մեր լեռները» կոթողին առջեւ, գտնուինք դէմ յանդիման Արցախի զինուորին զինանշանին կամ պարզապէս նկարին, գիտակցինք անոր հեղինակին ինքնութեան, ինչպէս երբ գտնուինք Երուանդ Քոչարի կամ Մարտիրոս Սարեանի նման մեծ արուեստագէտներու գործերուն առջեւ:
Սարգիս Պաղտասարեանը իր գիտակից կենդանութեան ընթացքին մեզ ազգովին ըրաւ իրը, իսկ մենք այժմ երախտագիտութեամբ պարտինք ճանչնալ զինք լիիրաւ մերը:
RAG Mamoul, Հոկտեմբեր 2, 2013
----------------------------------
(*) Ինչպէս կը փաստէ լուսանկարը, այս է յուշարձանին իսկական անունը եւ ո՛չ թէ «Մենք ենք, մեր սարերը», ինչպէս յաճախ կը կոչուի (հմմտ. հայերէն «Վիքիփետիա»յի յօդուածը)։ Հաւանաբար շփոթը ծագած է Հրանտ Մաթեւոսեանի «Մենք ենք, մեր սարերը» վիպակի (1962) եւ վերջինիս հիմամբ նկարահանուած համանուն ֆիլմի (Հենրիկ Մալեան, 1969) անունին պատճառով («Հայկականք»)։
No comments:
Post a Comment