18.7.13

Նաւասարդ արք. Կճոյեանի դէմ ստորագրահաւաքը՝ անգոյ, հաղորդագրութիւնը՝ կե՞ղծ

Յուլիս 13ի մեր թի­ւով (թիւ 530) հա­յաս­տա­նեան լու­րե­րու բաժ­նին մէջ, գրած էինք, թէ «Մենք ենք մեր երկրի վա­ղուայ տէ­րը» կո­չեցեալ հան­րա­յին կազ­մա­կեր­պութիւն մը ստորագ­րա­հաւաք մը կը կազ­մա­կեր­պէ՝ Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսէն պա­հան­ջե­լու համար Արա­րատեան թե­մի հայրապետական փո­խանորդ Նա­ւասարդ արք. Կճո­յեանի կար­գա­լու­ծումը: Այդ առ­թիւ, նշեալ կազ­մա­կեր­պութեան Յու­լիս 11ին «Դի­մագիրք»ի միջոցով հրա­պարա­կած հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ ծանր բա­ռամ­թերքով կը պա­խարա­կուէր հո­գեւո­րակա­նին վար­քը, որուն անու­նը վար­չա­պետին օֆ­շո­րային գայ­թակղու­թեան ալ առն­չուած է: Ապա կ՚ըսուէր թէ յա­ջորդ առ­տուընէ իսկ՝ Յու­լիս 12էն, ստո­րագ­րա­հաւա­քը կը սկսէր Հիւ­սի­սային պո­ղոտա­յի եւ Թու­մա­նեան փո­ղոցի խաչ­մե­րու­կին: Հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ որ­պէս նա­խաձեռ­նող կազ­մա­կեր­պութեան ղե­կավար, նշուած էր Երե­ւանի Պետական Հա­մալ­սա­րանի շրջա­նաւարտ ոմն Յով­հաննէս Ղահ­րա­մանեանի անու­նը:
Սա­կայն, յա­ջոր­դող օրե­րուն ոչ ոք ներ­կա­յացած է ժա­մադ­րութեան վայ­րը: Ո՛չ ստորագրահաւա­քի ձեռ­նարկող եկած է հոն, ոչ ալ ստո­րագ­րա­հաւաք տե­ղի ու­նե­ցած է, մինչ յայ­տա­րարուած էր, որ ամէն օր, առ­տուընէ մին­չեւ ժա­մը 21 անընդմէջ կը շարունակուի ան:
Իրաց այս կա­ցու­թեան մէջ, «Տե­ղեկա­տուա­կան անվտան­գութեան եւ ազա­տու­թեան կենտրոն» հան­րա­յին կազ­մա­կեր­պութիւ­նը քննու­թեան մը նա­խաձեռ­նած է, որ­մէ պարզուած է, որ Յով­հաննէս Ղահ­րա­մանեան անու­նով ըն­կե­րային ցան­ցե­րուն արձանագրուած մարդ չկայ, ոչ ալ հա­մացան­ցի վրայ եր­բեւէ յի­շատա­կուած է «Մենք ենք մեր երկրի վա­ղուայ տէ­րը» միու­թեան անու­նը: Հաս­տա­տուած է նաեւ, որ Երե­ւանի Պետական Համալ­սա­րանը Յով­հաննէս Ղահ­րա­մանեան անու­նով շրջա­նաւարտ չէ ունեցած:
Այս բոլորէն կա­րելի է եզ­րա­կաց­նել, որ տե­ղի ու­նե­ցածը մեծ հա­ւանա­կանու­թեամբ գրգռութիւն մըն էր:
Բայց ի՞նչ նպա­տակով, ի շահ որո՞ւ:
