18.7.13

Եկեղեցւոյ բարձրագոյն ծառան ընդդէմ ամենայն հայոց գերագոյն ծառային

Ժ.Չ.

Հրաժարական մըն է, որ տակնուվրայ կ՚ընէ եկեղեցական աւանդական նուիրակարգը։ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ հազուադէպ երեւոյթ մը։ Ապշեցուցիչ։ Ցնցիչ։ Գայթակղեցուցիչ։ Առաջին նախադասութենէն սկսեալ՝ «Ատենէ մը ի վեր նկատած եմ որ զիս վիրաւորելն ու վարկաբեկելը Ձեր հաճոյքը դարձած է»։ Կը շարունակէ նոյն թափով՝ «Ձեր որակումներն ու մեղադրանքները ուղղուած՝ անձիս դէմ, պարզապէս զարմանք կը պատճառեն ինծի։ Դուք չէք անդրադառնար գուցէ թէ մարդոց արժանապատւութիւնը կը ճզմէք ձեր ոտքին տակ»։ Այս խօսքերը Նորվան Սրբազանինն են ուղղուած Կաթողիկոսին. կը մէջբերենք ընդգծելու համար ըսուածին ծանրակշռութիւնը։ Շարունակական վարկաբեկումներ ու յարձակումներ որոնք խորին վէրքի վերածուած՝ անհանդուրժելի դարձած են։

Տողերը կը յուշեն մթնոլորտ մը որ բարձրաստիճան եկեղեցականներու կարգավիճակին անյարիր է, անոնց հովուական ծառայութեան խոտոր համեմատող հոգեվիճակի մը արտայայտութիւնը։
Եթէ «ատենէ մը ի վեր» այսքան գէշ եղած է Կաթողիկոսին վերաբերումը իր առաջնորդին, Արեւմտեան Եւրոպայի պատուիրակին հետ, ինչո՞ւ Սրբազանը այսքան ժամանակ համբերած է հակազդելու։ Յանուն ո՞ր արժեհամակարգի պաշտպանութեան Սրբազանը լռած է։
Արդեօք Կաթողիկոսին յոռի վարուելակերպը կ՚առնչուի միայն Նորվան Սրբազանի՞ն, թէ ամբողջ եկեղեցական դասուն։
Մինչեւ հիմա Ֆրանսայի մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին դէմ արտայայտութիւնները կու գային աշխարհական դասու երկու տարբեր ճակատներէ, առաջինը՝ Նիսի նախկին ծխականներէն եւ երկրորդ՝ այն ճակատէն որ Թեմական կանոնագրութեան մէջ եկեղեցական-աշխարհական փոխյարաբերութիւններու սահմանագծումը կ՚ուզէր յստակացնել, Ֆրանսայի օրէնսդրութեան տրամադրութիւններուն պատշաճեցնելով։
Սակայն, Նորվան Սրբազանի հրաժարականը նոր ու աւելի ծանրակշիռ հարցեր կը յարուցէ։
Նամակը կը խնդրականացնէ Հայաստանի մէջ եկեղեցական դասու դաստիարակութիւնը, կը յիշէ՝ «“բիզնես” հոգեբանութեամբ դաստիարակուած անկառավարելի եկեղեցականներ»ը։ Երկու տարբեր մշակոյթներու բախումի հարցը կը դնէ, երկու կրթական համակարգերու՝ Խորհրդային Հայաստանէն ժառանգուածի եւ Սփիւռքի մէջ ազատութեան պայմաններու մէջ կրթուածի։
Աւելին՝ հոն կայ «Հայոց մայրավանքի մէջ բացակայ է շնորհքի եւ սիրոյ մթնոլորտը» արտայայտութիւնը, որ Կաթողիկոսին առաքելութեան բացարձակ ձախողութեան մեկնաբանութիւնն է, յոռեգոյն գնահատանքը։
Հրաժարականի ետին կայ խոստովանութիւնը եկեղեցականի մը, որ իր առաքելութիւնը կատարելու խոչընդոտումի դիմաց կը գտնուի։
Հրաժարական մըն է, բայց կարգաթող չէ. Նորվան Արքեպիսկոպոս կը մնայ ու կը ստորագրէ՝ «Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ սպասաւոր»։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձրագոյն դասուն մէջ բացուած այս ճեղքը կը յառաջանայ անկախացած Հայաստանի օրօք… Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրէին։ Հոգեկան բարոյական արժէքներու անկումի ցուցանիշն է, որ կրօնականէն անդին կը յղուի նաեւ ընդհանուր առմամբ Հայաստանի ընկերաքաղաքական ապականած կաշառակեր ոլորտին։
Հայ Առաքելական Եկեղեցին, որ պետական բացակայութեան պայմաններուն մէջ, ազգի պահապանն էր, այսօր պետական պաշտպանութիւնը վայելելով հանդերձ, իր զուտ կրօնաբարոյական առաքելութիւնը կատարելու անկարողութեան առջեւ կը գտնուի, ըստ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդին։
Ֆրանսայի մէջ, մինչեւ հիմա Նորվան Սրբազանի հրաժարականին հակազդեցին բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, համակրական արտայայտութիւններով։ Նոյնիսկ, Թեմական Խորհուրդի հաղորդագրութիւնը, որ հապճեպ կերպով կ՚ընդունէր հրաժարականը, հակառակ անոր որ իր իրաւասութեան սահմաններէն դուրս կ՚իյնար այդ որոշումը, նաեւ կ՚ընդունէր, առանց այլեւայլի, Սրբազանին դրական ներդրումը թեմական կեանքէն ներս եւ կը յուսար որ ան կը մնայ Ֆրանսայի թեմին կողքին իր փորձառութեամբ նեցուկ հանդիսանալու եկեղեցական կեանքին։

«Նոր Յառաջ», Յուլիս 16, 2013

No comments:

Post a Comment