Այս մա­սին, հայ­կա­կան ըն­կե­րային ցան­ցե­րուն մէջ զա­նազան վար­կածներ կը շրջին։ Նախ, կը կար­ծուէր, թէ խնդի­րը պարզ կա­տակ մըն է։ Սա­կայն, այս մա­սին ըսուեցաւ, թէ «Հայաստա­նում վա­ղուց նման կա­տակ­ներ չեն անում։ Բո­լորն էլ մեր երկրում գի­տեն, որ Ազ­գա­յին Անվտան­գութեան Ծա­ռայու­թիւնը կա­րող է շատ արագ յայտնա­բերել, թէ որտեղից է դուրս եկել յայ­տա­րարու­թիւնը, ով­քեր են դրա յե­տեւում կանգնած»։ Ըստ շրջող այլ վար­կա­ծի մը, այս յայ­տա­րարու­թեան ետին կանգնած է Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսը, որ կ՚ու­զէ Նա­ւասարդ արք. Կճո­յեանը փո­խարի­նել իր եղ­բօր՝ Հայց. Առա­քելա­կան Եկեղեցւոյ Նոր Նա­խիջե­ւանի եւ Ռու­սաստա­նի հա­յոց թե­մի առաջ­նորդ, Ռու­սաստա­նի հայրապետա­կան պա­տուի­րակ Եզ­րաս Եպիսկ. Ներ­սի­սեանի հետ։ «Այս վար­կա­ծը, սակայն, այնքան էլ տրա­մաբա­նական չէ, քա­նի որ Ռու­սաստա­նի թե­մը բա­ւական հարուստ թեմ է եւ հա­շուի առ­նե­լով, որ Ներ­սի­սեան եղ­բայրնե­րը այնքան էլ ան­տարբեր չեն նիւ­թա­կան բա­րիք­նե­րի հան­դէպ, դժուար թէ նրանք նման մտադ­րութիւն ու­նե­նան։ Իրականում Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսն ու Նա­ւասարդ Կճո­յեանը սերտ յարաբերութիւններ ու­նեն եւ Կա­թողի­կոսը եր­բեք Կճո­յեանին չի հա­րուա­ծի, նրանք գոր­ծում են միասին», կա­րելի է կար­դալ հա­յաս­տա­նեան որոշ թեր­թե­րու մէջ։ Ամե­նէն հաւանա­կան վար­կա­ծը կը նկա­տուի, ան­կախ նա­խաձեռ­նութեան խնդրա­յարոյց հանգամանքնե­րէն, անու­նը օֆ­շո­րային աղմկոտ պատ­մութեան թաթ­խուած, իր հակումներով հան­րութեան մօտ գայ­թակղու­թիւննե­րու հեղինակի համ­բաւ «վա­յելող» Նաւասարդ արք.ի կար­գա­լու­ծումին ճամ­բայ հար­թող մեծ շար­ժումի մը խայծ հանդիսանա­լու մի­տու­մը։
Դեռ կան անոնք, որոնք չեն բա­ցառեր, որ նա­խաձեռ­նութեան թէ­կուզ կեղծ անու­նով հեղինա­կը՝ ձեր­բա­կալուած ու Ազ­գա­յին անվտան­գութեան ծա­ռայու­թեան նկու­ղին մէջ յայտնուած է, եւ Դի­մագիր­քի իր էջն ալ՝ փա­կուած, կամ ալ զին­քը եւ միու­թեան միւս անդամնե­րը այնպէս վախ­ցուցած են, որ «կո­րել» են։
«Հայ­կա­կան ժա­մանակ» այս նիւ­թին մա­սին կը գրէ, թէ Նա­ւասարդ արք. Կճո­յեանի հետ կապ հաս­տա­տելու բազ­մա­թիւ փոր­ձեր կա­տարած է, ճշդե­լու հա­մար, թէ ար­դեօք տե­ղեա՞կ է, թէ որոնք էին նա­խաձեռ­նութեան հե­ղինակ­նե­րը եւ ներ­կա­յիս ո՞ւր կը գտնուին անոնք: «Նա­խօրէի մեր փոր­ձե­րը՝ հան­դի­պել ար­քե­պիս­կո­պոսին, ապար­դիւն էին ան­ցել, անպատաս­խան էին մնա­ցել նաեւ մեր հե­ռախօ­սազան­գե­րը։ Երէկ զան­գա­հարե­ցինք “փակ հա­մարից”։ Պար­զուեց՝ “փակ հա­մար­նե­րին” ար­քե­պիս­կո­պոսը պա­տաս­խա­նում է։ Նա, սա­կայն, լսե­լով թեր­թի անու­նը, յայ­տա­րարեց. “«Հայ­կա­կան ժա­մանակ»ին ասե­լիք չու­նեմ, աղ­ջիկ ջան, կը նե­րես ինձ”», կը գրէր թերթը։

«Նոր Յառաջ», Յուլիս 18, 2013

No comments:

Post a Comment